Մահուանդ 20-րդ տարելիցին առթիւ ոգեկոչման խօսք՝ յաւերժական յիշատակիդ առջեւ…
Այսօր մահուանդ 20-րդ տարելիցն է... Երկու տասնամեակ անցեր է արդէն այն թուականէն ի վեր, երբ այլեւս իրարու հետ չենք ֆիզիքապէս։ Գիտեմ, կը զգամ, որ երկնային լուսեղէն պսակներու ընդմէջէն, պատմութեան պատուանդանին վրայ հպարտ կանգնած կը դիտես զիս հեռուներէն։ Անհասանելի բարձունքէ մը կը վերահսկես կեանքիս երթը ու ես կ՚ապրիմ առանց քեզի, կրելով քու իսկ անունդ։ Աւանդ մը ունիմ քեզմէ, թողած ես ժառանգ մը ու ես կը ջանամ տանիլ այդ մէկը։ Չեմ գիտեր մինչեւ ո՞ւր եւ մինչեւ ե՞րբ։ Ի տարբերութիւն քեզմէ, ես չունիմ մէկը աւանդ մը թողելու։ Ու կը մտածեմ, որ կ՚երեւի այդ մէկը պիտի տանիմ, օր մը վերադարձնելու համար դարձեալ քեզի։ Փա՞կ շրջանի մը առջեւ կանգնած եմ. ո՞վ գիտէ...
Քսան տարիներու հեռաւորութենէն կը ցոլանայ հայեացքդ, կը ճառագայթէ ժպիտդ, կ՚արձագանգէ ձայնդ։ Եւ ահա նոյն զարմանքը, նոյն կասկածը կը պատեն էութիւնս։ Քսա՛ն, քսա՞ն, քսա՜ն... Ինչպէս որ էր՝ հինգին, տասին կամ տասնհինգին։ Տարիներն ու տարելիցները կը սահին կ՚երթան։ Կը մնայ կերպարդ՝ վսեմ, պատկառազդու, տիրական, նուիրական... Պատմութեան սեփականութիւնը դարձած, բայց յիշողութեանս մէջ ժամանակի ու տարածութեան չափումը անդրանցած հերոս մըն ես դուն։ Քու հրաժեշտէդ քսան տարի անց, քեզ կը վերյիշեմ աւելի «հասունցած»։ Դուն զիս լքած էիր՝ որպէս հերոս։ Ու որքան որ կ՚անցնին տարիները, որքան որ վրաս կը բարդուի այդ «հասունութիւն» ըսուածը, կարծես այդքան քեզի ներթափանցած կը զգամ՝ որպէս մարդ։ Զուգահեռաբար կ՚ամրապնդուի այդ դիրքդ։ Մանկութեանս, երիտասարդութեանս հերոսն էիր այդ ժամանակ, իսկ այսօր՝ քսան տարի անց արդէն եղած ես կեանքիս հերոսը։
Քեզ վերյիշել ամէն անգամ ակամայ զիս կը մղէ կեանքիս հաշուեկշիռը ընելու։ Կեանք մը. քեզմէ առաջ ու քեզմէ վերջ՝ բաժնուած երկու հիմնական մասի, բայց նաեւ տարրալուծուած, միահիւսուած, ընդելուզուած։ Խայտաբղէտ յիշատակներու խառն, բարդ աշխարհին մէջ ճանապարհի որոնում եւ իւրաքանչիւր խաչմերուկին վերստին կողմնորոշուելու ջանքեր։ Եւ այսպէս շարունակ, զուգորդուած քու կերպարիդ հետ։
Մահուանդ նախորդած վերջին Հոկտեմբերի 28-ն էր, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան տարեդարձին օրը... Այդ մէկը քու կենդանութեան օրով նշուած վերջին տարեդարձն էր։ Երեկոյեան մօտդ եկած էի։ Ուզած էիր, որ կարդամ քեզի տարեդարձի առթիւ գրուած խմբագրականը։ Գիտէի, որ շատ կարեւոր էր քեզի համար։ Վկայած էի տարիներ շարունակ, թէ քեզի համար ի՛նչ մեծ հաճոյք մըն էր այդ տարեդարձի խմբագրականը պատրաստել։ Եւ այդ վերջին տարին... Մէկ կողմ թող գրելը, գրուածը կարդալու անգամ ի վիճակի չէիր։ Բայց միտքդ էր, անշուշտ։ Միտքէդ չէիր հանած այդ տարեդարձի թուականը եւ այդ օրուան խըմ-բագրականը՝ նոյնիսկ երբ մահու կենաց պայքար կը մղէիր անկողնիդ մէջ։ Հիւծուած այդ վիճակիդ մէջ ուզած էիր