Դիտարկումներ՝ Փարիզի Ողիմպիականներու բացման արարողութեան լոյսին տակ

Փարիզի հրապոյրը, մեծ հաշուով, անվիճելի է։ Սերունդներէ ի վեր մարդիկ, ընդհանրապէս, համոզուած են, թէ կեանքի ընթացքին գոնէ անգամ մը պէտք է տեսնեն լոյս քաղաքը։ Սենի երկու ափերուն ձգուած՝ Ֆրանսայի մայրաքաղաքը մէկ կողմէ ազգային է, իսկ միւս կողմէ բարձր ձգողականութեամբ համամարդկային հարթակ մը։

Փարիզը, որ բաց երկինքի տակ թանգարան մըն է, այս օրերուն վերածուած է բացօթեայ մարզահամալիրի մը։ Ամառնային 33-րդ Ողիմպիականները կը հիւրընկալէ քաղաքը, որուն վրայ կեդրոնացած է միջազգային հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը։

Ողիմպիականներուն բացման արարողութիւնը, որ աննախընթաց ու պատմական էր, վստահաբար յիշուի երկար ժամանակ։ Ֆրանսերէնով, ֆրանսական մշակոյթով ու ժառանգութեամբ պայմանաւորուած ձգողականութեան նոր թափ մը տալու առումով այժմու Ողիմպիականներն ու բացման արարողութիւնը կրնան նոր անկիւնադարձ մը բնորոշել։ Ֆրանսան ու Եւրոմիութեան անդամ միւս երկիրները արդէն նախկին կշիռը չունին միջազգային թատերաբեմի վրայ։ Ծայրայեղութիւններու, բեւեռներու անհաշտ պայքարի, հակադիր շահերու եւ արիւնահեղութեան պայմաններով կը խմորուի նոր աշխարհակարգ մը, երբ «փափուկ ուժ» որակումը յարմարագոյնը կը համարուի Եւրոմիութեան պարագային, որու յառաջատարներէն է Ֆրանսան։ Աշխարհի վրայ շատ կարեւոր բազում արժէքներու կրողն է Ֆրանսան, որ կը մարմնաւորէ շարք մը առաջնահերթութիւններ կամ զգայնութիւններ, որոնք կրնան հունաւորել միջազգային հրատապ խնդիրներու լուծումը։ Այժմու ներուժով ու դիմագրաւած մարտահրաւէրներով՝ Ֆրանսա ի վիճակի չէ իր որդեգրած արժէքներուն հարիւր տոկոս հետամուտ ըլլալու համաշխարհային մեծ խաղատախտակին վրայ։ Ուստի «փափուկ ուժ»ի տրամաբանութեան առումով Ողիմպիականներուն ապահովածը անանտեսելի է հիւրընկալ երկրին համար։ Ֆրանսան այդ նոյն տրամաբանութեամբ կը շփուի աշխարհին հետ, իսկ այս մեծ մրցաշարքը եզակի ու գագաթնային շփման հնարաւորութիւն մը տուած է անոր։

Ողիմպիականներու բացումէն վերջ ուշագրաւ երանգներ կային ֆրանսական յառաջատար լրատուական միջոցներուն, աւելի ճիշդը՝ շեշտադրումներուն մէջ։ Արդարեւ, փառաշուք ու պատկարազդու այդ արարողութեան վառ տպաւորութիւններուն ներքեւ կ՚ընդգծուէր, թէ Ֆրանսան միա՛յն պատմութիւն չէ, արդիական է ու ժամանակակից։

Պատմութիւնը կ՚ուղղորդուի տեղատուութեան ու մակընթացութեան շրջաններով։ Ծովու նման է աշխարհը։ Երբեք ամբողջութեամբ չի խաղաղիր։ Ալեկոծումները, ըստ քամիին, կ՚ըլլան գէթ մէկ անկիւնը, գէթ միւսը։ Երբեմն ալ յարաբերաբար աւելի լայն անդորր մը կը տիրէ։ Յամենայնդէպս, աշխարհի վրայ խաղի կանոնները կը սահմանուին ուղղակի բիրտ ուժով։

