ԿԱՐԵՒՈՐ ԽՄՈՐՈՒՄՆԵՐ
Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) վերջին ժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ եկած հրատապ հարցերու լուծման ուղղութեամբ ներկայիս յառաջ կը տարուի հետեւողական աշխատանք։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, այս ուղղութեամբ կան կարեւոր խմորումներ։ Ներկայիս համայնքային վարիչները սերտ համագործակցութիւն մը հաստատած են երեսփոխան Մարգար Էսաեանի հետ՝ սոյն խնդիրները յաղթահարման որոնումներուն շրջագծով։ Հարկ է ընդգծել, որ այդ հարցերը խորքին մէջ կը վերաբերին երկրի բոլոր ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններուն, այլ ոչ միայն թրքահայ համայնքին։
Այս շրջանին փոքրամասնական վարժարաններու որպէս տնտեսական ձեռնարկ (iktisadi işletme) դասուելու խնդիրը լուրջ մտահոգութեան առարկայ դարձած է համայնքային շրջանակներէն ներս։ VADİP-ի համակարգման խորհուրդը եւ մեր դպրոցներուն պատասխանատուները միջոցէ մը ի վեր խտացեալ աշխատանք կը տանին այս նիւթին վրայ՝ հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ շփուելով նաեւ պետական աւագանիին հետ։ Ըստ էութեան, խնդիրը կը յառաջանայ այն պատճառով, որ փոքրամասնական վարժարանները Ազգային կրթութեան նախարարութենէն ներս կապուած են մասնաւոր կրթական հաստատութիւններու բաժանմունքին։ Այդ բաժանմունքի դպրոցներուն համար կատարուած ընդհանուր կարգադրութիւններէն անխուսափելիօրէն կ՚ազդուին նաեւ մեր դպրոցները։ Բայց եւ այնպէս, մեր վարժարանները այդ բաժանմունքի միւս վարժարաններուն նման մասնաւո՛ր չեն։ Պարզ պատճառը այն է, որ մասնաւոր վարժարան առաջին հերթին կը նշանակէ վճարովի վարժարան մը, իսկ մեր վարժարաններու պարագային՝ աւելորդ է ըսել, որ վճարովի դրութիւն մը գոյութիւն չունի։ Մեր դպրոցներու աշակերտութեան մէջ պատկառելի տոկոս կը կազմեն անվճար աշակերտները։ Այս հակասութիւնները յաղթահարելու համար VADİP-ի շրջանակներէն ներս վերջերս լուրջ հիմնաւորումներ պատրաստուած են եւ այդ բոլորը ներկայիս աստիճանաբար արդիւնք մը տալու հանգրուանին հասած ըլլալ կը թուին։ VADİP-ի ատենադպիր Յարութիւն Շանլըի կողմէ համակարգուած նախաձեռնութիւններուն շրջագծով, վերջերս կապի մէջ անցած են ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեան եւ իրաւաբան Էօմէր Քանտիթ, որ մեր համայնքային հաստատութիւններուն տեսակէտէ նպաստաւոր լուծում մը գտնել կը ջանայ այս հարցին շուրջ։ Հարկ է նշել, որ Էօմէր Քանտիթ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան խորհրդատու փաստաբանն է եւ իբր այդ ընդգրկուած է այս գործընթացին մէջ։ Վերջերս առաջին հերթին Էօմէր Քանտիթ եւ Մարգար Էսաեան անցած են կապի մէջ, իսկ աւելի վերջ Մարգար Էսաեան Էօմէր Քանտիթը շփման մէջ անցուցած է ԱՔ կուսակցութեան իրաւական խորհուրդի անդամներուն հետ։ Իրաւաբան Էօմէր Քանտիթ այս առթիւ ներկայացուցած է այս նիւթին շուրջ պատրաստուած բոլոր տեղեկագիրները, որոնք մանրամասն հիմնաւորումներ կ՚ընդգրկեն, թէ ինչո՛ւ փոքրամասնական վարժարանները չեն կրնար համարուիլ տնտեսական ձեռնարկ։ ԱՔ կուսակցութեան մասնագէտ իրաւաբաններն ալ համոզիչ նկատած են այդ մօտեցումները։ Ուստի, խնդիրը ներկայացուած է կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակին։ Իրաւաբաններու այս խտացեալ խորհրդակցութիւններու մթնոլորտը ծնունդ տուած է լուծման հեռանկարի մը ուրուագծման։ Արդարեւ, անոնք յարմար կը դատեն Ազգային կրթութեան մասին օրէնքին մէջ յստակ յաւելումի մը ներառնուիլը։
Եթէ աշխատանքները նախատեսուած հունին մէջ ընթանան, եթէ անկանխատեսելի հանգամանքներ չյառաջանան, յառաջիկային Ազգային մեծ ժողովէն ներս կատարուելիք օրէնսդրական կարգադրութիւնով մը միանգամընդմիշտ պիտի լուծուի այս հարցը։ ԱՔ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակը պիտի առաջարկէ Ազգային կրթութեան մասին օրէնքին մէջ ներառնել յստակ յաւելում մը, որով պիտի շեշտուի, թէ փոքրամասնական վարժարանները տնտեսական ձեռնարկ չեն կրնար համարուիլ։ Նոյն յաւելման տրամադրութիւններով պիտի ամրագրուի նաեւ, որ փոքրամասնական վարժարանները զերծ են Աւելացուած արժէքի հարկէն (KDV)։
VADİP-ի համակարգման խորհուրդը այս բոլորին կապակցութեամբ ընդգծած է իր երախտագիտութիւնը երեսփոխան Մարգար Էսաեանին նկատմամբ։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան եւ VADİP-ի ելմտական յանձնախումբի ատենապետ Մասիս Եոնթան ուշադրութեամբ կը հետեւին այս իրադարձութիւններուն։
Միւս կողմէ, VADİP-ի համակարգման խորհուրդը համայնքային ընտրութիւններու հարցին շուրջ ալ աշխատանք կը տանի թափով։ Նոր կանոնադրութեան մշակման հարցին շուրջ Մարգար Էսաեան հանդիպում մը ունեցած է Փոխ-վարչապետ Եալչըն Աքտողանի հետ, որ ներկայիս կառավարութեան մօտ վաքըֆներու գծով պատասխանատուն է։ Եալչըն Աքտողան անցեալ շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմի հետ մասնակցած է հաւաքոյթի մը։ Իսթանպուլի մէջ գտնուելու առիթէն օգտուելով ան փափաքած է փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն հետ խորհրդակցութիւն մը ունենալ։ Անակնկալ այդ մտադրութիւնը սակայն գործնական արդիւնք չէ ունեցած, որովհետեւ Պետրոս Շիրինօղլու կը բացակայէր Իսթանպուլէն, իսկ հրեայ համայնքի ներկայացուցիչները Շաբաթ օրով յարմարութիւն չունէին անակնկալ այդ խորհրդակցութեան մասնակցելու։ Յամենայնդէպս յառաջիկայ օրերուն հաւանական կը նկատուի պետական աւագանիին հետ շփում մը։ Համայնքային վարիչները ընդհանրապէս ունին այն մօտեցումը, թէ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի հետ Անգարայի մէջ կազմակերպուած ընթրիքէն ի վեր անցած է գրեթէ տարի մը եւ շատ օգտակար կրնայ ըլլալ պետական աւագանիին հետ նոր շփման մը հնարաւորութիւնը, մանաւանդ, որ անցեալ տարուան տեսակցութենէն ի վեր քաղաքական նոր հաւասարակշռութիւններ ստեղծուած են Թուրքիոյ մէջ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