Անհաւատալի, անբացատրելի

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին ե­րէկ ապ­րե­ցաւ իր բազ­մա­դա­րեան փա­ռա­ւոր պատ­մու­թեան ե­զա­կի օ­րե­րէն մին, երբ աշ­խար­հաց­րիւ հա­յու­թիւ­նը հեր­թա­կան ան­գամ ա­ռաջ­նոր­դեց հո­գե­ւոր միաս­նա­կա­նու­թեան։ Հա­յոց մա՛յր ե­կե­ղե­ցին թէեւ հիմ­նա­կան գրա­ւա­կանն է այդ միաս­նա­կա­նու­թեան, նաեւ ե­րաշ­խա­ւո­րը, սա­կայն ե­րէ­կուան հանգ­րուա­նը իս­կա­պէս գա­գաթ­նա­յին էր եւ ան­նա­խըն­թաց՝ իր ապ­րուած մթնո­լոր­տի իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րով հան­դերձ։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը ու­րոյն ապ­րում­նե­րու, անն­կա­րագ­րե­լի զգա­ցում­նե­րու օր­րա­նի մը վե­րա­ծուած ըլ­լար կար­ծես։ Ե­րէ­կուան Վա­րա­գայ Սուրբ Խա­չի տօ­նին զու­գա­դի­պած Միւ­ռո­նօրհ­նու­թիւ­նը հա­մայն հա­յու­թեան հա­յեաց­քը կեդ­րո­նա­ցուց Սուրբ Էջ­միած­նի վրայ։ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ զա­ւակ­նե­րը մագ­նի­սա­ցած ու­շադ­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի օրհ­նու­թեան հո­գե­պա­րար ու խո­րա­խոր­հուրդ ա­րա­րո­ղու­թեան։ Մայր Տա­ճա­րի զան­գե­րուն յաղ­թա­կան ղօ­ղան­ջը ար­ձա­գանգ գտաւ ողջ հա­յու­թեան հո­գի­նե­րուն մէջ։

Հե­ռա­կայ դրու­թեամբ հե­տե­ւած­նե­րուն տե­սան­կիւ­նէն ան­հա­ւա­տա­լի, ան­բա­ցատ­րե­լի մթնո­լորտ մը ստեղ­ծուե­ցաւ ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ։ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ լու­սա­բե­ւեռ, ընդ­հան­րա­կան կեդ­րո­նը տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թիւ­նով հա­մա­կուած էր՝ 2015 թուա­կա­նի պար­փա­կած խոր­հուրդ­նե­րուն ալ բիւ­րե­ղա­ցու­մով։ Մայ­րա­վան­քի տա­րած­քը հան­դի­սա­ցաւ ժա­մադ­րա­վայ­րը՝ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն հա­մախմ­բուած հա­ւա­տա­ցեալ հա­յե­րու, ո­րոնք գիր­կընդ­խառ­նուե­ցան նաեւ ի­րենց հայ­րե­նաբ­նակ հա­րա­զատ­նե­րուն հետ։ Այդ մեծ ժա­մադ­րու­թեան, հո­գե­ւոր այդ մեծ գա­գա­թին շա­ղա­խը, ան­շուշտ եւ ան­տա­րա­կոյս, Սուրբ Էջ­միած­նի ձգո­ղա­կա­նու­թիւնն էր։ Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան օ­րով պար­զուած պատ­կա­ռե­լի պատ­կե­րը, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, ե­կաւ կրկին վե­րա­հաս­տա­տել, թէ ո՛ւր է հա­յու­թեան հո­գե­ւոր միաս­նա­կա­նու­թեան հաս­ցէն, ո՛րն է հայ ժո­ղո­վուր­դի հայ­րե­րու լոյս հա­ւատ­քին վէ­մը եւ ի վեր­ջոյ ան ո՛ւր կը տես­նէ այդ հա­ւա­տը ար­թուն ու վե­րա­նո­րոգ պա­հե­լու ա­ռանց­քը։ Մայր Ա­թո­ռի նկատ­մամբ հա­ւա­տար­մու­թեան իւ­րա­քան­չիւր դրսե­ւո­րում, Սուրբ Էջ­միած­նի նկատ­մամբ սի­րոյ ա­մէն մէկ ար­տա­յայ­տու­թիւն կու գան վե­րա­ծուիլ հա­յոց հա­ւա­տի կեն­դա­նու­թեան, ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի կեն­սու­նա­կու­թեան ան­հեր­քե­լի ա­պա­ցոյց­նե­րը։

