Ընթացք
Աշխարհի ընդհանուր ընթացքը քիչ թէ շատ հասկնալու համար ընդունուած բան է՝ միջազգային լրահոսին մէջ շրջագայութիւն մը կատարել։ Նախ, անշուշտ, քաղաքական օրակարգն ու անոր ածանցուած նիւթերը, որոնց կը յաջորդեն նաեւ այլ զանազան գլուխներ՝ գիտականէն կամ մշակութայինէն սկսեալ, մինչեւ մարզական։ Վերջին օրերուն այդպիսի շրջագայութեան մը ընթացքին աչքի կը զարնէին հետեւեալները.
*
- Անգլիա եղած է Եւրոպայի առաջին երկիրը, որ արտօնած է՝ տարրալուծարանի մէջ պատրաստուած միսի սպառումը։
- Ամազոնի անտառներուն մէջ տեսագրուած է ցեղախումբ մը, որուն հետ աւելի առաջ երբեք շփում չէր հաստատուած։
- Վլատիմիր Փութին յայտնած է, որ Ռուսաստանի մէջ ամէն մարդ միայն մէկ մայր ու մէկ հայր պիտի ունենայ՝ որքան ատեն, որ ինք նախագահ կը մնայ։
- Մայքրոսոֆթի միլիառատէր սեփականատէր Պիլ Կէյթցի կողմէ խրախուսուած Քալիֆորնիոյ «Savour» ընկերութիւնը առանց կաթի կարագ ձեռք բերած է՝ ջերմաքիմիական ճամբով։
- Չինաստան սկսած է ծովու մէջ ելեկտրականութիւն արտադրել։ Բնապահպանութեան լրիւ յարիր այս կանաչ ուժանիւթի արտադրութեան օրինակին կրնան հետեւիլ նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու այլ երկիրներ։ Սա կրնայ ապահովել բնակարաններու լուսաւորումը։ Արաբական երկիրները մտահոգ են այս հեռանկարէն։
*
Կը հասկնաք, այնպէ՞ս չէ։ Ամէն ինչ պարզ է…
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