ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՎԻՃԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
Ֆէրիգիւղի մէջ երէկ ապրուեցաւ վէճ մը՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Իսկէտէր Շահինկէօզի միջեւ։ Հակուած չենք ապրուածը չափազանցելու կամ մեկնաբանելու, բայց նաեւ անտեսելու։ Բնականաբար շատ աւելի նախընտրելի կրնար ըլլալ, եթէ հանդիսաւոր համայնքային հաւաքոյթի մը եզրափակիչ հանգրուանին չապրուէր նման իրադարձութիւն մը, որովհետեւ լարուածութիւնները դժուար թէ դրական լուծումներու գետին պատրաստեն մեր հաւաքական կեանքէն ներս։
Իսկէնտէր Շահինկէօզի նման փորձառու եւ նրբանկատ համայնքային վարիչ մը կրնար չնախընտրել Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի խօսքը ընդհատել։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ, որ իր ելոյթներուն մէջ միշտ կը շեշտէ համայնքին միասնականութիւնը, կրնար թէկուզ աւելի տարբեր բանաձեւումներով արտայայտուիլ։ Բո՛ւն խնդիրը, անշուշտ, որ այս մէկը չէ։ Եթէ մէկ կողմ թողունք ձեւականութիւնը, ի՞նչ պատկեր կայ մեր աչքին առջեւ։ Ընտանեկան կեանքի մէջ իսկ կրնան ապրուիլ պոռթկումներ, հետեւաբար երէկուան վէճին տագնապի մը բնոյթ վերագրելը անիմաստ է։ Մնաց, որ այս համայնքին մէջ խորհրդակցական բաւարար միջոցներ ալ գոյութիւն չունին, որպէսզի զանազան հարցերու շուրջ կատարուին առողջ կարծիքի փոխանակումներ, ինչ որ կրնայ միանշանակ կանխել վարչական հարցերու շուրջ լարուածութիւններու կուտակումը։
Թրքահայ համայնքային կեանքէն ներս այսօր կը խորանայ փակուղի մը։ Անարդիւնաւէտ գործող հաստատութիւններու վարիչներ ազդեցութեան պայքար կը մղեն իրարու միջեւ, կամ աւելի ճիշդը՝ իրարու դէմ։ Մարդիկ իրարու դէմ ասպարէզ կը կարդան, զիրար հաշուեյարդարի կ՚ենթարկեն անխնաօրէն։ Ո՛չ մէկը մեղաւոր է, որովհետեւ կաթուածահար դրութեան մը ճիրաններուն մէջ կը տառապին անյոյս, սակայն նաեւ բոլորը մեղաւոր են, որովհետեւ համախումբ ու ներդաշնակ ձեւով կամք չեն դրսեւորեր այդ դրութիւնը բարեփոխելու եւ այդպէսով ալ ներշնչուելու, լիցքաւորուելու համար։
Այսօր մեր վարչական փակուղիին հիմնական խնդիրներէն մին հետզհետէ կը բիւրեղանայ հանրային կարծիքի աչքին առջեւ, իր զանազան դրսեւորումներով։ Արդարեւ, մեր մարդուժի կուտակուած շրջաններու վարչայիններուն տնօրինած միջոցները շատ սահմանափակ են, իսկ հայկական բնակչութենէ նօսրացած շրջաններու վարիչները շատ աւելի հսկայական հարստութեան մը ղեկավարման պատասխանատուութիւնը ստանձնած են։ Բնականաբար, եթէ համայնքէն ներս նպատակասլաց համագործակցութեան ու ազնիւ զօրակցութեան մը մթնոլորտը գոյութիւն ունենար, ապա այսօրուան նման սուր հարցեր չէին ծագեր։ Սակայն, նկատի ունենալով, որ այդ երանելի մթնոլորտին ձեւաւորումը այս պահու դրութեամբ չափազանց լաւատեսութիւն, նոյնիսկ միամտութիւն կը համարուի, ապա առկայ պայմանները ծնունդ կու տան հակասութիւններու։ Այդ հակասութիւնները միջոցէ մը ի վեր կը բարդանան, կը ճիւղաւորուին ու կը խորանան ակնյայտօրէն։ Համայնքէն ներս յառաջացած բեւեռացումները սպառնալիքի համազօր երեւոյթներու եզրին կը հասնին։ Ազգի հաստատութիւններուն ունեցածը եւ չունեցածը կարելի չ՚ըլլար հաւասարակշռութեան մը մէջ դնել։ Որպէս հետեւանք՝ ունեցողին ունեցածը սկսած է աչքի փուշ դառնալ չդիմագրաւուած կամ անտեսուած կարիքներու կէտին վրայ։ Ո՛ւր կրնայ հասնիլ մեր համայնքը այսպէս։ Մեր վարիչները, որոնք բոլորը իրենց անկիւններուն լուրջ զոհողութիւններով կ՚աշխատին, որպէս հաւաքական արդիւնք պիտի յօժարի՞ն այս անելին։ Սա միթէ արդա՞ր երեւոյթ մըն է մեր ժողովուրդին տեսակէտէ, որ տասնամեակներէ ի վեր գերմարդկային ջանքեր կը գործադրէ իր նախնիներէն ժառանգած հաստատութիւններու ցանցը կանգուն պահելու համար։
Համայնքէն ներս, զարմանալիօրէն, վարչական գետնի վրայ երբեմն կռուախնձոր կը դառնան աշակերտները, երբեմն կալուածները, երբեմն նիւթական միջոցները, երբեմն ալ երաժշտապետի մը պաշտօնավարութեան վայրը։ Լա՞լ, թէ խնդալ...
