Ի՞նչ կ՚ըլլայ Սամաթիոյ մէջ…
Պոլսահայութեան պատմական թաղերէն Սամաթիոյ պարագային միջոցէ մը ի վեր պղտոր պատկեր մը կայ յաչս հանրային կարծիքին։ Համայնքը հակասութիւններու ականատես կ՚ըլլայ, անհասկնալի իրադարձութիւններու բերումով։
Շաբաթավերջին Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի բաժնի հիմնադրութեան 50-ամեակը նշուեցաւ յոբելենական պաշտօնական ընթրիքով մը։ Այս հաւաքոյթը առիթ հանդիսացաւ Սամաթիոյ առկայ կացութեան վերստին օրակարգի վրայ գալուն։
Ըստ ընկալեալ սովորութեան, այս եղանակի առաջին սիրոյ սեղանը սարքուեցաւ Սամաթիոյ մէջ։ Հաւաքոյթի աւարտին յայտարարուեցաւ, որ պիւտճէի բացը հաւասարակշռուած էր։ Կարճ ժամանակ անց, VADİP-ի ժողովին ընթացքին յայտնի դարձաւ, որ իրականութեան մէջ պիւտճէն չէր հաւասարակշռուած։ Ժողովին մասնակից Սամաթիոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչն ալ հաստատեց այդ պարագան։ Երբ հետաքրքրուեցանք մանրամասնութիւններով՝ ան մեզի դիտել տուաւ, որ այս երեւոյթը մեծապէս անհանգստութեան պատճառ դարձած է։ Արդարեւ, պիւտճէի հաւասարակշռման վերաբերեալ անհիմն յայտարարութիւնը կատարուած էր թաղային խորհուրդի կամքէն անկախ։ Ան թէեւ ընդունեց, որ համոզիչ, հեշտ արդարացնելի վիճակ մը խնդրոյ առարկայ չէր։ Բաւականին նեղ կացութեան մատնուած, նոյնիսկ ամօթով մնացած կը զգար մեր զրուցակիցը, որ մեզմէ խնդրեց անպայման յստակօրէն արձագանգ հանդիսանալ այս հարցին։ Իր փափաքն էր՝ կանխել թիւր տպաւորութիւնները հանրային կարծիքին մօտ, որպէսզի ակամայ չմատնուին համայնքը խաբողի վիճակին։ Իր խօսքերով, թաղային խորհուրդը յաւելեալ նիւթական որոնումներու պիտի ձեռնարկէր եւ պիւտճէի հաւասարակշռուած ըլլալու վերաբերեալ պնդումները կրնային պատճառ դառնալ իրենց ձախողման։ Մենք այդ բոլորին մասին գրեցինք, VADİP-ի ժողովականներն ալ խօսեցան։ Սամաթիոյ թաղային խորհուրդը հարկ չնկատեց որեւէ ձեւով հանրային կարծիքը լուսաբանել պաշտօնապէս։ Կարծես մութ կամ անտեսանելի ուժեր կը միջամտէին թաղային գործերուն։
Ուրեմն կարգը եկաւ շաբաթավերջի 50-ամեակի պաշտօնական ճաշին։ Սա սիրոյ սեղանէն վերջ մնացած պիւտճէի բացը հաւասարակշռելու հիմնական ծրագրերէն մին էր։ Երէկ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Պաքըրգիւղի սիրոյ սեղանի աւարտին անդրադարձաւ նաեւ Սամաթիոյ խնդիրներուն։ Ան տեղեկացուց, որ յոբելենական ճաշկերոյթի հասոյթն ալ բաւարար չէր եղած Սամաթիոյ պիւտճէի բացը հաւասարակշռելու համար։ Ուշագրաւ էր նաեւ, որ խօսքի նոյն բաժնին մէջ Նորին Սրբազնութիւնը թեթեւակի ակնարկեց ուռճացուած պիւտճէներու հարցին։ Չենք կրնար յստակ պնդել, որ խօսքը ուղղակիօրէն Սամաթիոյ մասին էր։
