Ո՞ՒՐ ՄՆԱՑ ՀԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ֆրան­սա­յի թե­մէն ներս Նի­սի տագ­նա­պը կը շա­րու­նա­կէ պահ­պա­նել այժ­մէա­կա­նու­թիւ­նը։ Վեր­ջերս այս եր­կա­րա­մեայ խնդի­րը վերս­տին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ՝ հայ­կա­կան հան­րա­յին կար­ծի­քի վառ հե­տաքրք­րու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ։ Գրե­թէ տա­սը տա­րիէ ի վեր, սփիւռքեան ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քէն ներս Նի­սի ճգնա­ժա­մը վէրք մըն է, որ կը կոտտայ ա­նընդ­հատ։ Հար­ցը յա­ճախ կ­՚ու­նե­նայ սուր դրսե­ւո­րում­ներ, ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը եր­բեմն կը հաս­նին ա­մօ­թա­լի հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու։ Մտա­հո­գիչ ե­րե­ւոյթ­նե­րու շա­րա­նէ մը ետք, տա­րի­ներ վերջ ա­ռա­ջին ան­գամ Նի­սէն հա­սած էին լու­րեր, ո­րոնք դրա­կա­նու­թեան գո­նէ նշոյլ մը կը ցո­լաց­նէին, լա­ւա­տե­սու­թիւն կը ներշն­չէին ա­պա­գա­յի հա­մար։ Ֆրան­սա­յի թե­մի աղ­բիւր­նե­րը ար­ձա­գանգ հան­դի­սա­ցած էին երկ­խօ­սու­թեան մը սկսած ըլ­լա­լուն։ Բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք տար­րա­կան պատ­կե­րա­ցում մը ու­նին Նի­սի հար­ցին շուրջ՝ այս լու­րե­րը ող­ջու­նե­լով հան­դերձ, չէին շտա­պած ո­գե­ւո­րուե­լու, հա­շուի առ­նե­լով ա­նոր խոր ծալ­քե­րը։

Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին տա­րի­նե­րէ ի վեր Նի­սի մէջ կը գոր­ծէ՝ որ­պէս շէնք Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ մը եր­դի­քին տակ։ Այժմ սրբապղ­ծուած բո՛ւն հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին ներ­կա­յիս գործ­նա­կա­նօ­րէն բռնագ­րա­ւուած վի­ճա­կի մէջ է, ինչ որ մեծ ցաւ կը պատ­ճա­ռէ բո­լոր գի­տա­կից հա­յե­րուն։ Ֆրան­սա­յի հա­յոց թե­մի հաս­տատ­ման հանգ­րուա­նին, Նի­սի այդ շրջա­նի ծխա­կան վար­չու­թիւ­նը ու­նա­ցած էր՝ պատ­մու­թեան առ­ջեւ դա­տա­պար­տե­լի, շատ տխուր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն մը։ Պատ­րաս­տուած կա­նո­նադ­րու­թեան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րուն դէմ ար­հես­տա­կան վե­րա­պա­հու­թիւն­ներ յա­ռաջ քշե­լով՝ այդ տխրահռ­չակ խում­բը ըմ­բոս­տա­ցած էր թէ՛ թե­մա­կալ ղե­կա­վա­րու­թեան եւ թէ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծնի դէմ։ Այդ մար­դիկ ան­հիմն ձե­ւով կը պնդէին, թէ կա­նո­նադ­րու­թիւ­նը խո­տոր կը հա­մե­մա­տէր Ֆրան­սա­յի օ­րէնսդ­րու­թեան՝ հա­կա­ռակ ա­նոր, որ երկ­րին պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը վա­ւե­րա­ցու­ցած էին զայն։ Յաչս հա­մայն հա­յու­թեան այ­սօր աս­տի­ճա­նա­բար կը մեր­կա­նայ, որ այդ տխրահռ­չակ խում­բը ի­րա­կա­նու­թեան