Պէյօղլուի երգչախումբերը

Այս տարուան Ծաղկազարդի տօնը թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս նշանաւորուեցաւ Պէյօղլու Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած յատկանշական իրադարձութիւններով։ Սա նորընտիր թաղային խորհուրդի պաշտօնավարութեան շրջանի առաջին մեծ տօնն էր։ Ընտրութիւններուն նախորդած երկար ալեկոծումներու ժամանակաշրջանին, դժբախտաբար, Պէյօղլուի ընտանիքի կառոյցներու ներքին ներդաշնակութիւնը էապէս խաթարուած էր։ Այս ամբողջին մէջ համայնքային շրջանակներուն մասնաւորապէս մեծ ցաւ պատճառեց Պէյօղլուի երկու երգչախումբերուն մատնուած կացութիւնը։ Մէկ կողմէ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը ենթարկուեցաւ մեծ անիրաւութեան. տասնամեակներէ ի վեր ծառայած Ս. Յարութիւն եկեղեցիէն դուրս դրուեցաւ՝ քմահաճ կարգադրութեամբ եւ զուտ անհատական դրդապատճառներով։ Միւս կողմէ, Ասողիկ դպրաց դաս-երգչախումբը նախընտրական շրջանին չափազանց վիճելի ուղղութիւն մը որդեգրեց՝ դուրս գալով իր բուն առաքելութեան հունէն, նաեւ փորձելով օգտուիլ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի ենթարկուած անիրաւութենէն։ Դժբախտաբար, նախընտրական ալեկոծումներու մթնոլորտին մէջ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը հաստատութենական հունէն այնպէս մը դուրս եկած էր, որ նոյնիսկ Պատրիարքական Աթոռը ձեռնածալ հետեւեցաւ այդ հաշուեյարդարներուն՝ հակառակ անոր, որ դպրաց դաս-երգչախումբերը ուղղակիօրէն իր տնօրինութիւններուն ենթակայ են, կարգապահական բոլոր հանգամանքներով հանդերձ։

Բարեբախտաբար, ընտրութիւններէն վերջ Պէյօղլուի ընտանիքէն ներս ներդաշնակութեան վերականգնման բոլոր նախադրեալները ստեղծուեցան։ Այսօր գործի գլուխ կը գտնուի թաղային խորհուրդ մը, որ ընտրողներու ջախջախիչ մեծամասնութեան կամքով պաշտօնի կոչուած է։ Նորընտիր թաղային խորհուրդը, որոշ չափով հասկնալի պատճառներով, փորձած է Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին ենթարկուած անիրաւութիւնները դարմանել եւ այս պատճառով ալ Ծաղկազարդի Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները վստահած է անոր։ Թէեւ կարելի է քննարկել, թէ սա հարիւր տոկոս ճի՞շդ մօտեցում մըն է, կամ ոչ, սակայն, այստեղ որեւէ հիմնաւորեալ կասկած չի կրնար գոյութիւն ունենալ թաղային խորհուրդի բարի կամեցողութեան եւ դրական մտադրութեան առումով։ Այս կէտէն սկսեալ, սակայն, շաբաթավերջին ցաւալի էին ընկերային ցանցերու վրայ ստեղծուած անտեղի աղմուկները։ Կարգ մը շրջանակներ, կարծես հին վէրքերը բորբոքելու հետամուտ՝ սկսան ահազանգ հնչեցնել, թէ Ասողիկ դպրաց դաս-երգչախումբը դուրս կը դրուի եկեղեցիէն։ Բնականաբար, այդ շրջանակները որեւէ բարոյական իրաւունք չունէին այսպիսի ահազանգ մը հնչեցնելու՝ քանի տակաւին մօտաւոր անցեալին բոլորովին անտարբեր մնացած էին Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի ենթարկուած անարդարութեան դէմ։ Յամենայնդէպս, չենք ուզեր ըսել, որ անարդարութեան մը հետեւանքները կրնան ուրիշ անարդարութիւնով մը դարմանուիլ։ Բայց եւ այնպէս, հաւաքական կամքէ ներս բոլոր անարդարութիւններու հետեւանքներուն յաղթահարումը կախում ունի հեռատես, հաւասարակշռուած ու բարեացակամ վարչական տնօրինութիւններէ։

Ուրախառիթ է, որ հակառակ տխուր հաշուարկներով կատարուած հրահրման փորձերուն, երէկ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեւցոյ մէջ երկու երգչախումբերուն միջեւ կարելի եղած է գտնել նուազագոյն հասարակաց յայտարար մը եւ տօնական օրուան տրամադրութիւնը շուքի տակ չէ մնացած։

Հուսկ, երբ այլեւս Պէյօղլուի պարագային վարչական տագնապն ալ յաղթահարուած է, բոլորի արդար իրաւունքն է ակնարկը սեւեռել Պատրիարքական Աթոռին վրայ։ Արդարեւ, Պատրիարքական Աթոռը Պէյօղլուի երգչախումբերու՝ զուտ անհատական հանգամանքներով պայմանաւորուած առկայ խնդրայարոյց կացութեան լուծում մը պէտք է գտնէ։ Մօտաւոր անցեալին ստեղծուած իրավիճակը, իրականութեան մէջ, Պատրիարքարանի հեղինակութեան դէմ հարուած կրնար համարուիլ։ Բայց եւ այնպէս, բոլորը հակուած էին համբերել՝ քանի կար վարչային տագնապը եւ կարգադրութիւնները բարեկամեցողութենէ հեռու էին։ Հայ Եկեղեցւոյ դպիրը չի կրնար եկեղեցական սպասաւորութեան իրաւունքէն զրկուիլ, երբ Պատրիարքական Աթոռը անոր երաշխաւորն է։ Ուստի, Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ, Պատրիարքարանը պէտք է յստակ տնօրինութիւն մը ընէ՝ Պէյօղլուի երգչախումբերու պառակտման այս տհաճ պատմութեան վերջ տալու համար։ Սա Աթոռի բնական տիրոյթին մաս կը կազմէ։ Պատրիարքարանը այս բանը պէտք է ընէ նաեւ՝ խնայելու համար Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց նորընտիր թաղային խորհուրդին վարկը։ Եթէ Պէյօղլուի մէջ երկու երգչախումբ գոյութիւն պիտի ունենայ, ապա ծառայութեան դաշտերը եւ խաղի կանոնները պէտք է ըլլան յստակ։ Իսկ եթէ Պէյօղլուի պարագային այսօրուան պայմաններով աւելի է երկու երգչախումբ ունենալ, ապա բարեփոխումներու հունը պէտք է ճշդրուի դարձեալ Պատրիարքարանին կողմէ։

Դպիրը ուղղահայեաց նուիրապետութեան ենթակայ անձ մըն է։ Եթէ ուղղահայեաց նուիրապետութեան մեքենայականութեան մէջ կաղացումներ կամ թերացումներ յառաջանան, ապա կը ծնի անիշխանականութիւն։

Պէյօղլուի մէջ նոր շրջանի առաջին շօշափելի գործը պէտք է ըլլայ երկու երգչախումբերու այս անտեղի քզվռտոցին ժամ առաջ վերջ գտնելը՝ խաղաղ, արդար, համերաշխ եւ իրատես մօտեցումով։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 3, 2023