Յիշելով երախտաշատ վարպետը. Հերպերթ Պաղտասարեան 80 տարեկան…
Հայկական զանգուածային լրատուական աշխարհը այս շաբաթավերջին կը վերյիշէ երախտաշատ անուն մը՝ հանգուցեալ Հերպերթ Պաղտասարեանը։ Երէկ իր ծննդեան տարեդարձն էր. պիտի դառնար 80 տարեկան։ Հերպերթ Պաղտասարեանի 80-ամեակը յետ մահու հատուցուած երախտագիտութեան տուրք մը չէ, այլ արդի բարոյական պարտք մը։ Արդարեւ, հայկական լրագրութեան արդի պատմութեան մէջ ան ունի իր ուրոյն տեղը եւ իր մօտ պայմանաւորուած, դրոշմուած լուսանկարչութեան դպրոցը կը գոյատեւէ։ Հերպերթ Պաղտասարեանով խորհրդանշուած դպրոցի յարատեւութիւնը կ՚իրականանայ շնորհիւ իր շունչով հասած լուսանկարիչ-լրագրողներու։
Հերպերթ Պաղտասարեան լուսանկարչութեան նուիրեալ մըն էր։ Ծայր աստիճան նախանձախնդիր արհեստավարժ մը, որ ունէր իրադարձութիւնները խորաթափանց դիտարկելու բարձր ընդունակութիւնը։ Երկար տասնամեակներ լուսանկարչութեան արհեստով զբաղած էր Հերպերթ Պաղտասարեան։ Արժանի յաջորդն էր իր հօրը՝ Նեմրուտ Պաղտասարեանի, որ կը համարուէր խորհրդահայ լրագրական լուսանկարչական նահապետը։ Խորհրդային տարիներուն սկսած իր մասնագիտական աշխատանքը շարունակուած էր անկախ Հայաստանի մէջ։ Ականատեսն ու վկան եղած էր հայ ժողովուրդի պատմութեան, մանաւանդ արդի պատմութեան ճակատագրական ժամանակաշրջաններուն։ Ականատես ու վկայ ըլլալէ աւելին, Հերպերթ Պաղտասարեան ոսպնեակը այնպիսի վարպետութիւնով մը կ՚օգտագործէր, որ արդէն այդ բոլորի մասնակիցը կը համարուէր միեւնոյն ժամանակ եւ իր ստեղծագործական աշխատանքի փայլուն արգասիքը յաճախ դիտողին ալ կ՚առթէր այն զգացումը, թէ մասնակիցն էր տուեալ դէպքի։
Հերպերթ Պաղտասարեան եղած էր «Արմէնփրէս» պաշտօնական գործակալութեան լուսանկարչութեան բաժնի ղեկավարը։ Աւելի վերջ հիմնած էր «Ֆօթօլուր» գործակալութիւնը, իր եղբօր՝ Մելիք Պաղտասարեանի հետ։ «Ֆօթօլուր»ը ցայսօր կը շարունակէ իր գործունէութիւնը՝ որպէս լուսահոգի Հերպերթ Պաղտասարեանի աւանդը եւ շնորհիւ Պաղտասարեան ընտանիքի մերօրեայ սերունդներուն անփոխարինելի նպաստ մը կը բերէ հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհին։ Այդ նոյն գործակալութեան ընտանիքի երիտասարդ սերունդէն Վահրամ Պաղտասարեանն էր, որ նախորդ տարի իր նկարահանած դրուագներով դասուած էր «Ռէօյթըրզ» միջազգային հեղինակաւոր գործակալութեան յատկանշականներու շարքին։
Հերպերթ Պաղտասարեան անկախ Հայաստանի մէջ առաջին մասնաւոր լուսանկարչական գործակալութիւնը հիմնելով ապացուցանած էր, որ լաւ լուսանկարիչ մը ըլլալու առընթեր՝ լաւ ձեռներէց մըն էր։ Քիմիական նիւթերով ու դասական ոսպնեակներով աշխատելէ վերջ, յառաջացած տարիքի մէջ չափազանց զարգացած էր նաեւ թուային լուսանկարչութեան մէջ, նոյնիսկ ի զարմանս շատերու։ Սա կը փաստէր, որ իսկական թեքնիկի մարդ մըն էր եւ իր ստեղծագործական տաղանդի հորիզոնները շարունակ ընդարձակելու պատրաստակամութեամբ ապրած էր։
Հերպերթ Պաղտասարեան թէեւ հասուն տարիքի մէջ լքեց այս աշխարհը, սակայն իր կորուստը եղաւ թէ՛ անսպասելի եւ թէ անժամանակ։ Եւ այս բոլորին առընթեր անվարան կարելի է ըսել, որ ան օժտուած էր ղեկավարի շնորհով։ Այլապէս, ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլար, որ իր անսպասելի մահէն վերջ եւս, իր իսկ կողմէ հիմնադրուած «Ֆօթօլուր» գործակալութիւնը շարունակէր իր երթը ու զարգանար։ Իր հաստատութեան ապագան՝ առանց իր անձին պատկերացնելու հեռատեսութիւնը ունէր ան եւ այդ հեռատեսութեան շնորհիւ ալ մեծ լոռեցի Հերպերթ Պաղտասարեան այսօր կ՚ապրի։ Արդարեւ, «գործն է անմահ, որ կը յիշուի դարէ դար»։ Հերպերթ Պաղտասարեանի գործը իսկապէս անմահ է եւ այսօր բոլորը կը վկայեն, թէ իր ոսպնեակով նկարահանուած լուսանկարները յաղթանակներ ապահոված են Հայաստանի համար։
Բիւր յարգանք Հերպերթ Պաղտասարեանի անթառամ յիշատակին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