Դէպի Լոնտոն անմոռանալի ուղեւորութեան մը վառ յուշերու տպաւորութեան տակ - 3
Դէպի Լոնտոն մեր ուղեւորութեան վերաբերեալ այս յօդուածաշարքի վերջին փուլին կ՚արժէ ամփոփ գիծերու մէջ անդրադառնալ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 110-ամեակին առթիւ կազմակերպուած երկու ասուլիսներու մանրամասնութիւններուն։ Ըստ էութեան, երկու հանգամանք պէտք է խոշորացոյցի տակ առնել այս կէտին վրայ. մասնակիցներու ընդհանուր դիմագիծը եւ քննարկումներու օրակարգը։
Մինչեւ մօտաւոր անցեալը սփիւռքի մէջ պոլսահայութեան վերաբերեալ ձեռնարկներուն կը մասնակցէին միայն նախկին պոլսահայեր։ Եւ ի՛նչ որ ալ ըլլար ձեռնարկի նիւթը, խորքին մէջ, կարօտ յագեցնելու առիթի մը կը վերածուէր։ Այսօր զգալիօրէն փոխուած է այս երեւոյթը։ Պոլսահայութեան վերաբերեալ ձեռնարկներուն այլեւս միայն նախկին պոլսահայեր չեն մասնակցիր։ Անոնք դադրած են սահմանափակ շրջանակ մը թիրախաւորելէ։ Ո՛ւր որ ալ կազմակերպուած ըլլան՝ շատ աւելի ընդհանրական բնոյթ կրել սկսած են։ Տակաւին կարելի է խօսիլ նաեւ սերունդներու տեսակաւորութեան մասին։ Մինչեւ մօտաւոր անցեալը ձեռնարկներու մասնակիցներու շարքին կը նկատուէին միայն ու միայն երէց սերունդի ներկայացուցիչներ։ Այժմ կը նկատուին նաեւ նոր սերունդէ դէմքեր։ Թէեւ անոնք մեծամասնութիւն չեն կազմեր, սակայն իրենց ներկայութիւնը անշուշտ անանտեսելի եւ ողջունելի է։ Դիտարկած ենք նաեւ, որ այդ երիիասարդներն ալ միայն նախկին պոլսահայերու զաւակները չեն։ Սա կը խօսի նաեւ այն մասին, թէ սփիւռքի նոր սերունդը հասակ կ՚առնէ շատ աւելի գիրկընդխառնուած ձեւով։
Թէեւ սկիզբին ձեռնարկներու մասնակիցներու եւ օրակարգի հանգամանքները դասաւորեցինք իրարմէ անջատ ձեւով, սակայն յաճախ այդ երկուքը նաեւ զիրար կը պայմանաւորեն անխուսափելիօրէն։ Ինչպէս Լոնտոնի ասուլիսներու վերաբերեալ թերթիս լրատուութեան մէջ ալ նշուած էր, օրակարգի հիմնական նիւթերն էին՝ թրքահայ համայնքային կեանքի ընթացքն ու հայ-թրքական յարաբերութիւնները։ Եւ սա միայն Լոնտոնի մեր ասուլիսներուն բնորոշ չէ, կարելի է որոշ չափով ընդհանրացնել։ Թրքահայ համայնքային կեանքի ընդհանուր ընթացքը այժմ հետաքրքրութեան առարկայ է համահայկական հարթութեան վրայ։ Ճիշդ է, որ մեր ներքին առաջնահերթութիւններուն հետ հարիւր տոկոսով ուղիղ համեմատութեան մէջ չի կրնար ըլլալ այդ հետաքրքրութիւնը, սակայն կարեւորը այդ չէ։ Կարեւորը այն է, որ հայաշխարհը ներկայիս թրքահայ կեանքի ընդհանուր երթը կը դիտարկէ՝ արեւմտահայ ժառանգութեան պահպանման պրիսմակէն։ Այս հանգամանքը փոխած է թրքահայութեան նկատմամբ վերաբերմունքը, սակայն միւս կողմէ ալ տարբեր պատասխանատուութիւններ կը ստեղծէ մեր համայնքին տեսակէտէ։ Լաւ, սա տարբեր հարց մըն է եւ մենք այսօր չշեղինք մեր նիւթէն։
Նոյնը կարելի է ըսել նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու պարագային։ Պարզ է, որ այս կէտին վրայ առանցքայինը պետական կամ միջպետական հարթութիւնն է, սակայն այլ գետիններու տեսանկիւնէն ալ նշանակալից է նիւթը։ Մարդիկ կ՚ուզեն աւելի խորաթափանց պատկերացնել թրքական պետութեան ու հասարակութեան վերաբերմունքը՝ թրքահայ համայնքի իրաւունքերու, Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման հեռանկարին շուրջ։ Այս երկու գլուխներուն տակ կարելի է թուարկել բազում հարցեր՝ պատմականէն մինչեւ արդիական, որոնք ներկայիս կը զբաղեցնեն օրակարգը։ Այսինքն համահայկական տեսադաշտին մէջ յայտնուած են այն խնդիրները, որոնք անցեալին կը դասուէին թրքահայ մասնակի օրակարգին մէջ։
Այս համայնապատկերը ցոյց կու տայ, որ մեր համայնքը պէտք է հնարաւորինս լաւ արժեւորէ այս պահը եւ ունենայ՝ հայաշխարհի վրայ բացուած պատուհաններ, որոնք պիտի յագեցնեն իրեն նկատմամբ հետաքրքրութիւնը։ Եւ այստեղ ժամանակի ընթացքին այդ պատուհանները կրնան փոխադարձ դառնալ՝ դիւրացնելով ինքնութեան պահպանման հարցերը։
Լոնտոնի ասուլիսները հերթական անգամ վկայեցին, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այդ պատուհաններու շարքին է բոլոր առումներով։