մէջ հե­տա­մուտ էր հա­տուա­ծա­կան շա­հե­րու եւ յե­տին նպա­տակ­նե­րու։ Զու­գա­հե­ռա­բար՝ այդ խում­բը զրկուած է Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նու­նով գոր­ծե­լու ի­րա­ւուն­քէն, իր բռնագ­րա­ւած ե­կե­ղե­ցիով հան­դերձ, ինչ որ հաս­տա­տուած է նաեւ ֆրան­սա­կան դա­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ այդ խում­բը եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր կը մեր­ժէ կամ կը խու­սա­փի ե­կե­ղեց­ւոյ շէն­քը բո՛ւն տի­րոջ վե­րա­դարձ­նե­լէ՝ բռնագ­րա­ւի­չի դիր­քին մատ­նուած է այն­տեղ, մինչ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ վա­ւե­րա­կան, օ­րի­նա­պէս ճանչ­ցուած ծու­խը կը գոր­ծէ այլ եր­դի­քի մը ներ­քեւ։ Ցա­ւա­լի պա­րա­գա­նե­րը ա­ռա­ւել եւս խո­րա­ցած են՝ նոյն տխրահռ­չակ գոր­ծիչ­նե­րուն կող­մէ հրա­ւի­րուած կար­գա­լոյծ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն կա­տա­րած իբր թէ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն, խորհր­դա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն կամ ծի­սա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն բե­րու­մով։ Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ այս բո­լո­րը ու­նին նաեւ ծի­ծա­ղա­շարժ բնոյթ՝ քա­նի որ կ՚ապ­րուին Ֆրան­սա­յի մէջ, որ մար­դու ի­րա­ւանց եւ հիմ­նա­րար ա­զա­տու­թիւն­նե­րու բնօր­րա­նը կը հա­մա­րուի եւ այն­տեղ խումբ մը մար­դիկ կը յա­ջո­ղին հայ-քրիս­տո­նեայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու պաշ­տա­մուն­քի ու խղճի ա­զա­տու­թիւ­նը խա­փա­նա­րա­րել, ա­նոնց նուի­րա­կան ար­ժէք­նե­րուն դէմ կա­տա­րուած ոտնձ­գու­թիւն­նե­րով հան­դերձ։ Հարկ է աւելց­նել նաեւ, թէ Նի­սի մէջ ապ­րուած­նե­րը ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին կու­տա­կուե­լով վե­րա­ծուե­ցան լուրջ ազ­դա­կի մը, որ պատ­րաս­տեց Ֆրան­սա­յի նո­րա­հաս­տատ թե­մի առա­ջին ա­ռաջ­նորդ Տ. Նոր­վան Արք. Զա­քա­րեա­նի հրա­ժա­րա­կա­նին են­թա­գե­տի­նը։

Այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ հա­ւա­նա­կան ել­քը բո­լո­րին կը թուի բա­ւա­կան դժուար, սա­կայն ահա՛ յոյ­սի նշոյլն ալ պայ­մա­նա­ւո­րուած էր թե­մա­կալ նոր ա­ռաջ­նոր­դի՝ Տ. Վահան Եպսկ. Յով­հան­նէ­սեա­նի պաշ­տօ­նի ձեռ­նար­կե­լով։ Նոր ա­ռաջ­նոր­դը վեր­ջերս Նիս այ­ցե­լեց Թե­մա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Փաթ­րիս Ճո­լո­լեա­նի հետ։ Ֆրան­սա­յի թե­մի աղ­բիւր­նե­րը պաշ­տօ­նա­պէս տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ ա­ռաջ­նորդն ու ա­տե­նա­պե­տը հան­դի­պած են՝ Նի­սի նախ­կին ծխա­կան վար­չու­թեան եւ ա­նոնց ար­բա­նեակ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Սեղմ տո­ղե­րու