ԿԼԻՄԱՅԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

(Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին).- Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի կեան­քէն ներս շուրջ եր­կու շա­բաթ ա­ռաջ ծա­գած տագ­նա­պը ար­դէն պաշ­տօ­նա­պէս մտած է կար­գա­ւոր­ման հու­նի մէջ։ Մեր հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն ա­ռըն­թեր, սփիւռ­քի զա­նա­զան գա­ղութ­նե­րու նախ­կին պոլ­սա­հա­յե­րը եւ ընդ­հան­րա­պէս ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան շրջա­նակ­նե­րը կ՚ող­ջու­նեն Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ գո­յա­ցած ընդ­հա­նուր հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը։ Հրա­պա­րա­կուած պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դագ­րու­թեան ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Հի­մա այ­լեւս պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հո­րի­զո­նը անշր­ջա­դար­ձե­լիօ­րէն ու­րուագ­ծուած է թրքա­հա­յու­թեան հո­րի­զո­նին վրայ։ Այս հե­ռան­կա­րը կու գայ փաս­տել նաեւ, որ թէ՛ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին եւ թէ մեր հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ ա­ւար­տին կը մօ­տե­նայ ան­ցու­մա­յին շրջա­նը։ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը գործ­նա­կա­նօ­րէն թա­փուր է ինն տա­րիէ ի վեր։ Ճիշդ է, որ սպաս­ման եր­կար շրջա­նը լուրջ վնաս­ներ հաս­ցուց մեր հա­մայն­քին։ Բո­լո­րը թէեւ ո­րոշ չա­փով համ­բե­րե­ցին, սա­կայն դժբախ­տա­բար յա­ռա­ջա­ցան վէր­քեր, ո­րոնց սպիա­ցու­մը կը պա­հան­ջէ յա­ւե­լեալ ջան­քեր։ Հա­մայն­քէն ներս կան բե­ւե­ռա­ցում­ներ, կան պա­ռակ­տում­ներ, ո­րոնք կը հաս­նին մտա­հո­գիչ հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու։ Շու­տով հիմ­նա­կան փո­փո­խու­թիւն­ներ պի­տի ըլ­լան թրքա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մօտ։ Մին­չեւ Մար­տի 15-ը պի­տի ընտ­րուի տե­ղա­պահ մը եւ ան­մի­ջա­պէս վերջ պի­տի կազ­մուի պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նարկ մար­մի­նը։ Այս բո­լո­րը գործ­նա­կան հու­նի մէջ պի­տի դնեն պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը։ Հա­մայն­քը պի­տի ը­նէ իր­մէ կա­խեալ ա­մէն ին­չը ու պի­տի սպա­սուի պե­տու­թեան մօտ կա­տա­րուե­լիք դի­մու­մի ար­ձա­գան­գին։

Վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րով Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի եւ Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի մի­ջեւ ծա­գած ճգնա­ժա­մը շրջան­ցուե­ցաւ եւ զու­գա­հե­ռա­բար ստեղ­ծուած ցնցու­մի յաղ­թա­հա­րու­մով՝ ձե­ւա­ւո­րուե­ցաւ ընտ­րու­թեան ձեռ­նար­կե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ մթնո­լոր­տը։ Ինն տա­րուան այս մա­շե­ցու­ցիչ գոր­ծըն­թա­ցին մէջ, կարճ խօս­քով, հա­սաւ բե­կում­նա­յին պա­հը։ Կլի­մա­յի այս դրա­կան փո­փո­խու­թիւ­նը ա­պա­հո­վուե­ցաւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ։ Շրջա­դար­ձա­յին քայլ մը առնուե­ցաւ ու վստա­հա­բար ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին ա­ւե­լի պի­տի բիւ­րե­ղա­նայ ա­նոր բախ­տո­րոշ ու պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւ­նը։ Թէ ի՞նչ ե­ղաւ այս վեր­ջին օ­րե­րուն... Ինչ­պէ՞ս կրնան ամ­փո­փուիլ վեր­ջին եր­կու շաբ­թուան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։ Ինչ­պի­սի՞ պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ սկսան Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րը եւ ի՞նչ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի ա­նոնց ար­դիւն­քը։ Ի՞նչ հար­ցեր լու­ծուե­ցան եւ ի՞նչ ռիս­քեր կան­խուե­ցան այն­տեղ։

Խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րուն նա­խոր­դած մթնո­լոր­տին մէջ կա­յին բա­զում գոր­ծօն­ներ, ո­րոնք կը պայ­մա­նա­ւո­րէին շարք մը հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­ներ։ Բայց եւ այն­պէս, երբ Պոլ­սոյ մէջ գոր­ծող եր­կու սրբա­զան­նե­րուն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը հու­նէ դուրս ե­կան, ա­պա ստեղ­ծուած տագ­նա­պա­լի պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ ժո­ղո­վուր­դի բո­ղոքն ու ան­հանգս­տու­թիւնն ալ հա­սաւ գա­գաթ­նա­կէ­տին: Թրքա­հա­յու­թեան բո­լոր խա­ւե­րը հա­կազ­դե­ցու­թիւն ցոյց տուին եւ զայ­րոյ­թի մատ­նուե­ցան, ըստ էու­թեան, շատ պարզ պատ­ճա­ռով մը։ Մեր ժո­ղո­վուր­դը կը գի­տակ­ցի, որ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը վար­չա­կան ծով ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու, հա­րուստ նա­խըն­թաց­նե­րու ա­ռանցք մըն է։ Այս բո­լո­րով հան­դերձ, կար­ծես այ­լեւս բա­նե­լէ դադ­րած ըլ­լար մեր Պատ­րիար­քա­րա­նի վար­չա­կան միտ­քը։ Ինն տա­րիէ ի վեր չլու­ծուած, ա­ւե­լի՛ն, փա­կու­ղիի մատ­նուած պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հար­ցը ծնաւ ծանր մթնո­լորտ մը։ Ճիշդ է, որ յա­ճախ անձ­նա­կա­նա­ցուած ձե­ւով կ՚ըն­կա­լուէր ի­րա­վի­ճա­կը եւ սկզբուն­քա­յին հար­թու­թե­նէ հե­ռա­ցու­մը ա՛լ ա­ւե­լի կը բար­դաց­նէր կա­ցու­թիւ­նը։ Հա­կա­դիր հո­սանք­նե­րը, ի­րե­րա­մերժ շար­ժում­նե­րը, խոր­քին մէջ, կը սնէին նո՛յն կա­թուա­ծա­հար վի­ճա­կը։ Քիչ մըն ալ այս էր յա­պաղ­ման, ար­հես­տա­կան յա­պաղ­ման պատ­ճա­ռը։ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի հրա­ժա­րա­կա­նը ե­կաւ ամ­րապն­դել այդ անձ­նա­ւո­րուած մօ­տե­ցում­նե­րը։ Այդ քայ­լը ա­ռա­ջին քայ­լա­փո­խին աշ­խա­տե­ցաւ ի վնաս Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի, սա­կայն ան­մի­ջա­պէս վերջ ցա­սու­մէն բա­ժին հաս­նիլ սկսաւ նաեւ նոյ­նինքն Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նին։ Այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ եր­կու սրբա­զան­ներն ալ մա­շե­ցան եւ այդ կա­ցու­թե­նէն դուրս գա­լու հա­մար չէին կրնար գոր­ծակ­ցիլ, ո­րով­հե­տեւ ի­րենց յա­րա­բե­րու­թիւ­նը ամ­բող­ջու­թեամբ փճա­ցած էր ու վե­րա­կանգ­նու­մի նե­րու­ժը՝ սպա­ռած։ Որ­քան որ ա­նոնց դէմ բո­ղոք մը կու­տա­կուած էր անձ­նա­ւո­րուած ձե­ւով, այն­պէս ալ այդ ա­լի­քը շու­տով վստա­հու­թեան պա­կաս մը յա­ռա­ջա­ցուց Պատ­րիար­քա­րա­նի շուրջ։ Ցնցուած էր հա­ւա­տը նաեւ Ա­թո­ռին հան­դէպ։

