Նոր հարթութիւն եւ գործօններ

2021 թուականի իրադարձութիւնները եկան անանտեսելի փոփոխութեան ենթարկել այն հաւասարակշռութիւնները, որոնք վերջին աւելի քան տասն տարիներու կտրուածքով ձեւաւորուած էին հայկական հարցին շուրջ։ ԱՄՆ-ի նախագահ Պայտընի շաբաթավերջի յայտարարութիւնը խնդիրը նոր հարթութեան մը վրայ դրած է։ Սա արդէն նոր փուլի մը սկիզբն է։ Ճիշդ է, որ որեւէ առումով ցնցումի կացութիւն մը չկայ, սակայն փոփոխութիւնը արմատական է։ Յառաջիկային, աստիճանաբար նոր հաւասարակշռութիւններ պիտի ձեւաւորուին եւ անոնք պիտի ցոլացնեն ո՛չ միայն նոր տրամաբանութիւն մը, այլեւ՝ պիտի խմորուին ուժերու նոր յարաբերակցութիւններով։

Ճօ Պայտընի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը կարելի է քննարկել քանի մը երեսակներով. օրինակ՝ ԱՄՆ-ի ներքին քաղաքականութիւն, Թուրքիա-ԱՄՆ յարաբերութիւններ, թրքական կողմի մօտեցումները, Հարաւային Կովկասի յետպատերազմեան քոնժոնքթիւրը, Հայաստանի կացութիւնը, հայաշխարհի յարաբերութիւններու ներքին դրուածքը եւ այլն։ Այս բոլորին վրայ կրնան աւելցուիլ նաեւ թրքահայութեան վերաբերեալ զանազան հաւանականութիւններ, որքան որ ալ համայնքը ի վիճակի չըլլայ իր ներուժով ուրոյն գործօն մը ըլլալու։

Ընդհանրապէս աշխարհ մուտք գործած է այնպիսի ժամանակաշրջան մը, երբ բոլոր առումներով փոփոխութիւններու հեռանկարները ունին երեւելի, շօշափելի ազդանշաններ։ Քաղաքական հիմնախնդիրները նոր վիճակ կը ստանան միջազգային բեմահարթակի առկայ բեւեռացումներուն հետեւանքով։ Բաց աստի, տեսանելի ապագայի առաջնահերթութիւններուն վերաբերեալ կանխատեսումները արդէն նոր սահմանումներ կը բերեն այն ամէն ինչին համար, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը զբաղեցնէ օրակարգը։

Այսպիսի ժամանակաշրջանի մը կը զուգադիպի, ուրեմն, հայկական հարցի վերաբերեալ այս նոր ճամբաբաժանը, որ պայմանաւորուած է Ճօ Պայտընի յայտարարութիւնով։

Սա թէ՛ պատմական եւ թէ հետաքրքրական խաչմերուկ մըն է, որու վրայ հորիզոնը պէտք է դիտարկել անցեալի իրատես հաշուեկշիռով եւ ապագայի ուղղեալ պաղարիւն հաշուարկներով։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ծանօթ.- Վաղուընէ սկսեալ այս սիւնակին մէջ պիտի սկսինք խորհրդածութիւններու շարք մը գրի առնել այս մասին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 26, 2021