մէջ խմբագ­րուած հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ կը խօ­սուէր երկ­խօ­սու­թեան մը հա­ւա­նա­կա­նու­թեան շուրջ։ Հա­շուի առ­նե­լով, որ Նի­սի նախ­կին ծխա­կան վա­րիչ­նե­րը հար­ցը վա­ղուց դուրս բե­րած են սկզբուն­քայ­նու­թեան հու­նէն եւ կը հե­տապն­դեն անձ­նա­կան շա­հեր, այս­տեղ ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն ի յայտ կու գան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու, նոյ­նիսկ սա­կար­կու­թիւն­նե­րու հե­ռան­կար­նե­րը։ Ան­տա­րա­կոյս, շատ ող­ջու­նե­լի ու նոյն­քան ու­րա­խա­ռիթ էին վեր­ջին լու­րե­րը։ Բայց եւ այն­պէս, պարզ է նաեւ, որ ա­մէն տե­սակ հաշ­տու­թիւն կրնայ գո­յա­նալ, ե­թէ ձե­ւա­ւո­րուած ըլ­լան ա­նոր ի­րա­տես նա­խադ­րեալ­նե­րը։ Հե­տե­ւա­բար, նա­խա­պա­շա­րում մը պի­տի չ­՚ըլ­լար զգու­շա­ւոր լա­ւա­տե­սու­թիւ­նով մը այս բո­լո­րին մօ­տե­նա­լը։ Թէ ի՞նչ շա­րու­նա­կու­թիւն կրնայ ու­նե­նալ այս գոր­ծըն­թա­ցը։ Ինչ­պի­սի՞ ի­րա­վի­ճա­կի մը մէջ, ի՞նչ տուեալ­նե­րու լոյ­սին ներ­քեւ հաշուարկ­ներ կամ կան­խա­տե­սում­ներ կա­րե­լի է ը­նել։

Վեր­ջին օ­րե­րուն այս բո­լո­րին կա­պակ­ցու­թեամբ զրու­ցե­լու տե­սան­կիւ­նէն պա­տեհ ա­ռիթ մը հան­դի­սա­ցաւ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ֆրան­սա­յի թե­մի Նի­սի Ծխա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ար­թօ Օգ­սայեա­նի կող­մէ խմբագ­րա­տունս տրուած այ­ցե­լու­թիւ­նը։ Ա­տե­նա­պետ Օգ­սայեան, որ նախ­կին պոլ­սա­հայ մըն է, քա­ղաքս այ­ցե­լած էր օգ­տուե­լով ամ­րան ար­ձա­կուր­դի շրջա­նէն։ Իր կե­ցու­թեան ըն­թաց­քին ան այ­ցե­լած է Պատ­րիար­քա­րան։ Օգ­սայեան ջերմ տպա­ւո­րու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Գում­գա­բուի մէջ շնչած մթնո­լոր­տին մա­սին։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հետ ու­նե­ցած են ան­մի­ջա­կան զրոյց մը։ Գա­լով Նի­սի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն...

Օգսայեա­նի թէ՛ այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին եւ թէ վե­րա­դառ­նա­լէ վերջ հե­ռա­ձայ­նով փո­խան­ցած­նե­րէն կա­րե­լի է հե­տեւց­նել, որ ճիշդ է՝ Նի­սի մէջ յոյ­սի նշոյլ մը գո­յու­թիւն ու­նէր կամ ե­թէ նոյ­նիսկ հի­մա ալ ու­նի, սա­կայն խնդի­րը միշտ կը պա­հէ փա­կու­ղա­յին բնոյ­թը։ Այդ յոյ­սը իս­կա­կան հնա­րա­ւո­րու­թեան մը վե­րա­ծե­լու եւ այդ մէկն ալ չմսխե­լու նպա­տա­կով այժ­մէն պէտք է ա­ռաջ­նոր­դուիլ նպա­տա­կաս­լաց մար­տա­վա­րու­թիւ­նով մը։ «Մենք բո­լո­րէն ա­ւե­լի կը փա­փա­քինք, որ հաշ­տու­թիւն ըլ­լայ, միաս­նա­կա­նու­թիւն հաս­տա­տուի, բայց ոչ ա­մէն գ­նով», ը­սաւ Օգ­սայեան։