Ա­հա նման ի­րա­վի­ճա­կի մը մէջ, բա­րե­բախ­տա­բար, վրայ հա­սաւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը։ Շուրջ ինն տա­րուան մա­շե­ցու­ցիչ, յոգ­նե­ցու­ցիչ այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ բո­լո­րին կող­մէ միան­շա­նա­կօ­րէն դրա­կան ըն­կա­լուե­ցաւ քայլ մը, ո­րու առ­թած յոյ­սը դար­ձաւ հա­սա­րա­կաց յայ­տա­րար։ Հա­մա­պա­տաս­խան մթնո­լոր­տի մը մէջ կազ­մա­կեր­պուե­ցան մայ­րա­վան­քի խորհրդակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ նոյն սե­ղա­նին շուրջ հա­մախմ­բուե­լու ժա­մա­նակ, Պոլ­սոյ Ա­թո­ռի ե­րեք սրբա­զան­ներն ալ ու­նէին ի­րենց խա­ղա­քար­տե­րը, նաեւ ի­րենց խո­ցե­լի կէ­տե­րը։ Ա­նոնք նաեւ կը գի­տակ­ցէին, որ ինն տա­րիէ ի վեր կու­տակուած ժո­ղովր­դա­կան բո­ղո­քը հա­ւա­սա­րա­պէս մա­շե­ցու­ցած էր ի­րենց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը։ Առ­կայ փա­կու­ղիին հե­տե­ւան­քով վստա­հու­թեան պա­կաս մը գո­յա­ցած էր ա­նոնց նկատ­մամբ։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, սրբա­զան­նե­րը կը զգա­յին, որ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րը վեր­ջին բախտ մըն է ի­րենց տե­սա­կէ­տէ, անմս­խե­լի կա­րե­լիու­թիւն մըն է ի­րենց վար­կի հնա­րա­ւո­րինս բարձ­րաց­ման տե­սա­կէ­տէ, այ­լա­պէս գոր­ծըն­թա­ցի շա­րու­նա­կու­թիւ­նը կրնայ դառ­նալ լրիւ ան­կա­ռա­վա­րե­լի ու մա­նա­ւանդ՝ ի­րենց հա­մար ան­վե­րահս­կե­լի։ Ե­թէ այս ա­նել վի­ճա­կին մէջ ա­նոնք հան­դէս չգա­յին շի­նիչ ո­գիով, ա­պա մեր ժո­ղո­վուր­դը դժուար թէ նե­րէր ի­րենց։

Այս հա­մայ­նա­պատ­կե­րին վրայ սկսաւ մայ­րա­վան­քի եր­կօ­րեայ խտա­ցեալ աշ­խա­տան­քը։ Հին վե­հա­րա­նի խորհրդա­ւոր մթնո­լոր­տին մէջ, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի կող­մէ գլխա­ւո­րուած սե­ղա­նին շուրջ հա­մախմ­բուե­ցան Պոլ­սոյ Ա­թո­ռի ե­րեք սրբա­զան­նե­րը։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ար­դէն նա­խա­պէս բո­լո­րին հետ ա­ռան­ձին ալ հան­դի­պե­լով՝ բռնած էր ա­նոնց զար­կե­րա­կը։ Խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու օ­րե­րուն ա­ռիթն ու­նե­ցանք զա­նա­զան պա­հե­րով հա­կիրճ զրոյց­ներ ու­նե­նալ մեր սրբա­զան­նե­րուն հետ։ Մեր տպա­ւո­րու­թիւ­նը ե­ղաւ այն, որ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը յա­ջո­ղած էր հա­ւա­սար հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ մնալ իւ­րա­քան­չիւ­րին նկատ­մամբ, պա­հած էր չէ­զո­քու­թիւն, գե­տին պատ­րաս­տած էր բաց ու ար­դար աշ­խա­տան­քի հա­մար եւ ի լրումն այս բո­լո­րին՝ իր յոր­դոր­նե­րը մնա­ցած էին միշտ սկզբուն­քա­յին հար­թու­թեան վրայ։ Իր որ­դեգ­րած այդ ըն­թաց­քը ինք­նա­բե­րա­բար ա­պա­հո­ված էր, որ սրբա­զան­ներն ալ դադ­րին վերջ­նագ­րա­յին ո­ճով ար­տա­յայ­տուե­լէ եւ նա­խա­պայ­ման­նե­րու լե­զուով խօ­սե­լէ։ Ան բա­ցար­ձա­կա­պէս հե­ռու մնաց դա­տա­ւո­րի մը դե­րէն ու եր­բեք չփոր­ձեց կամք պար­տադ­րել կամ իր պատ­կե­րա­ցու­ցած լուծ­ման տար­բե­րա­կով ուղ­ղոր­դել քննար­կում­նե­րը։ Այլ խօս­քով, ան մտա­յին ա­զատ վար­ժան­քի մը մի­ջա­վայ­րը ստեղ­ծեց եւ այդ­պէ­սով բարձ­րա­ցաւ աշ­խա­տան­քին ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը։

