ԼՈՒՐՋ ՀԱԿԱՓԱՍՏԱՐԿՆԵՐ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին վերջին այցելութիւնը ունեցաւ հետաքրքրական եւ իրենց տեսակին մէջ մասամբ ալ եզակի արձագանգներ։ Օրին հաղորդած էինք, որ Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցները անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձուցած էին այդ ուղեւորութիւնը։ Այդ ուշադրութիւնը հասկնալի էր, հաշուի առնելով, որ անցեալ ամրան սկիզբին Նորին Սրբազնութիւնը անգամ մը ջնջած էր իր այցելութիւնը դէպի Հայաստան եւ այդ փուլէն վերջ առաջին անգամ ան մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Եթէ համառօտ փորձենք ամփոփել այդ իրադարձութիւնները, ապա առաջին հերթին պէտք է վերյիշենք, որ մեր համայնքի պարագային քաղաքական իրադարձութիւնները ինչպէս կրնան յանկարծ թիրախ դարձնել հոգեւոր առաջնորդ մը՝ հակադիր հոսանքներու ազդեցութեան ներքեւ։ Երկար տասնամեակներէ ի վեր այս վիճակը ծանօթ է մեր համայնքի բոլոր անդամներուն, որոնք խորաթափանց կը դիտարկեն իրադարձութիւնները։ Հիմա գանք յստակ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի պարագային, որ նախորդներուն բաղդատմամբ ունի թէ՛ նմանութիւններ եւ թէ տարբերութիւններ։
Անցեալ տարի՝ 2015 թուականին համայն հայութիւնը նշեց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը։ Բնականոն յարաբերութիւններու բացակայութեան մթնոլորտին մէջ, Թուրքիա եւ Հայաստան աննախընթաց արշաւ մը իրականացուցին ամբողջ աշխարհէն ներս՝ իրենց իրերամերժ տեսակէտներու քարոզչութեան համար։ Դժբախտաբար, արդարացան նաեւ մեր համայնքին տեսակէտէ խնդրայարոյց սպասումները։ Արդարեւ, երկու կողմերն ալ մեր համայնքը անխնաօրէն օգտագործեցին՝ անոր վրայով յաչս աշխարհին իրենց մօտեցումները գովազդելու համար։ Մեր համայնքը քարոզչութեան ազդակ մը դարձաւ այնպիսի իրավիճակի մը մէջ, երբ թուրք եւ հայ կողմերուն միջեւ անհաղորդ վիճակը հասած էր գագաթնակէտին։
100-րդ տարելիցը հազիւ թէ անցած ըլլար, այս տարի հայկական հարցին վերաբերեալ ապրուեցաւ ծանրակշիռ ուրիշ իրադարձութիւն մը։ Պունտեսթակի կողմէ միաձայնութեամբ ընդունուած բանաձեւի մը հիման վրայ Գերմանիա պաշտօնապէս ճանչցաւ հայոց ցեղասպանութիւնը։ Այս իրադարձութիւնը մեծ զայրոյթ ստեղծեց Թուրքիոյ մէջ, մինչ ամբողջ հայաշխարհը ողջունեց այդ քայլը։ Թրքահայութիւնը ակամայ յայտնուեցաւ խաչմերուկի մը վրայ, ուր դժուարացաւ հաւասարակշռութիւն պահել՝ իր քաղաքացիական պատասխանատուութիւններուն եւ արմատներէն բխած զգայնութիւններուն միջեւ։ Մեր համայնքը դոյզն իսկ ազդեցութիւն չունէր ու չէր ալ կրնար ունենալ, սակայն ազդուեցաւ առաւելագոյնս։
Ուրեմն, այդ բարդ ու հակասական իրավիճակին մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նամակ մը ուղարկեց Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանին։ Այդ նամակը բեկումնային բնոյթ ստացաւ, հակառակ անոր, որ անցեալին նման իրավիճակներու մէջ միշտ ալ նման քայլեր առած են այն հոգեւորականները, որոնք ստանձնած էին Պատրիարքական Աթոռին ղեկը։ Ըստ երեւոյթին, այս անգամուան տարբերութիւնը հետեւեալն էր։ Մեր համայնքէն ներս վերջին տարիներուն ստեղծուած է աննախընթաց բեւեռացում մը, որու պայմաններուն ներքեւ շուքի տակ կը մնան հասարակաց մարտահրաւէրները։ Տարակարծութիւնները հեռացած են սկզբունքային կամ գաղափարական հարթութենէ ու դարձած՝ խիստ անձնաւորուած։ Համայնքի զանազան բեւեռներուն միջեւ կայ անհաշտ վիճակ մը, որու դրսեւորումները կը հասնին թշնամութեան սահմանին։ Այդ լարուածութիւններու կիզակէտին յայտնուած դէմք մըն է Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Այս բոլորը կ՚արձանագրենք անկախ իրենց պատճառներէն ու շարժառիթներէն։ Տարակոյս չկայ, որ այս ամբողջին մէջ կան բազում խնդիրներ, որոնց պարասխանատուութենէն չեն կրնար խուսափիլ այն բոլոր շրջանակները, որոնք տարիներէ ի վեր կը գործեն կոյր հատուածապաշտութեամբ եւ իրենց ձեւաւորած ճամբարներով մեր համայնքէն ներս կը հրահրեն արհեստական օրակարգ եւ նպատակասլաց քայլեր կ՚առնեն հասարակաց շահերը ստուերի տակ թողելու համար։ Սա այլ հարց մըն է, տարբեր բանավէճի մը նիւթը, ընդհանուր փոխանորդի ուղարկած նամակի խնդիրով եւ անոր յարակից բոլոր ծալքերով հանդերձ։
Ուրեմն, վերադառնալով բուն նիւթին, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան համայնքի ներքին պառակտման հետեւանքով անսպասելիօրէն ծանր մարտահրաւէր մը դիմագրաւել պարտաւորուեցաւ այս հարցին շուրջ։ Իր համախոհներուն համոզմամբ, ան դարձաւ քաւութեան նոխազ։ Իր ընդդիմախօսները հանդէս եկան արդէն ծանօթ պնդումներով կամ տեսակէտներով։ Առարկայական պատկերը եղաւ այն, որ ընդհանուր փոխանորդը չխնայուեցաւ նոյնիսկ նման նուրբ նիւթի մը պարագային։ Քննադատութիւնները ստեղծեցին նաեւ այն տպաւորութիւնը, թէ սահմանափակուած չեն լոկ այս նիւթով եւ կը հետապնդեն նաեւ զինքը մաշեցնելու նպատակ՝ որպէս ապագայ պատրիարքական թեկնածու։ Համայնքէն ներս իրեն դէմ յարդարուած ճակատը արտասահմանի պարագային ալ ունեցաւ իր անդրադարձը, մանաւանդ Հայաստանի մէջ։ Պատրիարքական արտասահմանի հաւանական թեկնածուներն ալ, իրենց շրջանակով հանդերձ, փորձեցին օգտուիլ այս կացութենէն։ Իրենք այնպէս գործեցին (ու կը շարունակեն գործել), որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ունեցած է սայթաքում մը եւ առիթը պէտք է օգտագործել առաւելագոյնս։
Ինչ որ է, այս փոթորկալից մթնոլորտին մէջ, ընդհանուր փոխանորդը յարմար դատեց դէպի Հայաստան ճամբորդութիւնը ջնջել՝ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապի այցելութեան շրջանին։ Հայաստանի մէջ բողոքի ալիք մը հրահրուեցաւ իրեն դէմ։ Կարգ մը շրջանակներ ծայրայեղութեան գացին՝ իր հաւանական այցի պարագային ֆիզիքական միջամտութեամբ սպառնալով։ Անհեթեթ պահանջներ յառաջ քշուեցան՝ որպէսզի ան պատժուի, նոյնիսկ ըլլայ կարգալոյծ։ Մինչդեռ, եպիսկոպոսի մը պարագային միայն Հայ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան դէմ գործելու պարագային կրնար այդպիսի հարց մը ծագիլ։ «Կը պահանջենք պատժել Արամ Արք. Աթէշեանը» անունով հասարակական-քաղաքացիական նախաձեռնութիւն մը յայտնուեցաւ յանկարծ Հայաստանի մէջ, զան-գըւածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ գրաւելով ուշադրութիւն։ Յարգելով հանդերձ բոլորին նախաձեռնութեան իրաւունքը, մեզի համար լրիւ անհասկնալի կը մնայ Հայաստանի մէջ այդպիսի նախաձեռնութեան մը գոյութիւնը։ Սա արդեօք Հայաստանի ժողովուրդի ո՞ր կարիքներու դիմագրաւման կամ ո՞ր հարցերու լուծման կրնայ նպաստել։ Անցնինք...
