Կարեւոր նօթեր՝ VADİP-ի վերջին ժողովէն

Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) 2015-2016 շրջա­նի ա­ռա­ջին ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին կարգ մը հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­ներ փո­խան­ցե­ցին ի­րենց հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ շարք մը կա­րե­ւոր տե­ղե­կու­թիւն­ներ։ Ժո­ղո­վին վե­րա­բե­րեալ ե­րէ­կուան ման­րա­մասն հա­ղոր­դում­նե­րէն վերջ այ­սօր կ՚անդ­րա­դառ­նանք նաեւ հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րուն կող­մէ փո­խան­ցուած այդ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն։

- Կղզեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Լե­ւոն Շա­տեան VADİP-ի նիս­տին ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձաւ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ Գնա­լը կղզիի կարգ մը կա­լուած­նե­րու վե­րա­բե­րեալ կար­գադ­րու­թիւն­նե­րուն։ Ան ը­սաւ, թէ ան­ցեալ շրջա­նին հնա­րա­ւոր ե­ղած է խնդրա­յա­րոյց կարգ մը վար­ձա­կալ­նե­րու հետ վերջ­նա­կա­նօ­րէն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը խզել։ Ա­նոնց կող­մէ ա­զա­տուած կա­լուած­նե­րը վար­ձու տրուած են հրա­պա­րա­կի այժ­մու պայ­ման­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան ձե­ւով։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ կղզիի վրայ տա­րի­նե­րէ ի վեր հա­ւա­նա­կան կը հա­մա­րուի շի­նա­րա­րու­թեան ա­զատ տա­րածք­նե­րու թոյլ­տուու­թեան սահ­մա­նու­մը, թա­ղա­յին խոր­հուրդն ալ հա­շուի ա­ռած է այդ հե­ռան­կա­րը։ Ուս­տի, վար­ձա­կա­լա­կան բո­լոր պայ­մա­նագ­րե­րը այն­պէս մը կնքուած են, որ այժ­մու վար­ձա­կալ­նե­րը հա­ւա­նա­կան շի­նա­րա­րու­թեան մը պա­րա­գա­յին ի­րենց զբա­ղե­ցու­ցած կա­լուա­ծը պի­տի ա­զա­տեն, ա­ռանց ո­րե­ւէ պա­հան­ջի։ Ըստ Լե­ւոն Շա­տեա­նի, թա­ղա­յին խոր­հուր­դը այժմ հե­տա­մուտ է ա­ռանց ծախ­սի, ա­ռանց ներդ­րում­ներ ը­նե­լու՝ կա­լուած­նե­րը ար­ժե­ւո­րե­լու ռազ­մա­վա­րու­թեան։ Ի լրումն այս բո­լո­րին՝ Լե­ւոն Շա­տեան ընդգ­ծեց, թէ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը կը պատ­րաս­տուի իր տնօ­րի­նած կա­լուած­նե­րու ցու­ցակն ու ա­նոնց հա­սոյ­թը հրա­պա­րա­կել։

- Կէ­տիկ­փա­շա­յի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Յա­րու­թիւն Շան­լըն եւս փո­խան­ցեց կա­րե­ւոր տե­ղե­կու­թիւն մը։ Ար­դա­րեւ, եր­կար տաս­նա­մեակ­նե­րէ վերջ ա­պա­սե­փա­կա­նա­ցուած ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լուա­ծի մը խնդի­րը հե­տապն­դած է թա­ղա­յին խոր­հուր­դը։ Ար­դիւն­քին աշ­խա­տան­քը այն­պի­սի հա­սու­նու­թեան մա­կար­դա­կի մը հա­սած է, որ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը գոր­ծի լծուած է ար­դէն հա­տու­ցու­մը ստա­նա­լու հա­մար, ինչ որ պի­տի կազ­մէ լուրջ գու­մար մը։ Յա­րու­թիւն Շան­լը այս դրա­կան տե­ղե­կու­թիւ­նը փո­խան­ցեց՝ ա­ւելց­նե­լով, որ ըստ պատ­կան օ­րէնսդ­րու­թեան, ա­պա­գա­յին ե­թէ այդ տա­րած­քին վրայ շի­նա­րա­րու­թիւն մը կա­տա­րուի, ա­պա հա­ւա­նա­կան պի­տի ըլ­լայ դար­ձեալ ի­րենց տե­սան­կիւ­նէն ո­րոշ ի­րա­ւունք­նե­րու ծա­գի­լը։

- Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տէ­միր տե­ղե­կա­ցուց, թէ Տա­տեան վար­ժա­րա­նի նո­րա­կա­ռոյց հա­մա­լի­րը յա­ռա­ջի­կայ Նո­յեմ­բե­րի 21-ին պի­տի ծա­նօ­թա­ցուի հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն։ Ան ը­սաւ, թէ ան­ցեալ վե­րա­մու­տին Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը «ներ­քին» բա­ցում մը ը­րած էր դպրո­ցի նոր շէն­քին հա­մար։ Իսկ ներ­կա­յիս թա­ղա­յին խոր­հուր­դը այս լուրջ ձեռք­բե­րու­մին ու­րա­խու­թիւ­նը կ՚ու­զէ բաժ­նել նաեւ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն հետ՝ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ մե­ծա­րե­լով այն բա­րե­րար­նե­րը, ո­րոնք այս ծրագ­րին հա­մար բե­րած են ի­րենց նպաս­տը։

VADİP-ի ժո­ղո­վի ա­ւար­տին, դի­ւա­նի ա­տե­նադ­պիր Յա­րու­թիւն Շան­լըի ա­ռա­ջար­կով ո­րո­շուե­ցաւ հեր­թա­կան ան­գամ շփման մէջ անց­նիլ Պէ­յօղ­լուի Ս. Ե­կե­ղե­ցեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դին հետ։ Յա­րու­թիւն Շան­լը յայտ­նեց, որ որ­քան որ ալ VADİP-ի աշ­խա­տանք­նե­րէն շատ եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր հե­ռու մնա­ցած ըլ­լայ՝ Պէ­յօղ­լուի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը կը տնօ­րի­նէ ե­կե­ղե­ցի­ներ, ո­րոնք խոր­քին մէջ կը պատ­կա­նին մեր ամ­բողջ հա­մայն­քին։ Ուս­տի, ան օգ­տա­կար հա­մա­րեց հեր­թա­կան ան­գամ փու­թալ Պէ­յօղ­լուի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի այ­ցե­լու­թեան, երբ հա­մայն­քը կը դի­մագ­րա­ւէ լուրջ մար­տահ­րա­ւէր­ներ։ Յոյ­սը միշտ այն է, որ Պէ­յօղ­լուի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը կրնայ վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կել իր այժ­մու դիր­քո­րո­շու­մը՝ որ­պէս­զի իր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն բա­ժին դուրս բե­րէ նաեւ հա­մայն­քի կա­րի­քա­ւոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն հա­մար։

- VADİP-ի մօտ խմո­րում­ներ կան Հա­մա­կարգ­ման խոր­հուր­դը մա­սամբ կամ ամ­բող­ջու­թեամբ փո­փո­խու­թեան են­թար­կե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու այս կա­պակ­ցու­թեամբ յայտ­նեց, թէ ա­ւե­լի յար­մար կրնայ ըլ­լալ Հա­մա­կարգ­ման խոր­հուր­դին կազ­մը փո­փո­խու­թեան են­թար­կել մեր մա­տա­կա­րար մար­մին­նե­րու յե­տաձ­գեալ կամ առ­կա­խուած ընտ­րու­թիւն­նե­րէն վերջ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2015