ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԲԱՑԱԾ ԴԱՏԸ ՈՐՊԷՍ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՊԱՀԱՆՋ, ՀԱՍՑԷԱՏԷՐ ԵՒ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՋ ԿՇԻՌԸ

Փա­րի­զի մէջ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին ե­լոյ­թը եւ այն­տեղ ծա­ւա­լուած քննար­կում­նե­րը, ըստ էու­թեան, կը վե­րա­բե­րէին Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­ձեռք­բեր­ման նպա­տա­կով Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ բա­ցուած դա­տին։ Այդ նիւ­թը կազ­մեց օ­րա­կար­գին ա­ռանց­քը եւ ա­նոր շուրջ շօ­շա­փուե­ցան նաեւ շարք մը խնդիր­ներ, ո­րոնք ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ կը դառ­նան նման գրե­թէ բո­լոր հար­թակ­նե­րուն վրայ։ Կլոր սե­ղա­նին յա­ջոր­դած հար­ցում-պա­տաս­խա­նի բաժ­նին ըն­թաց­քին ան­մի­ջա­պէս հնչե­ցին այն­քան սպա­սուած ընդվ­զում­նե­րը, թէ Հա­յաս­տան չի կրնար ներ­կա­յաց­նել սփիւռ­քը։ Սա, ան­շուշտ, ճի՛շդ է. Հա­յաս­տան չի կրնար սփիւռ­քը ներ­կա­յաց­նել, չի կրնար ու­նե­նալ այդ­պի­սի յա­ւակ­նու­թիւն մը։ Լա՛ւ, բայց մի­թէ ո՞վ կրնայ ներ­կա­յաց­նել հա­յոց սփիւռ­քը։ Չենք ու­զեր ը­սել, թէ Հա­յաս­տա­նը պէտք է ներ­կա­յաց­նէ, բայց ինչ­պէ՞ս պէտք է ներ­կա­յա­ցուի հա­յոց սփիւռ­քը, որ այ­սօր պա­ռակտ­ման ճի­րան­նե­րուն մէջ հա­սած է ձուլ­ման եզ­րին։ Նիւ­թէն շե­ղե­լու, մե­ղա­ւոր­ներ փնտռե­լու կամ չա­րա­շա­հում­նե­րու հա­մար չէ, որ կը մատ­նան­շենք այս պա­ռակտ­ման հար­ցը։ Սա­կայն, ան­կեղ­ծօ­րէն պէտք է հա­մա­ձայ­նիլ, որ այս աս­տի­ճա­նի պա­ռակտ­ման պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ իս­կա­պէս դժուար է խօ­սիլ հա­սա­րա­կաց շա­հե­րու եւ ա­նոնց հե­տապնդ­ման ճա­նա­պար­հին միաս­նա­կան գի­տակ­ցու­թեան մը շուրջ։ Որ­քան որ ալ Հա­յաս­տա­նը չըլ­լայ այդ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, ի՞նչ կ՚ըլ­լայ ե­թէ սփիւռ­քը այս նիւ­թին շուրջ այդ դիր­քը կամ ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան հան­գա­ման­քը վե­րա­պա­հէ, զի­ջի Հա­յաս­տա­նին։ Կը վնա­սէ՞… Ո՛չ, միան­շա­նա­կօ­րէն, ո­րով­հե­տեւ իր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ա­ռան­ձինն ար­դէն շատ ա­ւե­լի սահ­մա­նա­փակ են։ Եւ կամ այդ դե­րա­կա­տա­րու­թեան Հա­յաս­տա­նին վե­րա­պա­հուի­լը չի՞ կրնար հա­մա­րուիլ գործ­նա­կան «զո­հո­ղու­թիւն» մը՝ լոկ ցե­ղաս­պա­նու­թեան գերխնդ­րին պա­րա­գա­յին։ Վեր­ջին հա­շուով, այ­սօր, սփիւռ­քի ներ­քին ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը, հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը չե՞ն խան­գա­րեր ա­նոնք, ո­րոնք ա­մէն առ­թիւ կ՚ա­ճա­պա­րեն բարձ­րա­ձայ­նե­լու հա­մար, թէ Հա­յաս­տան չի կրնար ներ­կա­յաց­նել սփիւռ­քը։

Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը ե­թէ ան­ցեա­լի վե­րա­բե­րեալ ընդ­հան­րա­կան գեր-խըն­դիր մըն է հա­յու­թեան հա­մար, ա­պա այդ ան­ցեա­լի յաղ­թա­հար­ման ու այդ ան­ցեա­լէն բխած ա­պա­գա­յի ճա­նա­պար­հին հա­մա­հայ­կա­կան հրա­տապ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն մը չէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ամ­րապն­դու­մը։ Հա­յոց վե­րա­բե­րեալ ա­մէն ար­ժէ­քի ե­րաշ­խի­քը կը հա­մա­րուի հա­յոց պե­տա­կա­նու­թիւ­նը։ Ե­թէ ան կա­րե­նայ բնա­կա­նո­նաց­նել իր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը Թուր­քիոյ հետ, ա­պա տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս պի­տի ամ­րապն­դուի իր դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը, պի­տի բազ­մա­պատ­կուին մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ իր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Այդ պա­րա­գա­յին սփիւռ­քին կող­մէ գե­րա­դաս հա­մա­րուած ար­ժէք­նե­րու ե­րաշ­խիքն ալ պի­տի խո­րա­նայ ինք­նա­բե­րա­բար։

Հա­պա ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ, ե­թէ սփիւռ­քի իւ­րա­քան­չիւր լծակ փոր­ձէ թրքա­կան կող­մին հետ իր գոր­ծը յա­ռաջ տա­նիլ ա­ռան­ձին։ Իր մաս­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րով հան­դերձ, կար­ծես թէ, Ան­թի­լիա­սի բա­ցած դատն ալ տպա­ւո­րու­թիւն կը ստեղ­ծէ՝ մաս­նա­կի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու շար­քին դա­սուե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Ե­թէ, մա­նա­ւանդ բա­ցուած դա­տը ու­նի քա­ղա­քա­կան բնոյթ, ա­պա հա­շուի պէտք չէ՞ առ­նուին նո՛յն քա­ղա­քա­կան հար­թու­թեան խա­ղի կա­նոն­նե­րը, ո­րոնք յա­ճախ կը գոր­ծադ­րուին պա­ղա­րիւ­նու­թեամբ ու սառ­նասր­տօ­րէն։ Քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ ե­թէ կայ պա­հանջ մը, ա­պա հաս­ցէա­տէ­րը ան­պայ­ման նկա­տի կ՚առ­նէ պա­հան­ջա­տի­րոջ կշի­ռը ու կ՚ըն­դա­ռա­ջէ ըս­տայդմ։ Կի­լի­կեան Ա­թո­ռին պա­հանջ­նե­րը, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, պէտք է բա­նա­ձե­ւուին հա­մա­հայ­կա­կան բարձ­րու­թեան վրայ, այ­լա­պէս ա­նոնք կրնան վտան­գուիլ՝ սփիւռ­քեան ազ­դե­ցու­թեան պայ­քար­նե­րու նեղ շրջագ­ծին մէջ ամ­փոփ­ման դա­տա­պար­տուե­լով։ Մեկ­նար­կա­յին հար­ցու­մը ա՛յն է, որ Ան­թի­լիա­սի կշի­ռը ա­ւե­լի բարձր է ա­ռան­ձի՞նն, թէ հա­մա­հայ­կա­կան ամ­բող­ջու­թեան մէջ։