լսել գրուածը։ Եւ ես ամենայն ինքնավստահութեամբ ու համարձակութեամբ ընթերցած էի այդ օրուան տարեդարձի խմբագրականը։ Նոյնիսկ շատ ուրախ էի այդ օր, որովհետեւ ահաւասիկ առաջին անգամ արդէն ես գրած էի տարեդարձի մեր խմբագրականը։ Ուժասպառ, յոգնատանջ այդ վիճակիդ մէջ հաւանութիւն տուած էիր այդ խմբագրականին։ Նոյնիսկ միջամտած էիր Լիլիին, որ թերացումներ մատնանշել կը ջանար։ Կարելի՞ էր, որ կատարեալ ըլլար, բայց միջամտած էիր. «Ձգէ՛, ժամանակի ընթացքին մնացեալն ալ կ՚ընէ...»։ Այսինքն պատկերացումդ այնպէս էր, առանձին պէտք է ընէի։ Տարիներու ընթացքին, ժամանակի ընթացքին այդ մնացեալը ինչպէ՞ս ըրի՝ չեմ գիտեր։ Բայց, տարիները որքան որ կ՚անցնին՝ ես այդքան ծանր զգացումի մը կը մատնուիմ, իմ այդ օրուան ուրախութեան համար։ Ես քու դատիդ գործ մը յանձնելու հրճուանքին մէջ էի, իսկ դուն թէկուզ ալ կը գիտակցէիր աստիճանաբար, թէ վերջին անգամ Հոկտեմբերի 28 մը կ՚ապրէիր կեանքիդ մէջ ու որպէս 65 տարուան լրագրող՝ ո՞վ գիտէ ի՞նչ կը մտածէիր այդ խմբագրականին մասին։ Եւ ես տարիներ անց անդրադարձայ, որ այդ օրը, այդ խմբագրականի ընթերցումը կարծես եղած ըլլար մեր հերթի փոփոխութեան արարողութիւնը։ Միակ վկան Լիլին էր... Մեր երեքով օրհնուած, իմաստաւորուած, նուիրագործուած եւ մեր երեքին մօտ յաւերժացած էր այդ պահը։ Այսօր միակ վկան մնացի ես եւ հաւատայ՝ դժուար է ու երբեմն ալ անտանելի։ Այսօր, երանի այդ տարեդարձի առաջին խմբագրականը գրած օրուանս նման՝ ձեռքս ազատ-համարձակ, ինքնավստահ ու եռանդով հասնէր գրչին... Քասն տարի անց, բջիջային հեռախօսիս ստեղնաշարով կը մուտքագրեմ արդէն՝ քու վերյիշման ձօնուած այս գրութիւնը։ Հապա թո՞ւղթը... Քսան տարի առաջ քեզի հրաժեշտ տալու համար գրելու ժամանակ արտասուքը կը հոսէր ուղղակի անոր վրայ, իսկ այսօր սկսած է ծառայել հեռաձայնիս ստեղնաշարը չորցնելու...
«Ինչ ուզես եղիր, դուն դո՛ւն եղիր», գրած էիր պատանեկութեանս շրջանին յուշատետրիս մէջ, երբ տակաւին նախակրթարանի աշակերտ մըն էի։ Խրա՞տ մըն էր, դա՞ս մը... «Ես գիտեմ, որ իմաստուն ես», գրած էիր նաեւ։ Այդ ժամանակ շատ մակերեսային ընկալեր եմ անշուշտ։ Ինծի այնպէս թուած էր, թէ այդ բոլորը մեծ հօր մը սիրոյ, գուրգուրանքի արտայայտութիւններն էին՝ թոռան նկատմամբ։ Այդ բոլորի իմաստին ալ առանձինն կը ջանամ ներթափանցել՝ մինչեւ այսօր։
Երբ մահացար, օրերէն երեքշաբթի էր։ Նախորդող կիրակիին տեսած էի քեզ վերջին անգամ։ Ձմրան ցուրտ երեկոյ մըն էր։ Մահաքունի մէջ էիր արդէն, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն ներս։ Վերջին անգամ շօշափած էի ձեռքդ, նոյնիսկ քիչ մը մշտելով։ Այդ ալ եղաւ մեր վերջին հանդիպումը եւ դուն գացիր։
