Հրադադարի առաջարկ
Անցեալ շաբաթ այս սիւնակին մէջ հարկադիր պատասխան մը հասցէագրած էինք Բագրատ Էսդուգեանի կողմէ «Ակօս» շաբաթաթերթի մէջ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մասին յառաջ քշուած շարք մը պնդումներուն շուրջ։ Անցաւ շաբաթ մը եւ հիմա Բագրատ Էսդուգեան ստորագրած է ուրիշ գրութիւն մը՝ «Աւարտ անհաճոյ վէճի» խորագրեալ։ Կարճ խօսքով, հրադադար կ՚առաջարկէ մեր բարեկամը։
Ընդհանրապէս, լաւ բան չէ կեանքի մէջ իրադարձութիւնները դիտարկել, ընկալել որոշ կաղապարներու մէջ։ Լոզունգներու նեղ սահմանին մէջ փորձել մեկնաբանութիւնները տեղաւորել՝ անխուսափելիօրէն ենթական կ՚առաջնորդէ մտաւոր սնանկութեան։ Առաւել եւս լաւ չէ, որ մարդիկ քաղաքական, համայնքային կամ այլ որեւէ գետնի վրայ դիրքաւորուին՝ հաշուի առնելով ուրիշներու, իրենց շուրջ գտնուածներու որդեգրած կեցուածքը։ Իսկ այս բոլորը յաչս հանրութեան թաքցնելու վաղեմի ու վաղուց ժամանակավրէպ ճանապարհը եղած է՝ աժան հերոսութեան քարոզչութիւնը։
Անկախ մարդիկ՝ ազատ խղճով, ազատ մտքով անհատներ հանրային կեանքի մէջ հանդէս կու գան իրենց սեփական դատողութեամբ եւ այդ դատողութիւնը կ՚ընեն հաշուի առնելով հանրութեան առջեւ իրենց ունեցած պատասխանատուութիւնները, հանրութեան շահերը՝ անշուշտ իրենց իսկ տեսանկիւնէն։ Շատ ցաւալի վիճակ մըն է, երբ մարդիկ ինքզինքնին պարտադրուած կը զգան՝ հանրութեան առջեւ միտք, կարծիք արտայայտելու ժամանակ իրենց պատկանած քլանին, ճամբարին հետ զուգահեռ ընթանալու։ Այդպիսի պատկանելիութիւնները կը բերեն ենթակային տեսակէտէ սահմանափակումներ, որոնք յաջորդ քայլին արդէն ինքնաբերաբար ստուեր կ՚ածեն արտայայտուած տեսակէտին վրայ։ Կարծիքը կը դառնայ տուեալ քլանին, ճամբարին ծառայութիւն մատուցելու միջոց։ Սա արդէն կը բնորոշէ այն սահմանագիծը, որմէ անդին խօսքը, կարծիքը կ՚իմաստազրկուի։
Մեր սիրելի բարեկամ Բագրատ Էսդուգեանը յայտնուած է այդ սահմանագծին վրայ։ Իր վերջին յօդուածին մէջ շփոթած է յարդն ու կոթը, ինչ որ դրական ազդանշան մը չի համարուիր իրեն տեսակէտէ՝ աժան ու մակերեսային լոզունգներու մէջ խեղդուածի տպաւորութիւն ստեղծելով։ Չենք ուզեր կամայ թէ ակամայ պատճառ դառնալ, որ ան առնէ քայլ մը եւս ու յայտնուի հեղինակազրկութեան անդունդի եզրին։ Ուստի, պատճառ մը չունինք մերժելու համար Բագրատ Էսդուգեանի այս շաբթուան հրադադարի առաջարկը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