Ե­րէկ եւս ե­ղաւ այդ­պէս։ Նուի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րու տա­րափ մը, սրբու­թիւն­նե­րու տո­ղանցք մը ապ­րուե­ցաւ՝ ա­ռանց չա­փա­զան­ցու­թեան։ Ան­ցեա­լի եւ ա­պա­գա­յի խաչ­մե­րու­կին, հա­յոց մե­րօ­րեայ սե­րունդ­նե­րը վե­րա­ցան պահ մը։ Կար­ծես ան­ցած ըլ­լա­յին ցնցիչ ե­րա­զի մը ընդ­մէ­ջէն եւ ար­դիւն­քին ար­դէն կը զգա­յին վե­րա­լից­քա­ւո­րուած ու տո­գո­րուած Մա՛յր ե­կե­ղեց­ւոյ ն­­կատ­մամբ հպար­տու­թեամբ։ Ա­նոնք զգա­ցին նաեւ, թէ ի­րենք ալ հպարտ զա­ւակ­ներն են մեր Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ, ո­րու միւ­ռո­նով օ­ծուած է ի­րենց ճա­կա­տը եւ ա­նոր ար­ժէք­նե­րը կը լու­սա­ւո­րէ ի­րենց կեան­քի ճա­նա­պար­հը՝ պար­գե­ւե­լով բա­րո­յա­կան ուժ, լա­ւա­տես հո­րի­զոն­ներ, ա­րար­ման կո­րով ու դի­մադ­րու­թեան կամք։

Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան վե­հա­խոր­հուրդ ու փա­ռա­շուք ա­րա­րո­ղու­թեան ծո­վա­ծա­ւալ մաս­նա­կից­նե­րը եւ մի­լիո­նա­ւոր հե­տե­ւորդ­նե­րը հո­գե­ւոր բազ­մա­պատկուած հրճուանք մը ու­նե­ցան՝ հեր­թա­կան ան­գամ զգա­լով հո­վա­նին ու խնամ­քը ի­րենց շնոր­հա­զարդ ընդ­հան­րա­կան հայ­րա­պե­տին՝ Նո­րին Սուրբ Օ­ծու­թիւն Տէր Տէր Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց Սրբազ­նա­գոյն Վե­հա­փառ Կա­թո­ղի­կո­սին, ո­րու բարձր նա­խա­գա­հու­թեամբ օծուե­ցաւ «սուրբ իւ­ղը»: Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը դէմ­քի ան­պա­կաս ու ան­կեղծ ժպի­տով, բո­լո­րին ան­մի­ջա­կա­նու­թիւն առ­թե­լով օ­ծեց Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նը՝ որ­պէս գլու­խը Հա­յոց Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ որ­պէս գա­հա­կա­լը ա­նոր ա­ռա­քե­լա­հաս­տատ Մայր Ա­թո­ռին։ Իր պատ­գա­մը, բա­ռին բուն ի­մաս­տով, պայ­ծառ տե­սիլ­քին դի­պուկ բա­նա­ձե­ւում­նե­րով հիւ­սուած էր։ Իբ­րեւ մեր ժա­մա­նակ­նե­րուն մեծ, նաեւ հա­մեստ հրա­շա­գոր­ծը՝ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը աշ­խար­հաց­րիւ հօ­տին յղեց յոր­դոր­ներ, ո­րոնք հո­գե­ւոր հար­թու­թեան վրայ զար­թօնք մը ա­պա­հո­վե­լու բա­նա­լի­նե­րը կը բո­վան­դա­կէին միան­շա­նակ։ Նա­յի­րեան երկն­քին ներ­քեւ, Հայ­րա­պե­տին խօս­քը հնչեց վիթ­խա­րի կա­խար­դան­քով՝ հա­յոց աշ­խար­հի սէգ լեռ­նե­րուն մէ­ջէն բարձ­րա­նա­լով որ­պէս կանչ նախ­նեաց ու ա­պա­գա­յի ճա­նա­պար­հին գոր­ծե­լով խոր տպա­ւո­րու­թիւն։ Ե­րէ­կուան Միւ­ռո­նօրհ­նու­թիւ­նը, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, իր առ­թած պատ­կա­ռան­քով՝ կա­րե­լի է թուար­կալ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի գա­հա­կա­լու­թեան ա­ւե­լի քան տաս­նհինգ տա­րի­նե­րու ան­թիւ-ան­հա­մար ձեռք­բե­րում­նե­րու շօ­շա­փե­լի ար­գա­սիք­նե­րէն մին։ Իր գա­հա­կա­լու­թեան շրջա­նին եր­րորդ ան­գամ օ­ծե­լով Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նը՝ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը այս մէ­կը կո­չեց «Յաղ­թու­թեան միւ­ռոն»:  Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նը հայ մար­դու բա­րո­յա­կան հզօ­րու­թեան աղ­բիւրն է, լա­ւա­տես հո­րի­զոն­նե­րուն խթա­նը, ա­րար­ման մղիչ ու­ժը, կեան­քի փոր­ձու­թիւն­նե­րուն դի­մադ­րե­լու մի­ջո­ցը։ Հայ մար­դը յաղ­թու­թեան ո­լո­րապ­տոյտ ճա­նա­պարհ­նե­րու փոր­ձու­թիւն­նե­րէն զերծ մնա­լու, ա­նոր հա­զար ու մէկ հա­նե­լուկ­նե­րը լու­ծե­լու նա­խադ­րեա­լը կը նկա­տէ Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի հեղ­ման մէջ։

Յաղ­թու­թեան սրբա­լոյս միւ­ռո­նը թող բա­րե­բեր ըլ­լայ հա­մայն հա­յու­թեան հա­մա­ր։

​ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2015