ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐ ԵՒ ՍՊԱՍՈՒՄ

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ բա­ցուած դա­տը կը շա­րու­նա­կէ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն զբա­ղեց­նել հա­յաշ­խար­հի օ­րա­կար­գը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Ան­թի­լիաս կը պա­հան­ջէ վե­րա­ձեռք­բե­րել Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի, Մայր տա­ճա­րի եւ յա­րա­կից հա­մա­լի­րի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը։ 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ բա­ցուած է այս դա­տը, ինչ որ յա­ւե­լեալ գոր­ծօն մը ե­ղած է՝ հան­րա­յին կար­ծի­քին ու­շադ­րու­թիւ­նը այս գոր­ծին վրայ լա­րե­լու տե­սան­կիւ­նէն։ Խնդրին այժ­մէա­կա­նու­թիւ­նը կա­խում ու­նի ոչ միայն այս դա­տա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան նշա­նա­կու­թե­նէն, այլ նաեւ ա­նոր շրջագ­ծով ար­ձա­նագ­րուած նո­րու­թիւն­նե­րէն։

Յա­նուն Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի Թուր­քիոյ մէջ այս դա­տը կը հե­տապն­դէ յայտ­նի ի­րա­ւա­բան մը՝ Ճէմ Սո­ֆուօղ­լու, որ վեր­ջին շրջան­նե­րուն պար­բե­րա­բար հան­դէս կու գայ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րէն։ Ա­նոնք, ո­րոնք ու­շադ­րու­թեամբ կը հե­տե­ւին այս գոր­ծըն­թա­ցի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն՝ կրնան նկա­տել, որ Ան­թի­լիա­սը եւ Ճէմ Սո­ֆուօղ­լու հա­մա­ժա­մա­նա­կու­թեան տե­սա­կէ­տէ լաւ աշ­խա­տանք մը կը տա­նին։ Երբ որ Ան­թի­լիա­սէն դա­տի ըն­թաց­քին մա­սին տե­ղե­կու­թիւն մը կը փո­խան­ցուի կամ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը կը կա­տա­րուի, գրե­թէ նոյ­նա­ժա­մա­նակ Թուր­քիոյ մէջ ալ կ՚ըլ­լայ նոր զար­գա­ցում մը կամ ար­ձա­գանգ մը։ Վեր­ջին օ­րե­րուն ալ ե­ղաւ այս­պէս։ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­կան հա­մա­լի­րի տա­րած­քին հար­ցով մտա­դիր չեն սա­կար­կու­թեան։ Ո­րոշ չա­փով ան­համ­բե­րու­թեան ազ­դան­շան­նե­րով՝ վե­րընդգ­ծուե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի մար­դու ի­րա­ւանց ա­տեան (Ե­ՄԻԱ) դի­մե­լու մտադ­րու­թիւ­նը։ Գրե­թէ նոյն օ­րե­րուն տե­ղա­կան կարգ մը լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու մօտ ար­ձա­գանգ գտաւ, որ ի­րա­ւա­բան Ճէմ Սո­ֆուօղ­լու Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ վերս­տին դի­մում մը կա­տա­րած էր՝ այս գոր­ծի քննարկ­ման ա­րա­գաց­ման ակն­կա­լու­թեամբ։

Մինչ այս դա­տին վե­րա­բե­րեալ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն մնալ այժ­մէա­կան, նա­խըն­թաց օր տե­սակ­ցու­թիւն մը ու­նե­ցանք ի­րա­ւա­բան Ճէմ Սո­ֆուօղ­լուի հետ։ Իր գրա­սե­նեա­կին մէջ մեզ հիւ­րըն­կա­լե­լով՝ ան ման­րա­մասն բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ այս դա­տա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին, բնոյ­թին եւ ա­նոր վե­րա­բե­րեալ իր պատ­կե­րա­ցում­նե­րուն շուրջ։

