ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐԻՆ ԱՌՋԵՒ
Պատրիարքական ընտրութեան հարցը անշրջադարձելիօրէն համայնքի օրակարգին վրայ է։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի Եկեղեցականաց համագումար ժողովէն վերջ այսօր արդէն նոր զեկոյց մըն ալ լոյս տեսած է մեր մամուլին մէջ։ Վերջին շուրջ ութ տարուան ժամանակաշրջանին կ՚երեւի առաջին անգամն է, որ երկու օր վրայ վրայի Պատրիարքարանի աղբիւրները ընտրութեան հարցին վերաբերեալ զեկոյցով մը հանդէս կու գան։ Սա ակամայ կը ստեղծէ այն տպաւորութիւնը, թէ Պատրիարքարանին տեսակէտէ այս գործընթացը այլեւս անշրջադարձելի է։ Պատրիարքական Աթոռը յստակօրէն արտայայտած է իր կամքը նո՛ր, ազգընտիր գահակալ մը ընտրելու համար։ Ճիշդ է, որ ութ տարուան սպասման ժամանակաշրջանը վաղուց յորդեցուցած է բոլորի համբերութեան բաժակը, սակայն այսօր ալ կայ հանգամանք մը, որ կը մնայ անփոփոխ։ Պատրիարքարանը որոշած է երթալ ընտրութեան, սակայն, ըստ երեւոյթին, գործընթացին շարունակութիւնն ալ պիտի պահանջէ որոշ չափով համբերատարութիւն։ Եկեղեցական համագումարի դիւանին կողմէ այսօր հրապարակուած կոչը միասնականութեան կը հրաւիրէ մեր ամբողջ համայնքը։ Սա շատ կարեւոր պարագայ մըն է, անհրաժեշտ նախադրեալ մը այս գործընթացը առողջ հունի մը մէջ տեւականացնելու տեսանկիւնէն։ Համայնքի բոլոր տարրերը պէտք է համոզուած ըլլան, որ ընդհանուր ներդաշնակութիւնը հիմնական գրաւականն է առկայ մաշեցուցիչ անցումային շրջանը վերջնականօրէն յաղթահարելու համար։
Համայնքէն ներս միասնականութեան վերականգնման ճանապարհներէն մին է այս նիւթին վերաբերեալ անցեալի վէճերուն մէկ կողմ թողուիլը։ Եկեղեցականաց համագումարը յստակօրէն դիտարկած է մեր համայնքին ու Պատրիարքական Աթոռին բո՛ւն, առարկայական կարիքները եւ զգացական գործօնները բացառելով որոշած է ձեռնարկել նո՛ր, ազգընտիր պատրիարքի մը ընտրութեան։ Հետեւաբար, մօտաւոր անցեալին խնդրոյ առարկայ դարձած միջանկեալ բոլոր վարկածներուն թղթածրարը այսօր այլեւս պէտք է փակել ու պէտք է յստակօրէն կեդրոնանալ յառաջիկայ վիթխարի աշխատանքին վրայ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