Ընդունակութիւն
Թուրքիա շուրջ տասը օրէ ի վեր ցնցիչ իրադարձութիւններու շարան մը կ՚ապրի։ Պետական հարուածի ձախող փորձը եկած է հիմնովին փոխել երկրի կլիման։ Առաջին օրերուն խուճապի եւ տագնապի տպաւորութիւնը, զգացումը գերակշիռ էր։ Երբ անցան օրերը, բաւական կարճ ժամանակի ընթացքին սկսաւ գերակշռել այն համոզումը, թէ երկրին կեանքը պէտք է փութով վերադառնայ իր բնականոն հունը։ Երկրորդ հիմնական համոզումն ալ եղաւ այն, որ միակ բալասանն է ժողովրդավարութիւնը։ Ենթադրուածէն բաւական արագ նկատելի դարձան դրական ազդանշաններ։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներէն կը հնչեն զգուշացումներ, թէ վտանգը տակաւին յաղթահարուած չէ հարիւր տոկոսով, սակայն երկիրը այսօր շատ աւելի ինքնավստահ է ու համարձակ։ Այն աստիճան, որ մարդիկ հետզհետէ կը մտածեն այս փորձութիւնը հնարաւորութեան մը վերածելու մասին։
Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը պատմութեան ընթացքին սակաւ անգամներ եղած է այսքան համախումբ ու միասնական։ Այս արդիւնքը ապահովուած է, երբ բնազդային հուժկու հակազդեցութիւն մը ցուցաբերուած է՝ ժողովրդավարութեան դէմ ծագած վտանգը չէզոքացնելու համար։ Սա լուրջ եւ անփոխարինելի նախադրեալ մըն է լաւատեսութեան համար։ Վերջին օրերու իրադարձութիւնները եկած են ապացուցանել, որ հասուն ժողովրդավարութիւններու պարագային անկարելի է բռնի ուժով, սպառնալիքով կամք պարտադրել։ Բոլորի կամքին նկատմամբ յարգանք պէտք է ցուցաբերուի եւ ուժերու յարաբերակցութիւնը պէտք է ծառայէ ո՛չ թէ պարտադրանքներ ստեղծելու, այլ համադրութեան մը հասնելու։
Քաղաքական օրակարգը ո՛չ միայն յեղաշրջուած, այլ որակապէս նոր հարթութեան մը վրայ դրուած է այսօր։ Բոլոր քաղաքական ուժերը զիրար վերավարկաւորած են, ինչ որ անհաւատալի ըլլալ կը թուի՝ հաշուի առնելով Յուլիսի 15-ին նախորդած բեւեռացումները։ Երկրէն ներս հռչակուած է արտակարգ դրութիւն, սակայն ժողովրդավարութեան ալիքը կը մնայ կենդանի։ Նուրբ հաւասարակշռութիւններով կ՚ուղղորդուի գործընթաց մը, որու ձեռքբերումները լուրջ ազդեցութիւն պիտի գործեն երկրի ապագային վրայ։
Վերջին շուրջ տասը օրերուն ընթացքին քաղաքական ուժերը, ժողովուրդին բոլոր խաւերը ակնյայտօրէն դիրքաւորուած են ժողովրդավարութեան հասարակաց յայտարարին վրայ։ Իրականութեան մէջ բոլորին հնչեցուցած պատգամներուն առաջնահերթութիւնները կարեւոր չափով մնացած են անփոփոխ։ Շեշտադրումները, ըստ էութեան, տարբեր չեն։ Ի՞նչ է փոխուածը։ Բնականաբար, առաջին հերթին ոճը... Սա թէեւ շատ բան կը պայմանաւորէ, սակայն կարծես կայ նաեւ աւելի՛ն ու աւելի կարեւորը։
Թուրքիոյ մէջ ներկայիս քաղաքական գործիչներուն ըսածները դարձեալ կ՚ընկալուին սկզբունքային առումով։ Մինչեւ Յուլիսի 15-ը ո՛վ, ի՛նչ որ կ՚ըսէր՝ այդ բանը կ՚ընկալուէր քաղաքական սուր բանավէճերու, անհաշտ պայքարներու ծիրին մէջ։ Այսօր դարձեալ կան քննադատական ակնարկութիւններ, սակայն քաղաքական գործիչներուն բերնէն հնչածը հանրութեան վրայ չի գործեր այն տպաւորութիւնը, ինչ որ էր Յուլիսի 15-էն առաջ։ Քաղաքականութեան նկատմամբ վերականգնուած է վստահութիւնը։ Ըսուածները այլեւս չեն դասուիր անձնաւորուած, ինքնանպատակ քարկոծումներ, որոնք կտրուած էին ժողովուրդի իրականութենէն։ Քաղաքական համակարգը վերստին կը զգայ ժողովուրդին զարկերակը։ Քաղաքական դաշտը, իր ամբողջութեան մէջ, ներկայիս այս երկրի քաղաքացիներուն վերստին կը ներշնչէ հաւատք եւ յոյս, թէ միասնական նպատակներու ճանապարհին կարելի է ընթանալ տարբեր ուղղութիւններով՝ առանց շեղելու բո՛ւն ճանապարհէն։ Երբ երկիրը կը վերարժեւորէ իր ժողովրդավարութեան ճանապարհորդութիւնը, այսօր արդէն կը վերագնահատուի ու կը վերաիմաստաւորուի ընդհանուր համաձայնութեան հասնելու բարի տրամադրութիւնը՝ որպէս ընդունակութիւն։
Թուրքիա պարտաւոր է լաւագոյնս արժեւորելու այս պատմական պահը եւ իրաւունք չունի սայթաքելու կամ այս հնարաւորութիւնը մսխելու։ Տուեալ պահը կրնայ փոխել հասարակութեան բոլոր խաւերուն ճակատագիրը։
Ժողովրդավարութիւնը շաղախն է մեր երկրին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