Ի՞նչ ակնկալութիւններ ստեղծուած են համայնքէն ներս՝ Էրտողան-Շիրինօղլու հանդիպման լոյսին տակ
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի եւ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) ու Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի միջեւ անցեալ շաբաթ Պեշթեփէի մէջ տեղի ունեցած տեսակցութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Թէ ի՞նչ սպասումներ ստեղծուած են համայնքէն ներս՝ Էրտողան-Շիրինօղլու հանդիպման լոյսին տակ։ Այս նիւթը ներկայիս առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ օրակարգը։ Կարեւոր մանրամասնութիւններէն մին այն է, որ Էրտողանի կարգադրութեամբ հանդիպման ներկայ գտնուած է նաեւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմ։ Սա կարեւոր երեւոյթ մըն է։ Արդարեւ, մեր համայնքի խնդիրներու մեծամասնութեան լուծումը կախում ունի Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կարգադրութիւններէն։ Հետեւաբար, Ատնան Էրթէմի ներկայութիւնը այնպէս կը մեկնաբանուի, որ Էրտողան փափաքած է արծարծուած նիւթերուն զուգահեռ ապահովել գործնականութիւն մը։
Պեշթեփէի մէջ անդրադարձ կատարուած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հանդիպակաց երբեմնի բանջարանոցի տարածքի սեփականութեան իրաւունքի վերադարձուիլը, Պէյքոզի երբեմնի գերեզմանատան տարածքի վաղեմի հարցը եւ բնականաբար մեր համայնքային կառոյցներու մատակարար մարմիններու առկախեալ ընտրութեան թնճուկը։ Այս խնդիրներուն առաջին երկուքը, այսինքն՝ հիւանդանոցի նախկին բանջարանոցի եւ Պէյքոզի նախկին գերեզմանատան հարցերը կը վերաբերին զուտ մեր համայնքին։ Իսկ համայնքային կառոյցներու մատակարար մարմիններու ընտրութեան խնդիրը կը վերաբերի ընդհանրապէս երկրի ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններուն։ Բոլոր հարցերուն ալ վերջնական լուծումը կախում ունի Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կարգադրութիւններէն։
Թուրքիա այս վերջին շրջանին կ՚անցնի արտասովոր ժամանակահատուածէ մը։ 15 Յուլիսի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն սկսեալ՝ մինչեւ ահաբեկչութեան անհամեմատօրէն մագլցիլը, երկրի անմիջական հարեւանութեամբ առկայ պատերազմներէն սկսեալ՝ մինչեւ Սահմանադրութեան փոփոխութեան գործընթացը. այս բոլորը հաշուի առնելով կարելի է անվարան ընդգծել, որ երկիրը անցումային շրջան մը կը բոլորէ։ Հասկնալի է, որ այդ անցումային շրջանը որոշ յոռետեսութիւն մը ստեղծած է երկրէն ներս, որովհետեւ հասարակութեան բոլոր բաժիններուն կը վիճակին լուրջ մարտահրաւէրներ։ Առկայ իրավիճակին մէջ փոքրամասնութիւններն ու մանաւանդ մեր համայնքը եւս մատնուած են որոշ չափով յոռետեսութեան եւ այս երեւոյթին մէջ ուղղակիօրէն դեր կը խաղան նաեւ տնտեսական կեանքի դժուարութիւնները։ Համայնքային վարիչներուն մօտ վերջին շրջանին ստեղծուած հոգեբանութիւնը այն էր, որ անցումային այս շրջանին դժուար թէ պատկան իշխանութիւնները կարենան իրենց ուշադրութեան առարկայ դարձնել մեր համայնքային հարցերը։ Ահա այս բարոյահոգեբանական յոռետեսութեան յաղթահարման տեսանկիւնէն չափազանց կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ Էրտողան-Շիրինօղլու տեսակցութիւնը։ Պետութեան գագաթին վրայ հանգամանօրէն անդրադարձ կատարուեցաւ մեր համայնքային խնդիրներուն։ Անշուշտ, ինչպէս յոռետեսութեան, այնպէս ալ լաւատեսութեան պարագային պէտք չէ աճապարել, սակայն պետութեան գագաթին վրայ տրուած ժամադրութիւն մը, բնականաբար բաւարար է գոնէ հայեացքը կեդրոնացնելու համար բաժակի լեցուն բաժնին վրայ։ Էրտողան-Շիրինօղլու հանդիպումը եկած է ապացուցանել, որ անցումային ներկայ շրջանին մեր համայնքի խնդիրները հարիւր տոկոսով անտեսուած չեն ու պատկան մարմինները միշտ հետամուտ կը մնան անոնց լուծման։ Երկրորդ դիտարկումը, դարձեալ լաւատես, կրնայ ըլլալ այն՝ որ պետութեան մօտ կը շարունակուի քաղաքական կամքը, որով մինչեւ մօտաւոր անցեալը իրերայաջորդ բարեփոխումներ կատարուած էին