ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԴԱՏԱԿԱՆ ՔԱՅԼԻՆ ՎԵՐԱԳՐՈՒԱԾ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ…
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Փարիզի մէջ շեշտեց, որ Անթիլիասի կողմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին մօտ բացուած դատը ունի քաղաքական բնոյթ։ Անթիլիասի դիմումը թէեւ առաջին հերթին կը վերաբերի Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման, սակայն ան այսքանով սահմանափակ չի համարեր իր նախաձեռնութիւնը։ Կիլիկեան Աթոռը այս դատը լոկ օրինակ մըն ալ չի համարեր ապագայ ուրիշ նման դիմումներու համար, եկեղեցական կամ ազգային կալուածներու պարագային, թէեւ այս մասին կ՚ըլլան յայտարարութիւններ։ Բայց քանի որ Նորին Սրբութեան իսկ խօսքերով՝ շատ աւելի մեծ քաղաքական նշանակութիւն մը կը վերագրուի այս դատական հայցին, ուրեմն նիւթը ինքնաբերաբար կը ճիւղաւորուի այս կէտէն սկսեալ։ Արդարեւ, գործը կը սահի դէպի հայ-թրքական յարաբերութիւններու դաշտը։ Տարբեր մեկնաբանութիւն մը դժուար թէ կատարուի այս առումով ու վստահաբար թրքական կողմին մօտ եւս ստեղծուած ըլլայ նոյն տպաւորութիւնը։ Եւ քանի որ առկայ քաղաքական փակուղին շրջանցելու համար յառաջ կը տարուի քաղաքացիական երկխօսութիւն ըսուածը, Անթիլիասի քայլը անկարելի է դասել նաեւ այդ ծիրին մէջ, որովհետեւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին բանաձեւումները կ՚առընչուին շատ աւելի մաքրօ քաղաքական հարթութեան։ Փորձենք ամփոփ գիծերու մէջ դանդաղիլ հարցի զանազան երեսակներուն վրայ։
Անթիլիասի մօտեցումը իրատես է, որ Հայոց ցեղասպանութեան խնդրին շուրջ ճանաչումն ու հատուցումը պէտք է ըմբռնուին զուգահեռ։ Մետայլի միւս երեսակին՝ թրքական կողմի մտայնութեան կամ պատկերացումներուն մէջ եւս այս երկուքը կ՚առընչուին իրարու հետ։ Հայոց դիրքորոշման հակադրուելու ժամանակ, Թուրքիան ալ մէկ կողմէ կը ջանայ ճանաչումը կասեցնելու համար ջրել անոնց տեսակէտները, իսկ միւս կողմէ ալ՝ այսպէսով կանխել հատուցման հեռանկարները։ Բայց նոյնքան իրատես ըլլալ չեն թուիր Կիլիկեան Աթոռի այն մօտեցումները, թէ պէտք է ճանաչումէն անցնիլ դէպի հատուցում։ Այս կարգախօսը կը ստեղծէ այն տպաւորութիւնը, թէ աւարտած է ճանաչման փուլը ու կը սկսի հատուցման հանգրուանը։ Այդպէ՞ս է միթէ… Հայկական կողմը որքան որ ալ ձեռքբերումներ ապահոված ըլլայ, անկարելի է ճանաչման փուլը համարել աւարտած։ Կրնայ ըլլալ, որ տասնամեակներու երկար պայքարէ մը վերջ հայկական կողմը կը ձգտի նոր չափում մը տալ իր աշխատանքին, սակայն այս ալ բաւարար հիմնաւորում մը չէ ճանաչման փուլը եզրափակուած նկատելու համար։ Եթէ ճանաչումը աւարտած պիտի համարուի երրորդ կողմերու դիրքորոշումով, ապա միջազգային ուժերու յարաբերակցութեան մէջ Թուրքիան ալ տակաւին ունի իր յենարանները եւ ինքզինքը չի զգար հարիւր տոկոսով մեկուսացած։ Իսկ եթէ ճանաչումը կախում ունի Թուրքիոյ պաշտօնակա՛ն վերաբերմունքէն, ապա այդ հաւանականութիւնը չափազանց նուազ է ներկայ դրութեամբ։ Առանց կողմերէն մէկուն համակրելու կամ առանց անոնցմէ մէկը արդարացնելու մտադրութեան՝ այս հաշուարկը պէտք է կատարուի առարկայականօրէն։