Միջազգային առկայ պայթիւնավտանգ իրավիճակին մէջ, Ողիմպիականներու բացման զուգահեռ՝ Փարիզէն կը հնչէ յստակ պատգամ մը։ Արդարեւ, որքան որ ալ բիրտ ուժով սահմանուին խաղի կանոնները՝ կենսունակութիւնը ապահովելու համար զանոնք պէտք է լաւ ծրարուին։ Այդ ծրարը խորքին մէջ, արժէք ըսուածն է՝ թէեւ հասկնալի է, որ հզօրին դաւանած արժէքը գերակայ է։ Ինչ որ ալ ըլլայ յարատեւ լարուածութիւնը, կը յոգնեցնէ մարդիկը։ Կը մաշեցնէ աշխարհը՝ ներառեալ հզօրները, որոնք կը պարտադրեն իրենց կամքը։

Ողիմպիականները թող զբօսանքի թեթեւութիւն մը բերեն այս յոգնած աշխարհին։

*

Փարիզի Ողիմպիականներու բացման արարողութիւնը ունէր մանրակրկիտ հաշուարկուած, չափուած-կշռուած բեմագրութիւն մը, որ կը ցոլացնէր ուրոյն փիլիսոփայութիւն մը։ Ընդհանուր առմամբ, արարողութիւնը գերազանց յաջողութիւն արձանագրեց եւ որեւէ երեսակին կամ մանրամասնութեան վերաբերեալ տարակարծութիւն կամ քննադատութիւն չի կրնար ստուեր ածել այդ փայլուն արդիւնքին վրայ։ Այդ ամբողջին մէջ առանձնացաւ քանի մը հանգամանք։ «Զանազանութեան մէջ միութեան» սկզբունքին շեշտադրումը համահունչ է Ողիմպիականներու ոգիին։ Գալով գործնական դրսեւորումներուն, անշուշտ, յանկերգ դարձած վէճերը պէտք չէ կրկնուին։ Բոլորին ամէն տեսակ ազատութիւնը յարգելի է։ Զանազանութեան հասկացութեան վերաբանաձեւման ու վերաձեւաւորման դրսեւորումը շատ յատկանշանակ է, ինչ որ արձանագրուեցաւ նաեւ Ողիմպիականներու բացման։ Այդ յղացքը այսօր առաջին հերթին այլեւս չեն դադրեր կարծիքներու զանազանութիւն կամ գաղափարախօսութիւններու տեսակաւորութիւն՝ համակեցութեամբ։ Շեշտադրումը սկսած է ուղղակի երթալ դէպի սեռային նախընտրութիւններու զանազանութիւն։ Փարիզի Ողիմպիականներու բացման ալ ի յայտ եկաւ այս յեղափոխութիւնը։

Մարդկութիւնը կարծես հակուած է ուղեղը օգտագործելով վերանորոգ գաղափարներու, թռիչքներու եւ հորիզոններու ձգտելու փոխարէն՝ գոհանալու սահմանափակուիլ միայն բնութեան կողմէ իրեն տրուածով կամ այդ պատրաստի տրուածը մեկնակէտ ընդունելով։ Ծուլութի՞ւն…

*

Փարիզի Ողիմպիականներուն բացումը ցաւ յառաջացուցած է քրիստոնեայ շրջանակներէն ներս՝ աւետարանական դրուագներու ձաղկումով եւ ընդհանրապէս քրիստոնէութեան անարգական թիրախաւորումով։ Հիւրընկալ Ֆրանսայի եպիսկոպոսներու խորհուրդը բողոքով միացած է արձագանգներուն, իսկ կազմակերպիչները ներողութիւն խնդրած են։