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի դէպի Հայաստան այս վերջին այցելութեան միջավայրը պայմանաւորուած էր նման գործօններով։ Թէեւ այցը վերջին հաշուով պսակուեցաւ յաջողութեամբ։ Ինքնաբերաբար հերքուեցան այն պնդումները, թէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին յարաբերութիւնները եկած են հունէ դուրս։ Տակաւին Հայաստան մեկնելէ առաջ ընդհանուր փոխանորդը նաեւ ծաւալուն հարցազրոյց մը տուած էր «Սիվիլնեթ» համացանցային հեռուստակայանին։ Սա եւս պայմանաւորած էր այցելութեան մթնոլորտը՝ որպէս հաւասարակշռման գործօն։ Այս վերջին այցելութեան հիմնական տարբերութիւնը բիւրեղացաւ դժբախտաբար դարձեալ ժխտական երեւոյթով մը։ Արդարեւ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին դէմ ուղղուած հակազդեցութիւնները, բարձրացուած բողոքները, իրեն հասցէագրուած քննադատութիւնները աստիճանաբար վերածուեցան մեղադրանքներու, ցեխարձակումներու եւ զրպարտութիւններու։ Սա արդէն կու գայ բնորոշել աւելի խոր մտահոգութեան մը հարթութիւնը։ Նաեւ սա կը զուգադիպի այն շրջանին, երբ Պատրիարքական Աթոռը պաշտօնապէս հռչակուած է թափուր։ Այսինքն, տակաւին նախընտրական գործընթացը վերջնականօրէն չսկսած՝ պայքարը սկսած է սաստկանալ անշրջադարձելիօրէն։ Համայնքային շրջանակներուն մօտ ալ հետզհետէ կը ստեղծուի տպաւորութիւն կամ կը յառաջանան կասկածներ, թէ արտասահմանի հաւանական թեկնածուները շարժման կ՚անցնին արկածախնդրութիւններով։ Դէպի ո՞ւր այս ընթացքը. դժուար է կանխատեսել։ Յարդն ու կոթը արդէն վաղուց խառնուած են իրարու։ Մեղք, որ վատթարագոյն վարկածներուն պատրաստ ըլլալու մասին մտածելու համար կան նախադրեալներ։ Այս պահու դրութեամբ որեւէ հարցում չունի յստակ պատասխան։ Լաւատեսութեան միակ գործօնն է՝ մեր համայնքի վաղեմի աչալրջութիւնն ու հեռատեսութիւնը, ինչ որ բոլոր դժուարութիւններու յաղթահարման գրաւականը կը համարուի սկզբունքօրէն։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէ վերադարձին զրուցեցինք Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ։ Նախընտրեցինք բացառապէս անդրադառնալ իր դէմ օրակարգի վրայ բերուած ամբաստանութիւններուն շուրջ։ Քանի որ պնդումներ շրջանառութեան մէջ դրուեցան՝ Պատրիարքարանէն գոյքերու անհետացման մասին եւ այլն։ Սա արդէն կրնայ երկարաժամկէտ խնդիրներու ծնունդ տալ։ Ընտրութեան հարցին չանդրադարձանք, որովհետեւ արդէն կը սպասուի պետութեան մօտ նոր դիմումի մը կատարուելուն։ Չնախընտրեցինք խօսակից ունենալ թեկնածու Արամ Սրբազանը։ Մեր զրուցակիցն էր ընդհանուր փոխանորդ Արամ Սրբազանը, որ անցումային երկարատեւ գործընթացի մը մէջ տէրն ու տիրականն է Աթոռի ամէն ինչին։
Կանխաւ յայտնենք, որ այս հարցազրոյցը չենք ըրած՝ որեւէ բան կամ որեւէ մէկը արդարացնելու կամ պաշտպանելու համար։ Մեր նպատակը չէ եղած նաեւ ոեւէ մէկուն հարթակ տրամադրել՝ առաւել կամ նուազ համոզիչ պատասխաններու միջոցաւ ժողովրդականութիւն ապահովելու հեռանկարով։ Մեր տեսակցութեան մղումը եղած է այն, որ իր կոչման բերումով Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի բնական պատասխանատուութիւնն է յաչս հանրային կարծիքին, յաչս մեր համայնքին անդրադառնալ մեր Պատրիարքարանին վերաբերեալ անհանգստացուցիչ շշուկներու։ Պատրիարքարանը մեր համայնքի ողնայարն է, իբր այդ նաեւ վստահութեան առանցք մը։ Մօտաւոր անցեալին այնտեղ ապրուած են գայթակղեցուցիչ խնդիրներ։ Ամենաընդհանրացած ու վառ օրինակը այն է, որ այսօր գոյութիւն չունի նշանաւոր Կեսարիոյ զմրուխտէ մատանին եւ գլխաւոր պատասխանատուին արձանը կանգնեցուած է տարիներ անց։ Խնդիրը անցեալի վէրքերը գերելը չէ։ Խնդիրը պատմութեան սեփականութիւնը դարձած կերպարներու վրայ ստուեր ածելն ալ չէ։ Բայց եւ այնպէս, Պատրիարքարանի գոյքը նուիրականութիւն է՝ անկախ իր նիւթական արժէքէն։ Եւ այսօր, առկայ ծանր անցումային ժամանակահատուածին Պատրիարքարանը պէտք է այս առումով ըլլայ մաքուր, անբիծ։ Այս եղած է մեր սկզբունքային շրջագիծը։