Ֆրան­սա­հա­յոց նոր թե­մա­կալ ա­ռաջ­նոր­դը՝ Տ. Վա­հան Եպսկ. Յով­հան­նէ­սեան եւ Փաթ­րիս Ճո­լո­լեան Նի­սի մէջ տե­սակ­ցած են թէ՛ այժ­մու օ­րի­նա­կան ծխա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տին եւ ըն­կեր­նե­րուն եւ թէ այժմ ար­դէն նախ­կին վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Հե­տաքրք­րա­կան հան­գա­մանք­նե­րէն մին այն է, որ ա­ռա­ջնորդն ու ա­տե­նա­պե­տը այդ եր­կու հան­դի­պում­նե­րը ու­նե­ցած են ա­ռան­ձին-ա­ռան­ձին։ Այ­սինքն, այժ­մու օ­րի­նա­կան ծու­խին ընտ­րեալ ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը չէ ներ­կա­յա­ցուած ա­ռաջ­նոր­դին եւ ա­տե­նա­պե­տին նախ­կին՝ այժմ պաշտօ­նա­կան հան­գա­ման­քէ զրկուած վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րուն կամ ա­նոնց ար­բա­նեակ­նա­րուն հետ տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին։ Սա բա­ւա­կան ու­շագ­րաւ նիւթ մըն է եւ այդ կա­պակ­ցու­թեամբ շօ­շա­փել փոր­ձե­ցինք Օգ­սայեա­նի կար­ծի­քը։ «Մե­զի հա­մար ալ այդ ձե­ւը զար­մանա­լի էր, սա­կայն պատ­ճա­ռը մենք ալ չենք գի­տեր։ Մենք գի­տենք, որ Սրբա­զա­նը եւ ա­տե­նա­պե­տը տե­սակ­ցած են չորս հո­գիէ բաղ­կա­ցեալ խում­բի մը հետ։ Այդ ան­ձե­րը ե­ղած են՝ Նուրհան Պա­լիո­զեան, Ա­րամ Գար­թուն, Զա­րեհ Մար­տի­րո­սեան եւ Թով­մա­սեան։ Եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր ան­հե­տա­ցած էր կար­գա­լոյծ Կիւ­րե­ղեա­նը, ո­րուն ը­նել կու տա­յին ի­րենց այդ իբր թէ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը։ Ե­կե­ղե­ցին, որ կը պա­հեն ի­րենց ձեռ­քը, չէր գոր­ծեր, հե­ռու էր կեն­սու­նա­կու­թե­նէ։ Սրբա­զա­նին եւ ա­տե­նա­պե­տին հետ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ պնդած են, որ իբր թէ ի­րենք ճամ­բած են Կիւ­րե­ղեա­նը՝ որ­պէս հաշ­տու­թեան հա­մար զի­ջում։ Բայց եւ այն­պէս, այդ հան­դի­պու­մէն կարճ ա­տեն անց՝ ծա­նու­ցե­ցին, որ Ս. Աս­տուա­ծած­նայ տօ­նին կար­գա­լոյ­ծը վերս­տին ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ պի­տի կա­տա­րէ այն­տեղ­։ Եւ իս­կա­պէս ալ այդ­պէս ե­ղաւ դժբախ­տա­բար։ Կար­գա­լոյծ Կիւ­րե­ղեան Ս. Աս­տուա­ծած­նի տօ­նին նա­խոր­դող Ուր­բաթ օ­րը դար­ձեալ ե­կաւ Նիս եւ տա­ղա­ւա­րի օ­րը կա­տա­րեց այդ իբր թէ, այս­պէս կո­չուած ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը։ Մաս­նակ­ցու­թիւն ա­պա­հո­վե­լու հա­մար այն­տեղ կազ­մա­կեր­պե­ցին նաեւ ձրի ճաշ­կե­րոյթ մը, ո­րուն հրա­ւի­րուած էին չորս եր­գիչ­ներ։ Մար­թէն Եոր­կանցն էր այդ չորս եր­գիչ­նե­րէն մին։ Մենք գի­տենք, թէ ան եր­բեք անվ­ճար չի մաս­նակ­ցիր նման ձեռ­նար­կնե­րու. կը ստա­նայ լուրջ վար­ձատ­րու­թիւն։ Հին վար­չա­յին­նե­րը մեր դի­մաց ի­րենց կորսն­ցու­ցած դա­տե­րուն տու­գանք­նե­րը չեն վճա­րեր՝ պատ­ճա­ռա­բա­նե­լով մի­ջոց­նե­րու չգո­յու­թիւ­նը, սա­կայն