Ընդ­հա­նուր առ­մամբ, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ա­ռան­ձինն էր՝ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի եւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի դի­մաց։ Սա են­թադ­րե­լի է եւ ա­ւե­լի՛ն, ան հիմ­նա­կան թի­րախն էր կու­տա­կուած ժո­ղովր­դա­կան հա­կազ­դե­ցու­թեան։ Իսկ միւս եր­կու սրբա­զան­նե­րուն խո­ցե­լի կող­մը այն էր, որ չէին կրցած կա­սեց­նել իր ըն­թաց­քը։ Բնա­կա­նա­բար, ա­նոնք պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը կրնա­յին վե­րագ­րել ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դին, սա­կայն սա հա­րիւր տո­կո­սով պի­տի չար­դա­րաց­նէր զի­րենք։ Ար­դա­րեւ, ե­րե­քի ը­րա­ծին ու չը­րա­ծին հան­րա­գու­մա­րը այն էր, որ ինն տա­րուան սպա­սու­մէ մը վերջ մեծ հա­շուով պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը մատ­նուած էր փա­կու­ղիի։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի թէ՛ ու­ժեղ եւ թէ խո­ցե­լի կող­մե­րը ըն­դե­լուզուած էին։ Մէկ կող­մէ ան չէր կրնար խու­սա­փիլ ընտ­րա­կան գոր­ծըն­թա­ցի յա­պա­ղեց­ման մեղադրանքէն։ Միւս կող­մէ, սա­կայն, ան կրնար պնդել, որ ինն տա­րիէ ի վեր իր կրած պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան պատ­ճա­ռով հար­կադ­րուած ձե­ւով կը հան­դուր­ժէր՝ ընտ­րու­թե­նէ խու­սա­փող գոր­ծօ­նի տպա­ւո­րու­թեան եւ սա ե­ղած էր իր կրած խա­չը։ Ի վեր­ջոյ, լա­ւէն կամ վա­տէն ան­կախ, ըստ էու­թեան, կշիռ­քի վրայ էր ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Կ՚ար­ժե­ւորուէր իր իսկ աշ­խա­տան­քը՝ որ­պէս հիմ­նա­կան դե­րա­կա­տար։ Միւս եր­կու սրբա­զան­նե­րը ա­ռա­ւել չա­փով քննա­դա­տո­ղի, ընդ­դի­մա­խօ­սի դե­րին մէջ էին, հասկնա­լիօ­րէն։ Վստա­հա­բար, բա­ւա­կան դժուար հա­շուեկ­շիռ մը կա­տա­րուե­ցաւ՝ եր­կու օ­րե­րու վրայ տա­րածուած աշ­խա­տան­քով։ Ա­պա­հո­վա­բար, բո­լո­րը դրած ըլ­լան ի­րենց խա­ղա­քար­տե­րը սե­ղա­նի վրայ։