Նորին Սրբազնութեան հետ մեր զրոյցի սղագրութիւնը կը ներկայացնենք՝ վստահ ըլլալով, որ հանրութեան դատը պիտի ըլլայ ամենաարդարը։
ԻՒՂԱՆԿԱՐԻ ՄԸ ԲԱՐԴ ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐՈՎ ԶՈՒԳՈՐԴՈՒԱԾ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին վերջին այցելութեան օրերուն Հայաստանէ ներս շրջանառութեան մէջ դրուեցան կարգ մը պնդումներ, ըստ որոնց ան կը վաճառէ Պատրիարքարանի իւղաներկերէն մին։ Այս կապակցութեամբ փորձեցինք շօշափել իր տեսակէտը եւ ինքն ալ փափաքեցաւ, որ խնդիրը պարզուի ամենայն մանրամասնութեամբ։ Նկատի ունենալով, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս հարցը ժառանգած էր ընդհանուր փոխանորդ դառնալով՝ յարմար դատեց, որ նոյն նիւթին մասին տեղեկութիւններ փոխանցեն նաեւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, որոնք անցեալի մէջ Պատրիարքարանի Դիւանէն ներս վարած են պատասխանատու պաշտօններ, նաեւ տեղեակ են հարցի մանրամասնութիւններուն։ Հարկ է նշել, որ խնդրոյ առարկայ իւղաներկն է 2000-ական թուականներու սկիզբին Տ. Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանի անձնական հրահանգով Պատրիարքարանէն դուրս բերուած գործ մը, որու հեղինակն է նկարիչ Արամ Խաչատուրեան։
Արամ Խաչատուրեանի կողմէ ստեղծագործուած եպիսկոպոսի մը իւղաներկ դիմանկարը երկար տարիներէ ի վեր կը գտնուէր մեր Աթոռի հաւաքածոյին մէջ։ Այդ գործը կը պահուէր առանց շրջանակի։ Հեղինակը՝ Արամ Խաչատուրեան եղած էր գատըգիւղցի մը եւ Երուսաղէմի մէջ Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան աշակերտած էր իրեն։ Իւղանկարին ձախ վարի անկիւնը յստակ էր հեղինակին ստորագրութիւնը եւ ստեղծագործութեան թուականը՝ 1903։ Մաքուր եւ խնամուած վիճակի մէջ էր ան։ 2000-ական թուականներուն, երբ Գումգաբուի մէջ Պատրիարքարանը եւ Գնալը կղզիի մէջ Պատրիարքարանի ամարանոցը կը վերանորոգուէին, այդ գործը յայտնուած էր Գնալը կղզիի մէջ։ Արդարեւ, կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովուատունը Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանին կողմէ վերածուած էր ընդունարանի մը եւ այդ ժամանակաւոր ընդունարանի կահաւորման ու յարդարման համար օգտագործուած էր այդ դիմանկարը։
Այդ իւղաներկին մէջ նկարուած եպիսկոպոսին ինքնութիւնը խորքին մէջ յայտնի չէր։ Այդ գործը տեղ գտած է նաեւ Կարօ Քիւրքմանի կողմէ հրատարակուած, 2004-ին լոյս տեսած՝ հայ նկարիչներու եւ նկարչութեան վերաբերեալ ծանօթ գործին մէջ։ Պարզ է, որ Կարօ Քիւրքման երկար աշխատանքէ մը վերջ պատրաստած էր այդ գիրքը։ Քիւրքմանի գիրքին մէջ Պատրիարքարանի հաւաքածոյի այդ իւղանկարը մէջբերուած էր։ Որպէս բացատրութիւն՝ կցուած էր հանգուցեալ Գէորգ Բամպուքճեանի կողմէ իրեն փոխանցուած բացատրութիւնը, թէ այդ մէկը Սարգիս Եպսկ. Տէր-Սարգիսեանն էր։ Նկատի ունենալով, որ Գէորգ Բամպուքճեան 1997-ին մահացած է, Կարօ Քիւրքման ապահովաբար այդ թուականէն առաջ իրմէ ստացած էր այդ տեղեկութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան կը բացառեն հանգուցեալ Բամպուքճեանի այդ վարկածը, որովհետեւ 1903-ին, երբ Արամ Խաչատուրեան սոյն դիմանկարը նկարած է՝ ենթական տակաւին եպիսկոպոս չէր ձեռնադրուած։