միւս կող­մէ վճա­րո­վի եր­գիչ­նե­րով կը կազ­մա­կեր­պեն ձրի ճաշ­կե­րոյթ­ներ։ Հին վար­չա­յին­նե­րը պնդած էին, թէ իբ­րեւ հաշ­տու­թեան նշան ու­ղար­կած էին կար­գա­լոյծ Կիւ­րե­ղեա­նը։ Այս մա­սին խօ­սե­ցայ նաեւ Պա­րոն Ճո­լո­լեա­նին հետ. ինքն ալ մեծ յու­սա­խա­բու­թեան մէջ էր։ Ո՞ւր մնաց հաշ­տու­թիւ­նը։ Զար­տու­ղի ե­րե­ւոյթ­նե­րէն մին ալ այն է, որ կար­գա­լոյծ Կիւ­րե­ղեան զբօ­սաշր­ջա­կան մուտ­քի ար­տօ­նու­թեամբ կու գայ Ֆրան­սա, սա­կայն այս­տեղ կ­՚աշ­խա­տի գործ­նա­կա­նօ­րէն։ Նման պա­րա­գա­նե­րը պա­տիւ չեն բե­րեր ֆրան­սա­հա­յու­թեան, ժխտա­կան անդ­րա­դարձ կրնան ու­նե­նալ ա­նոր վար­կին վրայ», նշեց Օգ­սայեան։ Այս տխուր սրբապղ­ծու­թեան թատ­րո­նը, իր վկա­յու­թիւն­նե­րով, ցա­սում յա­ռա­ջա­ցու­ցած է Նի­սի հա­յու­թեան մօտ։

Նի­սի տագ­նա­պին ըն­թաց­քը, այժ­մու կա­ցու­թիւ­նով, ըստ էու­թեան, պայ­մա­նա­ւո­րուած է եր­կու հիմ­նա­կան դա­տա­վարու­թիւն­նե­րով։ Այս եր­կու դա­տա­կան գոր­ծըն­թաց­ներն ալ կ­՚ըն­թա­նան ի վնաս նախ­կին վար­չա­յին­նե­րուն։ Ա­ռա­ջին դա­տը կը վե­րա­բե­րի Նի­սի հովուա­տան։ Այ­սինքն, նախ­կին վար­չա­յին­նե­րը, ո­րոնք ներ­կա­յին գործ­նա­կա­նօ­րէն գրա­ւած են Նի­սի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին, փոր­ձած են նաեւ ձեռք անցընել ա­նոր հո­վու­ատու­նը։ Այդ նպա­տա­կով ա­նոնք դատ բա­ցած են՝ որ­պէս­զի ծու­խին օ­րի­նա­կան հո­գե­ւոր հո­վի­ւը՝ Տ. Գրի­գոր Վրդ. Խա­չատ­րեան դա­տար­կէ հո­վուա­տու­նը, որ մաս կը կազ­մէ այժմ գործ­նա­կա­նօ­րէն գրա­ւուած ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մա­լի­րին։ Ա­նոնք ձա­խո­ղած են այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան մէջ, կորսն­ցու­ցած են դա­տը, ո­րով­հե­տեւ ֆրան­սա­կան դատա­կան մար­մին­նե­րը վճիռ ար­ձա­կած են՝ հո­վի­ւին հո­վուա­տու­նէն չհե­ռա­նա­լուն ուղ­ղու­թեամբ։ Սա նախ­կին վար­չա­յին­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ ե­ղած է լուրջ հա­րուած մը։

Երկ­րորդ դատն ալ ա­նոնց տե­սա­կէ­տէ առ այժմ չ­ու­նի նպաս­տա­ւոր ըն­թացք մը, թէեւ տա­կա­ւին կա­նուխ է խօ­սիլ վերջ­նա­կան ար­դիւնք­նե­րու մա­սին։ Այս դա­տին նիւ­թը շատ ա­ւե­լի խոր, մաս­նա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն մը ու­նի։ Ներ­կա­յիս Նի­սի ե­կե­ղե­ցին գործ­նա­կա­նօ­րէն գրա­ւած խում­բը՝ յաչս ֆրան­սա­կան պե­տու­թեան, պաշ­տօ­նա­պէս կը գոր­ծէ կրօ­նա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թեան մը կար­գա­վի­ճա­կով։ Նախ­կին վար­չա­յին­նե­րը կը գոր­ծեն այդ հո­վա­նո­ցին ներ­քեւ եւ այս ձե­ւա­չա­փը կ­՚օգ­տա­գոր­ծեն ի­րենց ե­կե­ղե­ցա­կա­նօ­րէն ա­պօ­րի­նի գո­յու­թիւ­նը թուղ­թի վրայ ար­դա­րաց­նե­լու նպա­տա­կով։ Ա­նոնք, սա­կայն, այս