Բնականաբար, հարց կը ծագի, թէ «Զանազանութեան մէջ միութեան» ծիրէն դո՞ւրս են քրիստոնեաները։ Անշուշտ, պէտք չէ մոռնալ, թէ եղածը ի վերջոյ շոու մըն է՝ որքան որ ալ մեծ ըլլայ։ Կազմակերպիչներու եւ բեմագրութեան հեղինակներու մօտեցումները, հաւանական ներառական ձգտումները, արտադրական կամ ստեղծագործական ազատութիւնները յարգելի են բացարձակապէս։ Մետայլի միւս երեսակին դուռ կրնայ բացուիլ նաեւ այլ հետեւութիւններու։

Երկար ժամանակէ ի վեր միաստուածեան կրօններէն քրիստոնէականութիւնն ու մահմետականութիւնը նման զանազան ձեւերով կը թիրախաւորուին, հակառակ, որ շատ տարբեր արժեհամակարգեր ունին, իւրաքանչիւրի փիլիսոփայութիւնը կրնայ տրամագծօրէն տարբեր քայլեր ենթադրել նման պարագաներու դիմաց։ Որքան որ ալ համակեցութեան արգելք չըլլայ, անոնք տարբեր են էապէս, բայց կը թիրախաւորուին ակնյայտօրէն։ Ինչո՞ւ… Այո՛, քաղաքական ենթաթեքստի պարագան կայ ու կայ, սակայն, միայն այդքա՞ն… Ըստ երեւոյթին, այս երկու կրօններէն մէկուն հետեւորդները չափազանց անտարբեր են, իսկ միւսինները դիւրագրգիռ։ Պէտք չէ՞ վերանայիլ…

Երրորդ միաստուածեան կրօնը՝ մովսիսականութիւնը կարծես յարաբերաբար զերծ է նման թիրախաւորումներէ։ Այո՛, ան ազգի մը բնորոշ կրօն է եւ հրեայ ժողովուրդն ալ կը դիմագրաւէ այլատեացութեան խնդիրներ։ Տարբերութիւնները, սակայն, պէտք է հաշուի առնուին։ Կրօնէ աւելի ազգութիւնն է կիզակէտին՝ պետական-քաղաքական մղումով ու ոչ այդքան կրօնական։ Գուցէ մովսիսականութեան հետեւորդները աւելի ճի՞շդ կը դիրքաւորուին՝ յաչս այլադաւաններու յարգանք պարտադրելու առումով։ Անցնինք…

«Զանազանութեան մէջ միութիւն»ը պէտք չէ՞ ըլլայ աւելի խոր ու համապարփակ։ Առանց վանելու կամ ծաղրելու կարելի չէ՞ ըսելիքը ըսել։ Երգիծանքը ստեղծագործութիւն է, հապա՞ ծաղրը։ Իմաստ չունի հարցաշարը երկարել։

Այստեղ անհերքելին հետեւեալն է։ Ոմանք որքան որ ալ ժխտեն, մերժեն, ուրանան, դրժեն կամ անտեսեն՝ արեւմտեան քաղաքականութեան հիմքը քրիստոնէութիւնն է։ Ողիմպիականներու բացման այս իրականութիւնը ո՛չ միայն վերահաստատուեցաւ, այլեւ բիւրեղացաւ։ Եթէ քրիստոնէութիւնը թիրախաւորելու համար մարդիկ կը դիմեն աւետարանական դրուագներու՝ մանաւանդ վերջին ընթրիքին… Եթէ կազմակերպիչներու կամ հեղինակներու մտքին մէկ անկիւնը վերջին ընթրիքը կայ…

Ուրեմն պարզ է, որ յղման կէտը քրիստոնէութիւնն է։ Վկան ալ Փարիզի հրապոյրը թող ըլլայ՝ վերանորոգեալ Նոթրը Տամով, որ ուշադրութենէ չէր սպրդեր արդի Ողիմպիականներու այս գերազանց բացման արարողութեան։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2024