Ըստ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի եւ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի կողմէ փոխանցուած մանրամասնութիւններուն, Գումգաբուի վերանորոգութիւններուն վերջաւորութեան, երբ Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեան գործնականապէս ու վերջնականօրէն վերադարձած էր Պատրիարքարան, օր մը հրահանգեց՝ որպէսզի Արամ Խաչատուրեանի այդ իւղանկարը բերուի Գնալըէն Գումգաբու։ Մութաֆեան Պատրիարք յայտնած էր, որ այդ դիմանկարի վեղարը ունէր տպաւորիչ ու պատկառելի տեսք մը։ Ինք կը պատրաստուէր պատ-ւիրել երանաշնորհ Կոլոտ Պատրիարքի իւղաներկ դիմանկարի մը գծուիլը։ Փափաքած էր, որ Կոլոտի դիմանկարի պարագային վեղարը նմանէր Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործածին։ Ըստ իրենց, Մութաֆեան Պատրիարքի հրահանգով այդ իւղանկարը դուրս բերուած էր Պատրիարքարանէն։ Իրենք զայն յանձնած էին Մութաֆեան Պատրիարքի վարորդին՝ Յովհաննէս Պայրամին, որ Պաքըրգիւղի մէջ տեղ մը տարած էր այդ գործը։ Բնականաբար, Յովհաննէս Պայրամ այսօր չի յիշեր այդ հասցէն։ Մեր զրուցակիցները դիտել տուին, որ այդ ժամանակ Մութաֆեան Պատրիարք տուած էր այն բացատրութիւնը, թէ Հայաստանէն եկած նկարիչ մը քաղաքիս մէջ, Պաքըրգիւղի մէջ, պիտի կրկնօրինակէր այդ իւղանկարի մանաւանդ վեղարը։ Սոյն պատուէրին միջնորդած էր մեր ազգայիններէն Մաժակ Օհանեան Չաքըր, որ այդ շրջանին անձնական գործի բերումով պարբերաբար կը ճամբորդէր դէպի Երեւան։ Այս կէտին վրայ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան աւելցուց, որ ինք կապ հաստատած է Մաժակ Օհանեան Չաքըրին հետ, սակայն դժբախտաբար այսօր ան եւս չի յիշեր այդ շրջանի մանրամասնութիւնները։
Այս իրադարձութիւններէն որոշ ժամանակ անց Պատրիարքարան այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիծնի հանգուցեալ միաբաններէն Տ. Ներսէս Արք. Պոզապալեան։ Ան Գումգաբուի մէջ յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ վաճառքի հանուած է եպիսկոպոսի մը իւղաներկ դիմանկարը՝ Պոլիսէն ու կը պնդուի, որ հեղինակն է աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքի։ Իր փոխանցած տեղեկութիւններով, պնդուած էր նաեւ, թէ այդ դիմանկարին մէջ կ՚երեւի Յովհաննէս Այվազովսքիի եղբայրը՝ հոգելոյս Տ. Գաբրիէլ Եպսկ. Այվազովսքի։ Տեղեակ ըլլալով այս պարագային՝ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան անմիջապէս Կարօ Քիւրքմանի գիրքէն խնդրոյ առարկայ նկարը ցոյց կու տայ Տ. Ներսէս Արք. Պոզապալեանին, որ կը հաստատէ, թէ Հայաստանի մէջ վաճառքի դրուածը այդ իսկ մէկն է, սակայն արձանագրութիւնը սրբուած կամ նենգափոխուած։ Նկատի ունենալով, որ նկարը 1903 թուականին ստեղծագործուած է, իսկ Յովհաննէս Այվազովսքի մահացած՝ 1900 թուականին, արդէն ինքնաբերաբար հեղինակի վերաբերեալ ապատեղեկատուութիւնը կը դառնայ պարզ։ Ընթացքին յայտնի կը դառնայ նաեւ, որ Պատրիարքարանէն առանց շրջանակի դուրս բերուած այդ իւղանկարը Հայաստանի մէջ յայտնուած է շրջանակով մը։ Գործը շրջանակի մէջ առնելու պատճառը կրնայ ըլլալ՝ վաճառքի ժամանակ սրբուած կամ նենգափոխուած ստորագրութեան բաժինը հնարաւորինս ծածկելու մտադրութիւնով։ Այս ապատեղեկատուութիւնը միեւնոյն ժամանակ գայթակղեցուցիչ հաւանականութեան մը կասկածը կը յարուցէ այդ զրոյցի մասնակիցներուն մօտ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, Տ. Ներսէս Արք. Պոզապալեան կը պահանջէ, որ Տ. Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեան տայ պաշտօնական լիազօրագիր մը՝ որպէսզի ինք Հայաստանի մէջ զբաղի այս հարցով եւ այդ իւղանկարը վերադարձուի բուն տիրոջ՝ Պոլսոյ Պատրիարքարանին։ Բայց եւ այնպէս, Մութաֆեան Պատրիարք այդպէս ալ այդ լիազօրագիրը չէ տուած Տ. Ներսէս Արք. Պոզապալեանին։ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան այսօր յանգած են այն համոզման, որ սա Մութաֆեան Պատրիարքի հիւանդութեան սկզբնական շրջանն էր, տակաւին այդ հիւանդութիւնը նոյնիսկ ախտաճանաչուած չէր, հաւանաբար այդ պայմաններուն ներքեւ պատրիարքը չէր կրցած դատել վիճակը։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս բոլորին վերահասու դարձած է ընդհանուր փոխանորդ ըլլալէ վերջ։ Երկու կամ երեք տարի առաջ, Ատանայի մէջ բնակող իր ազգականներէն մին իրեն փոխանցած է Հայաստանէն հասած ելեկտրոնիկ նամակ մը։ Սա եղած է Հայաստանէն ուղարկուած իւղաներկի մը վաճառքի առաջարկին շուրջ նամակ մը։ Նորին Սրբազնութեան ազգականը, որ իր մէկ ծանօթէն ստացած է այդ նամակը, զայն փոխանցած է Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին՝ հաշուի առնելով, որ նկարին վրայ կ՚երեւի եկեղեցական մը։ Երբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը տեսնէ այդ գործի լուսանկարը, Պատրիարքարանէ ներս կատարուած խորհրդակցութիւնով մը անմիջապէս յայտնի կը դառնայ, որ սա Գումգաբուի հաւաքածոյէն կորսուած գործն է։ Նկատի ունենալով, որ առաջարկ-նամակին մէջ իւղանկարի «նոր» տիրոջ տուեալները կը գտնուէին՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այդ բոլորը կը պահէ եւ իր յաջորդ Հայաստան այցելութեան օրերուն կապ կը հաստատէ այդ անձնաւորութեան հետ։ Նկարին «նոր» տէրը ժամադրութեան կը փութայ՝ առանց հետը բերած ըլլալու այդ գործը։ Ան կ՚ունենայ այդ «խելացութիւնը», որովհետեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան արդէն ընթացքին ոստիկանութեան ալ կը դիմէ՝ պահանջելով, որ մեր Աթոռէն գողցուած գործը տեղւոյն վրայ առգրաւուի ու վերադարձուի Պատրիարքարանին։ Սակայն երբ նկարին «նոր» տէրը կը փութայ առանց գործը հետը տանելու, այդ ծրագիրը կը ձախողի։ Նորին Սրբազնութիւնը իրեն կը բացատրէ, որ այդ իւղանկարը կը պատկանի Պոլսոյ Պատրիարքութեան։ Նկարին նոր տէրը ընդվզում կ՚արտայայտէ ու կ՚աւելցնէ, որ իր մօտ այդօրինակ մէկէ աւելի գործեր կը գտնուին, բոլորին ալ հեղինակը Յովհաննէս Այվազովսքին է եւ այդ իւղանկարը կապ չունի Պոլսոյ Պատրիարքարանին հետ։ Նորին Սրբազնութիւնը փափաք կը յայտնէ՝ համոզուելու համար տեսնել միւս նմանատիպ նկարները։ Բայց եւ այնպէս, նկարին «նոր» տէրը երբեք չէ կրցած ցոյց տալ այդ գործերը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կարեւորութեամբ կը շեշտէ, որ եթէ այդ նկարը մէ՛կ հատ է, ապա անպայման կը պատկանի մեր Պատրիարքարանին։ Իսկ մէկէ աւելի ըլլալու հաւանականութիւնը շատ տկար է, որովհետեւ գործին «նոր» տէրը մերժած է զանոնք ցոյց տալ, ինչ որ անկեղծութեան փորձաքար մըն էր։ Մնաց որ, արդէն պարզ է, թէ Յովհաննէս Այվազովսքի շատ սահմանափակ թիւով դիմանկարներ ստեղծագործած է եւ անոնցմէ մին է նաեւ ինքնադիմանկարը։