Ո՞վ գիտէ ի՜նչ դառնութիւններ ունեցած էիր կեանքիդ մէջ։ Բնաւ չէիր պատմած, բայց ուշադիր դիտարկելով՝ դժուար չէր հասկնալ։ Ի՜նչ երանութեամբ կը յիշէիր հայրդ, զոր կորսնցուցած էիր հազիւ տասներեք տարեկան հասակիդ։ Յետոյ դուն ալ դարձած էիր հայր մը, բայց նախախնամութիւնը տնօրինած էր, որ ըլլաս որդեկորոյս։ Կենաքդ զոհած էիր թերթիդ համար, որ հալածուած էր համոզումներուն համար։ Պոռթկումներ ապրած էիր անարդարութիւններու, պայքարներ մղած էիր անհաւասար մրցակցութիւններու դէմ։ Առ երեւոյթ դժուար էր հաւատալ, որ կեանքը ժլատ վարուած էր քեզի նկատմամբ։ Ընկերասէր էիր, մարդասէր։ Յօդուածներդ կը գրէիր բնակարանիդ փոքր պատշգամին մէջ, ուր հազիւ տեղաւորուած էին սեղան մը եւ աթոռ մը։ Վարագոյրի ետեւէն երբեմն կը դիտէի քեզ։ Դէմքիդ արտայայտութիւնը ուրիշ որեւէ առիթով այդպէս չէր ըլլար։ Մտաւորական մարդ էիր, բայց երբեք այդ որակը չէիր օգտագործած ուրիշներու վրայ ճնշելու կամ հաւաքական կեանքի մէջ կարգավիճակ մը ապահովելու համար։ Միշտ կը նախընտրէիր ըլլալ հաղորդական ու միշտ ուրիշներու տրամադրութեան տակ էիր՝ ուժերուդ ներած չափով։ Մարդ, խմբագիր, հայր. այս եւ նման զանազան հարթութիւններու վրայ կը դիտարկէի քեզ, կը հետեւէի գործիդ։ Այդ ինքնադաստիարակութեան գործընթացը կասեցաւ քու հրաժեշտով։ Մնացեալը մինչեւ այսօր կը ջանամ ընել բաղդատութիւններով՝ քեզմէ տեսածներուս եւ իմ ապրածներուս միջեւ։ Արդիւնքը կը մնայ յարաբերական...
Քու յիշատակիդ առջեւ այսօր կը խոնարհիմ անսահման կարօտով։ Քու առաքելութիւնդ կը ջանամ տեւականացնել նոյն նախանձախնդրութեամբ։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի, ԺԱՄԱՆԱԿ-իդ գոյութիւնը կը շարունակուի նոր ժամանակներու մէջ։ Նորութիւնները շատ են, նոյնպէս եւ նմանութիւնները։ Ունինք շատ համակիրներ, նաեւ հակակիրներ, ունինք նուաճումներ, նաեւ բացթողումներ։ Ու մեր գործին գլուխն ենք՝ պատասխանատուութեամբ, կոչման գիտակցութեամբ ու հաւատքով։ Մեր գործին գլուխն ենք՝ մեր ասպարէզի բնոյթով պայմանաւորուած ամէն տեսակ նրբութեան, առանձնայատկութեան նկատմամբ լրջագոյն վերաբերմունքով, նախանձախնդրութեամբ։ Մեր գործին գլուխն ենք՝ վերանորոգ եռանդով, նոր հորիզոններու տեսլականով։ Մեր գործին գլուխն ենք՝ յաղթահարելով փորձութիւններ, դաւաճանութիւններ ու պարսաւանքներ։ Մեր գործին գլուխն ենք՝ հաւատարիմ ընթերցողներով, ազնիւ բարեկամներով ու մեզի համար միշտ լաւն ու բարին կամեցողներով։
Ու վերջապէս մեր գործին գլուխն ենք՝ այնպէս մը աշխատելով, որ պատրաստ ենք ամէն պահ քու դատիդ յանձնել՝ այս թերթին մէջ դրուած իւրաքանչիւր ստորակէտին հաշիւը. մանրակրկիտ, հիմնաւորուած, մաքուր: Գիտեմ, որ այդ առաջին տարեդարձի խմբագրականին բաղդատմամբ շատ աւելի խստապահանջ կ՚ըլլաս այսօր։ Այնպէս մը կ՚աշխատինք, որ կարծես դուն ալ մեզի կը նայիս վարագոյրի մը ետեւէն։ Կազմ եւ պատրաստ ենք, մի՛ կասկածիր երբեք։
Անվերջ հաղորդակցութեան, անխափան միասնականութեան մը կանգառներէն մէկուն վրայ ենք այսօր։ Մեր մտահորիզոնէն, մեր երեւակայութենէն դուրս պատկերի մը առջեւ, ամպամած երկնքի մը տակ կարծես կը զգանք իրարու բազկերակը։ Ամէն ինչ վերացական, յարաբերական է գուցէ այս հարթութեան վրայ։ Մշուշ, խաւար, հարցականներ եւ կարօտ... Միակ ու բացարձակ ճշմարտութիւնն է՝ մեր զգացումը, խոր իրերզգացումը։