Հետեւաբար, Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի պարագային բացուած դատին եթէ կը վերագրուի քաղաքական բնոյթ, ապա անխուսափելիօրէն ան մաս պիտի կազմէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի շրջագծին։ Որովհետեւ, միայն այս հարթութեան վրայ է, որ տեսականօրէն խոշորացոյցի տակ կրնան բերուիլ ճանաչման ու հատուցման հարցերը՝ իրարու ածանցուած ձեւով։ Իսկ այսօր անտեսանելի է երկարաշունչ ու համբերատար այս գործընթացին ապագան, եթէ չպատահին աշխարհաքաղաքական արտասովոր իրադարձութիւններ։
Ցեղասպանութեան հարցին շուրջ ընդունուած նոյնիսկ հայամէտ, թրքական կողմի բողոքին տեղի տուած երրորդ կողմերու բանաձեւերը եւս կը ցոլացնեն համապատասխան տրամաբանութիւն։ Յիշենք, օրինակ, Եւրոխորհրդարանի ընդունած վերջին բանաձեւի պարագան։ Այդպիսի որոշումները քաղաքական են, որովհետեւ առնուած են քաղաքական մարմիններու կողմէ։ Իսկ եթէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դատական քայլն ալ ունի քաղաքական բնոյթ, ապա հաշուարկներուն մէջ անկարելի է, որ նկատի չառնուին նոյն քաղաքական մօտեցումները։ Վերջին հաշուով ի՞նչ կոչ կը բովանդակեն այդ բանաձեւերը։ Ի՞նչ է անոնց պարունակած պատգամը, որով կը բիւրեղանան միջազգային ընտանիքին սպասումները։ Մէկ կողմէ կոչ կ՚ուղղուի Թուրքիոյ, որպէսզի առերեսուի իր պատմութեան հետ, կամ ճանչնայ պատմական ճշմարտութիւնը, իսկ միւս կողմէ ալ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատէ Հայաստանի հետ։ Այսինքն, լռելեայն ձեւով, ըսուածը կամ ակնարկուածը այն է, որ ցեղասպանութեան հարցին լուծումը կը դիտարկուի Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման պրիսմակէն։ Եկուր-տե՛ս, որ իր վաղեմի չկամութիւնով հանդերձ, այդ բանաձեւերու պարագային թրքական կողմը կը հակազդէ միայն առերեսման կամ ճանաչման կոչերուն դէմ եւ չ՚անդրադառնար միւս խնդրին։ Թուրքիա ընդհանրապէս ուրիշ գետիններու վրայ կը կրկնէ իր նախապայմանները Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ճանապարհին։ Այս բոլորի լոյսին տակ, իր դատական քայլը նման եռանդով մը քաղաքականացնելու ժամանակ՝ Անթիլիաս պէտք է հասկնայ, որ խնդիրը անխուսափելիօրէն կ՚առընչուի Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին հետ, հակառակ անկանխատեսելի ժամէտներուն։
Մեր համեստ համոզմամբ, ընդհանրապէս շատ աւելի նպատակայարմար է, որ ցեղասպանութեան հարցը մաս կազմէ Թուրքիա-Հայաստան օրակարգին եւ պետական հարթութեան վրայ քննարկուին ու լուծուին նիւթին առընչուած բոլոր խնդիրները։ Եթէ ամէն ինչ ձեռք առնուի քոմփաքթ ձեւով, ապա պետութիւնները կրնան գտնել իրենց յանձնառութիւններուն եւ առաջնահերթութիւններուն հաւասարակշռութեան մէջ շահապաշտ լուծում մը։ Այլապէս, մնացեալը արդէն կը հասնի վերացականութեան ճանապարհին սկիզբը՝ առկայ իրավիճակին մէջ։
Կարճ խօսքով, Կիլիկեան Աթոռի քայլը եթէ պիտի ծառայէ կէտ նպատակի մը, ապա ճարտար կատարելագործումներով պէտք է դուրս բերուի մասնակի գործի մը սահմաններէն ու դառնայ շատ աւելի համապարփակ օրակարգի մը բաղադրիչը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
(շար. 3)