Համաճարակ եւ վերյիշում…

Համաճարակի սահմանափակումները այս տարի նոր պայմաններ պարտադրած են նաեւ Ապրիլի 24-ի ոգեկոչումներուն։ Հասկնալիօրէն, այս տարի միջազգային հնչողութիւնը համազօր չ՚ըլլար սովորոկանին, որովհետեւ համաշխարհային օրակարգը գերեվարուած է հրատապ խնդրի մը կողմէ եւ աշխարհի երկիրները կը ջանան առաջին հերթին մարել իրենց սահմաններէն ներս համաճարակով ծագած հրդեհը։ Յամենայնդէպս, հայաշխարհը առկայ ուրոյն կացութեան մէջ կը նշէ Ապրիլի 24-ը՝ հաւատարիմ իր զգայնութիւններուն։

Այս բոլորը, անշուշտ, կը պարփակեն նաեւ Թուրքիոյ վերաբերեալ երեսակներ։ Երբեմն լռելեայն, երբեմն աղմկայարոյց, սակայն այս ոգեկոչումները միշտ ուղղակիօրէն եւ անխուսափելիօրէն կ՚առընչուին հայ-թրքական յարաբերութիւններուն։ Թուրքիա վերջին տարիներուն պաշտօնական վերաբերմունքը կը յայտնէր՝ պետութեան առաջին դէմքին կողմէ հրապարակուած պատգամին մէջ տեղ գտած բանաձեւումներով։ Նախագահ Էրտողան, ըստ երեւոյթին, այս տարի նպատակայարմար չէ գտած այդ նախընթացին շարունակութիւն տալը։ Գոնէ այս յօդուածի պատրաստուած պահուն տակաւին Անգարայէն որեւէ հաղորդում չէր կատարուած այս մասին։ Մեծ հաշուով, կողմերու անհաղորդ վիճակը կը մնայ առկայ։

Մարդկութիւնը այսօր համաճարակի յաջորդելիք փուլին կ՚ակնկալէ նոր աշխարհ մը, նոյնիսկ նոր աշխարհակարգ։ Սպասումները բոլորովին դրական չեն, անշուշտ, սակայն կը խօսուի արմատական հարցաքննութիւններու եւ այս փորձութիւնով պայմանաւորուած նոր առաջնահերթութիւններու եւ մտածելակերպի, ապրելակերպի մասին։

Այսօր շատ աւելի համոզիչ պատճառներ կան՝ անդրադառնալու համար, թէ հարեւանները ճակատագրակից են եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը անվիճելիօրէն վտանգուած է՝ երբ միւսը սպառնալիքի մը ենթարկուած է։ Այսօր շատ ցայտուն ձեւով երեւցած է, որ նոյնիսկ շփումներէ խուսափելու պարտադրանքին մէջ՝ հարեւանները դատապարտուած են համագործակցութեան։ Թշնամութիւնն ու հակադրութիւնները կենսունակ չեն հարեւան ժողովուրդներուն համար։

Տեսնենք՝ այդ բոլորէն բաժին մը դուրս կու գայ նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու պարագային։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2020