Համայնքային հարցերու լուծումէն խուսափելու համար նոր պատրուակ. սպասել հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ենթադրեալ ընտրութեան
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ՝ նախընթաց օր կազմակերպուած հաշուետուութեան հաւաքոյթը կարեւոր դիտարկումներու եւ խորհրդածութիւններու դուռ կը բանայ՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի այժմու իրադրութեան շուրջ։ Առաջին հերթին կարելի է արձանագրել, որ շուրջ տարի մը առաջ տեղի ունեցած ընտրութիւններով թէեւ համայնքային կառոյցներու վարչական մարմիններու կազմերը վերանորոգուած են, սակայն, սա ակնկալուած աշխուժութիւնը չէ ապահոված։ Համայնքէն ներս համակարգային խնդիրները այնքան ծանր ու քարացած են, որ նորընտիր վարչայինները կարծես առաջին իսկ պահէն կաթուածահար դարձած են՝ մասնաւորապէս կրթական հաստատութիւններու ցանցը բարեփոխելու եւ վարժարաններու նիւթական կարիքները դիմագրաւելու առումով։ Ժողովուրդին կողմէ լիազօրուած եւ բաւական ներկայացուցչական կարողութիւնով պաշտօնի գլուխ բերուած վարչայինները նոր շունչ կամ նոր կենսունակութիւն չեն կրցած ապահովել՝ գոնէ առնուազն այս մէկ տարուան ընթացքին։ Այս դիտարկումը, անշուշտ, անիրաւութիւն կամ չափազանցութիւն կրնայ ըլլալ թէկուզ միայն Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի գործունէութիւնը արժեւորելու տեսակէտէ, բայց եւ այնպէս, համայնքի ընդհանուրին առումով, միանշանակ առարկայական ճշմարտութիւն է։
Առկայ փակուղիին մէջ՝ հարցերու բուն լուծումը յետաձգելու, վարչական կամք ցուցաբերելէ դարձեալ խուսափելու եւ օրը փրկելու հետամուտ մտայնութիւնը տեւականացնելու ուղղեալ ուրիշ չքմեղանք մը ի յայտ գալ սկսած է։ Սա արդէն շուրջ տարիէ մը ի վեր, հետզհետէ հասունցած, զանազան շշուկներով լսելի դարձած խմորումի մը կը վերաբերի, սակայն, ներկայիս արդէն սկսած է բարձրաձայնուիլ։ Այսպէս, ներկայիս հերթական պատրուակը դարձած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոբաբարձութեան ընտրութեան սպասումը։ Ճիշդ է, որ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան կազմին եւս ընտրութիւնով վերականգնուիլը կարեւոր է համայնքին տեսակէտէ, սակայն, մնացեալ բոլոր հարցերուն լուծումը այս խնդրին հետ կապելը իսկապէս տարօրինակ է։ Համայնքէն ներս բոլոր վաքըֆները առանձին վարչական միաւորներ են եւ անոնց ղեկավարութիւնները կը գործեն այդպէս, առանց ներդաշնակութեան եւ առանց իրենց աշխատանքը համակարգելու՝ հակառակ անոր, որ իրերանման առաքելութիւններով կառոյցներ՝ մանաւանդ կրթական հաստատութիւններ կը ղեկավարեն։ Այժմ, այս փրթածութիւնով հանդերձ, ինչո՞ւ առկայ բոլոր խնդիրներու լուծումը կախուածութեան մէջ կը դրուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ապագայ ընտրութեան հետ։ Վստահաբար, միւս հաստատութիւններու ընտրութեան նման՝ այդ մէկն ալ տեղի պիտի ունենայ՝ երկար սպասուած մասնաւոր կանոնադրութեան հրապարակումէն վերջ։ Յամենայնդէպս, այժմ շատ առողջ ընթացքի մը ազդանշանը չէ նորընտիր բոլոր խորհուրդներուն տեսակէտէ անլուծելի դարձած առկայ հարցերու լուծման համար գրաւը դնել Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան՝ առայժմ անորոշ թուականի ընտրութեան վրայ։
Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի վերջին հաւաքոյթով այս բոլորը համայնքային շրջանակներու լայն մասնակցութեամբ արդէն պաշտօնապէս օրակարգի վրայ եկաւ։ Առանձնապէս ուշագրաւ էր նաեւ, որ խնդիրը առաջին արծարծողը եղաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Գաղտնիք չէ, որ համայնքէն ներս երկար ատենէ ի վեր կը կաղայ Պատրիարքարան-հիւանդանոց թանտեմը, որ արդէն գոյութիւն ալ չունի՝ որպէս այդպիսին։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Օրթագիւղի հաւաքին ժամանակ համայնքային կեանքին մասին ըրաւ տեղին դիտարկումներ։ Ան համոզուած է, թէ ելմտական միջոցներէ առաջ՝ թրքահայութիւնը կարիքն ունի վերակազմակերպուելու եւ փոխադարձ վստահութիւն հաստատելու։ Իր խօսքով՝ մեր հաստատութիւնները գոյութիւն ունին ծառայութիւն մատուցելու համար, անշուշտ, համայնքի արժեհամակարգին համապատասխան։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, որ նախընտրական մթնոլորտի մէջ տրուած խոստումներուն նկատմամբ հաւատարմութիւն պէտք է ցուցաբերել։
Բաց աստի, ան յստակ տարանջատումով բացատրեց անհատական եւ հաւաքական հարստութիւնը։ Արդարեւ, հարստութիւնները ժամանակի ընթացքին կրնան պակսիլ կամ աւելնալ։ Անհատական հարստութեան պարագային սա կախում կ՚ունենայ տուեալ անհատի նախընտրութիւններէն կամ հեռատեսութենէն։ Իսկ մեր հաստատութիւններուն մէջ կուտակուած հարստութիւնը անհատական չէ, այլեւ հաւաքական է։ Սա ժողովուրդին կողմէ կուտակուած հարստութիւն մըն է եւ ժողովուրդին համար պէտք է օգտագործուի։ Այդ հարստութիւնը պէտք է տնօրինուի՝ մարդակեդրոն, ապագայատեսիլ, քրիստոնէական ոգիով։ «Մենք պաշտօնապէս 42 տարբեր վաքըֆ ունինք, սակայն, քրիստոնէական ոգիով անոնց հարստութիւնը հասարակաց է», ըսաւ ան եւ յորդորեց, որ համայնքէն ներս այդ ոգիին դէմ դաւաճանութիւն պէտք չէ ըլլան։
Մատնանշելով կաղացումները՝ Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց, որ հաւաքական վարպետութեամբ պէտք է լուծուին խնդիրները։ Ան համոզուած է, թէ հասարակաց կամքով, հասարակաց միտքով եւ հասարակաց պիւտճէով մը պիտի ուրուագծուին լուծման հեռանկարներ։ Ուստի, ներկայ սերունդի վարչայիններուն կը վիճակի՝ համայնքէն ներս վերակազմակերպում մը ապահովելու պատմական պատասխանատուութիւնը։
Այս կէտին վրայ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դիտել տուաւ, որ մեր համայնքի հարստութեան 80 տոկոսը կը ծախսուի մեր դպրոցներուն՝ այսինքն 4-18 տարեկանի դպրոցահասակներուն համար։ Բայց եւ այնպէս, 18-30 տարեկաններուն համար գրեթէ ոչինչ կը կատարուի եւ մեր համայնքը այդ տարիքային սահմանումին հասած մարդիկը միանգամընդմիշտ կը կորսնցնէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը համոզուած է, թէ համայնքի հարստութիւնով հաստատութիւնները պէտք է խրախուսուին՝ նոր ծրագրաւորումի մը համար նպատակ շահելու առաջադրութեամբ։ Ան յիշեցուց, որ համավարակի շրջանին բացարձակապէս դէմ էր վարժարաններու փակուելուն։ Այսինքն, տողատակի պատգամը այն էր, որ այդ մօտեցումը սկզբունքօրէն ներկայիս բաց կը մնայ վերատեսութեան ենթարկուելու։ Այս նոյն կէտին վրայ Նորին Ամենապատուութիւնը խօսեցաւ նաեւ հիւանդանոցի ընտրութեան մասին՝ շեշտելով համայնքէն ներս բաժնելու ոգիին տիրապետման կարեւորութիւնը։
Պոլսահայ վարժարաններու հարցերուն եւ մնացեալ խնդիրներուն լուծումը կախուածութեան մէջ դնել՝ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ենթադրեալ ընտրութեան հետ՝ կը նշանակէ միայն քիչ մը եւս յետաձգել առերեսումը։ Համայնքային առկայ ծանր հարցերուն հետեւանքները արդէն սկսած են թակել դուռը։ Եթէ բոլոր նորընտիր վարչական խորհուրդները անզօր կը մնան հարցերը լուծելու, ապա ինչպէ՞ս կարելի է համոզուիլ, թէ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ընտրութիւնով ամէն ինչ կրնայ լուծուիլ։ Մարդիկ արդեօք ե՞րբ պիտի ըմբռնեն, թէ լրջանալու պահը անցնելու վրայ է։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