ճա­կա­տին վրայ եւս մատնուած են խու­ճա­պի։ Ար­դա­րեւ, թե­մին (Փա­րի­զէն) եւ ծու­խին (Նի­սէն) կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած է պա­հանջ մը՝ որ­պէս­զի նախ­կին վար­չա­յին­նե­րուն այդ ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը զրկուի Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նու­նով գոր­ծե­լու ի­րա­ւուն­քէն։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը, ո­րու գե­րա­կայ հան­գա­ման­քը ճանչ­ցուած է նաեւ ֆրան­սա­կան պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ վա­ւե­րա­ցուած թե­մա­կան կա­նո­նադ­րու­թեան մէջ, դի­մած է հա­մա­պա­տաս­խան կար­գադ­րու­թեան։ Ֆրան­սա­կան դա­տա­կան մար­մին­նե­րը ըն­թացք տուած են՝ թե­մի եւ ծու­խի օ­րի­նա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ կատարուած այդ պա­հան­ջին։ Հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ շէն­քը զաւ­թած նախ­կին վար­չա­յին­նե­րը կը ջա­նան այժմ ա­պա­հո­վել այդ վճռին բե­կա­նու­մը։ Ար­թօ Օգ­սայեան դի­տել տուաւ, որ ա­նոնք կը փոր­ձեն բա­ռա­խա­ղե­րով դուրս գալ ի­րենց մատ­նուած ա­նել վի­ճա­կէն։ Նախ­կին ծխա­կան­նե­րը հի­մա սկսած են օգ­տա­գոր­ծել՝ պար­զա­պէս Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նուա­նու­մը։ Ա­նոնք կը ջա­նան այն­պէս ձե­ւաց­նել, որ իբ­րեւ թէ կը հնա­զան­դին ի­րենց դէմ ար­ձա­կուած դա­տավճ­ռին՝ խու­սա­փե­լու հա­մար տու­գանք­նե­րէն։ «Սա­կայն բո­լո­րը կը հասկ­նան, որ միայն ա­ռա­քե­լա­կան ա­ծա­կա­նը չնշե­լով ա­նոնք չեն կրնար ելք մը ու­նե­նալ, ո­րով­հե­տեւ, երբ խօս­քը կը վե­րա­բե­րի Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ՝ ակ­նար­կու­թիւ­նը ինք­նա­բե­րա­բար կ­՚եր­թայ մեր ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ», մատ­նան­շեց Օգսայեան եւ ա­ւել­ցուց, որ այս դա­տին կա­պակ­ցու­թեամբ վճռա­բե­կին նիս­տը նա­խա­տե­սուած է՝ յա­ռա­ջի­կայ Հոկ­տեմ­բե­րի 6-ին։

Ար­թօ Օգ­սայեա­նի փո­խան­ցած ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով, ա­ռաջ­նոր­դին եւ թե­մա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տին հետ Նիսի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, նախ­կին ծխա­կան վար­չա­յին­նե­րը փա­փաք յայտ­նած են՝ որ­պէս­զի բո­լոր դա­տե­րը ան­յա­պաղ ետ քա­շուին։

