ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԴԱՐԲՆՈՑԸ

Մեր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, իս­կա­պէս, շատ բարձր է պոլ­սա­հայ վար­ժա­րան­նե­րէն ակն­կա­լու­թիւ­նը։ Կա­տա­րեալ եւ ա­ռա­քի­նի մարդ, լու­սա­ւոր ան­հատ պատ­րաս­տե­լու ա­ռըն­թեր, կը սպա­սուի՝ որ ա­նոնք կեր­տեն հա­յոց նոր սե­րուն­դը, ձե­ւեն ա­պա­գայ հա­յը։ Բնա­կա­նա­բար ա­պա­գայ ա՛յն հա­յը, որ պի­տի կա­րե­նայ հա­մաշ­խա­րհայ­նաց­ման ժա­մա­նակ­նե­րուն պահ­պա­նել իր ինք­նու­թիւ­նը։

Յա­րա­փո­փոխ աշ­խար­հի թա­փին հետ ու­ղիղ հա­մե­մա­տու­թեան մէջ՝ հայ­կա­կան ինք­նու­թեան, հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­ւա­քա­կան դի­մագ­ծին ստո­րո­գե­լի­ներն ալ յա­ճախ կը կեր­պա­րա­նա­փո­խուին ու մշտա­պէս փոր­ձա­քա­րե­րու դէմ յան­դի­ման կը մնան, կը հար­ցաքն­նուին բա­զում ե­րե­սակ­նե­րով։ Աշ­խար­հի բո­լոր մշա­կոյթ­նե­րը այ­սօր պար­տա­ւոր են գո­յա­տե­ւե­լու ի­րա­րու հետ յա­րա­բե­րակ­ցու­թեան մէջ, փո­խա­դարձ ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րու պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ։ Նոյ­նը, բնա­կա­նա­բար, ի զօ­րու է հայ­կա­կան մշա­կոյ­թին եւ զու­գա­հե­ռա­բար՝ ինք­նու­թեան մա­սին։ Հե­տե­ւա­բար, հայ­կա­կան ժա­ռան­գու­թեան փո­խանց­ման մար­տահ­րա­ւէ­րին մէջ պէտք է դիր­քա­ւո­րուիլ հա­մադ­րու­թիւն­ներ ստեղ­ծե­լիք ձե­ւով։ Մա­նա­ւանդ սփիւռ­քի մէջ, մեր մշա­կոյ­թը պէտք է նոր սե­րունդ­նե­րուն մա­տու­ցել՝ ու­րիշ­նե­րուն հետ ներ­դաշ­նա­կու­թեան մէջ։ Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, սա Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին ալ ու­նի իր տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը՝ աշ­խար­հին հետ հա­մըն­թաց քա­լե­լու ա­ռու­մով, սա­կայն հար­ցին այս ե­րե­սա­կը ուղ­ղա­կի ա­ղերս չու­նի մեր այ­սօրուան նիւ­թին հետ։

