Նոր հարթութիւն (2)
Նախագահ Պայտըն շատ կարճ ժամանակէ մը ի վեր Սպիտակ տան մէջ է։ Ուաշինկթընի ղեկը թէեւ շատ կարճ ժամանակէ մը ի վեր ստանձնած է, սակայն իր պաշտօնավարութիւնը ծանր ժառանգութեան մը բեռին տակ մեկնարկած է։ Որպէս ԱՄՆ-ի նախագահ՝ ան կը յաջորդէ Տանըլտ Թրամփին, որու հետ սուր ու բարդ ընտրապայքարէ մը վերջ իշխանութեան գլուխ եկած է Պայտըն։
Ճօ Պայտընի եւ Տանըլտ Թրամփի ընտրապայքարը սովորականէն շատ աւելի դուրս էր։ Անոնք, իւրաքանչիւրը իր հերթին, կը խորհրդանշեն տարբեր, հակադիր քաղաքական դպրոցներու հետամուտ ղեկավարներ։ Պաղ պատերազմէն վերջ, միաբեւեռ դարձած աշխարհի մէջ Ուաշինկթըն իւրաքանչիւր իրադարձութեան պարագային կրնար շատ աւելի տարբեր ինքնադրսեւորուիլ։ Իսկ այսօր աշխարհ բազմաբեւեռ դարձած է, խաղի կանոնները փոխուած են, ուստի ԱՄՆ-ն ալ ըստայդմ հանդէս կու գայ՝ որպէս միջազգային յառաջատար դերակատար։ Գերտէրութիւն մը ըլլալու հանգամանքը այդ ստիպողութենէն զերծ չի պահեր ամերիկեան կողմը, որքան որ ալ աշխարհի գործընթացներուն ներազդելու լայն հնարաւորութիւններ ունենայ։
Տանըլտ Թրամփի պաշտօնավարութեան շրջանէն առաջ ալ արդէն աշխարհ բազմաբեւեռ դառնալու հունին մէջ մտած էր անշրջադարձելիօրէն, սակայն այդ հանգամանքը վերջնականօրէն վերահաստատուեցաւ Թրամփի պաշտօնավարութեան տարիներուն, իրերու իրենց բուն անունով կոչուելով։ Բազմաբեւեռ աշխարհը անշուշտ կ՚ենթադրէր տարբեր իրականութիւն մը, ինչ որ փոփոխութեան կ՚ենթարկէր նաեւ միջազգային յարաբերութիւններու դրուածքը, փոխադարձ պատասխանատուութեան հասկացութիւնով հանդերձ։ Լայն ազդեցութիւնով, գործընթացները պայմանաւորելու մեծ ներուժով հանդերձ, գերտէրութիւններուն տեսակէտէ սահմանափակուեցան քմահաճօրէն վարուելու հնարաւորութիւնները։ Ճի՛շդ այս շրջանին էր, որ Տանըլտ Թրամփ ԱՄՆ-ը դուրս բերաւ Իրանի միջուկային գործարքին վերաբերեալ միջազգային համաձայնութենէն, Փարիզի համաձայնութենէն, որով ճանապարհային քարտէս մը նախատեսուած էր կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարելու համար։ Ան տակաւին ԱՄՆ-ը դուրս բերաւ Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութենէն, երբ ամբողջ երկրագունդը համաճարակ մը կը դիմագրաւէր։ Յաչս միջազգային հանրութեան, այս բոլորը խնդրայարոյց պատկեր մը ստեղծեցին ԱՄՆ-ի հեղինակութեան տեսակէտէ։ Տանըլտ Թրամփ Ուաշինկթընի միջազգային յանձնառութիւններէն մի առ մի կը հեռանար՝ պատճառաբանելով նախորդ իշխանութիւններու հետ տարակարծութիւնները։ Սա պետութիւններու յաջորդականութեան մտայնութեան տեսակէտէ բացարձակապէս կարելի չէր արդարացնել։ Անշուշտ, ԱՄՆ-ի նման գերտէրութեան մը միջազգային հեղինակութեան վնասուիլը մէկ օրէն միւսը մեծ հետեւանքներ չի կրնար ծնիլ, սակայն երկարաժամկէտ կրնար սահմանափակել անոր ճկունութեան հնարաւորութիւնները։ Միջազգային յարափոփոխ ներկայ իրավիճակին մէջ այդ ճկունութիւնը առերեւոյթ ընկալուածէն շատ աւելի կենսական կրնար ըլլալ Ուաշինկթընի տեսակէտէ։
Տանըլտ Թրամփ միջազգային դիւանագիտութեան ակունքներու շահապաշտութիւնը օգտագործեց ամբոխավարական մղումներով։ Աշխարհի բոլոր պետութիւնները միջազգային յարաբերութիւններ յառաջ կը տանին՝ իրենց սեփական շահը պաշտպանելու եւ բարելաւելու համար։ Բայց ազգային այդ շահերու հետապնդումը ունի ընդհանուր կանոններ։ Երբ Թրամփ սկսաւ բարձրաձայն անարգել եւ անտեսել այդ կանոնները, երբ սկսաւ արհամարհել միջազգային համակարգը, երբ սկսաւ իր շահը սկզբունքօրէն գերադաս հռչակել ուրիշներու շահերուն բաղդատմամբ, Ուաշինկթընի պարզած պատկերը փոխուեցաւ։ Քմահաճոյքով, վերջնագրային ոճով միջազգային դերակատարներու հետ վերաբերուիլը, խորքին մէջ, այդքան ալ նպատակայարմար կրնար չըլլալ ԱՄՆ-ի տեսակէտէ։ Արդարեւ, աշխարհի բոլոր երկիրները իրենց շահերը կը պաշտպանեն՝ բանակցելով համընդհանուր արժէքներու հասարակաց յայտարարին վրայ։ Թէեւ միշտ ուժը կը ծնի իրաւունքը, սակայն արժէքներու խօսոյթէն հեռացումը խոցելի վիճակ կը ստեղծէ այդ ուժին տեսակէտէ՝ նոյնիսկ եթէ խնդրոյ առարկայ ըլլայ գերտէրութիւն մը։
Վերջին նախագահական ընտրութեան ժամանակ ԱՄՆ-ի մէջ այս բոլորը յստակօրէն պարզուեցան ընտրողներու աչքին առջեւ։ Թէեւ անանտեսելիօրէն մեծ ընտրազանգուած մը չբաժնեց այդ զգայնութիւնները, սակայն, վերջին հաշուով, Պայտընի յաղթանակը կը նշանակէր, որ այնտեղ մեծամասնութիւնը կը կազմեն միւսները։
Ճօ Պայտըն այս իրավիճակին մէջ կը ձգտի ԱՄՆ-ի քաղաքականութիւնը վերաբանաձեւել որոշ արժէքներու առանցքին շուրջ, վերստին հնչեղութիւն տալով ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու նման սկզբունքներու առաջնահերթութեան։ Այս իրադրութեան մէջ է, որ 24 Ապրիլին Սպիտակ տունէն կատարուած է այդ յայտարարութիւնը։ Անշուշտ, արձագանգներն ալ հերթական անգամ կ՚ապացուցանեն, թէ նոյնիսկ համընդհանուր արժէքները միշտ չէ, որ միանշանակ ընկալում կ՚ունենան։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