Հրաժեշտ ակադեմիկոսին
Հայկական գիտական աշխարհը վերջին օրերուն ունեցաւ ծանր կորուստ մը. ոչ եւս է ակադեմիկոս Վլատիմիր Բարխուդարեան։ 90 տարեկան հասակին վախճանեցաւ ականաւոր պատմաբան Փրոֆ. Վլատիմիր Բարխուդարեան, որուն յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթավերջին։ Իր կենսագրութիւնը դժուար թէ կարելի ըլլայ ամփոփել սահմանափակ սիւնակի մը մէջ։
Վլատիմիր Բարխուդարեան 1927 թուականին ծնած էր Վրաստանի Մարնէուլի շրջանի հայկական գիւղերէն մէկուն մէջ։ Բարձրագոյն ուսումը ստացած էր Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս։ Սովետական շրջանին անփոխարինելի մասնակցութիւն մը բերած էր Հայաստանի գիտական կեանքին՝ իր ուսումնասիրութիւններով, գլխաւորած հետազօտութիւններով եւ հասցուցած ուսանողներով։ Հայաստանի անկախանալէն վերջ եւս գիտական կեանքէն ներս կ՚ընդունուէր որպէս հեղինակութիւն։ Մասնաւորապէս անկախութենէն վերջ դպրոցներու պատմութեան դասագիրքերու պատրաստութեան ուղղութեամբ մեծ գործ տեսած էր։ Հասկնալի պատճառներով անհնար դարձած էր նախկին դասագիրքերով հայոց պատմութեան դասաւանդումը։ Ուստի, իր խմբագրութեամբ լոյս տեսած էին չորս դասագիրքեր, որոնք կ՚ընդգրկէին հայ ժողովուրդի ամբողջական պատմութիւնը։ Աւելի քան չորս տասնեակ ան շատ պատասխանատու դիրքերու վրայ գտնուած էր Հայաստանի գիտական հաստատութիւններէն ներս։ Եղած էր Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ ակադեմիկոս-քարտուղարը եւ փոխ-նախագահը։ Տիրական դէմք մը եղած էր՝ իր ծաւալած գիտական-կազմակերպչական աշխոյժ գործունէութեամբ։ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ պարգեւատրուած էր ամենաբարձր շքանշաններով։
1990-ականներու կէսերուն, երբ իմ առաջին այցելութիւններս կու տայի Երեւան, մեծ երկիւղածութեամբ կ՚այցելէի երկրի գիտակրթական օճախները. Ակադեմիա, Մատենադարան, Պետական համալսարան, Ազգային գրադարան եւ այլն։ Այդ այցելութիւններուն ժամանակ ընդհանրապէս ինծի կ՚ուղեկցէր հայկական գիտական աշխարհի երախտաշատ ու անմոռանալի անուններէն մին՝ Փրոֆ. Պարոյր Մուրադեան։ Եզակի հնարաւորութիւն մըն էր իր հետ այդ այցելութիւնները, որովհետեւ նախքան տուեալ յարկէն մուտք գործելը ան խտացեալ բացատրութիւններ կու տար այդ կառոյցի նշանակութեան մասին։ Իր բացատրութիւններով պայմանաւորուած տրամադրութեամբ մուտք կը գործէի այդ յարկերէն ներս եւ ամէն անգամ պատիւը կ՚ունենայի ճանչնալու այնպիսի մարդիկ, որոնք թրծուած էին գիտութեամբ։
Նման պայմաններով ծանօթացած էի նաեւ ակադեմիկոս Վլատիմիր Բարխուդարեանին հետ։ Պարոյր Մուրադեանին հետ մեզ ընդունած էր իր աշխատասենեակին մէջ։ Ծայր աստիճան հաղորդական անձնաւորութիւն մըն էր։ Այդ ժամանակուան երիտասարդ խմբագիրէս շատ աւելի խորաթափանց տեղեակ էր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի պատմութեան ու ծաւալած գործունէութեան նշանակութեան։ Ինծի նուիրած էր երկհատոր մը՝ իր իսկ գրադարանէն։ «Այս գործը հիմա դարձած է անգտանելի։ Ես ունիմ օրինակ մը։ Քու խմբագրած թերթով՝ քեզի իրաւունք կը վիճակի զայն ունենալու գրադարանիդ մէջ», ըսած էր Վլատիմիր Բարխուդարեան՝ իր գրադարանի կանաչ կազմով երկհատորեակը յանձնելով ինծի։ Հայաստանեան բանաձեւումով՝ զգացած էի շոյուած։ Վերջին շրջաններուն Վլատիմիր Բարխուդարեանի հետ ընդհանրապէս կը հանդիպէինք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, քանի որ ան Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի աշխարհական անդամներէն մին էր։ Միշտ նոյն երկիւղով ու յարգանքով կը մօտենայի իրեն եւ ան ալ կը փոխադարձէր միշտ նոյն համակրանքով ու իրեն բնորոշ վեհութեամբ։ Դժբախտաբար Նախախնամութեան անխուսափելի տնօրինութեամբ ան յաւերժ հրաժեշտ առած է մեզմէ։ Իրեն կողմէ ինծի նուիրուած գիրքին արժէքն ու այդ նուէրին առթած պատիւը անշուշտ զգացական այս պահուն բազմապատկուած են ինքնաբերաբար։
Բի՜ւր յարգանք ակադեմիկոս Վլատիմիր Բարխուդարեանի անթառամ յիշատակին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