Հա­յա­պահ­պա­նու­թեան ա­ռանց­քին շուրջ, էա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի սե­րունդ­նե­րը մեր ժա­ռան­գու­թեան հա­ղորդ դարձ­նե­լը, մեր մշա­կոյ­թին հետ ա­նոնց կա­նո­նա­ւոր շփման ա­պա­հո­վուի­լը, նոյ­նիսկ ե­րաշ­խա­ւո­րու­մը։ Դպրո­ցը ան­փո­խա­րի­նե­լի դարբ­նոց մըն է այս ա­ռու­մով։ Ար­դի պայ­ման­նե­րով թէեւ ո՛չ միա­կը, նոյ­նիսկ թէեւ ա­ռան­ձինն ան­բա­ւա­րար, սա­կայն ան­վի­ճե­լիօ­րէն անհրա­ժեշտ լծակ մըն է հայ վար­ժա­րա­նը՝ հա­յա­պահ­պան­ման պայ­քա­րը ազ­դու, հե­տե­ւո­ղա­կան եւ ար­դիւ­նա­ւէտ ձե­ւով յա­ռաջ տա­նե­լու տե­սան­կիւ­նէն։ Սփիւռ­քեան մեր հա­մայնք­նե­րը, իւ­րա­քան­չիւ­րը իր մէջ ու­նե­ցած անն­կա­րագ­րե­լի տե­սա­կա­ւո­րու­թեամբ՝ այ­սօր կը հե­տե­ւին շատ տար­բեր ապ­րե­լա­կեր­պի, ու­նին կեն­ցա­ղի զա­նա­զա­նու­թիւն եւ իւ­րա­ցու­ցած՝ ինչ-ինչ բար­քեր։ Այս հան­գա­ման­քը, ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն, մա­շե­ցու­ցած է հայ­կա­կա­նու­թեան դա­սա­կան ստո­րո­գե­լի­նե­րը, կամ ընդ­հան­րա­պէս անհե­տա­ցու­ցած զա­նոնք։ Հա­կա­ռակ ա­ւան­դա­կան, նոյ­նիսկ պատ­մա­կան դա­սուած հա­մայնք­նե­րու շար­քին պատ­կա­նե­լուն, այս բո­լոր ե­րե­ւոյթ­նե­րէն ան­մասն չէ նաեւ պոլ­սա­հա­յու­թիւ­նը։ Առ­կայ պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, մեր վար­ժա­րան­նե­րուն շրջա­նա­ւարտ­նե­րը՝ որ­պէս խաւ կամ մար­դուժ, ուղ­ղա­կիօ­րէն կը պայ­մա­նա­ւո­րեն հա­մայն­քին հա­ւա­քա­կան դի­մա­գի­ծը։ Ե­թէ հայ­կա­կան ինք­նու­թեան հիմ­նա­կան չա­փում­նե­րէն մին կը հան­դի­սա­նայ լե­զուն, ա­պա այս ա­ռու­մով մեր վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը մաս­նա­ւոր ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ կը հա­մա­րո­ւին։ Պատ­ճա­ռը այն չէ, որ ա­նոնք հա­յե­րէն գի­տեն. պարզ է, որ չեն գի­տեր եւ մաս­նա­ւոր ձգտում մըն ալ չկայ սորվե­լու հա­մար. բա­ցա­ռու­թիւն­նե­րը միշտ յար­գե­լի։ Յա­մե­նայն­դէպս, ա­նոնց պա­րա­գան կը մնայ հե­տաքրք­րա­կան՝ զուտ հա­յոց լե­զուին հետ ի­րենց ու­նե­ցած շփման տե­սան­կիւ­նէն։ Այ­սինքն, մար­դիկ ա­նան­տե­սե­լի ժա­մա­նա­կաշրջան մը ան­ցու­ցած են կամ կ­՚անցը­նեն մի­ջա­վայ­րի մը մէջ, ուր հա­յե­րէ­նը տե­սա­կա­նօ­րէ՛ն ու­նի իր տե­ղը։ Որ­քան որ ալ չսո­րվին կամ չգիտ­նան. տար­բեր հարց, այս­տեղ էա­կա­նը լե­զուին հետ այդ շփու­մը ու­նե­ցած ըլ­լալն է։ Ար­դա­րեւ, այդ շփու­մին ա­նար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան պատ­ճառ­նե­րը, ձա­խող­ման գաղտ­նի­քին ներ­թա­փան­ցե­լը կրնան ու­ղե­ցոյց դառ­նալ ա­պա­գա­յի ի­մաս­տով, ե­թէ ան­շուշտ ա­մէն ին­չի հա­մար ժա­մա­նա­կը ան­ցած չըլ­լայ։

Մեր լի­սէ­նե­րու տնօ­րէն­նե­րը շատ յատ­կան­շա­կան ու սրտբաց ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ ու­նե­ցան այս նիւ­թին շուրջ։ Ի­րենց փոր­ձա­ռու­թիւ­նը, վկա­յու­թիւն­նե­րը ո՛չ միայն կա­րե­ւոր, այլ նաեւ ու­սում­նա­սի­րե­լի են՝ ի­րենց բնոյ­թով ու ներ­կա­յա­ցու­ցած ար­ժէ­քով։ Նոր սե­րուն­դին հետ ի­րենց ու­նե­ցած խտա­ցեալ շփու­մը, բազ­կե­րա­կը զգա­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ար­տա­սո­վոր կշիռ մը կը վե­րագ­րէ ա­նոնց խօս­քին՝ այդ ալ ման­կա­վար­ժի խոր­քայ­նու­թեամբ։ Ու­րեմն, այս­քա­նէն վերջ, խօս­քը վերս­տին թո­ղունք մեր հինգ լի­սէ­նե­րու տնօ­րէն­նե­րուն։