«Ա­նոնք կը ձգտին տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ հրահ­րել մեր թե­մին ու ծու­խին մի­ջեւ։ Փա­րի­զէն կը պա­հան­ջեն ան­մի­ջա­պէս ետ քա­շել բա­ցուած դա­տե­րը։ Նա՛խ, ա­նոնք չեն կրնար մտնել նման բա­նակ­ցու­թեան մը մէջ, ո­րով­հե­տեւ ֆրան­սա­կան օ­րէնսդ­րու­թեամբ հա­մա­պա­տաս­խան սա­կար­կու­թեան մը ձեռ­նար­կե­լու հա­մար լիա­զօ­րուած պէտք է ըլ­լան ի­րենց ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին կող­մէ, ինչ որ չկայ տուեալ պա­րա­գա­յին։ Ի­րենց խոս­տում­նե­րը ո՛չ միայն ան­կեղծ չեն, այլ նաեւ ան­վա­ւեր կը հա­մա­րուին։ Յե­տո՛յ, այդ ի­րենց փու­թով ետ քա­շուի­լը պա­հան­ջած դա­տե­րը ո­րո՞ւ կող­մէ բացուած են։ Ա­նոնք, պաշ­տօ­նա­կան ձե­ւա­կեր­պու­մով, նո՛յն նպա­տա­կին հաս­նե­լու հա­մար, նո՛յն պա­հան­ջով բա­ցուած եր­կու տար­բեր դա­տեր են։ Այ­սինքն դա­տը բա­ցուած է թէ՛ Փա­րի­զի եւ թէ Նի­սի կող­մէ։ Հե­տե­ւա­բար, եր­կու­քը հա­մա­խոհ ձե­ւով կրնան ետ քա­շել դա­տը։ Գիտ­նա­լով այ­սքա­նը՝ նախ­կին ծխա­կան­նե­րը կը հա­շուար­կեն տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ հրահ­րել մեր թե­մին ու մեր ծու­խին մի­ջեւ։ Ար­դէն Փա­րի­զի փաս­տա­բա­նը շատ յա­ճախ կ՚օգ­տուի մեր փաս­տա­բա­նին փո­խան­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րէն ու փաս­տա­թուղ­թե­րէն. սա բնա­կան է ան­շուշտ, ո­րով­հե­տեւ ան է, որ կը գտնուի տեղ­ւոյն վրայ։

«Մենք նաեւ հե­տե­ւեալ տե­սան­կիւ­նէն կը մօ­տե­նանք հար­ցին։ Հի­մա դա­տը բե­կան­ման փու­լի մէջ է, այ­սինքն ի­րենք է, որ դի­մած են վճռաբե­կին։ Ե­թէ ի­րենք դի­մած են, ու­րեմն թող ի­րենք ալ ետ քա­շեն ի­րենց դի­մու­մը։ Մենք, ա­ւե­լորդ է ը­սել, ան­շուշտ, որ հաշ­տու­թիւն ու միաս­նա­կա­նու­թիւն կ­՚ու­զենք մեր ծու­խէն ներս, բայց ո՛չ ա­մէն գնով։ Մեր պատ­կե­րա­ցում­նե­րով, մենք պէտք չէ հրա­ժա­րինք մեր ար­դար դա­տէն։ Սպասենք ար­դիւն­քին... Ե­թէ մենք շա­հինք, ա­պա ի­րա­ւա­կան հար­թու­թեան վրայ կ­՚ե­րաշ­խա­ւո­րենք մենք զմեզ, նաեւ որ­պէս զի­ջում, ի նշան եղ­բայ­րու­թեան կը հրա­ժա­րինք ի­րենց­մէ գան­ձե­լու՝ դա­տա­րա­նին կող­մէ սահ­մա­նուե­լիք տու­գանք­նե­րը։ Մենք յար­մար կը նկա­տենք եր­թալ մին­չեւ վերջ», շա­րու­նա­կեց մեր զրու­ցա­կի­ցը։

Ի լրումն այս բո­լո­րին Ար­թօ Օգսայեան մատ­նան­շեց այլ թեք­նիկ հան­գա­մանք մը եւս։ Նի­սի մէջ հաշ­տու­թեան եզր կը հա­մա­րուի նախ­կին ծխա­կան­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեան եւ այժ­մու օ­րի­նա­կան նո­րաս­տեղծ ըն­կե­րակ­ցու­թեան միա­ցու­մը։ Օգ­սայեան դէմ չէ այդ վար­կա­ծին, բայց հա­մո­զուած է, որ միա­ցու­մը պէտք է ըլ­լայ այժ­մու նոր ըն­կե­րակ­ցու­թեան հո­վա­նիին ներ­քեւ։ «Ար­դա­րեւ, մենք ե­րեք տա­րուան ըն­կե­րակ­ցու­թիւն մըն ենք, մեր հա­շիւ­նե­րը շատ պարզ, յստակ ու թա­փան­ցիկ են։ Ա­ւե­լի՛ն, մեր ըն­կե­րակ­ցու­թեան կա­նո­նադ­րու­թիւ­նը հա­մա­հունչ է թե­մա­կան կա­նո­նադ­րու­թեան։ Կա­րե­լի է նոյ­նու­թեամբ շա­րու­նա­կել։ Միւս ըն­կե­րակ­ցու­թեան պա­րա­գա­յին պէտք պի­տի ըլ­լայ կա­նո­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թեան եր­թալ, խնդիր­նե­րը ար­դէն ծա­գած են այդ կէ­տէն սկսեալ։ Հե­տե­ւա­բար, ի­մաստ չու­նի տաս­նա­մեակ­նե­րու վա­ղե­մու­թեամբ ըն­կե­րակ­ցու­թեան մը թղթա­բա­նու­թիւ­նով ժա­մա­նակ վատ­նել», նշեց ան։