Այ­սօր, սփիւռ­քէն ներս առ­կայ ազ­դե­ցու­թեան պայ­քար­նե­րը հետզ­հե­տէ կ՚ա­ռըն­չուին հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­գա­ւա­ռին։ Տե­սա­նե­լի դրսե­ւո­րում­նե­րը, ան­շուշտ, ա­ռա­ջին հեր­թին կ՚ըլ­լան հա­սա­րա­կա­կան երկ­խօ­սու­թեան հար­թու­թեան վրայ, բայց միամ­տու­թիւն կ՚ըլ­լայ են­թադ­րել, որ ա­մէն ինչ այդ­քա­նով սահ­մա­նա­փակ է։ Հա­ւա­նա­բար այս ըլ­լայ պատ­ճա­ռը, որ թրքա­կան կող­մը այդ հա­սա­րա­կա­կան երկ­խօ­սու­թիւ­նը կը ներ­կա­յաց­նէ որ­պէս շա­րու­նա­կա­կան գոր­ծըն­թաց, սա­կայն ոչ բարձր քա­ղա­քա­կան մա­կար­դա­կով, իսկ հա­յոց կող­մէ, ա­ռանց շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան շեշ­տադ­րու­մի՝ ա­նոր քա­ղա­քա­կան նշա­նա­կու­թիւ­նը կը գե­րագ­նա­հա­տեն բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք կ՚ա­ռըն­չուին այդ հա­սա­րա­կա­կան երկ­խօ­սու­թեան հետ, բազ­մաբ­նոյթ ծրագ­րե­րու ձե­ւա­չա­փին մէջ։ Փաս­տօ­րէն, ներ­կա­յիս հա­յոց սփիւռ­քէն ներս ազ­դե­ցու­թեան պայ­քար մղե­լու գոր­ծօն մը դար­ձած է՝ թուր­քե­րու կող­մէ իբ­րեւ երկ­խօս ըն­դու­նուե­լու հան­գա­ման­քը։ Իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ կամ կազ­մա­կեր­պու­թիւն հե­ղի­նա­կու­թիւն բարձ­րաց­նե­լու մի­ջոց մը, դիրք ամ­րապն­դե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն մը կ՚ըն­կա­լէ այս գոր­ծը։ Սա, նախ եւ ա­ռաջ, ան­շուշտ, հարց մըն է՝ նման գոր­ծի մը ներգ­րա­ւուե­լու ժա­մա­նակ ա­նոնց ու­նե­ցած ան­կեղծ տրա­մադ­րու­թեան տե­սան­կիւ­նէն։ Գա­լով թրքա­կան կող­մին, տա­րա­կոյս չկայ, որ գի­տակ­ցա­բար յա­ռաջ կը տա­նի այս գի­ծը՝ ա­ռաջ­նոր­դուե­լով ներ­կայ հանգ­րուա­նի իր յստակ նա­խա­պա­տուու­թիւն­նե­րով։ Ան ի վի­ճա­կի է գիտ­նա­լու բո՛ւն կշիռն ու հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք կը շփուին ի­րեն հետ կամ հան­դէս կու գան որ­պէս գոր­ծըն­կեր։

Վե­րա­դառ­նա­լով բուն նիւ­թին, Կի­լի­կեան Ա­թո­ռը կրնա՞յ իս­կա­կան շահ մը ու­նե­նալ՝ ա­ռանց իր դա­տին ճա­կա­տա­գի­րը տա­րան­ջա­տե­լու սոյն ան­հե­ռանկար ե­րե­ւոյթ­նե­րէն կամ ա­ռանց կան­խե­լու հա­մա­պա­տաս­խան տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։

Պարզ է, որ սփիւռ­քի հա­ւա­քա­կան բո­լոր տկա­րու­թիւն­նե­րը պի­տի չբար­դուին Ան­թի­լիա­սի այս դա­տին վրայ։ Ընդ­հա­կա­ռակն, Մեծ Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը ա­ռան­ձին հա­մայնք մը կամ մաս­նա­ւոր հաս­տա­տու­թիւն մը չէ, որ դա­սուի զուտ են­թա­կա­յի կար­գա­վի­ճա­կով։ Ան հո­գե­ւոր կա­ռոյց մըն է ու բարձր օ­ղակ մը։ Ան կը կրէ լուրջ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն եւ ի վի­ճա­կի է շարժ­ման ան­ցը­նել սփիւռ­քեան ո­րոշ լծակ­ներ, կո­չուած է ըլ­լալ ու­ղե­ցոյց կա­ռոյց մը։ Այս է պատ­ճա­ռը, որ Ան­թի­լիա­սի նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը կ՚առ­նուի ման­րակր­կիտ ու­սում­նա­սի­րու­թեան՝ իր բխած պայ­ման­նե­րով, իր սե­րած մթնո­լոր­տով ու իր ծնած հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­նե­րով հան­դերձ։ Չէ՞ որ այդ մա­կար­դա­կին վրայ ու­շադ­րու­թիւ­նը միշտ կը հաս­նի գա­գաթ­նա­կէ­տին։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

(Շար. 4)

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2015