Ար­մէն Սա­րու­խա­նեան. «Հա­յե­րէ­նը նե­րա­ռեալ, ա­մէն ին­չը լաւ դա­սա­ւան­դե­լու, լաւ սո­րվեց­նե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է ու­նե­նալ լաւ ու­սու­ցիչ­ներ։ Մենք ա­մէն ինչ պէտք է ը­նենք, ա­մէն ջանք պէտք է գոր­ծադ­րենք ո­րա­կա­ւոր ու­սու­ցիչ­ներ ու­նե­նա­լու հա­մար։ Տա­րի­ներ շա­րու­նակ փոր­ձած ենք ճար մը գտնել դա­սա­րա­նի ու­սու­ցիչ պատ­րաս­տե­լու հար­ցին, սա­կայն մենք ա­ռան­ձին ճիւ­ղե­րու պա­րա­գա­յին ալ չու­նինք ո­րա­կեալ բա­ւա­րար թի­ւով ու­սու­ցիչ­ներ։ Այս բո­լո­րին հե­տե­ւանք­նե­րը հետզհե­տէ զգա­լի պի­տի դառ­նան եւ դժբախ­տա­բար այդ հե­տե­ւանք­նե­րը մեր բո­լո­րին վրայ անխ­տիր ազ­դե­ցու­թիւն պի­տի գոր­ծեն։

«Այ­սօր դէմ յան­դի­ման կը գտնուինք նաեւ շարք մը ըն­կե­րա­յին հար­ցե­րու։ Զար­մա­նա­լիօ­րէն, մեր հա­մայն­քի ան­հատ­նե­րուն հարս­տա­ցու­մը կար­ծես թէ վնաս կը հասց­նէ մեր դպրոց­նե­րուն։ Ոե­ւէ մէ­կը չ՚ու­զեր խօ­սիլ բա­ցէ ի բաց, սա­կայն մեր վար­ժա­րան­նե­րը կար­ծես կը բա­խին կար­գա­վի­ճա­կի, ըն­կե­րա­յի՛ն կար­գա­վի­ճա­կի խնդրի մը։ Դա­սա­կար­գի վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր դեր կը խա­ղան՝ ծնող­նե­րու վար­ժա­րան մը նա­խընտ­րե­լու վե­րա­բե­րեալ ո­րոշ­ման ուղ­ղու­թեամբ։

«Այս բո­լո­րը ար­ձա­նագ­րե­լով հան­դերձ, պէտք չէ խու­սա­փինք նաեւ ինք­նաքն­նա­դա­տու­թիւն­նե­րէ»։

­Թա­լին Մա­թո­սօղ­լու. «Մեր քա­ղա­քին մէջ ու­նինք հինգ լի­սէ եւ բո­լորն ալ կը գոր­ծադ­րեն նոյն կրթա­կան ծրա­գի­րը։ Եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ կան այս ուղ­ղու­թեամբ տե­սա­կա­ւո­րու­թիւն մը ա­պա­հո­վե­լու հար­ցին շուրջ։ Ար­դեօք ճի՞շդ է տե­սա­կա­ւո­րու­թիւն մը հաս­տա­տել։ Այ­սինքն մեր լի­սէ­նե­րէն մին կեդ­րո­նա­նայ լեզո­ւա­կան եւ ըն­կե­րա­յին ճիւ­ղե­րու վրայ, մէկ ու­րի­շը՝ գի­տա­կան ճիւ­ղե­րուն վրայ, մէկ ու­րի­շը դառ­նայ ար­հես­տից վար­ժա­րան, եւ այլն։ Մենք տե­ղեակ չենք նաեւ, թէ մեր ժո­ղո­վուր­դը ինչ­պէ՛ս կ­՚ըն­կա­լէ մեր դպրոց­նե­րը, ի՛նչ ակն­կա­լու­թիւն­ներ ու­նի ա­նոնց­մէ։ Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, թէ­կուզ պէտք է ա­ւե­լի ա­ռաջնա­հեր­թու­թիւն ցու­ցա­բե­րել ծնող­նե­րու սպա­սում­նե­րուն նկատ­մամբ։ Ա­ւե­լի հան­գիստ ո­րո­շում­ներ առ­նե­լու հա­մար մի­ջա­վայր մը պէտք է պատ­րաս­տենք»։­