Ըստ Ճէմ Սո­ֆուօղ­լուի, Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ Ան­թի­լիա­սի դի­մու­մը կա­տա­րուած է շուրջ տասն ա­միս ա­ռաջ։ Հա­շուի առ­նե­լով, որ ա­ւե­լի քան եր­կու տա­րիէ ի վեր բարձ­րա­գոյն դա­տա­րա­նին մէջ վճռի սպա­սող դի­մում­ներ կան՝ Ան­թի­լիա­սի բա­ցած դա­տին շուրջ ա­պա­հո­վուած ա­րա­գու­թիւ­նը կը հա­մա­րուի բնա­կա­նոն։ Այս բո­լո­րով հան­դերձ, Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նի մա­սին օ­րէն­քի 68-րդ յօ­դուա­ծի տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րու հի­ման վրայ՝ Ճէմ Սո­ֆուօղ­լու դի­մում ներ­կա­յա­ցու­ցած է, որ­պէս­զի դա­տա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քը ա­րա­գա­ցուի։ Իր բա­նա­ձե­ւու­մով, Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նը գոր­ծե­րը կը քննար­կէ ըստ թղթած­րար­նե­րու հա­մար­նե­րու հեր­թա­կա­նու­թեան։ Սա­կայն ե­թէ հրա­տապ հան­գա­մանք­ներ յա­ռա­ջա­նան, ա­պա ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րու փո­փո­խու­թիւն կրնայ կա­տա­րուիլ։ Ի­րա­ւա­բա­նին հա­մոզ­մամբ, օ­րէն­քի հա­մա­պա­տաս­խան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ կան ո­րոշ պղտո­րու­թիւն­ներ եւ ինքն ալ օգ­տուե­լով այդ ե­րե­ւոյ­թէն կա­տա­րած է երկ­րորդ դի­մում մը՝ օգ­տա­գոր­ծե­լով օ­րի­նա­կան ի­րա­ւուն­քը։

Ճէմ Սո­ֆուօղ­լուի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով՝ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նը ներ­կա­յիս այս հար­ցին կա­պակ­ցու­թեամբ կը սպա­սէ Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան տե­սա­կէ­տին։ Ար­դա­րեւ, Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ բա­ցուած իւ­րա­քան­չիւր դատ կը հա­մա­րուի պե­տու­թեան դէմ բա­ցուած դատ մը։ Հե­տե­ւա­բար, բարձ­րա­գոյն դա­տա­րանն ալ պե­տու­թեան տե­սա­կէ­տին վե­րա­հա­սու դառ­նա­լու հա­մար հար­ցը փո­խան­ցած է Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան նկա­տառ­ման։ Իր կան­խա­տե­սում­նե­րով, շուրջ հինգ ամ­սուան ըն­թաց­քին այս դա­տը կրնայ հաս­նիլ իր ա­ւար­տին։ Այս­պէս, Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան եզ­րա­կա­ցու­թիւ­նը ու­նե­նա­լէ վերջ, Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նը այդ մէ­կը պի­տի փո­խան­ցէ Ճէմ Սո­ֆուօղ­լուին։ Այս վեր­ջի­նը շուրջ եր­կու շաբ­թուան ըն­թաց­քին պի­տի ներ­կա­յաց­նէ իր մօ­տե­ցու­մը եւ ար­դէն պի­տի հաս­նի վճռի հանգ­րուա­նը։ Սո­ֆուօղ­լուի խօս­քե­րով՝ վճի­ռը կրնայ ար­ձա­կուիլ կա՛մ այս ա­մառ՝ ար­դա­րա­դա­տու­թեան հա­մա­կար­գի տա­րե­կան ար­ձա­կուր­դէն ան­մի­ջա­պէս ա­ռաջ, եւ կամ այդ ար­ձա­կուր­դին յա­ջոր­դե­լիք շրջա­նին՝ Սեպ­տեմ­բե­րի շուրջ։ Սո­ֆուօղ­լու հա­մո­զուած է, թէ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին կող­մէ այս նիւ­թին Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան նկա­տառ­ման յանձ­նուած ըլ­լա­լը շատ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն մըն է։ Սա կը նշա­նա­կէ, որ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը լուրջ վե­րա­բեր­մունք ցոյց կու տայ այս գոր­ծին նկատ­մամբ ու կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ ման­րա­մասն քննար­կում­ներ։

Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս այս դա­տա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ հրա­պա­րա­կա­յին բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տա­լու ժա­մա­նակ անդ­րա­դար­ձած էր Ան­թի­լիա­սի քննար­կած զա­նա­զան վար­կած­նե­րը։ Իր խօս­քե­րով, Ան­թի­լիաս ու­նէր ե­րեք վար­կած։ Ա­ռա­ջի­նը այն էր, որ դա­տը պի­տի բա­ցուէր ուղ­ղա­կի Թուր­քիոյ պատ­կան դա­տա­կան մար­մին­նե­րու սկզբնա­կան օ­ղակ­նե­րուն մօտ, սա­կայն կա­թո­ղի­կո­սի բա­նա­ձե­ւու­մով՝ այդ պա­րա­գա­յին Ան­թի­լիաս դէմ յան­դի­ման պի­տի մնար իր առ­ջեւ եր­կա­րա­տեւ գոր­ծըն­թաց մը ու­նե­նա­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թեան եւ ձգձգման վտան­գին։ Երկ­րորդ այ­լընտ­րան­քը այն էր, որ դի­մու­մը կրնար կա­տա­րուիլ ուղ­ղա­կի Ե­ՄԻԱ-ի մօտ, սա­կայն այդ պա­րա­գա­յին ալ Ան­թի­լիաս կրնար ու­նե­նալ խո­ցե­լի կողմ մը։ Ար­դա­րեւ, մի­ջազ­գա­յին դա­տա­րա­նին մօտ դի­մում կա­տա­րե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է, որ սպա­ռած ըլ­լան տուեալ երկ­րի ներ­քին դա­տա­կան ճա­նա­պարհ­նե­րը։ Այս հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րուն մէջ, Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս յայտ­նած էր, թէ որ­պէս եր­րորդ վար­կած՝ ի­րենք նա­խընտ­րած են այս դա­տը բա­նալ ուղ­ղա­կիօ­րէն Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ։

Այս կա­պակ­ցու­թեամբ մեր զրոյ­ցին ըն­թաց­քին շօ­շա­փե­ցինք Ճէմ Սո­ֆուօղ­լուի տե­սա­կէ­տը։ Իր բա­նա­ձե­ւու­մով, ճիշդ է, որ վե­րո­յի­շեալ վար­կած­նե­րը հա­շուի առ­նե­լով Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ ուղ­ղա­կի դի­մում մը կա­տա­րուած է, սա­կայն այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը չի բա­ցա­ռեր միւս եր­կու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­նե­րը։ Այ­սինքն, այ­սօ­րուան դրու­թեամբ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նը կրնայ յան­գիլ այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, թէ այս գոր­ծը պէտք է քննար­կուի դա­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու սկզբնա­կան օ­ղակ­նե­րուն, ա­ռա­ջին ա­տեա­նի դա­տա­րան­նե­րուն կող­մէ։ Եւ կամ, ե­թէ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նը այս գոր­ծը մեր­ժէ եւ ի­րենք թղթած­րա­րը տե­ղա­փո­խեն Ե­ՄԻԱ՝ ա­պա այն­տեղ ալ մի­ջազ­գա­յին դա­տա­րա­նը կրնայ պա­հան­ջել, որ տուեալ երկ­րի դա­տա­կան ներ­քին ճա­նա­պարհ­նե­րու սպա­ռու­մէն վերջ թղթած­րա­րը տա­րուի իր առ­ջեւ։

