Պէյքոզի բախտորոշ նիւթը

Պատրիարքարանի մէջ երէկ տեղի ունեցած ժողովը յուսադրիչ ազդանշաններու առիթ հանդիսացաւ Պէյքոզի նիւթին տեսակէտէ։ Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները հերթական անգամ վերահաստատեցին գործնական համագործակցութեան վերաբերեալ իրենց կամքը։ Ժողովականներն ալ համամիտ էին, որ նախկին գերեզմանատան տարածքի փոխարէն պետութեան կողմէ վճարուած հատուցման գումարները պէտք է օգտագործուին նախանձախնդրօրէն, յարգելով Պէյքոզի իրաւունքները եւ հաշուի առնելով համայնքի ընդհանուր կարիքները։ Դրական համագործակցութեան մը յոյսը արդարացաւ։ Բոլոր ժողովականները համամիտ գտնուեցան, որ ամուր ենթագետին մը պէտք է պատրաստուի՝ արդիւնաւէտ ու կայուն, երկարաժամկէտ համագործակցութեան մը համար։ Այս ծրագիրը կը վայելէ Պատրիարքական Աթոռի օրհնութիւնը։

Մեր համայնքային կեանքէն ներս կան բազում օրինակներ. մարդիկ դրական սպասումներով ու մտադրութեամբ կը ձեռնարկեն գործի մը, սակայն արդիւնքը չ՚արդարացներ հաւաքական յաջողութեան մը, ընդհանուր ձեռքբերումի մը ակնկալութիւնը։ Պէյքոզի նիւթի պարագային կան թէ՛ դրական եւ թէ բացասական տարրեր։ Եթէ այդ բոլորը կշիռքի վրայ դրուին՝ ըստ երեւոյթին, դրական տարրերը կրնան համար-ւիլ գերակշիռ։ Բայց եւ այնպէս, համայնքէն ներս կը տիրէ ընդհանուր վերապահութիւն մը ապագայի համար։ Այդ վերապահութիւնը ունի առարկայական դրդապատճառներ, սակայն որոշ չափով կախեալ է նաեւ հոգեբանական գործօններէ։ Թրքահայ կեանքէն ներս ընդհանուր յաջողութիւններու, հաւաքական ձեռքբերումներու վերաբերեալ արդիւնքները այնքան սահմանափակ են, որ ներկայիս այդ յոռետեսութիւնը կը տարածուի նաեւ Պէյքոզի նիւթին վրայ։

Յամենայնդէպս ամէն ինչ դարձեալ կախում ունի մեր համայնքէն։ Եթէ սկզբունքային, պատշաճ աշխատանքը յառաջ տարուի անկեղծօրէն, եռանդով՝ ապա հերթական ձախողումը կանխելու համար կը ստեղծուին բոլոր նախադրեալները։ Այլապէս, մեղաւորներ փնտռելու կարիքը չի մնար։ Պէյքոզի նիւթը այնպիսի բնոյթ մը ունի, որ կըր-նայ մեր համայնքի ճակատագիրը փոփոխութեան ենթարկել։ Մնացեալը պիտի տեսնենք ժամանակի ընթացքին։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 26, 2017