Գումգաբու առայժմ լուռ…

Գումգաբու առայժմ լուռ…

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ ծրագ­րուած դի­մու­մը ի վեր­ջոյ կա­տա­րուած է։ Ան­ցեալ տա­րի Սեպ­տեմ­բե­րին Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղե­կա­ցու­ցած էր այս մա­սին ա­ռա­ջին ան­գամ։ Շուրջ եօթ ամ­սուան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը ա­ւար­տին ար­դէն հար­ցը թե­ւա­կո­խած էր գործ­նա­կան հանգ­րուան։ Թէեւ Նո­րին Սրբու­թեան կող­մէ ա­ռա­ջին յայ­տա­րա­րու­թեան ըն­թաց­քին նշուած ժամ­կէ­տին հա­մե­մատ յա­պա­ղում մը խնդրոյ ա­ռար­կայ է, սա­կայն վեր­ջին հա­ղոր­դում­նե­րուն լոյ­սին տակ հասկ­նա­լի կը դառ­նայ, թէ նա­խա­պատ­րաս­տա­կան եր­կար գոր­ծըն­թաց մը ապ­րուած է այս ա­ռու­մով։ Բաց աս­տի, դի­մու­մի ժամ­կէ­տը հա­շուի առ­նե­լով կա­րե­լի է հե­տե­ւց­­նել, որ Ան­թի­լիաս մար­տա­վա­րա­կա­նօ­րէն փա­փա­քած է 2015-ի մթնո­լոր­տին մէջ այս դի­մու­մը ի­րա­կա­նաց­նել՝ ա­պա­հո­վա­բար մի­ջազ­գա­յին հնչո­ղու­թիւ­նը ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նին հասց­նե­լու հա­մար։

Թէ ինչ­պէ՞ս կ՚ար­ձա­գան­գէ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը այս ի­րա­դար­ձու­թեան, տա­կա­ւին յայտ­նի չէ։ Ան­ցեալ Սեպ­տեմ­բե­րին, Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի կող­մէ կա­տա­րուած ա­ռա­ջին դի­մու­մէն վերջ, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան մե­զի յայտ­նած էր, թէ վե­րա­պա­հու­թիւն­ներ ու­նի նման դի­մու­մի մը հե­ռանկա­րին շուրջ։ Այդ ժա­մա­նակ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը այդ վե­րա­պա­հու­թիւ­նը յայտ­նած էր՝ երբ այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը տա­կա­ւին հա­ւա­նա­կա­նու­թեան հար­թու­թեան վրայ կը գտնուէր։ Կարճ խօս­քով, Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը թրքա­հայ հա­մայն­քի շա­հե­րուն տե­սա­կէ­տէ ձեռն­տու չէր նկա­տած նման քայլ մը։ Յա­մե­նայն­դէպս, հի­մա, որ հար­ցը հա­ւա­նա­կա­նու­թեան հար­թու­թե­նէն տե­ղա­փո­խուած է գործ­նա­կան դաշտ՝ Գում­գա­բուի աղ­բիւր­նե­րը կը նա­խընտ­րեն պա­հել լռու­թիւն։ Ան­շուշտ, թէեւ բա­զում ի­մաստ­ներ կրնան վե­րագ­րուիլ այդ լռու­թեան, սա­կայն վար­կած­նե­րու մա­սին խօ­սի­լը կրնայ միտք պղտո­րել։

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը դի­մում ներ­կա­յա­ցու­ցած է Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին։ Թուր­քիոյ մէջ նման դի­մում­նե­րը թէեւ ուղ­ղա­կիօ­րէն չեն կա­տար-ուիր Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ, գոր­ծըն­թաց­նե­րը կը սկսին ա­ւե­լի ստո­րա­դաս ա­տեան­նե­րէն, սա­կայն այս բո­լո­րը կրնան դա­սուիլ թեք­նիկ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ։ Վստա­հա­բար, նման ե­րե­սակ­նե­րը Ան­թի­լիա­սի կող­մէ հա­շուի առ­նուած են՝ մաս­նա­գէտ­նե­րու հետ կա­տա­րուած նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին։

Պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին վեր­ջին տա­րի­նե­րուն զա­նա­զան առ­իթ­նե­րով փա­փաք յայտ­նած է, որ­պէս­զի ա­սո­րի­նե­րու պատ­րիար­քը, որ ներ­կա­յիս հաս­տա­տուած է Սու­րիոյ մէջ, վե­րա­դառ­նայ իր ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մա­կան մայ­րա­վան­քը, որ կը գտնուի Թուր­քիոյ տա­րած­քէն ներս։ Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը նման ցան­կու­թիւն մը բարձ­րա­ձայ­նե­լու ժա­մա­նակ ա­պա­հո­վա­բար կը գի­տակ­ցէր, թէ այդ փա­փա­քը, ե­թէ նոյ­նիսկ ըլ­լայ տե­սա­կան, կրնայ օ­րի­նակ ծա­ռա­յել աք­սո­րեալ ու­րիշ գա­հու մը՝ հա­յոց Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան հա­մար։ Այս սիւ­նա­կին մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ չէ որ կ՚անդ­րա­դառ­նանք այս հար­ցին, մա­նա­ւանդ, որ քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ տեղ տուած էինք նաեւ Ան­թի­լիա­սի միա­բան­նե­րէն Տ. Նա­րեկ Արք. Ա­լե­է­մէ­զեա­նի մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րուն։

Պե­տու­թիւ­նը բնա­կա­նա­բար նման ի­րա­վի­ճակ­նե­րու վրայ կը կողմ­նո­րո­շուի՝ ա­ռաջ­նոր­դուե­լով սե­փա­կան շա­հե­րով եւ տուեալ շրջա­նի քա­ղա­քա­կան-ռազ­մա­վա­րա­կան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րով։ Իսկ այս պա­րա­գա­յին Թուր­քիոյ դա­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն առ­նե­լիք ո­րո­շու­մը ուղ­ղա­կիօ­րէն կրնայ անդ­րա­դառ­նալ հա­յաշ­խար­հի եւ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­քին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րուն վրայ։ Ար­դա­րեւ, Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը Թուր­քիոյ սահ­ման­նե­րուն հետ նոյ­նա­ցու­ցած է իր հո­գե­ւոր իշ­խա­նու­թեան տա­րած­քը։ Միակ բա­ցա­ռու­թիւնն է Կրե­տէ կղզին։ Այ­սօր Պոլ­սոյ Ա­թո­ռի հո­վա­նիին ներ­քեւ մնա­ցած են գա­ւա­ռի մեր շարք մը ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, ո­րոնք պատ­մա­կա­նօ­րէն կը պատ­կա­նէին Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի թե­մե­րուն կամ վի­ճակ­նե­րուն։ Կարճ խօս­քով, Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը Թուր­քիոյ տա­րած­քէն ներս ինք­զին­քը կը հա­մա­րէ հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցա­ճար­տա­րա­պե­տա­կան ժա­ռան­գու­թեան ի­րա­ւա­յա­ջոր­դը, ժա­ռան­գոր­դը։

Պէտք չէ մոռ­նալ, որ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ միւս նուի­րա­պե­տա­կան ա­թոռ­ներն ալ պատ­մա­կա­նօ­րէն ու­նե­ցած են սե­փա­կա­նու­թիւն­ներ՝ ո­րոնք ներ­կա­յիս կը գտնուին Թուր­քիոյ տա­րած­քին մէջ։ Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թիւնն ալ աշ­խա­տան­քի լծուած է ան­ցեա­լի մէջ իր ու­նե­ցա­ծին սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը վե­րա­ձեռք­բե­րե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան այդ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներն ալ հաս­տա­տուած են պաշ­տօ­նա­պէս, ար­ձա­գանգ գտած՝ մա­մու­լին մէջ։

Ուս­տի, Ան­թի­լիա­սի աղ­բիւր­նե­րուն կող­մէ ե­րէկ կա­տա­րուած հա­ղոր­դում­նե­րը կ՚ու­րուագ­ծեն շատ հե­տաքրք­րա­կան հե­ռան­կար­ներ։ Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի նա­խա­ձեռ­նու­թեան հա­ւա­նա­կան ար­դիւնք­նե­րը պէտք է մեկ­նա­բա­նուին բա­ւա­կան լայն ծի­րի մը մէջ։ Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րու այս փու­լի լռու­թիւնն ալ պէտք է դի­տար­կել սոյն վար­կած­նե­րու պրիս­մա­կէն։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015