Ճէմ Սո­ֆուօղ­լու ման­րա­մասն հա­շուար­կած է այս բո­լոր վար­կած­նե­րը եւ իւ­րա­քան­չիւ­րին հե­ռան­կար­նե­րը։ Յա­մե­նայն­դէպս, ան որ­դեգ­րած է ուղ­ղա­կիօ­րէն Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեան դի­մե­լու մօ­տե­ցու­մը եւ ու­նի իր հիմ­նա­ւո­րում­նե­րը։ Ար­դա­րեւ, ցարդ չէ պա­տա­հած, որ ար­տա­սահ­մա­նաբ­նակ հա­յու մը կող­մէ Թուր­քիոյ մէջ սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի պա­հան­ջով բա­ցուած դատ մը վեր­ջա­ցած ըլ­լայ դի­մո­ղի պա­հան­ջին բա­ւա­րա­րու­մով։ Հա­մա­պա­տաս­խան դի­մում­նե­րը միշտ մեր­ժուած են։ «Մենք այս հան­գա­ման­քը ընդգ­ծե­ցինք եւ յա­ռաջ քշե­ցինք այն պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւ­նը, թէ վե­րո­յի­շեալ ի­րո­ղու­թիւն­նե­րուն լոյ­սին տակ՝ ա­ռա­ջին ա­տեա­նի դա­տա­րան­նե­րէն գոր­ծի մը սկսիլ պի­տի նշա­նա­կէ ժա­մա­նակ կորսնց­նել», ը­սաւ Ճէմ Սո­ֆուօղ­լու եւ ա­ւել­ցուց, թէ նոյ­նիսկ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նը ան­ցեա­լի մէջ ար­ձա­կած է շարք մը վճիռ­ներ, ըստ ո­րոնց ար­տա­սահ­մա­նաբ­նակ հա­յե­րը չեն կրնար սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­բե­րեալ դա­տա­կան ճա­նա­պար­հով պա­հանջ­ներ ներ­կա­յաց­նել։ Ան կը յի­շեց­նէ, որ 1981 եւ 2001 թուա­կան­նե­րուն պատ­կան պե­տա­կան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն կող­մէ հրա­պա­րա­կուած են շրջա­բե­րա­կան­ներ, ո­րոնց հի­ման վրայ ան­ցեա­լի սե­փա­կա­նա­տէ­րե­րու մա­սին կա­լուա­ծա­յին ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը, կա­լուա­ծա­թուղ­թի տուեալ­նե­րը չեն մա­տու­ցուիր։ Նոյն­պէս Ճէմ Սո­ֆուօղ­լուն չէ կրցած Քո­զա­նի պատ­կան մար­մին­նե­րէն ա­պա­հո­վել փաս­տա­թուղ­թեր, իր պա­հան­ջը մեր­ժուած է՝ այն պնդու­մով, թէ իր պաշտ­պա­նեա­լը կապ չու­նի ա­նոնց հետ։