Ե­ւա Օ­րա­գեան. «Ա­մէն տե­սակ հար­ցի լու­ծու­մը փնտռե­լու ժա­մա­նակ պէտք է մեր մտքին մէկ ան­կիւ­նը յի­շենք, որ նախ եւ ա­ռաջ մեր դպրոց­նե­րը ու­նին ա­շա­կեր­տի կա­րի­քը։ Ա­շա­կեր­տը ան­պայ­ման պէտք է գայ, այ­լա­պէս մնա­ցեալ բո­լոր հար­ցե­րը կը դառ­նան ա­նի­մաստ։ Հա­մո­զուած եմ, որ մաս­նա­գի­տա­կան կամ ա­կա­դե­մա­կան ա­ռու­մով կա­տա­րեալ ու­սում մը պէտք է ա­պա­հո­վենք մեր տղոց հա­մար։ Ինք­նու­թեան խնդիր­նե­րուն հա­մար ալ, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, պէտք է հե­տա­մուտ ըլ­լանք ա­ւե­լի մար­սուած լու­ծում­նե­րու։ Մենք մեր ա­շա­կերտ­նե­րէն միշտ կը պա­հան­ջենք, որ խօ­սին հա­յե­րէն, բայց չեն խօ­սիր։ Հա­կա­սա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րէն մին ալ այն է, որ ա­ռօ­րեայ խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րու մա­կար­դա­կով լե­զու չեն գի­տեր մեր տղա­քը, սա­կայն մենք կը ջա­նանք ա­նոնց գրա­կա­նու­թիւն սո­րվեց­նել։

«Ընդ­հան­րա­պէս, լաւ դպրոց մը պէտք է ըլ­լայ իս­կա­կան կեան­քին հա­մայ­նա­պատ­կե­րը։ Իսկ հա­մայն­քին պա­րա­գա­յին, մեր դպրոց­նե­րուն դի­մա­գի­ծը դար­ձած է միա­տարր։ Ի՞նչ է մեր տես­լա­կա­նը։ Յա­ջո­ղու­թեան հաս­նե­լու հա­մար յա­ւակ­նոտ պէտք է ըլ­լանք նաեւ օ­տար լե­զուի ու­սուց­ման շուրջ»։

­Սա­թե­նիկ նշան. «Հա­յե­րէ­նը ե­թէ նոյ­նիոկ չխօ­սուի, ա­պա սկզբուն­քա­յին ա­ռու­մով կա­րե­ւո­րու­թիւն պէտք է վա­յե­լէ տու­նե­րէ ներս, ըն­տա­նիք­նե­րու մօտ։ Ընդ­հան­րա­պէս, ու­սու­ցի­չին եւ ա­շա­կեր­տին յա­րա­բե­րու­թիւ­նը, հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ դա­սա­ւան­դուած ա­ռար­կա­յի մը առ­թած հե­տաքրք­րու­թեան տե­սա­կէ­տէ։ Թէ՛ հա­յե­րէ­նի եւ թէ միւս բո­լոր դա­սե­րու պա­րա­գա­յին մեր ու­սու­ցիչ­նե­րը կ­՚աշ­խա­տին մեծ զո­հո­ղու­թիւն­նե­րով։ Ա­նոնք կը ջա­նան վե­րելք մը ա­պա­հո­վել մեր տղոց հա­մար։ Բնա­կա­նա­բար, հա­մալ­սա­րա­նի մտից քննու­թիւն­նե­րու պատ­րաս­տու­թիւն­ներն ալ մաս կը կազ­մեն այս նոյն ծի­րին։ Մե­զի հա­մար կա­րե­ւո­րը, հիմ­նա­կա­նը ա­շա­կերտն է։ Ան կը գտնուի մեր ու­շադ­րու­թեան, մեր գոր­ծի կեդ­րո­նին։ Միշտ կը ջա­նանք հա­շուար­կել, թէ ա­շա­կերտ մը ո՛ւր­կէ ա­ռած եւ ո՛ւր հաս­ցու­ցած ենք՝ մե­զի հետ գտնուած շրջա­նին։

