ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԾԱՐԱՒ

Գումգաբուի Ս. Զատկի ընդունելութեան ժամանակ դարձեալ շօշափուեցաւ համայնքէ ներս զօրակցութեան ամրապնդման խնդիրը։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտնեց, որ մեր համայնքային հաստատութիւնները պէտք է յարգանքով վերաբերուին թէ՛ Պատրիարքական Աթոռին եւ թէ իրարու հետ։ Այսօր մեր բազում հաստատութիւնները իրարու միջեւ ունին տարաձայնութիւններ եւ անհամաձայնութիւններ եւ այդ բոլորին համար կ՚ակնկալեն Պատրիարքարանի միջամտութիւնը։ «Երբ դուք չէք կրնար համաձայնիլ իրարու հետ, գլուխ չէք կրնար ելլել ձեր միջեւ յառաջացած հարցերով, Պատրիարքարանը ինչպէ՞ս կրնայ ընել այդ բոլորը։ Բոլորս պէտք է հասկնանք, թէ միասնաբար կրնանք գոյութիւն ունենալ։ Մեր դժուարութիւններն ու խնդիրները պէտք է համարենք հասարակաց։ Իրականութեան մէջ, մեր հաստատութիւններուն ունեցած միջոցները լիուլի բաւարար են մեր ամբողջ համայնքին համար, սակայն աղայութեան խնդիրները լուծել չենք յաջողիր։ Բոլորս պէտք է համարձակ ըլլանք իրարու նկատմամբ հաշուետու ըլլալու տեսակէտէ։ Մեր ունեւոր հաստատութիւններու վարիչները կը ջանան այս համայնքին գլուխը աղայ կտրիլ՝ կարծես, թէ կը տնօրինեն իրենց սեփական միջոցները։ Ուստի, ամէն մարդ պէտք է յարգանքով վերաբերուի իրարու նկատմամբ», ըսաւ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան։

Իր կարգին, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանն ալ ընդգծեց, որ ներկայիս երկխօսութեան ծարաւ մը կայ մեր համայնքէն ներս։ Սա պատճառ կը դառնայ, որ մեր հաւաքական կեանքին մէջ բամբասանքները աւելնան։ Նորին սրբազնութեան խօսքով՝ մեր համայնքը պէտք է պետական մարմիններու հետ շփուելով յամառ աշխատանք տանի՝ կեդրոնական, հասարակաց իշխանութիւն մը ունենալու համար։ Արդարեւ, այսօր մեր համայնքը կ՚ընթանայ հաւասար հաստատութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու ձեւաչափին մէջ, իսկ այդ հաւասարներու միջեւ յարաբերութիւնները չեն կանոնակարգուիր։ «Չկայ հասարակաց իշխանութիւն մը, ինչ որ ծնունդ կու տայ քաոսի եւ մեր խնդիրները չեն լուծուիր», եզրակացուց ան։

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ, ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ ԵՒ ԽԱՌՆ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԵՏ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ

Ս. Զատկի ընդունելութեան ընթացքին այս տարի եւս ներկայացուեցաւ Պատրիարքարանի ելմտական տեղեկագիրը։ 2018 թուականի վերաբերեալ Աթոռի կացութիւնը մանրամասնօրէն յանձնուեցաւ համայնքային ներկայացուցիչներու նկատառման։ Պատրիարքարանի Ելմտական յանձնախումբէն Պետրոս Մարզուան ներկայացուց այդ տեղեկագիրը։ Ըստ այդ տուեալներուն, յիշեալ ժամանակաշրջանին Պատրիարքարանի պիւտճէն շուրջ 200 հազար լիրա բաց մը տուած է։ Սա ընթացիկ մուտքերու հաշուարկին հիման վրայ յառաջացած բաց մըն է։ Բարեբախտաբար, այդ ընթացիկ անբաւարար մուտքերէն զատ, վերոյիշեալ ժամանակաշրջանին Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը եւ այս վերջնոյն յարակից գործող խորհրդատու մարմինը փոխանցում մը կատարած են Պատրիարքական Աթոռին։ Սա Պէյքոզի վերաբերեալ գործընթացի նախորդ փուլերէն կուտակուած պարտքերու հատուցումը եղած է եւ շնորհիւ այդ յաւելեալ մուտքին՝ կարելի դարձած է հաւասարակշռել Պատրիարքական Աթոռի 2018 թուականի պիւտճէն։

Հաշուետուութեան ընթացքին Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նշեց, որ յառաջիկայ շրջանին Պատրիարքական Աթոռը պիտի կարողանայ Պէյքոզի միջոցներէն օգտուիլ կանոնակարգուած ձեւով։