Այս բո­լո­րը հա­շուի առ­նե­լով Ճէմ Սո­ֆուօղ­լու ո­րո­շած է դա­տը ուղ­ղա­կիօ­րէն բա­նալ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ։ Ան­թի­լիա­սի կող­մէ սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը պա­հան­ջուած տա­րած­քը հի­մա պաշտ­պա­նեալ գօ­տի մըն է (SİT alanı)՝ ըստ ար­ձա­նագ­րու­թեանց։ Իսկ ինք, ե­թէ ա­ռա­ջին ա­տեա­նի դա­տա­րան­նե­րէն գոր­ծի սկսե­լու ըլ­լար՝ ար­դէն ո­րե­ւէ ձե­ւով դա­տը շա­հե­լու հե­ռան­կար պի­տի չու­նե­նար, ո­րով­հե­տեւ հիմ­նա­ւոր­ման ա­պա­ցոյց­ներ ներ­կա­յաց­նե­լու, հա­մա­պա­տաս­խան պրպտում­ներ ը­նե­լու հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն զրկուած պի­տի ըլ­լար։ Բայց եւ այն­պէս, որ­քան որ ալ այս բո­լո­րը հա­շուի առ­նե­լով դա­տը ուղ­ղա­կիօ­րէն բա­ցուած ըլ­լայ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ, ա­պա Ճէմ Սո­ֆուօղ­լու չի բա­ցա­ռեր, որ բարձ­րա­գոյն դա­տա­րա­նը կրնայ յան­գիլ այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, թէ գոր­ծին քննար­կու­մը պէտք է սկսի ա­ռա­ջին ա­տեա­նի դա­տա­րան­նե­րէն։ «Այդ տա­րած­քի այ­սօ­րուան սե­փա­կա­նա­տէ­րը շրջա­նի քա­ղա­քա­պե­տու­թիւնն է։ Սա­կայն ո՞վ է նախ­կին սե­փա­կա­նա­տէ­րը։ Սա է մեր ներ­կա­յա­ցու­ցած փաս­տարկ­նե­րուն ա­ռանց­քը։ Այս դա­տը քայլ մըն է, ի­րա­ւա­կա՛ն քայլ մըն է եւ Թուր­քիա լուրջ վե­րա­բեր­մունք ցոյց կու տայ ա­նոր նկատ­մամբ», ը­սաւ Ճէմ Սո­ֆուօղ­լու։

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը այս դա­տա­վա­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ հան­րա­յին կար­ծի­քը լու­սա­բա­նե­լու ժա­մա­նակ յա­ճախ կը շեշ­տադ­րէ ա­նոր քա­ղա­քա­կան նշա­նա­կու­թիւ­նը։ Ճէմ Սո­ֆուօղ­լուի հետ մեր ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին հե­տաքրք­րուե­ցանք, թէ խոր­քին մէջ ի՞նչ բնոյթ, ի՞նչ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի այս հար­ցը։ Ան պա­տաս­խա­նեց, որ ինք տե­ղեակ չէ, թէ քա­ղա­քա­կան բնոյթ մը կը վե­րագ­րուի այդ դա­տա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան։ Ար­դա­րեւ, ինք այս քայ­լը կ՚ըն­կա­լէ որ­պէս սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­բե­րեալ դատ մը, այ­լա­պէս այս դա­տա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը կրնայ վնա­սուիլ։ Ման­րա­մաս­նե­լով իր խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րը՝ Ճէմ Սո­ֆուօղ­լու ընդգ­ծեց, թէ նոյ­նիսկ ցան­կու­թեան պա­րա­գա­յին հա­յե­րը չեն կրնար Թուր­քիոյ մէջ դատ մը բա­նալ ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցին շուրջ։ Ար­դա­րեւ, երկ­րէն ներս գո­յու­թիւն չու­նի դա­տա­րան մը, որ կրնայ զբա­ղիլ այդ­պի­սի խնդի­րով մը։ Չկայ դա­տա­կան հա­մա­պա­տաս­խան մար­մին մը։ Հե­տե­ւա­բար, ի­րենց կող­մէ բա­ցուած դա­տին նիւթն ալ այս մէ­կը չէ, բնոյ­թը քա­ղա­քա­կան չէ, այլ կը վե­րա­բե­րի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­ձեռք­բեր­ման։ Ի­րենք այդ պա­հան­ջը յա­ռաջ կը քշեն հիմ­նա­կան կամ տար­րա­կան եր­կու ի­րա­ւունք­նե­րու հի­ման վրայ։ Ա­նոնց­մէ ա­ռա­ջինն է՝ սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը, իսկ միւ­սը՝ կրօ­նի ու խղճի ա­զա­տու­թիւ­նը։