Այս պայմաններուն ներքեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան դիմած է նաեւ Հայաստանի ոստիկանութեան։ Ընթացքին յայտնի դարձած են նաեւ ուրիշ մանրամասնութիւններ։ Իրեն հասած են լուրեր, ըստ որոնց այդ գործը ուղարկուած է Ռուսաստան, ուր վաճառքի հանուած է կէս միլիոն եւրոյով՝ որպէս Այվազովսքիի ստեղծագործութիւն։ Նորին Սրբազնութիւնը տեսած է նաեւ Հայաստանի մէջ նկարի «նոր» տիրոջ նախաձեռնութեամբ ռուսերէնով պատրաստուած մասնագիտական տեղեկագիր-եզրակացութիւն մը, որ կը հաստատէ, թէ այդ գործը Յովհաննէս Այվազովսքիի ստեղծագործութիւնն է։ Հայաստանի ոստիկանութիւնը, որու ամենաբարձր մակարդակի պաշտօնատարներուն հետ կապի մէջ անցած է Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, խոստացած է Ռուսաստանի մէջ ընել միջամտութիւններ ու ճշդել, թէ որո՞ւ ստեղծագործութիւնն է այդ գործը։ Այդ սպասումը տակաւին կը շարունակուի, հետեւաբար վերջնական արդիւնք մը ունենալու գործընթացն ալ ակամայ կ՚երկարի։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս պայմաններուն ներքեւ դառնութիւն կը յայտնէ սոյն անհիմն պնդումներուն եւ զրպարտութիւններուն դէմ։ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանն ալ ցաւ կը յայտնեն սոյն ցեխարձակումներուն նկատմամբ։ Անոնք համոզուած են, թէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին վերագրուած այդ պնդումները իսկապէս անհեթեթ են, որովհետեւ բոլորին ծանօթ է, թէ Նորին Սրբազնութիւնը որքան հետեւողական ու նախանձախնդիր աշխատանք ծաւալած է երկար տարիներէ ի վեր՝ Պատրիարքարանի հաւաքածոն ճոխացնելու ու կատարելագործելու համար։ Այդ ամբողջ գործունէութեան շօշափելի փաստը կը համարուի Պատրիարքարանի այսօրուան թանգարանը։
ՅՍՏԱԿ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի Հայաստան տուած վերջին այցելութեան ընթացքին շրջանառութեան մէջ դրուեցան նաեւ երկու ուշագրաւ պնդումներ։ Առաջինը այն էր՝ որ ան Երուսաղէմի աշակերտութեան շրջանին Աւետարան մը գողցած էր Բեթղեհէմի վանքէն։ Երկրորդ պնդումը այն էր՝ որ ան Պոլիսէն հնատիպ գիրք մը վաճառած է Ամսթերտամի Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդին։ Մեր զրոյցին ժամանակ անդրադարձանք նաեւ այս երկու խնդիրներուն, որոնց կապակցութեամբ Նորին Սրբազնութիւնը մեր նկատառման յանձնեց երկու նամակներ։ Այս վերջինները ունին առաւել չափով վկայութեան բնոյթ եւ անոնց պատճէնները կը հրատարակենք մեր յարակից սիւնակներուն մէջ։
Նորին Սրբազնութիւնը մեզի յայտնեց, որ եթէ Երուսաղէմի աշակերտութեան տարիներուն գողութիւն ըրած ըլլար, ապա բացառուած էր շրջանաւարտ եղած ըլլալու կարելիութիւնը։ Այդ տարիներուն իր տեսուչը եղած էր այժմու լուսարարապետը՝ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան։ Այս վերջինը առկայ պնդումները հաշուի առնելով պատրաստած է գրութիւն մը, որու բովանդակութեան մէջ հիմնովին հերքած է այդ շշուկները, երաշխաւորած՝ Նորին Սրբազնութեան վարկը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մեզի ցոյց տուաւ նամակին պատճէնը, ուր ամէն ինչ յստակ է միայնգամայն։
Երկրորդ պնդումը այն է, որ Նորին Սրբազնութիւնը բաւական երկար տարիներ առաջ Պոլիսէն գիրք մը վաճառած է Ամսթերտամի Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ համար։ Ըստ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի բացատրութիւններուն, տարիներ առաջ Ամսթերտամի Ս. Հոգի եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդը իր օգնութեան դիմած էր՝ ապահովելու համար հայերէն հնատիպ գիրք մը, որ 1600-ականներուն լոյս տեսած էր Ամսթերտամի մէջ։ Ծխականները կը փափաքէին, որ այդ քաղաքին մէջ հրատարակուած գիրքը գտնուէր նոյն քաղաքի եկեղեցւոյ մէջ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պատասխանած էր, որ ինք