ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ
Երէկ, Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի առկայ անելին մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի ներկայ կացութեան շուրջ բազմակողմանի խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի կուսակալութենէն ներս։ Երբ այս խնդրին շուրջ անորոշ սպասումը կը շարունակուի, երէկ յետմիջօրէին Իսթանպուլի կուսակալութիւն այցելեցին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ Նախաձեռնարկ մարմնի ատենապետ Սարգիս Քիւլեկէչ։ Համայնքային պատ-ւիրակութիւնը ընդունուեցաւ Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահինի կողմէ եւ այս տեսակցութիւնը առիթ հանդիսացաւ բազմակողմանի արժեւորում մը կատարելու պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի հարցին շուրջ։ Ժամը 15.30-ին նախատեսուած էր հանդիպումը, որ տեւեց շուրջ 45 վայրկեան։ Համայնքային պատուիրակութիւնը նախ մօտաւորապէս 20 վայրկեան զրուցեց կուսակալ Վասիփ Շահինի հետ, իսկ աւելի վերջ քննարկումները շարունակուեցան կուսակալութեան իրաւական գործերու բաժանմունքի աւագ պաշտօնեային հետ։
Ինչպէս ծանօթ է, սա երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած հանդիպում մըն էր։ Պետրոս Շիրինօղլու շաբաթներ առաջ համայնքային շրջանակներուն փոխանցած էր, որ նահանգապետարանի միջոցաւ իրեն հաղորդուած էր պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ պետութեան վերաբերմունքը։ Շիրինօղլու յայտնած էր, որ պետութիւնը Պատրիարքարանին կողմէ կատարուած ընթացակարգային թերութիւններ կը տեսնէ, տրամադիր չէ ճանչնալու տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հանգամանքը, նոր պատրիարքի ընտրութեան համար գործընթացը բոլորովին հասունցած չի համարեր, ուստի կ՚ակնկալուի Նախաձեռնարկ մարմնի լուծարումը։ Այս բոլորը բնականաբար փոթորկալից մթնոլորտ մը ստեղծեցին համայնքային շրջանակներէն ներս, եղան թերահաւատներ, բարձրացան բողոքի ձայներ եւ բոլորը արտայայտեցին այն սպասումը, թէ իշխանութիւնները առանց միջնորդի, ուղղակիօրէն պէտք է փոխանցեն այդ պատգամը։ Մինչ Շիրինօղլու կը շարունակէր համայնքին տեսակէտէ ստեղծուած ռիսքերուն շուրջ ահազանգ հնչեցնել, մէկ կողմէ ալ աշխատանք կը տանէր կուսակալութենէն ժամադրութիւն մը ապահովելու ուղղութեամբ։ Առկայ անորոշ կացութեան մէջ երէկ ի վերջոյ տեղի ունեցաւ շաբաթներէ ի վեր ակնկալուած հանդիպումը կուսակալ Վասիփ Շահինի հետ։ Ուշագրաւ է, որ այս ժամադրութիւնը տրուեցաւ այնպիսի ժամկէտով մը, երբ տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան կը գտնուի արտասահմանի մէջ։
Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, կուսակալ Վասիփ Շահին համայնքային պատուիրակութենէն տեղեկութիւններ քաղեց պատրիարքական ընտրութեան ուղղութեամբ տարուած աշխատանքներուն շուրջ։ Ան փափաքած էր ուղղակի վերահասու դառնալ համայնքին կողմէ ցարդ կատարուած աշխատանքին առընչութեամբ։ Կարծիքի փոխանակումներու ձեւաչափին մէջ՝ համայնքային պատուիրակութիւնը ամփոփ գիծերով ներկայացուց գործընթացէն ներս ցայսօր առնուած քայլերը եւ առկայ դժուարութիւնները։ Իր կարգին, Վասիփ Շահին ընդգծեց, որ պետական իշխանութիւնները կը հետեւին պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին։ Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց առկայ դժուարութիւններու յաղթահարման համար նպաստ բերելու ուղղութեամբ։ Պատրիարքարանի աղբիւրներն ալ հակիրճ տեղեկութիւններ տուին երէկ զրոյցի բովանդակութեան մասին։ Այսպէս, Գումգաբուէն հաղորդուեցաւ, որ կուսակալ Շահին այս հարցին շուրջ պետութեան զգայնութիւնները ընդգծելով ըրած է լուսաբանական բնոյթով թելադրութիւններ։ Միեւնոյն ժամանակ Վասիփ Շահին մեր համայնքին փոխանցեց այն պատգամը, թէ պատրիարքական հարցին շուրջ մտահոգութեան կարիք չկայ։
Դարձեալ երէկուան հանդիպումէն վերջ մեր ստացած տեղեկութիւններով, նահանգապետարանէն ներս ընդգծուեցաւ, որ պետական մարմինները առկայ խնդիրներու լուծման հեռանկարները կը տեսնեն թրքահպատակ մեր երկու սրբազաններու՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի համագործակցութեան մէջ։ Կուսակալը յանուն իշխանութիւններուն հերթական անգամ պատրաստակամութիւն յայտնեց՝ նոր հոգեւոր պետի մը ընտրութեան նպաստելու մասին՝ ըստ մեր եկեղեցւոյ կարգ ու կանոնաց եւ համայնքի աւանդութիւններուն։