Ճէմ Սո­ֆուօղ­լուի հա­մոզ­մամբ, Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նը լուրջ վե­րա­բեր­մունք ցոյց կու տայ այս գոր­ծին նկատ­մամբ ու լաւ է, որ բա­ցուած է այս­պի­սի դատ մը։ «Մի­թէ ա­ւե­լի՞ լաւ է դէ­պի պա­րա­պու­թիւն ա­նընդ­հատ պո­ռալ ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին։ Մի­թէ ա­ւե­լի՞ լաւ է շրջա­գա­յիլ ու­րիշ եր­կիր­նե­րու խորհր­դա­րան­նե­րով։ Իմ հա­մոզ­մամբ՝ նման դա­տի մը բա­ցուած ըլ­լա­լը շատ դրա­կան ե­րե­ւոյթ մըն է եւ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս կա­րե­ւոր ռիսք մը ստանձ­նած է այս քայ­լը առ­նե­լով։ Սա ան­շուշտ իմ անձ­նա­կան դի­տար­կումս է» ը­սաւ Ճէմ Սո­ֆուօղ­լու։

Այս նոյն կէ­տին վրայ ի­րա­ւա­բա­նը մատ­նան­շեց նաեւ հե­տե­ւեալ տե­սա­կան վար­կա­ծը։ Ճիշդ է, որ սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի պա­հան­ջով բա­ցուած դատ մը կայ մեր առ­ջեւ։ Բայց եւ այն­պէս, Ճէմ Սո­ֆուօղ­լուի հա­մոզ­մամբ, Սփիւռ­քի հա­յե­րը չեն փա­փա­քիր Թուր­քիոյ մէջ ի­րա­ւա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով հան­դէս գա­լու հա­մար ներդ­րում­ներ կա­տա­րել։ «Ե­րե­ւա­կա­յե­ցէք ի՞նչ կրնայ ըլ­լալ ե­թէ հա­զա­րա­ւոր մար­դիկ Թուր­քիոյ դա­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ներ­կա­յաց­նեն նման պա­հանջ­ներ, մեր­ժուին ու պար­տա­ւո­րուին դի­մել Ե­ՄԻԱ», մատ­նան­շեց Ճէմ Սո­ֆուօղ­լու եւ ա­ւել­ցուց, թէ Ան­թի­լիա­սի կող­մէ բա­ցուած դա­տը կրօ­նա­կան վայ­րե­րու, կամ ան­ցեա­լի սրբա­վայ­րե­րու սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քին, ճա­կա­տագ­րին տե­սա­կէ­տէ օ­րի­նակ կրնայ հան­դի­սա­նալ։ Մաս­նա­ւոր, այ­սինքն ան­ցեա­լի մէջ ան­հատ­նե­րու պատ­կա­նած կա­լուած­նե­րու պա­րա­գա­նե­րը բնա­կա­նա­բար ա­ւե­լի տար­բեր են ի­րենց բնոյ­թով, սա­կայն այս դա­տը ա­նոնց պա­րա­գա­յին ալ կրնայ ծա­ռա­յել որ­պէս ա­նուղ­ղա­կի օ­րի­նակ մը։ «Պէտք է ըն­դու­նինք, որ շատ դժուար է այս­պի­սի դատ մը շա­հի­լը։ Շատ աշ­խա­տե­ցանք։ Բայց եւ այն­պէս, որ­պէս փաս­տա­բան՝ ես այս դա­տը բա­ցած եմ շա­հե­լու հա­մար։ Եւ ե­թէ կա­րե­նանք այս դա­տը շա­հիլ, սա պի­տի ըլ­լայ կա­րե­ւոր օ­րի­նակ մը», ը­սաւ Ճէմ Սո­ֆուօղ­լու։

