2020-2021 շրջանի վերամուտ. Համայնապատկեր՝ Գումգաբուի վերջին հաւաքի լոյսին տակ (1)
Գումգաբուի վերջին համայնքային լայնախարիսխ խորհրդակցութիւնը մռայլ համայնապատկեր մը պարզեց հանրութեան աչքին առջեւ՝ 2020-2021 վերամուտի սեմին թրքահայ կեանքի առընչութեամբ։ Երկար տասնամեակներէ ի վեր կրթական համակարգի առանցքին շուրջ կը բիւրեղանան մեր համայնքի մարտահրաւէրները։ Գրեթէ բոլոր խնդիրներու հասարակաց յայտարարը կը բնորոշեն կրթական համակարգի ծով կարիքները, անոնց արդիւնաւէտութիւնը եւ անոնցմէ ակնկալութիւնները։ Թրքահայ իրականութենէն ներս ելմտական ներուժը, մարդուժի պատրաստութիւնը, մշակութային կենսունակութիւնը, ժառանգութեան պահպանման միջոցաւ հայկական ինքնութեան յարատեւումը... Այս բոլորը ուղղակի կամ անուղղակիօրէն կ՚առընչուին կրթական համակարգին հետ։ Հակառակ ճակատագրական նշանակութեան, պոլսահայ կրթական համակարգէն ներս երկար տարիներէ ի վեր հնարաւոր չ՚ըլլար արմատական բարեփոխումներ իրականացնել։ Ժամանակի ընթացքին կուտակուած հարցերը այսօր լուրջ անելի մը մատնած են մեր համայնքը, ինչ որ յաճախ սուր դրսեւորումներ ունենալ սկսած է։ Առարկայական կամ ենթակայական զանազան պատճառներ ունի այս թնճուկը, որու յաղթահարման գրաւականն է միասնական ու նպատակասլաց աշխատանքը, այլ խօսքով՝ հաւաքական կամքը։ Սա է, որ կը պակսի խորքին մէջ եւ հնարաւոր չ՚ըլլար կանխել պոլսահայ կրթական համակարգի արիւնահոսութիւնը։ Դժբախտաբար, այս վերջին ժողովն ալ եկաւ հերթական անգամ հաստատել այս իրողութիւնը։
Գալով Գումգաբուի այս վերջին հաւաքի մանրամասնութիւններուն... Վաղն ալ կը խորանանք անոնց մէջ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