Նահանգապետարանէն ներս շեշտուած է, որ յաչս պետութեան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հրաժարած չի համարուիր։ Պատրիարքարանը ցարդ կուսակալութեան միջոցաւ պետութիւնը տեղեակ պահելու հարցին մէջ ունեցած է թերացումներ։ Կուսակալութեան մէջ շեշտուած է, որ թերութիւնները, բացթողումները կը համարուին մարդկային, սխալներ միշտ ալ կրնան պատահիլ եւ պետութիւնն ալ համապատասխան դրական վերաբերմունք ունի այս բոլորին շուրջ։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին բարձրաստիճան պաշտօնատարները դիտել տուած են, որ այդ սխալներուն հետեւանքները կրնան յաղթահարուիլ եթէ Պատրիարքարանը քայլ մը առնէ՝ դէպի այս գործընթացի ամենասկիզբը վերադառնալու համար։ Յիշեցուած է նաեւ, որ 15 Մարտ 2017 թուականին, տեղապահի ընտրութեան կատարուած օրը պաշտօնական նամակ մըն ալ կուսակալութեան կողմէ ուղարկուած է Պատրիարքարան։ Բարձրաստիճան պաշտօնեաները ընդգծած են, որ պետութիւնը լուծման հեռանկարը կը տեսնէ մեր քաղաքի երկու թրքահպատակ սրբազաններու՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի համագործակցութեան մէջ։ Նահանգապետարանէ ներս մատնանշուած է, որ սրբազանները յաչս պետութեան ունին բանիմաց անձի ընկալում, ուստի վստահութիւն կայ, թէ անոնք պիտի յաջողին հասնիլ համաձայնութեան մը։ Այդ պարագային պետութիւնն ալ պիտի չվարանի ընտրութեան համար թոյլտուութիւն տալու։ Կուսակալութեան պատասխանատուները յայտնած են նաեւ, որ տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Նախաձեռնարկ մարմինը յաչս պետութեան կը համարուին առ ոչինչ, անոնց ընտրուիլը կը նկատուի սխալ մը, հետեւաբար պետութիւնը կ՚ակնկալէ այդ սխալներուն սրբագրումը եւ աւելի վերջ իշխանութիւնները պատրաստ են պատշաճը տնօրինելու։
Նահանգապետարանէն ներս ծաւալուած քննարկումներուն ընթացքին, ընթացակարգային թերացումներու վերաբերեալ եղած նշումներուն փոխարէն մանաւանդ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան յայտնած է, որ ցայսօր Պատրիարքարանէն այս գործընթացին վերաբերեալ չորս նամակներ ուղարկուած են կուսակալութիւն։ Բայց եւ այնպէս, բարձրաստիճան պաշտօնատարները յայտնած են, որ այդ նամակները ամէն ինչի վերջաւորութեան հասած են իրենց, հետեւաբար առանց կուսակալութեան հետ համաձայնեցնելու կամ համակարգելու նախաձեռնուած գործընթացի մը արդիւնքները կը համարուին անվաւեր եւ իբր այդ ալ յաչս պետութեան արժէք մը չեն ներկայացներ։ Կուսակալութեան մէջ բարձրաստիճան պաշտօնատարները անհանգստութիւն յայտնած են նաեւ տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կողմէ արտասահմանի մէջ կատարուած կարգ մը յայտարարութիւններուն մասին։ Պաշտօնատարները նոյնպէս անընդունելի համարած են Գերմանիոյ Հայոց Թեմէն ներս օգտագործուած կամ ներկայացուած զանազան քարտէսներ, որոնց միջոցաւ խախտուած ցոյց կը տրուի Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը։
Կուսակալութենէն ներս սոյն պատգամներուն վերահասու դառնալէ վերջ համայնքային պատուիրակութիւնը հրաժեշտ առաւ նահանգապետարանէն եւ ուղղուեցաւ դէպի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Մինչեւ երեկոյեան ժամերը ծաւալուեցան երկար քննարկումներ։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան իսկոյն հեռաձայնով կապ հաստատեց Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ եւ տեղեկացուց նահանգապետարանին մէջ փոխանցուած պատգամները։ Հիւանդանոցի խորհրդակցութեան ընթացքին երէկ կուսակալութիւն մեկնած համայնքային պատուիրակութեան անդամները արժեւորեցին նաեւ այն իրողութիւնը, թէ իրադարձութիւններու ընթացքը հետզհետէ կը թեւակոխէ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ շաբաթներէ ի վեր մատնանշուած հունը։ Այս պայմաններուն ներքեւ, Սարգիս Քիւլեկէչ ընդգծեց, որ Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներուն ուշադրութեան պիտի ներկայացնէ իրադրութիւնը՝ ամենապարզ եւ ամենաբաց ձեւով։ Հարկ է նշել, որ այսօր երեկոյեան ժամերուն Պատրիարքարանի մէջ նախատեսուած է Նախաձեռնարկ մարմնի ժողովը։ Որոշ ժամանակ անց, երէկ երեկոյեան հիւանդանոց մեկնեցաւ նաեւ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) ատենադպիր Յարութիւն Շանլը, որ Գումգաբու վերադարձի ճանապարհին ուղեկցեցաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին եւ այդ ընթացքին եւս տեղի ունեցան խորհրդակցութիւններ։
Այժմ համայնքային շրջանակները ուշադրութեամբ կը հետեւին, թէ երէկուան հանդիպումէն վերջ ինչպիսի նորութիւններ պիտի արձանագրուին։ Շաբաթներէ ի վեր պետութենէն ակնկալուած ուղղակի պատգամ մը ունենալու սպասումը կամ պահանջը արդէն յագեցած է։ Նահանգապետարանէն ներս համայնքային պատուիրակութեան նկատառման յանձնուած է, որ գործընթացը պէտք է վերադառնայ սկզբնակէտը։ Այս բոլորէն վերջ, նոր շաբթուան սկիզբին Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Գերմանիայէն պիտի վերադառնայ քաղաքս եւ զուգահեռաբար պիտի յստակենան յառաջիկային առնուելիք քայլերը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