Մեր հաւաքական կեանքէն ներս այնպիսի երեւոյթներ կ՚ապրուին, որ իսկապէս ջլատիչ կը համարուին բոլորին տեսանկիւնէն։ Ամենավառ օրինակը, դարձեալ, կրթական գետնի վրայ աչքի կը զարնէ։ Սա երկրորդ տարին է, որ պետութիւնը օժանդակութիւն կը տրամադրէ թրքահայ վարժարաններուն համար։ Այս յատկացումները, ո՛վ, ի՛նչ կ՚ուզէ թող ըսէ, պիւտճէի անսպասելի ու լուրջ մուտք մը կը բնորոշեն համակարգի ընդհանուրին տեսանկիւնէն։ Այսինքն, յաւելեալ միջոցի մը, հնարաւորութեան մը տիրացած են մեր կրթական հաստատութիւնները, որոնց վարիչները եթէ նուազագոյն հեռատեսութիւն մը ցուցաբերեն, ապա կրնայ շատ աւելի տարբեր համայնապատկեր մը ստեղծուիլ պիւտճէի բացերուն տեսանկիւնէն։ Եկուր-տես, որ մեր իրականութեան մօտ ծայրայեղ տակնուվրայութիւն մը կ՚ապրուի։ Սա տեղի կու տայ տկարութիւններու, խոցելի երեւոյթներու։ Պետական օժանդակութիւնը առաւելութեան մը վերածելու կարողութենէն հեռու են մարդիկ, աւելի՛ն, վերջին շրջանին կարծես գանգատի մը, դժգոհութեան մը ալիքը բարձրացած ըլլար... Այն աստիճան, որ ըստ զանազան լսումներու, պատկան պաշտօնական շրջանակները այս տարուան յատկացումները սահմանելէ առաջ կարիքը զգացած են համայնքային վարիչներուն կարծիքը շօշափելու, թէ օժանդակութիւն ստանալու փափաքը իսկապէս ունի՞ն, կամ ոչ։ Ինչո՞ւ այսքան սիրողական վիճակներու մատնուիլ։
Այսօր համայնքին մօտ ամէնուրեք կը խօսուի, թէ պետական օժանդակութիւններէն վերջ՝ մեր դպրոցներու աշակերտներուն ծնողները էապէս նուազեցուցած են իրենց նուիրատուութիւններուն համեմատութիւնը։ Այդ մասնակցութեան բաժնին նուազումը ա՛լ աւելի դժուարացուցած է հարցը։ Պատճառը այն է, որ մեր վարժարաններու պիւտճէի բացերը կը հաշուարկուէին այդ նուիրատուութիւններուն համեմատութիւնը որոշ մակարդակի մը վրայ նախատեսելով եւ յատկացումներն ալ եղած են ըստ այդմ։ Սակայն երբ ծնողներու մասնակցութեան իմաստով կանխատեսումները ձախողած են լրջօրէն, ապա նիւթական դժուարութիւնները մնացած են նոյն ծանրութեամբ։
Համայնքային վարիչները այս հարցը օրակարգի վրայ բերելու ժամանակ նախ եւ առաջ պէտք է խուսափին գանգատի տպաւորութիւն ստեղծելէ։ Փոխարէնը՝ դպրոցներու պատասխանատուները հարիւր տոկոս արդար են՝ ահազանգ հնչեցնելով մեր կրթօճախներու «ազգայի՛ն» բնոյթի կեղեքման դէմ, ոմանց կողմէ։ Սակայն, անոնք, միեւնոյն ժամանակ, դէմ յանդիման կը գտնուին հարցերուն լուծում գտնելու, լուծման առաջարկներ յղանալու ստիպողութեան։
Մեր համայնքի հրատապ խնդիրները դժուար թէ լուծուին անոր վարիչներու պոռթկումի սաստկութեամբ։ Լուծման գրաւականը այդ նոյն վարիչներու զօրակցութեան եռանդին, գործակցութեան ոգիին եւ իրերօգնութեան պատրաստակամութեան մէջ է։
Տեսնենք ի՛նչ կը բերեն յառաջիկայ եղելութիւնները։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