«Վե­րա­դառ­նա­լով հա­յե­րէ­նի հար­ցի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն՝ այս խնդի­րը կրթա­կան բնոյթ մը ու­նե­նա­լու ա­ռըն­թեր, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ըն­կե­րա­յին հարց մըն է։ Դժբախ­տա­բար, հա­յա­խօ­սու­թիւ­նը այ­սօր վար­կա­բե­կուած է հա­մա­տա­րած ձե­ւով։ Այ­լա­պէս, մեր դպրոց­նե­րուն մէջ հա­յե­րէ­նի մա­սին իս­կա­պէս շատ բան կը մա­տու­ցուի ա­շա­կերտ­նե­րուն։ Ըն­կե­րա­յին եւ մշա­կու­թա­յին հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն օգ­տուե­լով՝ պէտք է հա­յե­րէ­նի գոր­ծա­ծու­թեան ա­ռիթ­նե­րը ա­ւել­ցնել։ Մա­նա­ւանդ խօ­սե­լա­վար­ժու­թիւ­նը պէտք է զար­գաց­նել ա­ռա­ջին հեր­թին։ Յե­տոյ մենք կը ջա­նանք թէ՛ մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ թէ ի­րենց ծնող­նե­րուն բա­ցատ­րել, թէ լե­զու մը լաւ գիտ­նա­լու պա­րա­գա­յին կը դիւ­րա­նայ ու­րիշ լե­զու­ներ սո­րվի­լը։ Ա­ւե­լի՛ն, մեր հա­մեստ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով, իս­կա­պէս սուղ մի­ջոց­նե­րով հան­դերձ, միշտ կը ջա­նանք լե­զուի վե­րա­բե­րեալ մի­ջազ­գա­յին ծրա­գիր­նե­րը հա­յե­րէ­նով ալ գոր­ծադ­րել, հա­մա­կարգ­չա­յին կամ ե­լեկտ­րո­նա­յին ար­դի մի­ջոց­նե­րը ներ­մու­ծել մեր ի­րա­կա­նու­թեան։ Մշտա­պէս կը հե­տե­ւինք նո­րու­թիւն­նե­րուն, որ­պէս­զի զա­նոնք ծա­ռա­յեց­նենք հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման»։