երկրի փոքրամասնութիւններուն համար եւ այդ բոլորը դրական լուծման յանգեցուցած էին մեր համայնքի զանազան հարցերը, որոնց լուծման ակնկալութիւնը կար տասնամեակներէ ի վեր։ Ուրեմն, այս երկու հանգամանքներուն լոյսին տակ ներկայիս համայնքային շրջանակները ենթադրութիւններ կը կատարեն յառաջիկայ շրջանի հաւանական իրադարձութիւններուն շուրջ։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հանդիպակաց երբեմնի բանջարանոցի տարածքի սեփականութեան իրաւունքը համայնքին վերադարձնելու խնդիրը այս ամբողջին մէջ կը համարուի շատ խորհրդանշական։ Պատճառը այն է, որ Անգարայէն կատարուած դրական կարգադրութիւններով միջոց մը առաջ այդ ընդարձակ տարածքին սեփականութեան իրաւունքը վերադարձուած էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան։ Յաջորդող շրջանին Իսթանուլի գլխաւոր քաղաքապետութիւնը եւ Զէյթինպուրնուի քաղաքապետութիւնը դատական մարմիններուն մօտ միջամտութիւններ կատարելով կասեցուցած էին այդ կարգադրութիւններուն բնականոն շարունակութիւնը։ Այսպէսով սկսած էր վիճելի նոր շրջան մը, որ կը շարունակուի ցայսօր։ Ճիշդ է, որ մեր համայնքը, ի դէմս Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան առայժմ թէեւ ոչինչ կորսնցուցած է, սակայն ժխտական բնոյթով միջամտութիւնը եկած է պղտորել բոլորին միտքը։ Հարցումը այն է, որ արդեօք վերադա՞րձ մը պիտի ըլլայ դէպի անցեալ։ Էրտողան-Շիրինօղլու հանդիպումը եկած է փարատել այս կասկածը։ Արդարեւ, հանրապետութեան նախագահը ընդգծած է, որ յարմար կը դատէ այս խնդրին դրական լուծում մը գտնելը եւ մեր համայնքի իրաւունքներուն պաշտպանուիլը։ Այս առումով ծայր աստիճան ուշագրաւ կը համարուի Ատնան Էրթէմի մասնակցութիւնը Էրտողան-Շիրինօղլու զրոյցին։ Որովհետեւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութիւնն ու Զէյթինպուրնուի քաղաքապետութիւնը հիւանդանոցի հանդիպակաց տարածքի հարցին շուրջ դատ բացած են ուղղակիօրէն Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան դէմ՝ սեփականութեան իրաւունքը վերադարձնելու ուղղեալ կարգադրութեան բերումով։ Իրաւական հարթութեան վրայ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի խաղաքարտերը ամուր են, որովհետեւ այդ տարածքը ընդգրկուած է 1936 թուականի յայտարարագրին մէջ։
Միւս հիմնական խնդիրը կը վերաբերի Պէյքոզի երբեմնի գերեզմանատան տարածքին։ Այս խնդիրը եւս երկար ժամանակէ ի վեր կը զբաղեցնէ համայնքին օրակարգը։ Տարածքին մէկ հատուածին վրայ կատարուած է ճանապարհաշինութիւն։ Այդ տարածքէն այլ բաժին մըն ալ յատկացուած է վարժարանի մը շինութեան համար։ Ճանապարհ կառուցուած հատուածին բերումով մեր համայնքը, ի դէմս Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին, հատուցում կը պահանջէ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութենէն։ Դպրոց կառուցուած հատուածի պարագային ալ նոյնը խնդրոյ առարկայ է Ազգային կրթութեան նախարարութենէն։ Այդ հատուցումները վիթխարի գումարներ են եւ տակաւին անոնք համայնքին չհասած՝ հեռանկարներուն շուրջ ստեղծուած են վէճեր։ Վերջին շրջանին Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին, Պատրիարքական Աթոռին եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան միջեւ համախոհութիւն մը գոյացած է այդ համայնքապատկան կալուածի արժեւորման հեռանկարներուն շուրջ։ Սոյն փոխըմբռնումը կը վերաբերի թէ՛ հատուցման գումարին եւ թէ տարածքի մնացեալ հատուածի ապագայ արժեւորման հեռանկարներուն։ Էրտողան-Շիրինօղլու զրոյցին ընթացքին այս խնդիրը քննարկուած է բոլոր չափումներով։ Ցարդ այս հարցով զբաղած բոլոր կողմերը նախատեսած են լուծման զանազան եզրեր ու բոլորը այսօր հետամուտ են զանազան փուլերու մէջ իրենց տրուած խոստումներէն բխած իրաւունքներուն կամ պահանջներուն։ Հաշուի առնելով, որ այս մթնոլորտը համայնքի գերագոյն շահերուն տեսակէտէ կրնայ խնդրայարոյց պատկերի մը ծնունդ տալ՝ Պետրոս Շիրինօղլու ճակատագրական միջամտութիւն մը կատարած է՝ խնդիրը արծարծելով ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Այս տեսանկիւնէն ալ Էրտողան-Շիրինօղլու զրոյցին Ատնան Էրթէմի մասնակցութիւնը եղած է շատ յատկանշական։ Մէկ կողմէ Պէյքոզի տարածքին վերաբերեալ ակնկալուած հատուցումներու հնարաւորինս արագացման հորիզոնը ուրուագծուած է, իսկ միւս կողմէ կարելի եղած է վերահասու դառնալ նաեւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան մօտեցումներուն։ Ատնան Էրթէմ յայտնած է, որ հատուցման գումարները պիտի փոխանցուին Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին եւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը անմիջական ուշադրութեամբ պիտի հետեւի անոնց տնօրինման։
Համայնքային կառոյցներու մատակարար մարմիններու ընտրութիւններու խնդիրն ալ շօշափուած է դրական մօտեցումներով։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Էրտողան յայտնած է, որ մօտալուտ հանրաքուէէն վերջ առկախուած այս հարցը պիտի գտնէ իր լուծումը։ Էրտողանի այս խոստումը բնականաբար կարեւոր նշանակութիւն ունի։ Թէ՛ ժամկէտի մը ազդանշանին իմաստով եւ թէ գագաթնային մակարդակի վրայ վերընդգծուած մտադրութեան մը առումով։ Բայց եւ այնպէս, հանրապետութեան նախագահին խոստումով հանդերձ զանազան խնդիրներ կը մնան առկայ։ Ընտրութիւններու պարագային Էրտողանի արտայայտութիւնները սկզբունքային բնոյթ կը կրեն։ Այդ սկզբունքը անհրաժեշտ նախապայման մըն է։ Բայց տակաւին կան բազմաթիւ մանրամասնութիւններ, որոնք այդ խոստման հիման վրայ պիտի յստականան։ Խօսքը առաջին հերթին կը վերաբերի հաւանական ընտրութիւններու դրութեան։ Ակնյայտ է, որ մեր համայնքէն ներս միակարծութիւն մը չկայ այս նիւթին շուրջ։ Զանազան հաստատութիւններ կողմնակից են ընտրական զանազան ձեւերու, ըստ քուէարկելիք զանգուածի սահմանումներուն։ Բնականաբար այս հարցին վերաբերեալ վերջնական կարգադրութիւնները պիտի ըլլան դիւանակալական հարթութեան վրայ։ Այս տեսանկիւնէն կարելի է ըսել նաեւ, որ սպասման շրջանը կը շարունակուի։ Իսկ այդ սպասման շրջանը լաւագոյնս արժեւորելու ու մեր համայնքէն ներս աւելի միասնական մթնոլորտ մը ձեւաւորելու տեսակէտէ կարելի է ձեռնարկել շատ կարեւոր աշխատանքի մը։ Սա է՝ մեր համայնքի ընտրողներու ցուցակներուն պատրաստութիւնը։ Մեր բոլոր եկեղեցիներու ընտրողներու ցանկերը ներկայիս չեն կազմեր առողջ ամբողջ մը։ Երկար տասնամեակներէ ի վեր չեն վերանորոգուած անոնք։ Ակնյայտ է, որ մեր համայնքի անդամները ժողովրդագրական տեսակէտէ մեծ շարժումի մը մէջ են, աւելի՛ն, մէկէ աւելի շրջաններու մէջ արձանագրուած են նոյն անձերը։ Տակաւին կան մահացածներու վերաբերեալ խնդիրները։ Հետեւաբար, համայնքային բոլոր հաստատութիւնները ընտրութիւններու վերաբերեալ խնդրին իրենց վիճակած բաժինը լուծած կրնան ըլլալ՝ եթէ անմիջապէս միասնական ու ներդաշնակ աշխատանքի մը ձեռնարկեն՝ ընտրողներու ցուցակներու պատրաստութեան ճանապարհին։
Ի լրումն այս բոլորին, Էրտողան-Շիրինօղլու զրոյցի ընթացքին շօշափուած է նաեւ պատրիարքական ընտրութեան խնդիրը։ Այս ընտրութեան պարագային ալ հանրապետութեան նախագահը նշած է, որ մօտալուտ հանրաքուէէն վերջ պիտի կատարուի անհրաժեշտը։ Պատրիարքական ընտրութեան խնդիրը, իր բնոյթով, բնականաբար էապէս տարբեր է քննարկուած միւս խնդիրներէն։ Բայց եւ այնպէս, շուրջ ութ տարիէ ի վեր կը շարունակուի սպասողական շրջան մը եւ Էրտողանի կողմէ արտայայտուած խօսքը գոնէ ժամկէտի մը սահմանման տեսակէտէ կը ցոլացնէ պետութեան շինիչ վերաբերմունքը։
Ամփոփելով յայտնենք, որ երկար սպասման շրջանով մը հանդերձ, համայնքային խնդիրներուն նկատմամբ անտարբերութիւն մը գոյութիւն չունի պատկան իշխանութիւններուն մօտ։ Սա ակնյայտ դարձած է Էրտողան-Շիրինօղլու զրոյցով։ Այսօր կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը, որ մեր համայնքային խնդիրները անկարեւոր չեն պատկան մարմիններուն տեսակէտէ, սակայն պետական մեքենան, ուզենք-չուզենք, կ՚ընթանայ իր հրատապ առաջնահերթութիւններով։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