Զօրակցութեան խօսք՝ Թաթուլ հայր սուրբին
Գերապատիւ եւ սիրեցեալ Թաթուլ հայր սուրբ,
Ձեր հիւանդութեան լուրերը համատարած տխրութիւն եւ ցաւ ստեղծեցին համայնքէն ներս. կարծես, առանց այդ ալ պակաս ըլլային պատճառները։ Այսպիսի վիճակներու մէջ համայնքը կը վերածուի մեծ ու միասնական ընտանիքի մը, որմէ հասած պատուական զաւակներուն շարքին կը գտնուիք։ Դուք մեր հոգեւորականաց դասու վառ ներկայացուցիչներէն մին էք, մեր Պատրիարքական Աթոռի վարչական համակարգի հիմնական տարրերէն մին՝ եթէ ոչ անփոխարինելի։ Այս բոլոր հանգամանքները այս փուլին կը վերածուին գործօններու, որոնք ձեզի ու ձեր պարագային նկատմամբ հետաքրքրութիւնը կը բազմապատկեն, անխուսափելի ինչ-ինչ յարակից խօսակցութիւններով հանդերձ։ Մինչդեռ, հասկնալի է, որ այժմ դուք խաղաղութեան եւ անդորրութեան պէտք ունիք մարդկայնօրէն ու տրամաբանականօրէն։
Յաճախ մենք՝ հաւատացեալներս կ՚ապաւինինք ձեր աղօթքներուն նեղ պահերու, յուսահատութեան փակուղիներու, անզօրութեան անելներու մէջ։ Նախախնամութիւնը այնպէս մը տնօրինած է, որ հիմա որոշ ժամանակի մը համար պէտք է այդ դերերը փոխե՞նք։ Այժմ, որոշ ժամանակ մենք պէտք է աղօթենք ձեզի համար։ Մեր մաղթանքը պէտք է վերառաքենք Բարձրեալին, որպէսզի վերագտնէք ձեր առողջութիւնը, բուժուիք Աստուծոյ կամքով եւ այդ դարմանումէ վերջ շարունակէք աւելի ինքնավստահ, փորձառու եւ հասուն ձեր երկրաւոր կեանքի երթը։ Պատրիարքական Աթոռի կոչը ձեզի համար համապատասխան պարտականութեան կը կոչէ մեր համայնքի իւրաքանչիւր հաւատացեալը։ Մի կասկածիք՝ բոլորը լիուլի կը գիտակցին այդ հրատապ պարտականութեան նուիրականութեան ու զայն կը կատարեն՝ որպէս միահամուռ ընտանիքի մը անդամը։
Պատրիարք սրբազանին հետ անցեալները ձեր ականջը խօսեցուցինք։ Թէ՛ հայրաբար եւ թէ եղբայրաբար իր ուշադրութեան կիզակէտին կը պահէ ձեր վիճակը, ամենայն մանրամասնութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ։ «Հիմա եթէ ձգես, վազելով Պատրիարքարան գալու պատրաստ է հայր սուրբը, բայց, անշուշտ չենք արտօներ», հայեացքի փայլով ձեր մասին վկայութիւն կը բերէր Նորին Ամենապատուութիւնը։ Եւ մենք այսօր կ՚ուզենք այդ՝ այնքան կարեւոր վկայութեան, տպաւորութեան ի շարունակութիւն դիմել ձեզի։
Հայր սուրբ, այդ եռանդով ջանացէք դիմակայել հիւանդութեան։ Այդ կորովը այս ծանր ու դժուար շրջանին պէտք է դարձնէք ձեր հիմնական յենարանը։ Սեփական տոկունութիւնը պիտի ըլլայ ձեր գլխաւոր ապաւէնը։ Այո՛, վստահաբար ըլլայ բարդ, հաւանաբար այս խօսքերը ատեն-ատեն իրատես ըլլալ չթուին ձեզի, բայց հիմա դուք նայեցէք, որ տարբեր տրամաբանութիւն մը իւրացնէք, որպէսզի լաւատեսութեան ու ինքնավստահութեան խթանով առաւելագոյնին հասնին ձեզի ներարկուած դեղամիջոցներուն եւ ի սպաս դրուած բժշկական խնամքին ազդեցութիւնները։ Անոնք, որոնք կը ճանչնան ձեզ, գիտեն, որ երբեմն պոռթկումներ ունենալով