­Սիլ­վա Գու­յում­ճեան. «Հայ­կա­կան դպրո­ցի մը մէջ, սկզբուն­քօ­րէն, հա­յե­րէ­նի պա­րա­գան չի կրնար ըլ­լալ հար­ցաքն­նուե­լիք հարց մը։ Սա իս­կա­պէս կը նմա­նի, ա­ռանց չա­փա­զան­ցու­թեան, մարմ­նի մը ան­դամ­նե­րու պի­տա­նե­լիու­թեան քննարկ­ման։ Ճիշդ է, որ դա­սա­ւանդ­ման լե­զուն տա­տամ­սում­ներ կը յա­ռա­ջաց­նէ մեր ի­րա­կա­նու­թեան մօտ։ Մենք ալ կը փոր­ձենք բա­ցատ­րել, թէ զոյգ մայ­րե­նիի օ­գուտ­նե­րը որ­քան մեծ են եր­րորդ լե­զուի մը ի­մա­ցու­թեան հա­մար։ Մենք հա­յե­րէ­նի վե­րա­բե­րեալ մեր սկզբունք­նե­րը պէտք չէ յա­ռաջ տա­նինք ժխտո­ղա­կան ձե­ւով։ Ա­ռիթ­ներ պէտք չէ որ տանք, ո­րով­հե­տեւ մեր բուն նպա­տակն է՝ շա­հի­լ ա­շա­կեր­տը, շա­հիլ ե­րի­տա­սար­դը։ Մեր նա­խակր­թա­րան­նե­րուն եւ միջ­նա­կար­գե­րուն մէջ, բա­ցի թրքա­կան մշա­կոյ­թին վե­րա­բե­րեալ դա­սե­րէն, մնա­ցեալ բո­լոր ա­ռար­կա­նե­րը պէտք է դա­սա­ւան­դուին հա­յե­րէ­նով։ Սկզբուն­քա­յին ըլ­լա­լու պար­տա­ւոր ենք այս ուղ­ղու­թեամբ։ Օ­րի­նակ­ներ կան, որ չգիտ­ցող­ներ սո­րված են հա­յե­րէն։ Այլ խօս­քով, հա­յե­րէ­նը աչ­քի փու­շի վե­րա­ծել կը նշա­նա­կէ ու­րա­նալ մեր ինք­նու­թիւ­նը, մեր բա­րո­յա­կա­նը։ Նպա­տա­կաս­լաց մար­տա­վա­րու­թիւն մը պէտք է ու­նե­նանք այս հար­ցին շուրջ։ Ե­թէ մեր վար­ժա­րան­նե­րը ա­մէն ին­չով ըլ­լան կա­տա­րեալ, ըլ­լան գո­հա­ցու­ցիչ, ա­պա ա­ռար­կե­լի ո­չինչ կը մնայ ու կը կան­խուին հա­յե­րէ­նի մա­սին վէ­ճե­րը։ Տղոց ման­րա­մասն պէտք է պատ­մել այս բո­լո­րը, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք ա­ւե­լի լաւ կը մար­զուին։ Ինք­նու­թեան ցնցու­մի մը ա­ռի­թը պէտք է ա­պա­հո­վել ա­նոնց հա­մար»։

«ՉԵՆՔ ԿՐՆԱՐ ՀՐԱԺԱՐԻԼ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ»

ՍԱՐ­ԳԻՍ ՔԻՒ­ԼԷ­ԿԷՉ ( Թրքա­հայ ու­սուց­չաց հիմ­նար­կի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ).- Մեր կրթա­կան կեան­քէն ներս էա­կան նո­րու­թիւն մը չկայ այս վե­րա­մու­տին ըն­դա­ռաջ։ Նոր շրջան մը դի­մա­ւո­րե­լու ե­ռու­զե­ռը չկայ ընդ­հան­րա­պէս, ո­րով­հե­տեւ լուրջ հար­ցեր ու­նին մեր դպրոց­նե­րը։ Շատ կա­րե­ւոր է, որ մեր նա­խակր­թա­րան­նե­րը ա­ւար­տած տղա­քը շա­րու­նա­կեն մեր լի­սէ­նե­րը, միւս հանգ­րուան­ներն ալ նոյն­պէս։ Մեր վար­ժա­րան­նե­րուն մօտ մաս­նա­ւոր նո­րու­թիւն մը չենք տես­ներ, իսկ ար­դիւնք­նե­րը գո­հա­ցու­ցիչ չեն։ Յու­սա­հա­տու­թիւն մը կայ ընդ­հան­րա­պէս։ Օ­րէ օր կը պակ­սի ա­շա­կեր­տու­թեան թի­ւը։ Ըն­տանիք­նե­րը զա­ւակ չու­նին, ու­նե­ցող­ներն ալ մե­ծա­մաս­նու­թեամբ չեն նա­խընտ­րեր մեր դպրոց­նե­րը։ Ինչ որ ալ ըլ­լայ չենք կրնար հրա­ժա­րիլ մեր վար­ժա­րան­նե­րէն։

Ի սրտէ կը մաղ­թենք, որ բա­րի տա­րեշր­ջան մը ու­նե­նան մեր յար­գե­լի ու նուի­րեալ կրթա­կան մշակ­նե­րը, մեր սի­րա­սուն ա­շա­կերտ­նե­րը եւ մեր կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն բո­լոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

 

 

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2015