Մեր զրոյ­ցին տե­ւո­ղու­թեան Ճէմ Սո­ֆուօղ­լու ընդգ­ծեց, թէ ինք քա­ջա­տե­ղեակ է նաեւ Թուր­քիոյ մէջ փոք­րա­մաս­նու­թեան խնդիր­նե­րուն, ոչ-իս­լամ հա­մայնք­նե­րու վա­քըֆ­նե­րու խնդիր­նե­րուն, ի­րա­ւունք­նե­րուն եւ ա­նոնց ի նպաստ կա­տա­րուած բա­րե­փո­խում­նե­րու հե­ռան­կար­նե­րուն։ Այս կէ­տին վրայ մեր կող­մէ յի­շեց­նենք, թէ Ճէմ Սո­ֆուօղ­լու Յու­նաց Պատ­րիար­քու­թեան փաս­տա­բան­նե­րէն մին է եւ իր վե­րահս­կո­ղու­թեան ներ­քեւ յա­ռաջ տա­րուած դա­տա­կան գոր­ծըն­թա­ցի մը ա­ւար­տին Ֆէ­նէ­րի Պատ­րիար­քա­րա­նը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցած է վե­րա­ձեռք­բե­րե­լու Մեծ կղզիի յու­նաց որ­բա­նո­ցի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը։ Ակ­նար­կե­լով Ան­թի­լիա­սի կող­մէ բա­ցուած դա­տին վե­րա­բե­րեալ զու­գա­հե­ռա­կան­նե­րու՝ Ճէմ Սո­ֆուօղ­լու մատ­նան­շեց, թէ ճիշդ է, որ Թուր­քիոյ մէջ փոք­րա­մաս­նու­թեանց վա­քըֆ­նե­րը յա­ջո­ղու­թեան կը հաս­նին սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­բե­րեալ զա­նա­զան դա­տե­րու պա­րա­գա­յին, սա­կայն այդ մէ­կը կապ չու­նի ար­տա­սահ­մա­նի հա­յե­րու խնդիր­նե­րուն հետ։ Ո­րով­հե­տեւ Թուր­քիոյ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նու­թեանց հա­մանք­նե­րու վա­քըֆ­նե­րը դա­տա­կան մար­մին­նե­րուն ո­րե­ւէ պա­հանջ չեն ներ­կա­յաց­ներ գա­ւառ­նե­րու մէջ, այ­սինքն՝ Իս­թան­պու­լէ դուրս գտնուող տա­րածք­նե­րու կամ կա­լուած­նե­րու սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քին շուրջ։

Մեր տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին Ճէմ Սո­ֆուօղ­լուի նկա­տառ­ման յանձ­նե­ցինք, թէ իր կող­մէ հե­տապն­դուած դա­տը տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ յա­ռա­ջա­ցու­ցած է Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան եւ Պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան մի­ջեւ։ Նախ՝ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­րա­նը Թուր­քիոյ մէջ կը հա­մա­րուի Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­կա­նող ամ­բողջ ժա­ռան­գու­թեան ի­րա­ւա­յա­ջոր­դը։ Պատ­րիար­քա­րա­նը հա­մո­զուած է, թէ նման դատ մը շու­քի տակ կրնայ ձգել այդ հան­գա­ման­քը։ Երկ­րորդ՝ Ան­թի­լիաս այս դա­տը բա­ցած է ա­ռանց նոյ­նիսկ տե­ղեակ պա­հած ըլ­լա­լու Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քու­թիւ­նը։ Այս­տեղ կրնա՞յ ըլ­լալ դի­տում­նա­ւո­րու­թիւն մը։ Ճէմ Սո­ֆուօղ­լու մեր զրոյ­ցին ըն­թաց­քին բո­լոր հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խա­նեց ան­կեղծ, բաց ո­ճով, հա­մո­զիչ եւ սպա­ռիչ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով։ Սա մեր միակ հար­ցումն էր, ո­րու պա­րա­գա­յին իր պա­տաս­խա­նը ե­ղաւ շատ կարճ։ Ան ան­կեղ­ծօ­րէն յայտ­նեց, թէ չի կրնար մեկ­նա­բա­նու­թիւն մը ը­նել այս նիւ­թին շուրջ։ Ար­դա­րեւ, ինք հայ մը չէ, չի կրնար գիտ­նալ հա­յոց ներ­քին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րը եւ այս խնդի­րը կրնայ ա­ռա­ջին հեր­թին կրօ­նա­կան-ներ­քին բնոյթ մը ու­նե­նալ, ո­րով­հե­տեւ սա ի­րա­ւա­կան հարց մը չէ իր տե­սան­կիւ­նէն։