Թէ ի՞նչ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­ներ ստեղ­ծուած են այ­սօր Նի­սի մէջ։ Ար­թօ Օգ­սայեան պատ­մեց, որ ան­ցեա­լին՝ առ­կայ տագ­նա­պին ծայր տա­լէն ա­ռաջ, Նի­սի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին ա­մէն Կի­րա­կի հա­զիւ տա­սը հո­գի կը յա­ճա­խէր։ «Այ­սօր ժո­ղո­վուր­դը շատ ա­ւե­լի զգօն կը վա­րուի, կը հա­մախմ­բուի օ­րի­նա­կան ծու­խին շուրջ։ Մեր մօտ հի­մա ա­մէն Կի­րա­կի շուրջ յի­սուն հո­գի կը հա­ւա­քուի։ Պաշ­տօ­նա­կան ու մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան շրջա­նակ­նե­րը կը ճանչ­նան ու երկ­խօս կ­՚ըն­դու­նին մե­զ։ Խորհր­դա­կա­տա­րու­թիւն­ներն ալ մե­ծաւ մա­սամբ կ­՚ըն­թա­նան մեր մօտ, օ­րի­նա­կան հո­գե­ւոր հո­վի­ւին օրհ­նու­թեամբ ու հա­ւա­նու­թեամբ։ Ան­ցեա­լի մէջ, «Նիս Մա­թէն» թեր­թը մեր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը լրջօ­րէն կը խո­չըն­դո­տէր իր նա­խա­պա­շա­րեալ հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րով։ Հի­մա յա­ջո­ղած ենք լե­զու գտնել խմբագ­րու­թեան հետ։ Այ­լեւս այդ թերթն ալ թո­ղած է միա­կող­մա­նի ըն­թաց­քը եւ իր ա­նա­չառ լրա­տուու­թիւն­նե­րուն շնոր­հիւ՝ ֆրան­սա­կան հան­րա­յին կար­ծի­քը կը լու­սա­բա­նուի ա­ռար­կա­յա­կա­նօ­րէն ու վե­րա­հա­սու կը դառ­նայ ճշմար­տու­թիւն­նե­րուն։ Ցա­ւով պէտք է ար­ձա­նագ­րեմ, որ միայն մեր ֆրան­սա­հայ մա­մու­լէն մեր ակն­կա­լած ա­ջակ­ցու­թիւ­նը չենք գտներ, նոյն­իսկ մեր պա­տաս­խա­նի տար­րա­կան ի­րա­ւուն­քը կ­՚ան­տե­սուի դժբախ­տա­բար», շա­րու­նա­կեց Օգ­սայեան։

Դի­ւա­նա­գի­տա­կան բա­նա­ձե­ւու­մով, Ար­թօ Օգ­սայեան վե­րա­պահ, զգու­շա­ւոր լա­ւա­տե­սու­թեան մը մէջ է՝ նոր ա­ռաջ­նոր­դին եւ ա­տե­նա­պե­տին Նիս կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան խոս­տա­ցած հե­ռան­կար­նե­րուն շուրջ, դրա­կան բո­լոր ցան­կու­թիւն­նե­րով, բա­րեա­ցա­կամ բո­լոր մաղ­թանք­նե­րով հան­դերձ։ «Այս տագ­նա­պի բո­լոր ե­րե­սակ­նե­րուն ա­ռըն­թեր, եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր կը մղենք ջիղե­րու անն­կա­րագ­րե­լի պայ­քար մը, յա­ճախ կը պայ­քա­րինք նաեւ ա­պա­տե­ղե­կա­տուու­թիւն­նե­րու դէմ, ո­րոնք ան­պա­կաս են մեր մօտ։ Փոք­րո­գի մար­դոց գոր­ծե­րը ինչ­պէ՞ս պի­տի ըլ­լա­յին այ­լա­պէս...», կ՚եզ­րա­փա­կէ Ար­թօ Օգ­սայեան։

Տես­նենք, տա­կա­ւին ին­չե՛ր պի­տի ապ­րուին Նի­սի մէջ՝ մին­չեւ որ ե­րա­նե­լի օր մը, ի վեր­ջոյ, յաղ­թա­նա­կէ բա­նի­մա­ցու­թիւ­նը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2015