Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔԵՊՍԿ. ՊԵՔՃԵԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԸՐԱՒ ԺԱՄԱՆԱԿ-ԻՆ
Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ երեկոյեան յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։ Նորին Սրբազնութեան հետ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Քէօլնէն եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ առնուած արմատական քայլերու լոյսին տակ շօշափեցինք իր տեսակէտը։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան մեզի յայտնեց, որ սա էր ակնկալուած արդիւնքը։ «Մենք Արամ Սրբազանին հետ ալ մինչեւ այսօր երկար խօսած ենք այս ուղղութեամբ։ Թէեւ իր որոշ յետաձգումներուն պատճառով գործը երկարեցաւ, սակայն արդէն հիմա ընդհանուր ընթացքը շատ աւելի դրական է։ Ինչ որ էր, ամէն ինչ եղաւ ու անցաւ։ Հիմա դրական է մեր ունեցած վիճակը ու մենք պիտի նայինք մեր գործերուն, որպէսզի պատրիարքական ընտրութեան երթանք», ըսաւ Գարեգին Արք. Պեքճեան։
Տեղապահ սրբազան հայրը մեր հեռախօսազրոյցի ընթացքին ուշադրութիւն հրաւիրեց նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ իրեն ուղարկուած նամակին մէջ արտայայտութիւն գտած ոգիին ու տրամադրութեան վրայ։ Ան յոյս յայտնեց, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ յառաջիկայ շրջանին կը բերէ իր նպաստը պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին՝ ինչպէս որ նշած է նամակին մէջ։
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան մեզի տեղեկացուց, թէ յառաջիկայ շաբթուան դէպի վերջերը պիտի գայ Իսթանպուլ։ Յունիսի սկիզբին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեսուած է Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովը։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը հրաւէր ուղղած է Նորին Սրբազնութեան՝ որպէսզի մասնակցութիւն բերէ Մայր Աթոռի այդ կարեւոր հաւաքին։ Բաց աստի, Յունիս ամսուան առաջին տասնօրեակին Քէօլնի մէջ ալ նախատեսուած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի տարեկան հերթական ընդհանուր ժողովը։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան պիտի փորձէ այս առումով տեղաւորուիլ շատ սեղմ ժամանակացոյցի մը մէջ։ Հիմա, երբ Իսթանպուլի մէջ լիարժէք ձեւով որպէս տեղապահ գործելու հորիզոնը ուրուագծուած է Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի առջեւ՝ Գերմանիոյ Հայոց Թեմէն ներս ան թափ պիտի տայ փոխանցման վերջնական աշխատանքներուն։ Գերմանահայոց Թեմի մօտաւոր ընդհանուր ժողովը առիթ մը պիտի ըլլայ նաեւ այդ հերթի փոխանցումը կազմակերպելու տեսակէտէ։ Նորին Սրբազնութիւնը Քէօլնի Առաջնորդարանի գործերը պիտի յանձնէ իր փոխանորդին։
Ուրեմն, այս ստիպողական ուղեւորութիւններէն վերջ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Իսթանպուլի մէջ գործի պիտի լծուի՝ պատրիարքական ընտրութեան համար անհրաժեշտ գործերը գլխաւորելով։
Նորին Սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ իր յորդորն է միշտ սիրոյ ու միասնական մթնոլորտին ամրապնդումը։