չունէր այդ գիրքը ու խոստացած էր՝ իր ծանօթ գրավաճառներուն դիմել։ Միջոց մը վերջ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ծանօթ գրավաճառներէն մին (Նորին Սրբազնութիւնը յարմար չի դատեր տալ այդ գրավաճառին անունը՝ զինքը խնայելու համար անտեղի բանավէճէ մը) արդէն տեղեկացուցած է, որ գտած է այդ գիրքը՝ 3000 ամերիկեան տոլար գինով։ Նորին Սրբազնութիւնը Ամսթերտամի ծխականներուն տեղեկացուցած է այս պարագան եւ անոնք պահանջուած գինն ալ յարմար նկատելով՝ փափաքած են տիրանալ այդ գիրքին։ Նորին Սրբազնութիւնը միջնորդած է այդ գործին՝ գիտնալով նաեւ, որ քանի մը ծխականներ իրենց անձնականէն կը հոգան այդ գիրքին ծախսը՝ գործը նուիրելու համար եկեղեցիին։ Այսինքն, եկեղեցւոյ գանձանակէն ոչինչ ծախսուած է այդ գիրքը ապահովելու համար։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մեզի յայտնեց, որ ամբողջ իրադարձութիւնը ահա այս է, մինչ ներկայիս՝ տարիներ անց կը պնդուի, որ ինք գիրք վաճառած է Ամսթերտամի Ս. Հոգի եկեղեցւոյ համար։
Այդ շրջանին Ամսթերտամի ծխական խորհուրդի ատենապետը եղած անձնաւորութիւնը ներկայիս փոխ-ատենապետի պաշտօն կը վարէ նոյն խորհուրդէն ներս եւ ան է որ իր վկայութիւնը յայտնած է՝ այժմու նամակով։
ՆԱՄԱԿ՝ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԷՆ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Առ որ Անկէ
Անդրադառնալով վերջերս կարգ մը գրութեանց եւ յայտարարութեանց, որոնց բովանդակութիւնը զարմացուց մեզ եւ պատճառ դարձաւ այս տողերը գրողիս արտօնելու, որ ճշմարտութիւնը ըսէ առարկայօրէն, թէ Արթին (Յարութ Աթէշեան) այժմ Պատրիարքական Փոխանորդ, թրքահայոց՝ Գերաշնորհ Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան, 1967-1976 Ժառանգաւորաց եւ Ընծայարանի կրթական տարեշրջանն աւարտելով կը ստանայ վկայական եւ կը վերադառնայ Պոլիս ապագայ իր հովուական ծառայութեան դաշտը։
Մենք իր ուսման իննամեայ շրջանին երկու անգամ Ժառանգաւորաց եւ Ընծայարանի տեսչութիւնը կատարելով, մօտէն հետեւած ենք աշակերտներուն վարք ու բարքին եւ անոնց կենցաղին։ Ուստի որեւէ է մեղադրանք Գերաշնորհ Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի հանդէպ, որ ինք Բեթղեհէմի տաճարէն Աւետարան գողցած է, սուտ եւ զրպարտութիւն է եւ մեզ համար անընդունելի։
Թիւրիմացութեանց առաջքը առնելու յոյսով այս գրութիւնը կը յանձնենք հանրութեան ազնիւ ուշադրութեան։
Աղօթարար
ԳԵՐՇՆ. ՍԵՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՂԱՐԻՊԵԱՆ
Լուսարարապետ Ս. Աթոռոյ
13 Հոկտեմբեր, 2016
Երուսաղէմ
ՆԱՄԱԿ՝ ԱՄՍԹԵՐՏԱՄԷՆ
ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
Վերջին շրջաններուն տեղեակ դարձանք, իբրեւ թէ Ամսթերտամ տպուած 1668 թուակիր հնատիպ Նոր Կտակարան գիրքը, Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի կողմէ ծախուած է Ամսթերտամի Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ։
Նախ ըսեմ, որ յիշեալ գիրքը Արամ Սրբազանին չէր պատկաներ, այլ իմ ատենապետութեանս շրջանին եւ իմ խնդրանքովս սրբազան հայրը գրավաճառներէն մէկուն քով գտած ու գրավաճառին կողմէ պահանջուած գինը իմ ու վարչական ընկերներուս կողմէ տրամաբանական գտնուելով, մեր իսկ դրամով գնուած եւ մեր կողմէ ալ եկեղեցիին նուէր տրուած է։ Այս գնումին մէջ եկեղեցին ոչ մէկ ծախս չէ ըրած։
Զայս ի գիտութիւն կը տեղեկացնենք հետաքրքրուողներուն։
ՏԻԳՐԱՆ ՄՂՏԵՍԵԱՆ
Սբ. Հոգի Եկեղեցւոյ Հիմնադրամի
Փոխ-ատենապետ
Ամսթերտամ
06.10.2016
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