Մենք, բնա­կա­նա­բար, տե­ղեակ չենք քննար­կում­նե­րու մթնո­լոր­տին, տե­ղա­տուու­թիւն­նե­րու կամ մա­կըն­թա­ցու­թիւն­նե­րու պա­հե­րուն, բայց հրա­պա­րա­կուած պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դագ­րու­թե­նէն կը հե­տեւց­նենք հե­տե­ւեա­լը. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը համ­բե­րա­տար ու յա­մառ աշ­խա­տան­քով մը ա­պա­հո­ված է, որ խորհրդակ­ցու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին ծնի մեծ ու հե­ռա­հար հա­մադ­րու­թիւն մը։ Ան յա­ջո­ղած է միա­ձու­լել՝ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի հա­սու­նու­թիւ­նը, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը եւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի հա­մար­ձակ ե­ռան­դը։ Սա ո՛չ միայն հե­ռա­հար, այլ նաեւ հե­ռա­տես հա­մադ­րու­թիւն մը ե­ղած է։ Ար­դա­րեւ, առ­նուած են նպա­տա­կաս­լաց քայ­լեր, ո­րոնց շնոր­հիւ ե­րեք սրբա­զան­նե­րը զի­րար վե­րա­վար­կա­ւո­րած են՝ տի­րա­նա­լով յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պա­տաս­խա­նատուու­թիւն ստա­նձնե­լու հա­մա­հա­ւա­սար հնա­րա­ւո­րու­թեան։ Ա­նոնք Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի հո­վա­նիին ներ­քեւ ի­րենց յօ­ժար կամ­քով հա­սած են այս ար­դիւն­քին, ինչ որ ճա­նա­պարհ կը հար­թէ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցի վե­րա­կեն­դա­նաց­ման առ­ջեւ։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը քննար­կում­նե­րը վե­րա­դի­տած է բա­ցա­ռա­պէս Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ դա­րա­ւոր կարգ ու կա­նոն­նե­րուն պրիս­մա­կէն։ Շնոր­հիւ այս զգայ­նու­թեան ե­րաշ­խա­ւո­րուած է՝ կա­նո­նա­կան մար­մին­նե­րու ա­զատ կամ­քի դրսե­ւո­րու­մը։ Որ­պէս օ­րի­նակ՝ նշենք, որ Պոլ­սոյ Ա­թո­ռի Հո­գե­ւո­րա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րը յա­ռա­ջի­կա­յին պի­տի կա­րե­նայ տե­ղա­պահ մը պաշ­տօ­նի կո­չել՝ ընտ­րու­թեան ա­ռա­ւե­լա­գոյն հնա­րա­ւո­րու­թեամբ։

Ընդ­հա­նուր առ­մամբ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ա­պա­հո­վուած հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը կը նա­խա­տե­սէ լուրջ  նա­խադ­րեալ­ներ՝ որ­պէս­զի ինն տա­րուան այս գոր­ծըն­թա­ցին մէջ կա­տա­րուած սխալ­նե­րը չկրկնուին։ Փո­խա­դարձ ըմբռ­նում գո­յա­ցած է այն­պի­սի նա­խազ­գու­շա­կան մի­ջոց­նե­րու շուրջ, ո­րոնք ու­նին ա­պա­հո­վագ­րու­թեան նշա­նա­կու­թիւն։

Ամ­փո­փե­լով՝ յայտ­նենք, որ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րուն ա­ւար­տը բնո­րո­շեց վիթ­խա­րի աշ­խա­տան­քի մը սկիզ­բը, պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան բո՛ւն գոր­ծըն­թա­ցին մեկ­նար­կը։ Մին­չեւ Մար­տի 15-ը պի­տի ընտ­րուի տե­ղա­պահ մը։ Սպա­սենք ու տես­նենք, որ Հան­րա­պե­տա­կան շրջա­նին յա­ռա­ջի­կայ՝ վե­ցե­րորդ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թիւ­նը ին­չո՛վ պի­տի տար­բե­րի նա­խորդ­նե­րէն եւ ին­չո՛վ պի­տի նմա­նի ա­նոն­ց։