Ննջէ հանգիստ, խաղաղ։ Կը խոնարհիմ քու վեհ կերպարիդ առջեւ։ Ծնրադիր եմ անթառամ յիշատակիդ առջեւ։ Կ՚աղօթեմ՝ որպէսզի անդորրութեան մէջ թեւածէ բարի հոգիդ։ Կը մաղթեմ, որ յաւիտենական կեանքի մէջ վայելես սուրբերու բարեխօսութիւնը եւ արժանի դառնաս Երկնաւոր Հօր ողորմած հայեացքին։ Լուսեղէն շիրմիդ վրայ թողուած վարդերուն, մեխակներուն բոյրը ըլլայ անպակաս։ Քու հոգւոյդ լուսաւորութեան համար մոմ կը վառեմ այսօր, խունկ կը ծխեմ եւ անոր ծուխի քուլաներուն մէջ դարձեալ կ՚ողջունեմ քու հայեացքդ, ժպիտդ եւ ինքնամփոփ, երկիւղած կը խաչակնքեմ քու բարոյական քաղցր ներկայութեան առջեւ։
Դուն ալ մի՛ մոռնար զիս՝ մինչեւ որ հասնինք մեր նոր ժամադրութեան պահը, մինչեւ որ դարձեալ զիրար վերագտնենք ու դուն դարձեալ ամուր բռնես ձեռքս՝ ինծի պարգեւելով մանկական միամտութեան այն անձեռնմխելիութեան, ապահովութեան զգացումը։ Հիմա կը հասկնամ, որ այդ զգացումէն զուրկ ապրելու հոգեբանութեան դիմադրելէ զատ բան մըն ալ չեն՝ հասունութիւնը եւ յուշատետրիս մէջ քու ձեռագիրով արձանագրուած այդ «իմաստութիւնը»։
Լաւ, բաւ է կարծես այսքանը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հանգուցեալ ընդհանուր տնօրէն
ԱՐԱՅ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
(Իսթանպուլ, 22 Նոյեմբեր 1913 - 3 Դեկտեմբեր 1996)
Փոքր որդին՝ թերթիս հիմնադիր հանգուցեալ Սարգիս Գօչունեանի։ Սան՝ Պէզճեան Մայր վարժարանի եւ Կեդրոնականի։ Եղած էր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դպիր։ 65 տարի անձնուրաց ծառայած էր հայ մամուլին։ Եղած էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անխոնջ սպասաւորը՝ որպէս գրաշար, խմբագիր, վարչական կառավարիչ եւ այլն։ Հրատարակած էր նաեւ այլ թերթեր. ինչպէս՝ «Ահալի» եւ «Արշաւ»: Արժանի դասուած էր մամլոյ պատույ քարտ կրելու։ Մասնաւոր մրցանակով մը պարգեւատրուած էր Թուրքիոյ լրագրողներու ընկերակցութեան կողմէ։ Ամուսնացած էր գրագիտուհի Լիլի Գօչի (Աստղիկ Արշալոյս Սեպուհեան-Գօչունեան) հետ։ Հայրն էր թերթիս այժմու արտօնատէր Սարգիս Գօչունեանի։ Գումգաբուի Մայր եկեղեցիէն յուղարկաւորուած էր՝ Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ կազմակերպուած Ազգային յուղարկաւորութեան կարգով։
Յետ մահու, «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայեց իր յօդուածներու մէկ ժողովածոն՝ «Ողջո՛յն ամենքին»։ Գիրքը կոչուած էր՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի իր ամենօրեայ սիւնակին անունով. սիւնակ, ուր իր ամենահասուն եւ ամենափորձառու շրջանին կը փոխանցէր խորհրդածութիւններ, դիտարկումներ ու վկայութիւններ, որոնք լոյս կը սփռեն թրքահայութեան արդի պատմութեան վրայ, պայմանաւորելով անոր հաւաքական յիշողութիւնը։
Օրակարգի նիւթերը
- 11/25/2024