հանդերձ, խորքին մէջ, յամառ ու համբերատար բնաւորութիւն մը ունիք։ Ուստի, մի դադրիք հաւատալէ, թէ պիտի ապաքինիք։ Ձեր հիւանդասենեակը յուսահատութիւն չբուրէ։ Այնպէս մը ըրէք, որ ճգնելու, խոկումի վայր մը ըլլայ հիւանդանոցի ձեր սենեակը։ Դուք ալ կարողանաք այս անգամ նոյնինքն ձեզի համար աղօթել, որպէսզի առողջանալու, բժշկուելու այս գործընթացի ընդմէջէն ընձիւղի ձեր նոր կեանքը՝ պայծառակերպուած ու թարմացած։
Անշուշտ, կարելի չէ սովորական ժամանակներու նման դատել ամէն ինչ հիմա ձեզի համար։ Գուցէ անհնարին ըլլայ ներշնչուիլ ընթացիկ «դրական»ներով։ Թոյլ մի՛ տաք, որ տխրութիւնը համակէ ձեր էութիւնը՝ մանաւանդ յուսախաբութիւնը գերեվարէ ձեր ներաշխարհը։ Ուժ գտէք ձեր լուսահոգի տիրամօր քաղցր յիշատակին մէջ։ Անոր նկատմամբ ձեր անսահման կարօտը վերածեցէք տոկունութեան աւիշի մը։ Աւելի հաղորդ կը զգաք, հարկաւ, անոր ազնիւ ու բարի յիշատակին այս շրջանին։ Այդ, որ մահկանացուն է, որ արդէն փորձութեան, նեղութեան պահուն մայրը չի փնտռեր։ Դուք ալ այնպէս մը ըրէք, որ տիրամայրը երկնքի արքայութենէն չանդրադառնայ, որ իր «առիւծ» որդին ուժասպառ է։ Ձեր դիմադրութիւնով՝ մտածեցէք, որ կրնաք անոր հոգւոյն հանգստութիւն պարգեւել իր յաւիտենական նենջին մէջ։
Դուք հովիւ մը, քարոզիչ մըն էք. Աստուծոյ խօսքը մատուցող մը, մեկնաբանող մը՝ փիլիսոփայութեան մը, ոճի մը բովով։ Հիմա մարդիկ ձեր հոգեվիճակը պատկերացնել կը ջանան՝ ձեր քարոզներէն ցոլացած փիլիսոփայութիւնով, կեանքի ընկալումով։ Դուք միշտ մեր աչքին մէջ կը նայիք եկեղեցւոյ սուրբ բեմէն, ձեր վեղարի պատկառանքով, ձեր լանջախաչի զօրութեամբ եւ ձեր օձագլուխ գաւազանի խորհրդանշած իմաստութեամբ։ Քարոզելու ժամանակ ձեր ձեռքը բռնած խաչը կարելի՞ է, որ լքէ ձեզ։ Բոլորը կը յիշեն հիմա դարձեալ ձեր հայրական խրատները։
Նուաստիս մտքին մէջ է Այլինին հետ մեր սուրբ պսակի խորհրդակատարութեան ժամանակ ձեր բանաձեւումը. «Եկեղեցին այն հաստատութիւնն է, որ երկու անձը կը վերածէ մէ՛կ անձի»: Այսօր ձեր առողջութեան, բժշկութեան մաղթանքը դարձած է մեր համայնքի հասարակաց յայտարարը։ Այսօր պոլսահայութիւնը՝ մէ՛կ անձի նման կ՚աղօթէ ձեզի համար։ Վստահ եղէ՛ք, հայր սուրբ, պիտի անցնի։ Առաջ Աստուած, պիտի անցնի-երթայ եւ ձեր հօտը պիտի շարունակէ մխիթարութիւն գտնել ձեր պատգամներուն մէջ։ Գուցէ դժուար ըլլալ թուի, բայց անկարելի չէ երբեք։
Այս գրութիւնը մեր խոնարհ աղօթքը թող ընկալուի ձեր բժշկութեան համար։ Սա թող ըլլայ մեր համեստ բարոյական զօրակցութեան արտայայտութիւնը։ Վստահ ենք՝ ձեր ճակտի սրբալոյս միւռոնը կը վերարժեւորուի մեր սուրբերու բարեխօսութեամբ եւ Տէրը կը խնայէ ձեր առողջութիւնը եւ իր ամենազօր աջի հովանիին տակ կը պահէ ձեր դարմանման գործընթացը։ Աստուած ձեզի օգնական եւ Աստուած ձեզի պահապան, սիրելի հայր Թաթուլ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