Հրդեհ

Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մը այն­պի­սի ըն­թաց­քով մը կը խո­րա­նայ, որ հա­մայն աշ­խար­հի տե­սան­կիւնէն կը վե­րա­ծուի լուրջ սպառ­նա­լի­քի մը։ Ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի մթնո­լոր­տին մէջ՝ մի­ջազ­գա­յին եւ տա­րած­քաշրջա­նա­յին դե­րա­կա­տար­նե­րուն դիր­քո­րո­շում­նե­րուն մէջ կը յա­ռա­ջա­նան հա­կա­սու­թիւն­ներ, ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն մէջ կը յա­ռա­ջա­նան բա­խում­ներ եւ այս բո­լո­րին հե­տե­ւան­քով ճգնա­ժա­մի մը մէջ կը յա­ռա­ջա­նան ու­րիշ ճգնա­ժա­մեր։ Տագ­նա­պը փակ շրջա­նի մը կը վե­րա­ծուի։

Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ե­րէ­կուան դրու­թեամբ ստեղ­ծուե­ցաւ ծանրակ­շիռ, ա­հա­զան­գա­յին վի­ճակ մը։ Եր­կար կա­րե­լի է խորհրդա­ծել պատ­ճառ­նե­րուն, հան­գա­մանք­նե­րուն եւ հար­ցի այլ բա­զում ե­րե­սակ­նե­րուն շուրջ։ Յա­մե­նայն­դէպս, ի­րո­ղու­թիւ­նը այն է, որ հրդե­հը կը մեծ­նայ, բո­ցե­րը կը տա­րա­ծուին։ Տա­րած­քաշր­ջան մը, ո­րու օ­րա­կար­գը կը բնո­րո­շուի հու­րով եւ սու­րով։ Ո­րո՞ւ պէտք էր հի­մա Ան­գա­րա-Մոս­կուա այս լա­րուա­ծու­թիւ­նը։ Այս մա­սին մտա­ծե­լու ժա­մա­նակ պէտք է միշտ նկա­տի ու­նե­նալ նաեւ հե­տե­ւեալ հար­ցու­մը։ Այդ լարուա­ծու­թիւ­նը կը նպաս­տէ՞ հա­կաա­հա­բեկ­չա­կան պայ­քա­րին։

Թուրքիա եւ Ռուսաստան մե՛ծ պետութիւններու նման հասունութեամբ պէտք է վարուին առկայ վիճակին մէջ ու պէտք չէ անտեսեն հասարակաց թշնամին։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2015