Կենսունակ մեկնարկ

Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան կենսունակ ձեւով արդէն ձեռնարկած է իր պաշտօնին։ Երէկ առաւօտ Պատրիարքարանի մէջ կազմակերպուած խորհրդակցութիւնը ունեցած է ծանրաբեռնուած օրակարգ մը։ Ան առկայ խնդիրներուն շուրջ կարծիքի փոխանակումներ ունեցած է իր անմիջական գործակիցներուն հետ ու փորձած հնարաւորինս ներթափանցել՝ զանազան մանրամասնութիւններուն։ Ըստ երեւոյթին, տեղապահը հետամուտ է աշխատանքները յառաջ տանելու առանց ժամանակի կորուստի։ Նորին Սրբազնութիւնը վաղը երեկոյեան պիտի մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Պատրիարքարանի երէկուան խորհրդակցութեան աւարտին, մասնակիցները յայտնեցին, որ Նորին Սրբազնութիւնը փափաքած է՝ որպէսզի մինչեւ իր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնիլը, այսինքն այս շաբաթավերջի շուրջ մէկուկէս օրը, ժամանակը արժեւորել առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ։ Նախատեսուած է մասնաւորապէս փութով պատրաստել տեղապահին ստորագրութեամբ յառաջիկայ շրջանին ուղարկուելիք նամակները։ Այսպէսով, մինչեւ ամսոյս կէսերուն իր վերադարձը այդ նամակները փութով հասած պիտի ըլլան իրենց հասցէատէրերուն։

Շուրջ ինն տարիներու պղտոր ժամանակաշրջանէն վերջ, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի՝ որպէս տեղապահ պաշտօնավարութեան առաջին իսկ օրուան այս կենսունակութիւնը անուշադրութեան չէ մատնուած համայնքային շրջանակներուն կողմէ։

Շուրջ երկու շաբաթ անց վերջնականօրէն քաղաքս վերադառնալով՝ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան առաւել թափով յառաջ պիտի տանի աշխատանքները։ Այժմէն որոշ ժամանակացոյց մը արդէն յստակացած է։ Մօտաւոր ապագային, ապահովաբար, տեղապահի գլխաւորութեամբ համայնքային խորհրդակցութիւններն ալ պիտի դառնան աւելի լայնախարիսխ, ինչ որ յաջողութեան հիմնական գրաւականներէն մին կը համարուի։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, բնականաբար, առաջին փուլին աշխատանքային հանդիպում մը ունեցած է իր անմիջական համախոհներուն հետ։ Հաւանաբար, ներկայ ամսուան երկրորդ կէսէն սկսեալ այդ շրջագիծն ալ աւելի ընդարձակուի՝ մասնաւորապէս համայնքային հաստատութիւններու վարչայիններու ընդգրկումով։

Այդ լայն խարիսխին վրայ ներդաշնակութեան եւ նպատակասլաց քայլերու հետամուտ ըլլալը պիտի վճռէ պատրիարքական ընտրութեան առկախեալ գործընթացի ճակատագիրը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Շաբաթ, Յունիս 3, 2017