Այս բոլորի լոյսին տակ երէկ շօշափեցինք նաեւ կարծիքը՝ Սամաթիոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիրի, որ իր փխրուն առողջութիւնով հանդերձ, մեծ զոհողութեամբ յառաջ կը տանի ծառայութիւնը։ Հանելուկը քիչ մը պարզացաւ։ Ան անկեղծօրէն մեզի յայտնեց, որ Սամաթիոյ մէջ կարգադրութիւնները սկսած են առաւել չափով կատարուիլ թաղի պատուոյ ատենապետի եւ իրեն ենթակայ դէմքերուն կողմէ։ Հետեւաբար, ատենապետը ցաւով մատնանշեց, որ թաղին ղեկը, հակակշիռը գործնականօրէն դուրս եկած են՝ թաղային խորհուրդի վերահսկողութենէն։ Տեմիր աւելցուց, որ առանց ցնցում մը ստեղծելու պիտի ջանան միջամտել այս կացութեան յառաջիկայ շրջանին։ Այդ անկեղծութիւնը շատ կարեւոր է, սակայն, ըստ երեւոյթին, թաղային խորհուրդն ալ ունի բացթողումներ։
Ծանօթ է, որ Սամաթիոյ պատուոյ ատենապետն է համայնքային շրջանակներուն յայտնի ու համակրելի անուն մը՝ Մելքոն Քարաքէօսէ։ Ճիշդ է, որ ան տասնամեակներ շարունակ ծառայած է այդ պատմական թաղին, իր անունը նոյնացած է Սամաթիոյ հետ։ Այսօր ստեղծուած մշուշոտ համայնապատկերին վրայ իր անունին յայտնուիլը իսկապէս զարմանք կը պատճառէ բոլորին։ Անշուշտ, անհաւատալի է, որ Մելքոն Քարաքէօսէի նման միասնականութեան, համախմբման խորհրդանիշ դարձած անուն մը երկգլխանի վիճակի մը ծնունդ տայ Սամաթիոյ մէջ։ Համայնքի յիշողութեան մէջ թարմ է, որ Սամաթիոյ նախկին ատենապետն ալ ունեցած էր ներքին ներդաշնակութեան հարցեր։ Ըստ երեւոյթին, այս հարցերը կը խորանան։
Պատուոյ տիտղոսները կը վերապահուին վսեմ կերպարներու։ Մելքոն Քարաքէօսէ այդպիսի կերպար մըն է անտարակոյս։ Սակայն, պատուոյ տիտղոսներ վերապահուած անձերը չեն կրնար ամենայն աշխուժութեամբ յառաջ երթալ ու շարունակել գործնական աշխատանքը նոյն թափով։ Տրամաբանականօրէն, պատուոյ տիտղոսը վարձատրութիւնն է աւարտած առաքելութեան մը, այլ ո՛չ թէ շարունակուող։ Իրենց վիճակած դերն է՝ առաւել չափով զօրակցիլ տուեալ հաստատութեան օրուան ղեկավարութեան։ Պատուոյ տիտղոսները, նաեւ, չեն կրնար ծառայեցուիլ վարագոյրին ետեւէն առնուած ինքնակամ, քմահաճ քայլերը արդարացնելու կամ յարդին տակէն ջուր քալեցնելու փորձերը թաքցնելու համար։ Այլապէս, հակառակ տպաւորութիւնները կրնան ակամայ վնասել տիտղոսակրին մարմնաւորած կերպարը։ Պարզ օրինակ մը յատուկ իր պարագային. Մելքոն Քարաքէօսէ յոբելենական երեկոյթի գլխաւոր կազմակերպիչի դերին մէջ էր։ Մինչդեռ, որպէս պատուոյ ատենապետ՝ ան պէտք է ըլլար գլխաւոր մեծարեալներէն մին, նստելով պատուոյ սեղանին շուրջ։ Այս երեւոյթը կու գայ հաստատել Եսայի Տեմիրի ակնարկած հարցը։
Մելքոն Քարաքէօսէ դժուար թէ այլընտրանքային առանցք մը ստեղծելու հետամուտ ըլլայ Սամաթիոյ մէջ։ Ենթադրաբար, իր զգացական կապերը զինքը առաջնորդած են առկայ վիճակին։ Պատմական այս թաղը ազդեցութեան պայքարներու դաշտ մը չէ բնականաբար։ Հետեւաբար, լաւ կ՚ըլլայ՝ եթէ ինքն ալ հանդէս գայ լուսաբանութիւնով մը։ Համայնքի ներկայ դժուար շրջանին նպաստաւոր չէ Մելքոն Քարաքէօսէի նման անունի մը մաշիլը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