ՀԵՌՈ՛Ւ ԱՌՃԱԿԱՏՈՒՄՆԵՐԷ
Մեր համայնքը նոր շաբաթ մը եւս կը դիմաւորէ Պատրիարքական Աթոռի շուրջ ստեղծուած տագնապով։ Առկայ տագնապալի կացութիւնը, իսկապէս, կաթուածահարման եզրին հասցուցած է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը։ Համայնքային շրջանակները ուշարդութեամբ ու մտահոգութեամբ կը հետեւին բոլոր իրադարձութիւններուն։ Առկայ խնդիրները լայն արձագանգ գտած են նաեւ ամբողջ հայաշխարհէն ներս։
Ներկայ փուլին հիմնական ակնկալութիւնները դարձեալ կը խտանան մեր Աթոռի երեք սրբազաններուն՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի եւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի վրայ։ Մարտի 15-ին գումարուած Եկեղեցականաց համագումարէն ի վեր հունէ դուրս եկած է թրքահայութեան կեանքը։ Այս իրավիճակին մէջ բոլորին սպասումը այն է, որ երեք սրբազանները ցուցաբերեն զոհողութեան պատրաստակամութիւն եւ համագործակցութեան ոգի։ Ցարդ թէեւ նման միջավայր մը ստեղծել կարելի չէ եղած, սակայն բոլորը հակուած են ընդհանրապէս լաւատես ըլլալու։ Եթէ մինչեւ այսօր մեր երեք սրբազաններուն միջեւ կարելի չէ եղած դրական համագործակցութեան մը մթնոլորտը ստեղծել, ապա սա չի նշանակեր, որ գործընթացի շարունակութիւնն ալ պիտի ըլլայ նոյն ձեւով։ Անոնք առկայ դժուարին շրջանին հեռու պէտք է մնան առճակատումներէ։ Անոնք են, որ լուծման եզր մը պիտի գտնեն՝ հաշուի առնելով բոլոր հանգամանքները եւ այդ ամբողջին մէջ կշռադատելով իրենց վիճակած կամ վիճակելիք քայլը։
Այսօր ընդհանուր փոխանորդի հանգամանքով Տ. Արամ Արք. Աթէշեան զեկոյց մը հրապարակած է Պատրիարքարանէն։ Բաց աստի, Պատրիարքարանի դիւանը այդ զեկոյցին կցած է նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահինին ուղարկուած դիմումնագիրը՝ ժամադրութեան համար։ 16 Մարտ 2017 թուակիր այդ նամակը մեր մամուլին ներկայացուած է այսօր։ Ըստ երեւոյթին, տրամաբանութիւնը եղած է հետեւալը. Եկեղեցականաց համագումարէն ի վեր Գումգաբուէն առաջին անգամ պաշտօնական յայտարարութիւն մը կատարուած է Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։ Եւ այդ յայտարարութեան կցուած է նաեւ Կուսակալութեան հասցէագրուած նամակը։ Սա հերթական անգամ կու գայ ապացուցանել, թէ սպասման ժամանակաշրջանի մը մէջ կը գտնուի համայնքային կեանքը։
Պատրիարքարանէն այսօր հրապարակուած զեկոյցը առարկայական պատկերացում մը կու տայ առկայ տագնապի բնոյթին եւ չափումներուն շուրջ։ Խնդիրը ունի ծալքեր թէ՛ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի աւանդութիւններուն եւ նախընթացներուն, թէ՛ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կարգ ու կանոնին եւ թէ մեր պետութեան ակնկալութիւններուն շուրջ։ Այս բոլորը զեկոյցին մէջ մատնանշուած են յստակօրէն։ Բնականաբար, անոնց առընթեր հաշուի պէտք է առնուին նաեւ մեր համայնքի ներքին խմորումները։ Տագնապալի այս իրավիճակին մէջ պէտք է հետամուտ ըլլալ միասնականութեան՝ որպէսզի համայնքը կարենայ կացութիւնը յաղթահարել առաւել զօրացած։
Ինչպէս աւելի առաջ ալ նշած էինք այս սիւնակին մէջ, ազգային-եկեղեցական կեանքի այս բարդ խնդրին կարգաւորումը կախում ունի սկզբունքային, օրինական եւ գործնական հանգամանքներու լոյսին տակ համադրութեան մը հասնելէ։ Վերոյիշեալ երեք գործօնները առանց հակադրութեան մէջ դնելու՝ պէտք է հասնիլ ճկուն լուծումի մը։ Այդ լուծումը պէտք է խարսխուած ըլլայ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի նախընթացներուն եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ իրաւունքին վրայ։ Սա կարեւոր է այն առումով, որ Պոլսոյ Աթոռին տեսակէտէ խոցելի վիճակներ չյառաջանան Հայ Եկեղեցւոյ ընդհանուր նուիրապետութեան մէջ։ Ի լրումն այս բոլորին, այդ լուծումը պէտք է արդարացնէ նաեւ պետութեան սպասումները։ Այսինքն, աշխատանքները պէտք է խտացուին նման համադրութեան մը հասնելու վրայ։ Յամենայնդէպս, առանց օրինականութենէ հեռանալու ճանապարհ մը պէտք է նախընտրել։ Այս առումով նպատակայարմար կրնայ ըլլալ եթէ դարձեալ Եկեղեցական համագումարին միջոցաւ լուծում մը գտնուի։ Սա կրնայ ծառայել այն նպատակին, որ մարմնի մը կողմէ առնուած որոշում մը ուրիշ մարմնի մը կամ անհատի մը կողմէ փոփոխութեան ենթարկուած կամ անտեսուած չ՚ըլլար։ Եկեղեցական համագումարը մեր Պատրիարքական Աթոռի բարձրագոյն մարմինը կը համարուի, իբր այդ, ըստ երեւոյթին, ճիշդ կ՚ըլլայ լուծման գործընթացէն դուրս չմնալը։
Տեսնենք յառաջիկայ օրերու խմորումները ինչպիսի համայնապատկերի մը ծնունդ պիտի տան մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։