Նոր հարթութիւն (1)

Նախագահ Ճօ Պայտընի յայտարարութիւնով հայկական հարցը արդէն նոր հարթութեան մը վրայ է։ Լայն արձագանգներէն, համակրանքի կամ հակակրանքի հարցերէ, բողոքներու եւ հակազդեցութիւններու սաստկութենէն բոլորովին անկախ՝ առարկայական պարագայ մըն է այս մէկը։ Սա պէտք է հաշուի առնել գործընթացի շարունակութիւնը հնարաւորինս առողջ եւ իրատեսական պատկերացնելու համար։

Սպիտակ տունէն 24 Ապրիլին հրապարակուած պատգամը գործած է ռումբի ազդեցութիւն։ Հարցին բնոյթը, շահագրգիռ կողմերու տասնամեակներէ ի վեր քարացած վերաբերմունքը եւ այլ հանգամանքներ հասկնալի կը դարձնեն այդ երեւոյթը։ Իրաւունքը, պատմութիւնը եւ գիտութեան այլ ճիւղեր տասնամեակներէ ի վեր, մեղմ խօսքով, որպէս միջոց օգտագործուած են հայկական հարցի կտրուածքով, վիթխարի բանավէճի մը պայմաններուն ներքեւ։ Բայց եւ այնպէս, ճշմարտութիւնը այն է, որ ամէն ինչ նախ եւ առաջ քաղաքական է։ Մնացեալ ամէն ինչ կը բխին անկէ եւ կամ կ՚ածանցուին անոր։

Ուրեմն, հայկական հարցի վերաբերեալ այս նոր հարթութիւնը պատկերացնելու համար առաջին հերթին պէտք է փորձել հասկնալ Ուաշինկթընի քաղաքական մղումը։ Թէ ի՞նչ քաղաքական նպատակներ հետապնդելով ամերիկեան կողմը առած է քայլ մը, որ հունէ դուրս կը բերէ հայկական հարցի վերաբերեալ՝ տասնամեակներէ ի վեր ձեւաւորուած հաւասարակշռութիւնները։

Տարբեր հարց, որ այս խնդրին մէջ ԱՄՆ երրորդ կողմ մըն է, սակայն, իր վերաբերմունքը ուղղակիօրէն կը պայմանաւորէ բուն կողմերուն՝ թրքականին եւ հայկականին կացութիւնը։ Հետեւաբար, երբ կայ նոր քայլի դիմող, նոր որոշում ընդունող, նոր վերաբերմունք ցուցաբերող կողմ մը, ապա նախ պէտք է խորաթափանց հասկնալ անոր քաղաքական մղումը։ Առկայ բոլոր հարցումներու կիզակէտին, առանցքին կը գտնուի այս հարցը, որու պատասխանը կրնայ պարփակել բազում հաւանականութիւններ։ Ուրեմն մեկնակէտը հետեւեալն է. ինչո՞ւ ԱՄՆ այսպիսի որոշում մը առաւ, այս ժամկէտով։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2021