Երեւանեան վկայութիւն (2)

Երեւանեան վկայութիւններու շարքին այսօրուան բաժինը գրի կ՚առնենք՝ երբ Հայաստանի մէջ իրավիճակը ենթարկուած է արմատական փոփոխութեան։ Երէկ մատնանշած էինք բո՛ւն հարցումը. «Արդեօք յեղափոխութի՞ւն պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ»։ Երբ նման հարցում մը օրակարգի վրայ է, ապա կը նշանակէ, որ հաւանականութիւն մը կայ։ Երէկուան մեր դիտարկումներուն մէջ փորձած էինք բանալիներ մատուցել նաեւ այս անգամուան հաւանականութեան աւելի բարձր ըլլալուն մասին։ Բայց եւ այնպէս, անկարելի էր իրադարձութիւններէն առաջ անցնիլ եւ հաստատել այդ հաւանականութիւնը։ Իր բնոյթով, յեղափոխութիւնը հարիւր տոկոս կանխատեսելի երեւոյթ մը չէ։ Ի վերջոյ, երէկ յեղափոխութիւն տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ։

Երեւանէն մեր հրաժեշտ առնելէն քանի մը ժամ վերջ տեղի ունեցաւ այդ մէկը։ Մենք հնարաւորութիւն ունեցանք շնչելու այդ յեղափոխութեան նախորդած ամբողջ մթնոլորտը։

Վաղուընէ սկսեալ մեր վկայութիւնները կը շարունակենք բաժնել՝ յեղափոխութիւնով պայմանաւոր-ւած նոր իրավիճակի լոյսին տակ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2018