Սպասում

Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմ երէկ հերթական անգամ ի մի եկաւ երկրի ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս հաւաքոյթը առիթ հանդիսացաւ՝ որպէսզի հերթական անգամ օրակարգի վրայ գայ առկախեալ ընտրութիւններու խնդիրը։ Այսօր բոլոր փոքրամասնական համայնքներուն տեսակէտէ հրատապ խնդիր մը դարձած է առկախեալ ընտրութիւններու պարագան։ Պետութեան տեսակէտէ, հասկնալիօրէն, ճգնաժամային բնոյթ մը չունի այս հարցը, սակայն պատկերը բոլորովին տարբեր է փոքրամասնական համայնքներուն տեսակէտէ։ Առկախեալ ընտրութիւններու հարցին հետեւանքները կը խորանան օրէ օր եւ փոքրամասնական համայնքներու կեանքէն ներս անբնական երկարատեւ այս երեւոյթը կը հրահրէ ընդհանուր յոգնութիւն մը։

Ոչ-իսլամ փոքրամասնական հաւաքականութիւններու շարքին ամենաբազմամարդն է թրքահայութիւնը։ Երբ նոյնիսկ մեր համայնքի պարագային այսքան լուրջ վիճակ մը ստեղծուած է ընտրութիւններու առկախման հետեւանքով, ապա դժուար չէ ենթադրել նաեւ կացութիւնը միւս համայնքներուն, որոնք ունին շատ աւելի համեստ, սահմանափակ մարդուժ։

Մեր երկրէն ներս վերջին տարիներուն կ՚ամրապնդուի այն գիտակցութիւնը, թէ փոքրամասնութիւնները իրենց ներկայութեամբ կարեւոր նշանակութիւն ունին երկրի ընդհանուր հարստութեան, արժէքներուն տեսակէտէ։ Որքան որ ալ այդ գիտակցութիւնը ամրապնդուած ըլլայ, այսօր Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները ժողովրդագրական առումով հասած են սպառման եզրի։ Անոնց կայունութեան միակ երաշխիքն է՝ իրենց պատկանող բարենպատակ հաստատութիւններու ցանցը։ Այսքան սահմանափակ մարդուժով այդպիսի ցանցի մը կանգուն պահուիլը մեծ գործ մըն է։ Այստեղ նպաստաւոր գործօններէն մին է խոր աւանդութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, կարելի չէ միայն աւանդութեան ուժով կանգուն պահել այդ ցանցը։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ թէեւ փոքր, սակայն տուեալ համայնքի անդամներուն հաւաքական կամքը ցոլանայ այդ հաստատութիւններու ղեկավարութեան վրայ։

Մէկ կողմէ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան եւ փոքրամասնութիւններու համայնքներուն համագործակցութիւնը նոր որակ կը ստանայ՝ փոխադարձ վստահութեան ու երկխօսութեան շնորհիւ, իսկ միւս կողմէ ընտրութեան հարցին շուրջ անորոշ սպասումը կը մնայ առկայ։

Այս հակասութիւնը պէտք է ժամ առաջ յաղթահարուի եւ փոքրամասնական համայնքներու ընտրութեան խնդիրը այլեւս պէտք է լուծուի։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

Ուրբաթ, Ապրիլ 27, 2018