Նկատի ունենալով, որ Պատրիարքական Աթոռի հիմնական եկամուտը կը հանդիսանան խորհրդակատարութիւններու համար կատարուած նուիրատուութիւնները՝ ելմտական տեղեկագրի ներկայացման ժամանակ համապատասխան վիճակագրութիւն մըն ալ եկաւ օրակարգի վրայ։ Դըժ-բախտաբար, վերջին տարիներու մտահոգիչ ընթացքը կը խորանայ այս առումով։ Որովհետեւ, մկրտութիւններու թիւը անհամեմատօրէն նուազած է, իսկ յուղարկաւորութիւններու եւ հոգեհանգստեան պաշտօններու քանակը՝ բարձրացած։ Ս. Պսակի խորհրդակատարութիւններն ալ նուազած են եւ այս կապակցութեամբ խառն ամուսնութիւններու խնդիրը կը համարուի լուրջ գործօն մը։ Այս յօդուածաշարքի նախորդ բաժիններուն մէջ նշած էինք, որ Պօյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նազարէթ Էօզսահակեան եւս մատնանշեց այս հարցը ու փափաք յայտնեց, որ Պատրիարքական Աթոռը վերահաստատէ կենակցութեան օրհնութեան դրութիւնը։

Այս հարցին շուրջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ ըրաւ կարեւոր մատնանշում մը։ Ան ընդգծեց, որ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին մեր քաղաքին մէջ խառն ամուսնութիւններու պարագային կը կատարէ պսակի խորհրդակատարութիւն, ինչ որ հակասութիւններ եւ դժուարութիւններ կը յառաջացնէ։ Մեր համայնքի անդամներն ալ, որոնք խառն ամուսնութիւններ կը կնքեն, արդէն կը դիմեն Հայ կաթողիկէ եկեղեցի։ Սա կը յառաջացնէ որոշ բարդութիւններ։ Մէկ կողմէ սկզբունքօրէն կը խրախուսուին խառն ամուսնութիւնները, իսկ միւս կողմէ կը յառաջանան յարակից հարցեր։ Պատրիարքական Աթոռը, ըստ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, կենակցութեան օրհնութեան կարգադրութիւնը դադրեցուցած է՝ հաշուի առնելով նաեւ քաղաքիս քրիստոնեայ միւս յարան-ւանութիւններու հոգեւոր կեդրոններու տրամադրութիւնը։ Ուստի, ընդհանուր փոխանորդը ընդգծեց, որ անհրաժեշտ դարձած է այս խնդիրը քննարկել Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ։

Վերադառնալով հաշուետուութեան նիւթին՝ Ս. Զատկի ընդունելութեան ժամանակ ընդգծուեցաւ, որ երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի վախճանման յաջորդած օրերուն Պատրիարքական Աթոռը անհրաժեշտ բոլոր վճարումները անմիջապէս կատարած է անոր ժառանգներուն։ Այս գործընթացը յառաջիկայ շրջանին պիտի ածուի ի կատար։

Ընդունելութեան ընթացքին Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր հանդէս եկաւ արդար քննադատութիւնով մը։ Ան համոզուած է, թէ Ս. Զատկի ընդունելութիւնը առիթ մըն է, որպէսզի մեր համայնքի անդամները շնորհաւորեն իրարու տօնը եւ ըմբոշխնեն համապատասխան ուրախութիւնը։ Ուստի, սա յարմար առիթ մը չէ Պատրիարքարանի տարեկան հաշուետուութեան ներկայացման համար։

Մեր կողմէ աւելցնենք, որ Պատրիարքական Աթոռը մեր համայնքի կեդրոնն է եւ անոր տարեկան հաշուետուութիւնը պէտք է շատ աւելի արհեստավարժ ձեւով, շատ աւելի լուրջ ոճով պէտք է մատուցուի հանրութեան։ Տարիներէ ի վեր այս հաշուետուութեան մատուցման ձեւը եւ այդ հաշուետուութիւնը մատուցող Պետրոս Մարզուան չափազանց սիրողական տպաւորութիւն մը կը թողեն մեր համայնքին վրայ եւ յառաջիկայ շրջանին այս խնդիրը պէտք է անպայմանօրէն լուծուի։

ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐԸ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԵՆ, ՈՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒԻՆ ԲՆԱԿԱՆՈՆ ԿԱՊԵՐ

