Սպասում
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններու խնդիրը այս շրջանին դարձեալ գետի նման վարարած է օրակարգի վրայ։ Թէեւ փոքրամասնութիւններուն տեսակէտէ հրատապ բնոյթ ունի այս հարցը եւ երկար ժամանակէ ի վեր առաջնահերթութիւն դարձած է, սակայն, լուծման ճանապարհին վրայ բեկումի մը արձանագրումը կախում ունի պետական պատկան մարմիններէն։ Վերջին շրջաններուն պաշտօնական հարթութեան վրայ դարձեալ արձագանգ գտած է այս խնդիրը, ինչ որ ընտրական նոր կանոնադրութեան պատրաստութեան երկարաշունչ սպասման գործընթացին մէջ նոր յոյսերու ծնունդ կու տայ։
Յիշենք կարճ ժամանակագրութիւն մը։ Ներքին գործոց նախարար Սոյլու վերջերս ընդունեց Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճանն ու հրեայ համայնքի յառաջատար դէմքերէն Իսհակ Իպրահիմզատեհը։ Քանի մը օր անց, Ներքին գործոց փոխ-նախարար Ինճէի եւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Էրսոյի գլխաւորութեամբ՝ մայրաքաղաքէն խումբ մը պաշտօնատարներ քաղաքս փութալով այցելեցին թրքահայութեան երկու հիմնական վարչական կեդրոնը։ Անոնք Գումգաբուի մէջ ընդունուեցան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, իսկ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ՝ հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ։ Այս բոլոր հանդիպումներու ընթացքին արծարծուեցան առկախեալ ընտրութիւններու հարցի լուծման հեռանկարները։
Ի լրումն այս բոլորին, նախընթաց օր, նախագահ Էրտողան եւս անդրադարձաւ այս խնդրին։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս, կառավարութեան հերթական ժողովին յաջորդած յայտարարութիւններուն մէջ ան յայտնեց, որ քննարկուած է փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու ընտրութեան դրութեան պարագան։ Սա եղած է ի շարունակութիւն Մարդու իրաւանց շարժման ծրագրին, որու հրապարակման ժամանակ եւս նախագահը կանգ առած էր այս նիւթին վրայ։ Էրտողան նախընթաց օրուան յայտարարութիւններուն մէջ ալ շեշտեց, որ Թուրքիոյ 84 միլիոն քաղաքացիէն իւրաքանչիւրի խնդիրը իրենց համար իւրային է՝ անկախ դաւանանքէ կամ պատկանելիութենէ։
Առկախեալ ընտրութիւններու խնդրի լուծման երկարաշունչ սպասման մթնոլորտին մէջ այս բոլոր իրադարձութիւնները կը համարուին կարեւոր ազդանշաններ։ Այսքան կարճ ժամանակամիջոցի մէջ իրականացուած խտացեալ շփումներուն յաջորդած է ամենաբարձր մակարդակի վրայ հանդիպում մը։ Պետութիւնը զգալի դարձուցած է, որ այս խնդրի լուծման համար ունի քաղաքական կամք։ Թրքահայութիւնն ու փոքրամասնական համայնքները իրադարձութիւններու շարունակութեան կը սպասեն հետաքրքրութեամբ՝ իւրաքանչիւրի առանձնայատկութիւններուն համապատասխան ընտրական համակարգի մը վերահաստատման առումով։
Մինչ այդ, որքան որ ալ հարցի բուն լուծումը կախում ունենայ պետական տնօրինութենէ՝ համայնքն ալ պէտք չէ ձեռնածալ սպասէ։ Ըստ երեւոյթին, նպատակայարմար է ընտրողներու ցուցակներու կատարելագործման աշխատանքներուն վերաձեռնարկելը։ Վերջին պատրիարքական ընտրութեան փորձառութիւնն ալ կու գայ վերահաստատել այս անհրաժեշտութիւնը։ Նախընտրական խմորումներ վաղուց կան մեր համայնքէն ներս, սակայն, որքան որ ալ ուժերու վերադասաւորման հարցերը հասկնալիօրէն դառնան առաջնային՝ մեր վարչայինները պէտք է գիտակցին, որ ընտրութեան մը պարագային հրամայական է ապահովել՝ ընտրողներու հաւաքական կամքի առաւել կատարեալ ձեւով քուէատուփին ցոլանալը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