Ճէմ Սո­ֆուօղ­լուի ըն­տա­նի­քը Պար­տի­զա­կէն է։ Իր նախ­նի­նե­րը Յու­նաս­տա­նէն Թուր­քիա ներ­գաղ­թած են ու տե­ղա­կա­յուած՝ Պար­տի­զա­կի մէջ, որ 1915-ին հա­յա­թա­փուած է։ Ան շատ մարդ­կա­յին շեշ­տով մը տպա­ւո­րու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց նաեւ այս դա­տին բե­րու­մով Լի­բա­նան կա­տա­րած այ­ցե­լու­թե­նէն։ «Ես գա­ցի Պէյ­րութ։ Այն­տեղ բո­լոր հա­յե­րը թրքե­րէն գի­տեն։ Սա­կայն ին­ծի յանձ­նա­րա­րե­ցին թրքե­րէն չխօ­սիլ։ Ե­րի­տա­սարդ միա­բա­նի մը ու­ղեկ­ցու­թեամբ քա­ղա­քի հա­յաբ­նակ թա­ղա­մա­սէն ներս կա­տա­րե­ցի շրջայց մը։ Իմ ու­ղե­կիցս ազ­նիւ ե­րի­տա­սարդ մըն էր։ Իր հետ իմ այ­ցե­լած բո­լոր խա­նութ­նե­րուս մէջ իս­կա­պէս շատ լաւ հիւ­րըն­կա­լուե­ցայ։ Վերջ ի վեր­ջոյ, ես կը հասկ­նամ այդ մար­դոց հո­գե­վի­ճա­կը եւ յար­գանք կը տա­ծեմ այդ հո­գե­վի­ճա­կին նկատ­մամբ», ը­սաւ Ճէմ Սո­ֆուօղ­լու։

Ան­թի­լիա­սի կող­մէ բա­ցուած դա­տին ա­ռու­մով ակն­յայտ է, որ լա­ւա­գոյն պա­րա­գա­յին տա­կա­ւին քա­նի մը ամ­սուան սպաս­ման գոր­ծըն­թաց մը պի­տի գտնուի մեր առ­ջեւ։ Յա­մե­նայն­դէպս, Ճէմ Սո­ֆուօղ­լուի հետ մեր ու­նե­ցած տե­սակ­ցու­թիւ­նը չա­փա­զանց հե­տաքրք­րա­կան եւ նոյն­քան օգ­տա­կար էր։ Ար­դա­րեւ, այս դա­տին շուրջ նոյ­նիսկ Իս­թան­պու­լի մէջ կազ­մա­կեր­պուած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին չէր ներգ­րա­ւուած պոլ­սա­հայ մա­մու­լը։ Մեր քա­ղա­քը այ­ցե­լած միա­բան­ներ նոյ­նիսկ առ ի քա­ղա­քա­վա­րու­թիւն չէին լու­սա­բա­նած մեր մա­մու­լը։ Ուս­տի, յայտ­նի ի­րա­ւա­բա­նին հետ մեր ու­նե­ցած ան­մի­ջա­կան զրոյ­ցը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ այս դա­տա­կան գոր­ծըն­թա­ցին վե­րա­բե­րեալ ուղ­ղա­կիօ­րէն ա­ռա­ջին աղ­բիւ­րէն տե­ղե­կու­թիւն մը քա­ղե­լու եւ հար­ցում­ներ ուղ­ղե­լու եզակի հնարաւորութիւն մըն էր՝ բարձր արժէքով։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2016