Միսաք Գօչունեանի աւանդը ժամանակներու մէջ կը նուիրագործուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի օրհնութեամբ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան 110-ամեակի ներկայ յոբելենական շրջանին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ կատարուած նախաձեռնութիւնը բացառիկ նշանակութիւն ունի բոլոր առումներով։ Աւելի քան դարէ մը ի վեր այս թերթը կը գոյատեւէ՝ ժամանակներու մէջ կերպարանափոխուելով, սակայն հաւատարիմ մնալով նաեւ իր հիմնադիրներու ուղիին, սկզբունքներուն։ Անոնց կողմէ այս թերթի հիմքերուն դրուած սկզբունքները նուիրագործուած են տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ։ Աւելի քան դարէ մը ի վեր, ո՛վ որ անցած է այս թերթին գլուխը, ո՛վ որ ականատես եղած է անոր երթին, կը կրէ զգացում մը։ Թէ ի՞նչ. զգացումը այն է, որ այս թերթի երթը կը վերահսկեն իր հիմնադիրները՝ պատմութեան սեփականութիւնը դարձած իրենց կերպարով։ Ըստ էութեան, այդ զգացումով կը պայմանաւորուի նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընկալումը՝ որպէս ընտանեկան թերթ։ Հիմնադիրներու թողած ժառանգութեան, անոնց աւանդին նկատմամբ գուրգուրանքը, հաւատարմութիւնը։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի պարագային շատ յաճախ կը դիտարկուի արենակցական կապով։ Ճի՛շդ է, թերթը շարունակողները անմիջական յաջորդները, շառաւիղները կը հանդիսանան հիմնադիրներուն, սակայն այդ հանգամանքը միայն արենակցական կապով բացատրելը պիտի ըլլար մակերեսային։ Խորքին մէջ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիրներու գծած ուղին նախանշուած է շատ ճկուն ձեւով։ Անոնք այս թերթին համար չեն սահմանած ինքնանպատակ սկզբունքներ։ Անոնք այս թերթին համար չեն ուրուագծած կուռքեր։ Պայծառ մտքով, ազատ խղճով ու բաց հորիզոններով մարդիկ եղած էին այս թերթի հիմնադիրները, որոնց մտասեւեռումի առանցքը կազմած էին կոչումն ու առաքելութիւնը։ Ա՛յդ է, որ փոխանցուած է սերունդէ սերունդ, ա՛յդ է, որ կենսունակ պահուած է աւելի քան դար մը անխափան եւ ա՛յդ է այս թերթի ճկունութեան եւ երկարակեացութեան գրաւականը։
Հայ գրին ու դպրութեան ծառայելու, հայ ընթերցողին համար արտադրելու գործը դարեր շարունակ եղած է վճռակամութեան ու հաւատի գործ մը՝ Մեսրոպեան բանակի ուխտեալներուն տեսակէտէ։ Եւ այդ հաւատի ակունքն է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին։ Հայոց սուրբ, մա՛յր եկեղեցին, մեր մարտիրոս եկեղեցին, որու օրհնութիւնը շուրջ երկու հազար տարիէ ի վեր ուղղութիւն կու տայ իր հարազատ ժողովուրդին ու կը բնորոշէ անոր արժեհամակարգը։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիրներն ալ այդ արժեհամակարգին դաւանած, անոր հաւատացած ու անով ներշնչուած երկու եղբայրներ էին։ Այդ արժէքներու տեսիլքով դրին իրենց գործին հիմքը եւ այդ արժէքներուն նկատմամբ հաւատարմութիւնը, նախանձախնդրութիւնը, Հայ Եկեղեցւոյ զաւակ ըլլալու անշեղ գիտակցութիւնը տասնամեակներու ընցացքին նուիրագործեցին անոնց հիմնած թերթի երթը։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիրներէն Միսաք Գօչունեան (Քասիմ) մեր հայրերու հաւատի լոյսը կը կրէր իր սրտին մէջ։ Իր բազմակողմանի մտաւորական գործունէութեան մէջ կայ ուրոյն, առանցքային երեսակ մը, որու նշանակութիւնը կը բիւրեղանայ տակաւ։ Ան էր, որ առաջին անգամ գրաբար բնագիրէն աշխարհաբարի վերածած էր Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագիրք-երկը։ Ան այդ թարգմանութիւնը ձօնած էր իր ծնողաց՝ աղա Մարտիրոս Գօչունեանին եւ Մարիամ Գօչունեանին։ Իր այդ քայլին կարեւորութիւնը սահմանափակ չէ միայն Քասիմի կենսագրութիւնով, այլեւ հայ մտքին, հայ դպրութեան տեսակէտէ վիթխարի նպաստ մըն է։ Սա կարեւոր է նաեւ համամարդկային ժառանգութեան տեսակէտէ։ Նարեկի ստեղծագործումէն դարեր անց եւ Քասիմի կողմէ առաջին անգամ աշխարհաբարի վերածուելէն աւելի քան դար մը անց, այդ անկրկնելի աղօթագիրք-երկի հեղինակը՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ կողմէ քանի մը տարի առաջ հռչակուեցաւ «տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ»։ Այդպէսով Քասիմի նախաձեռնութիւնն ալ երանգաւորուեցաւ, նաեւ բիւրեղացաւ անոր հեռահար տեսիլքը։
Եւ այսօր, Քասիմի հիմնած թերթը, անոր աշխարհաբարի վերածած Նարեկին միջոցաւ կ՚արժանանայ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ օրհնութեան։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 110-ամեակի յոբելենական շրջանին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը վերահրատարակած է Քասիմի կողմէ առաջին անգամ աշխարհաբարի վերածուած Նարեկը։ Սա անբացատրելի իմաստ մը ունի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին համար։ Սա բիւր օրհնութիւն է այս թերթին համար։ Ու սա հերթական անգամ կը նուիրագործէ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի առաքելութիւնը, երթը եւ գոյութիւնը։ Եւ իր հիմնադիրներու նախանշած ճանապարհին վրայ այդ օրհնութիւնը կը մնայ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սրտի տրոփի անփոխարինելի ապաւէնը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