Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապի Հայաստան կատարած այցելութեան լոյսին տակ նոր հեռանկարներ ու վարկածներ (Ա.)
Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը արդէն աւարտեց դէպի Հայաստան այցելութիւնը։ Իր կողմէ որպէս ուխտագնացութիւն բնորոշուած այդ ուղեւորութեան արձագանգները ակնյայտ է, որ տակաւին պիտի շարունակուին երկար։ Սրբազան Պապը թէ՛ հոգեւոր առաջնորդ մըն է եւ թէ՛ պետութեան ղեկավար մը։ Այդ համատեղեալ կարգավիճակը միշտ տարբեր իմաստ մը, կշիռ մը կու տայ իր յայտարարութիւններուն։ Ան կ՚անդրադառնայ միջազգային օրակարգին վրայ հրատապ քաղաքական խնդիրներուն։ Իր մօտեցումները թէեւ պետութեան մը ղեկավարի դիրքորոշումը կ՚արտայայտեն, սակայն միեւնոյն ժամանակ համաշխարհային հանրութեան խղճին ուղղեալ պատգամներ կը համարուին։
Այս տեսանկիւնէն Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին առընչութեամբ Երեւանի մէջ Սրբազան Քահանայապետին կողմէ փոխանցուած պատգամները շատ ուշագրաւ էին։ Որքան որ ալ անոնք միանշանակ չընկալուեցան ու մանաւանդ պատճառ դարձան Անգարայի հակազդեցութեան, յամենայնդէպս, հայկական հարցին վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ անկարելի է այդ բոլորը հաշուի չառնել նոր հեռանկարներու կամ վարկածներու տեսանկիւնէն։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան «Րէօյթըրզ» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնած է, որ Հռոմի Պապին դիրքորոշումը ճանապարհ պիտի բանայ՝ որպէսզի ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտները ճանչցուին այլ պետութիւններու կողմէ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, թէ Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւնը հանդուրժողականութեան եւ խաղաղութեան խորհուրդ մը պիտի բերէ ամբողջ տարածքաշրջանի համար։
Ֆրանսիսքոս Ա. Պապին կողմէ Երեւանի մէջ փոխանցուած պատգամները մակերեսային խօսքեր պիտի չըլլան։ Այդ պատգամները մօտաւոր ապագային պիտի բիւրեղանան այլ կարեւոր իրադարձութիւններու շարժառիթով։ Արդարեւ, Սրբազան Պապը շաբաթավերջին դէպի Հայաստան կատարած ուխտագնացութեան ի շարունակութիւն յառաջիկայ աշնան պիտի այցելէ նաեւ Վրաստան եւ Ատրպէյճան։ Հայաստանի մէջ իր կողմէ փոխանցուած մօտեցումները մօտալուտ այդ ուղեւորութիւններուն նախապատրաստուելու տեսանկիւնէն ունէին կարեւոր նշանակութիւն։ Յառաջիկայ ամիսներուն այդ գործընթացը պիտի հասուննայ եւ կարելիութիւն պիտի ստեղծուի, որպէսզի Պապին կողմէ փոխանցուած այս պատգամներուն ազդեցութիւնը դրուի կշիռի վրայ՝ արդիւնաւէտութեան տեսանկիւնէն։
Ընդհանրապէս, աշխարհի յառաջատար երկիրներուն ղեկավարները Հարաւային Կովկաս ուղեւորուելու ժամանակ կ՚իրականացնեն տարածքաշրջանային շրջագայութիւններ։ Այսինքն, անոնք նոյնաժամանակ կ՚այցելեն Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան։ Կը պատահի պարագաներ, երբ Վրաստանը կ՚ըլլայ միակը՝ այդ մակարդակի այցելութիւններ հիւրընկալելու տեսանկիւնէն։ Կը պատահին նաեւ պարագաներ, երբ Հայաստան կը շրջանցուի՝ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի ուժանիւթի բնագաւառէն ներս ներկայացուցած նշանակութեան բերումով։ Սրբազան Քահանայապետը շեղած է այս բոլոր նախընթացներէն։ Ան իր այցելութիւնը բնորոշած է՝ ուխտագնացութիւն դէպի առաջին քրիստոնեայ երկիր։ Իբր այդ, Պապը այս փուլին միայն Հայաստան այցելելով բաւարարուած է տարածքաշրջանի միւս երկիրները՝ Վրաստանն ու Ատրպէյճանը թողլով աշնան։ Սրբազան Քահանայապետին այս նախընտրութիւնը կը համընկնի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Արցախի ճակատին վրայ մօտաւոր անցեալին վերսկսած ռազմական լայնածաւալ գործողութիւնները խոր մտահոգութեան պատճառ դարձած են համայն աշխարհի մէջ։
Վաղը պիտի շարունակենք խորհրդածել այս նիւթին շուրջ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