Կաթով սուրճ

Շարլ Ազնաւուրի կորուստին հետ դէմ յանդիման, մեր խոնարհումը կը բերենք՝ իր մարմնաւորած կերպարին եւ վիթխարի վաստակին առջեւ։

Ազնաւուր ֆրանսական շանսոնի արքան էր եւ հայոց ազգային հերոսը։ Իր մահէն վերջ կը նշուի, որ ան աշխարհի ամենայայտնի ֆրանսացի արուեստագէտն էր եւ աշխարհի ամենայայտնի հայը։ Բնականաբար, Ազնաւուր համաշխարհային, համամարդկային արժէք մըն էր։ Այդ բոլորը վէճէ դուրս եւ անշուշտ այդ բոլորը ուղղակիօրէն կը պայմանաւորեն իր մեծութիւնը։ Բայց, իր կորուստի ծանր պահուն, քիչ մըն ալ մարդկային զգացականութեամբ, հասկնալիօրէն, կարծես պարփակուած ենք մեր մէջ։ Համայն հայութիւնը կը սգայ իր այս մեծ զաւկին կորուստը։ Թէկուզ առաջին անգամ համայն աշխարհ այսքան անմիջականօրէն ցաւակից, վշտակից է հայութեան։

Շարլ Ազնաւուր ինքնատիպ երեւոյթ մըն էր։ Արդարութիւն չէ ըսել, որ միայն ու միայն հայ էր։ Ֆրանսան եւ ֆրանսական մշակոյթը, Ֆրանսայի հասարակութեան մտածելակերպն ու զգացումները առանցքային դեր ունէին իր կերպարին մէջ։ Հայ ժողովուրդէն ծնունդ առած, Ֆրանսայի կողմէ հասցուած մեծութիւն մըն էր ան։ Հա՞յ էր, թէ՞ ֆրանսացի… Այս հարցումը միշտ օրակարգի վրայ էր իր պարագային եւ ան ունէր ուրոյն պատասխան մը։ Ազնաւուր կ՚ըսէր, որ հաւասարապէս հայ է եւ հաւասարապէս ֆրանսացի՝ երկուքն ալ հարիւր տոկոսով։ «Կաթով սուրճի նման», կ՚ըսէր ան, որովհետեւ այդ խառնուրդէն անկարելի է տարանջատել սուրճը կամ կաթը, իսկ խառնուրդին արդիւնքը սքանչելի է։ Սա իր պարզ, բոլորին մատչելի բանաձեւումն էր։ Ընդհանրապէս, հայկական ինքնութեան տեսակէտէ Ազնաւուրի պարագան շատ յատկանշական էր։ Կեանքի պայքար, մաքառում, ինքնութեան գիտակցութիւն, համարկման յաջողութիւն… Այս բոլորը գրեթէ բոլոր սփիւռքահայերու կեանքին մէջ կան։ Ազնաւուրը տարբեր էր միայն իր հասած գագաթնային յաջողութիւնով եւ այդ գագաթնային յաջողութիւնն ալ յաչս սեփական ժողովուրդին կը պայմանաւորէր իր կերպարը, զինքը կը դարձնէր խորհրդանշան մը։

Ազնաւուրի ձայնին մէջ կար հայու յամառութիւնը, Փարիզի հմայքը եւ մարդկային նրբութիւնը։ Իր բոլորած ուղին, իր ապրած կեանքը, իր դաւանած արժէքները եւ ի վերջոյ իրեն բնորոշ պատկերը վստահաբար ապագայ ժամանակներուն համամարդկային յիշողութեան կարեւոր բաժիններէն մին պիտի դառնան։ Որքան ատեն, որ մարդիկ պիտի շարունակեն կաթով սուրճ մը խմել՝ այնքան ատեն Ազնաւուրի հետքը անջնջելի պիտի մնայ համամարդկային ժառանգութեան մէջ. այնքա՛ն բնականոն, այնքա՛ն անմիջական եւ այնքան մատչելի։

Հրաժեշտի ծանր պահուն մեր յուշերուն մէջ է Վարպետին հետ ոտքի վրայ տեղի ունեցած կարճ, սակայն քաղցր զրոյցներուն վառ յիշողութիւնը։ Չենք կրնար մոռնալ նաեւ իր այն համերգները, որոնց ներկայ գտնուած ենք Փարիզի եւ Երեւանի մէջ։ Հապա ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ Ծիծեռնակաբերդի մէջ իր երգած «Աւէ Մարիա»ն։

Շարլ Ազնաւուր կ՚երգէր միլիոններու համար, սակայն բոլորին կ՚առթէր այն զգացումը, թէ կ՚երգէ զուտ իրեն համար։ Այնքան թանկ է այդ զգացումը ու մենք ալ մեզի վիճակած բաժինը կը պահենք մեր սրտին մէջ։

Շարլ Ազնաւուր անժամանակ մեծութեան առջեւ կը խոնարհինք երկիւղածութեամբ ու բի՜ւր յարգանքով։  

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018