Ս. Զատկի ընդունելութեան ընթացքին արծարծուեցան մեր վարժարաններու նիւթական անբաւարարութիւններու խնդիրները։ Վերջին շրջանին Պէյքոզի թաղային խորհուրդը ստացած է յաւելեալ հատուցում մը։ Ս. Խաչ դպրեվանքը պետութեան կողմէ ստացած է լուրջ գումար մը եւ հաւանական է, որ յառաջիկայ շրջանին յաւելեալ գումարներ ալ ստանայ։ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ալ Եըլտըզի բարձունքին ձեռք բերած է նոր տարածք մը, ուր յառաջիկայ շրջանին շինարարական աշխատանքներ կրնան կատարուիլ։ Այս բոլորը մատնանշելով Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտնեց, որ ըստ էութեան, իրենց տարեկան պիւտճէն հաւասարակշռելու կը դժուարանան Պէզճեան Մայր վարժարանը, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանը, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը, Կեդրոնականը, Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանը եւ Եշիլգիւղի վարժարանը։ Նորին սրբազնութիւնը մաղթեց, որ Եշիլգիւղի թաղային խորհուրդն ալ ժամ առաջ յաղթահարէ կալուածներու վերաբերեալ առկայ խնդիրները, որովհետեւ այդ պարագային մեր այս թաղի վարժարանն ալ պիտի դառնայ ինքնաբաւ։

Այս կէտին վրայ ներկաները յիշեցուցին նաեւ Գալֆաեանը։ Իսկ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նշեց, որ կարելի չէ Գալֆաեանը այլեւս դասել մեր կարիքաւոր վարժարաններու շարքին, որովհետեւ Ս. Խաչ դպրեվանքի միջոցները պէտք է ծառայեցուին նաեւ անոր կարիքներու դիմագրաւման համար։ Արդարեւ, Պատրիարքարանի մէջ երկու խնամակալութիւններու միջեւ ստորագրուած է համապատասխան փաստաթուղթ մը։ Այս կապակցութեամբ Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան հանդէս եկաւ ամփոփ լուսաբանութիւններով։ Ան յայտնեց, որ Գալֆաեանը տակաւին ոչինչ ստացած է Դպրեվանքէն եւ յոյս ունի, թէ Դպրեվանքի խնամակալութիւնը զօրակցութիւն պիտի ցուցաբերէ, երբ իրեն տնօրինման յանձնուած գումարի տոկոսները սկսին հասնիլ իրեն։ Գամբարոսեան նշեց նաեւ, որ այս հարցին բերումով չեն փափաքիր Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան հետ ունենան հարցեր եւ վտանգել իրենց մարդկային-բարեկամական յարաբերութիւնները։

Այս հարցին շուրջ հաւաքոյթի ընթացքին ծաւալուեցան որոշ խօսակցութիւններ եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտնեց, որ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը միջոց մը առաջ Գումգաբու այցելելով տեղեկացուցած է, որ կը խզէ իր կապերը Պատրիարքարանի հետ։ Նորին սրբազնութիւնը անհանգստութեամբ խօսեցաւ այս հարցին շուրջ, մինչ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը նշեց, որ կապերու խզումէ աւելի սառեցման մը մասին է խօսքը եւ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը այդ քայլը առած է փոխանորդութեան հարցին շուրջ ունեցած վերապահութիւններուն բերումով։ Շանլըի խօսքէն վերջ հաւաքոյթի որոշ մասնակիցներ մատնանշեցին, որ փոխանորդութեան հանգամանքը նոյնիսկ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու գահակալներուն կողմէ ընդունուած է, հետեւաբար այս առումով չքմեղանք մը չի կրնար ըլլալ։

Այս բոլոր խօսակցութիւններէն վերջ, ներկաները ընդգծեցին, որ Պատրիարքական Աթոռի եւ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան միջեւ պէտք է վերահաստատուին բնականոն յարաբերութիւններ։

Այս խօսակցութիւններու լոյսին տակ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցանք Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճանի հետ։ Ան բաւական երկարապատում ձեւով արտայայտեց իր տեսակէտները, սակայն խնդրեց, որ այդ բոլորը չհրապարակուին, որովհետեւ այս հարցին շուրջ խնամակալութիւնը պատրաստած է գրաւոր յայտարարութիւն մը։ Ատենապետը խնդրեց, որ այդ յայտարարութիւնը միայն նկատի առնուի՝ մամուլի սիւնակներու մէջ օգտագործման համար։ Իսկ այդ յայտարարութիւնով, խորքին մէջ, կ՚ըսուի՝ թէ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը չէ խզած իր յարաբերութիւնը Պատրիարքական Աթոռին հետ, այլ՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի անձին հետ։ Մենք պարզապէս յանուն պատասխանի իրաւունքը յարգելու տեղ կու տանք այս մօտեցման ու կը վերահաստատենք Գումգաբուի ընդունելութեան ժամանակ հնչած աչալուրջ պահանջը՝ որպէսզի ժամ առաջ բնականոն յարաբերութիւնները վերականգնուին Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան եւ Պատրիարքարանի միջեւ։

Մեր բարերարներէն Արէտ Երկանեան այս խնդրին շուրջ եղաւ ամենայստակ ձեւով արտայայտուողը։ Ան ընդգծեց, որ համայնքին մէջ բոլորը պէտք է յարգանք ցուցաբերէ Պատրիարքական Աթոռին նկատմամբ՝ անկախ անհատներէ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2019