Ահաւոր կացութիւն
Պատրիարքական տեղապահի ընտրութիւնը թէեւ միայն մէկ շաբաթով յետաձգուած է, սակայն այդ պատճառով այնպիսի ահաւոր կացութիւն մը ծագած է, որ հետեւանքներու յաղթահարման համար ամիսներն ալ կրնան բաւարար չըլլալ։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի միջեւ ծագած վէճը իսկապէս աներեւակայելի համեմատութիւններու հասած է։ Առկայ պոռթկումը ազդանշան մըն է, որ ինչպիսի լարուածութիւն եւ անհանդուրժողականութիւն յառաջացած է երկու սրբազաններուն միջեւ։ Ցաւալի պարագաներէն մին ալ այն է, որ համայնքէ ներս կարգ մը տխուր շրջանակներ միշտ կը հրահրեն անոնց յարաբերութիւնները ու կը ճնշեն նախաձեռնութիւնները այն աչալուրջ եւ բանիմաց մարդոց, որոնք կը ջանան ներդաշնակութիւն եւ համերաշխութիւն ապահովել քաղաքիս երկու սրբազաններուն միջեւ։ Այս սիւնակին մէջ վաղուց ընդգծած ենք, որ պատրիարքական ընտրութեան համար թէեւ անբաւարար, սակայն անհրաժեշտ նախապայման մըն է Աթոռի երկու եպիսկոպոսներու համագործակցութիւնն ու զօրակցութիւնը։ Ուստի, մեր համայնքին տեսակէտէ ահազանգային կը համարուի, որ տեղապահի ընտրութեան ընդառաջ այսպիսի սուր բանավէճ մը ծագած է անոնց միջեւ։
Նման իրավիճակներու մէջ դիւրին է մեղադրանքներ յառաջ քշել, քննադատութիւններ ընել։ Երկուքի պարագային ալ կարելի է ընել այդ բոլորը՝ նոյնիսկ առանց համակրանքի կամ հակակրանքի հանգամանքներ հաշուի առնելու։ Բայց եւ այնպէս, կարծես, թէ այս փուլին պէտք չէ աճապարել այս ուղղութեամբ։ Այս փուլին պէտք է ըլլալ համբերատար, որպէսզի Եկեղեցականաց համագումարին ընդառաջ անոնք ունենան ինքնաքննադատութեան, ինքնավերանայման, անդրադարձի եւ ինքնասրբագրման հնարաւորութիւն մը։ Միայն անոնք համայնքի առջեւ պատասխանատուութիւն ունին գիտակցելու պարագայի մը եւ ըստ այդմ գործելու։ Տեղապահի եւ ապագայ պատրիարքական ընտրութեան ճանապարհին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան պարտաւոր են իրենց յարաբերութեան որակը փոխելու։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