ՅԱՄԱՌ ՈՒ ԹԱՓԱՆՑԻԿ ՊԱՅՔԱՐ

Սանասարեան խանի հարցին շուրջ վերջին իրադարձութիւնները մեր համայնքի օրակարգին վրայ են։ Սա երկար գործընթաց մըն է, որ շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի մեր համայնքին համար։ Օրինական, իրաւական գետնի վրայ Պատրիարքարանը երկար ատենէ ի վեր պայքար կը մղէ՝ Սիրքէճիի պատմական կալուածի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու համար։

Ի տարբերութիւն այս գործընթացի սկզբնական փուլերուն, վերջին շրջանին Պատրիարքարանի աղբիւրները բաւական թափանցիկ գործելաոճ մը որդեգրած են։ Մեր մամուլը կանոնաւոր ձեւով կը լուսաբանուի ու տեղեակ կը պահուի բոլոր իրադարձութիւններէն։

Այսինքն, Պատրիարքարանը թէ՛ յամառ եւ թէ թափանցիկ պայքար մը կը մղէ այս հարցին շուրջ, ինչ որ անշուշտ շատ կարեւոր է։ Սահմանադրական ատեանը այս խնդիրը երկրի համակարգէն ներս բարւոք ձեւով լուծելու տեսակէտէ վերջին հարթակն է։ Անոնք, որոնք քիչ թէ շատ տեղեակ են Գումգաբուի զարկերակին, գիտեն՝ թէ այս հարթութեան վրայ արդարութեան ապահովուիլը շատ նախընտրելի է։ Այլապէս, մնացեալ այլընտրանքները պիտի վերաբերին երկրի ընդհանուր համակարգէն դուրս, միջազգային հարթութիւններու, ինչ որ այդքան ալ յարիր ըլլալ չի թուիր Պատրիարքարանի սրտին։ Մաղթենք, այս թղթածրարը եզրափակուի բոլորի խղճին մէջ արդարանալի վճիռով մը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Փետրուար 28, 2019