Տ. ՍԵ­ՊՈՒՀ ԱՐՔ. ՉՈՒԼ­ՃԵԱՆ ՄԵ­ԶԻ ՀԵՏ ԲԱԺ­ՆԵՑ ԻՐ ՄՕ­ՏԵ­ՑՈՒՄ­ՆԵ­ՐԸ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն հան­դի­պում մը ու­նե­ցանք Գու­գա­րաց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Սե­պուհ Եպսկ. Չուլ­ճեա­նի հետ։ Ան հրա­ւի­րուած էր Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի գլխա­ւո­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած այն հա­ւա­քոյ­թին, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի ան­դամ եւ Պոլ­սոյ Ա­թո­ռի ե­րեք սրբա­զան­նե­րը՝ հա­շուի առ­նե­լով, որ ա­ռա­ջադ­րած է իր թեկ­նա­ծու­թիւ­նը Պոլ­սոյ պատ­րիար­քի պաշ­տօ­նին հա­մար։

Տ. Սե­պուհ Արք. Չուլ­ճեան, որ ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեամբ կը հե­տե­ւի պոլ­սա­հայ մա­մու­լին, մե­զի հետ բաժ­նեց իր կար­ծի­քը մեր վեր­ջին կարգ մը հրա­պա­րա­կում­նե­րուն հա­մար։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, վեր­ջերս այս սիւ­նա­կին մէջ գրած էինք, որ Իս­թան­պու­լի՝ ար­տա­սահ­մա­նի թեկ­նա­ծու­նե­րուն հա­մա­կիր շրջա­նակ­նե­րը փոր­ձած են թու­նա­ւո­րել Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի եւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի յա­րա­բե­րու­թիւ­նը։ Սա մեր են­թա­կա­յա­կան դի­տար­կումն էր ու մեր տե­սան­կիւ­նէն ու­նէր ո­րոշ տրա­մա­բա­նու­թիւն մը։ Յա­մե­նայն­դէպս, Տ. Սե­պուհ Արք. Չուլ­ճեան մե­զի յայտ­նեց, որ իր հա­մա­կիր­նե­րը չեն ու­նե­ցած այդ­պի­սի մտադ­րու­թիւն մը։ Հարկ է նշել, որ այս մա­սին նա­խա­պէս մե­զի նոյ­նան­ման կար­ծիք մը փո­խան­ցած էր նաեւ մեր ազ­գա­յին­նե­րէն Նա­զար Պի­նաթ­լը, որ կը պաշտ­պա­նէ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան թեկ­նա­ծու­թիւ­նը։

Տ. Սե­պուհ Արք. Չուլ­ճեան ան­հանգստա­ցած էր նաեւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի կող­մէ Ե­րե­ւա­նի մէջ կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թե­նէն, ըստ ո­րու Թուր­քիա-Հա­յաս­տան առ­կայ լա­րուա­ծու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ իր թեկ­նա­ծու­թիւ­նը կրնայ չար­ձա­նագ­րուիլ։ Մենք թէեւ այդ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ար­տատոպած էինք «Հայ Ձայն» կայ­քէ­ջէն ու նոյ­նիսկ հա­մա­րած՝ քննա­դա­տե­լի։ Իսկ Տ. Սե­պուհ Արք. Չուլ­ճեա­նի մօ­տե­ցու­մը այն է, որ հոգ չէ, թէ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան ը­րած է այդ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, բայց մա­մու­լը պէտք չէ գրէ այդ մա­սին։

Մենք Նո­րին Սրբա­զա­նու­թեան խոս­տա­ցանք, որ ան­պայ­ման ար­ձա­գանգ պի­տի հան­դի­սա­նանք իր տե­սա­կէտ­նե­րուն՝ խո­րա­պէս յար­գե­լով իր պա­տաս­խա­նի ի­րա­ւուն­քը եւ այս պա­րա­գա­յին նպա­տա­կա­յար­մար չենք նկա­տեր յա­ւե­լեալ քննարկ­ման բա­նալ այդ տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը։ Էա­կա­նը այն է, որ իր տե­սա­կէ­տը գտնէ պատ­շաճ ար­ձա­գանգ՝ մա­նա­ւանդ, որ ան ֆի­զի­քա­պէս հե­ռու է Պո­լի­սէն։

Տ. Սե­պուտ Արք. Չուլ­ճեա­նին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցինք, որ զգա­ցած էր՝ մե­զի հետ իր մօ­տե­ցում­նե­րը ան­կեղ­ծօ­րէն բաժ­նե­լու ան­մի­ջա­կա­նու­թիւ­նը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 27, 2017