Թրքահայութիւնը՝ Ապրիլի 24-էն դէպի Յունիսի 7-ը…
Անցաւ Ապրիլի 24-ը, սակայն արձագանգները տակաւին կը շարունակուին։ Առնուազն մինչեւ Յունիսի 7-ին կայանալիք ընտրութիւնները՝ Թուրքիոյ մէջ այս հարցը օրակարգի վրայ կրնայ գտնուիլ. այդ ալ բաւական ամբոխավարական տրամադրութիւններով։ Մնաց որ, հայոց կողմէ նախատեսուած ոգեկոչումներու ծրագիրներն ալ պիտի ձգուին մինչեւ տարեվերջ՝ 100-րդ տարելիցին առթիւ։
Թրքահայութեան տեսակէտէ հետաքրքրական փորձառութիւն մը եղաւ այս տարուան Ապրիլի 24-ը։ Միջազգային իրերայաջորդ իրադարձութիւնները, երկրի ղեկավարութեան բուռն արձագանգը, Թուրքիա-Հայաստան առանցքի բարձր լարուածութիւնը եւ այս բոլորով բնո-րոշուած միջավայրի մը մէջ՝ մեր համայնքի յաճախ յիշատակուիլը։ Բնականաբար, ամէն մարդ իր շահերուն բերումով կամ նպաստելիք ձեւով կը յիշատակէ մեր համայնքը, որ խորքին մէջ ազդու գործօն մը չէ ինքնին եւ որու կամքէն անկախ կ՚ընթանայ ամէն ինչ առհասարակ։ Որքան որ ալ համայնքը սովոր ըլլայ այս բոլորին, 2015-ի մթնոլորտը արտասովոր էր ինքնին։ Համայնքի շարքային անհատներուն, քիչ մըն ալ զգացական, ամփոփումը այն է՝ որ խերով-բարիով անցած-գացած է Ապրիլի 24 մը եւս. չարէն-փորձանքէն հեռու։ Ի դէպ, կարելի ալ չէ միանշանակօրէն սխալ համարել այս մօտեցումը։ Անշուշտ, ըսուելիք շատ բան կայ։ Մեր համայնքի ներքին պառակտման աստիճանը այնպիսի կէտի մը հասած է, որ գրեթէ անկարելի է բարձր մակարդակով, արհեստավարժ ու լիարժէքօրէն նպատակասլաց ծրագիրներ կեանքի կոչել։ Համայնքը պէտք է գոհանայ միայն այնքանով, որ իր զանազան հատուածներուն կողմէ բարեացակամ պատգամներ փոխանցուած են՝ հասարակութեան ու պետութեան։ Ձեռնարկներէն ոչ մէկը եղած է համախումբ՝ անխուսափելիօրէն ունենալով սահմանափակ հնչողութիւն։ Աւելի՛ն, կարգ մը կէտերու վրայ մնացած է տկար եւ զանազան շրջանակներուն հնարաւորութիւն ծնած է՝ իրենց տեսանկիւնէն ձեռնտու իմաստ վերագրել անոնց։ Չէ՞ որ հաւասարակշռութիւններ գտնելը հետզհետէ կը դժուարանայ թրքահայ իրականութեան մօտ եւ պառակտումներու խորացման հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ՝ համայնքը ելեւէջներ կ՚ապրի ծայրայեղութիւններու միջեւ։
Միայն թէ յառաջիկայ շաբաթներուն պարագային կ՚արժէ հաշուի առնել կարգ մը նրբութիւններ։ Ընտրութիւններուն ընդառաջ քաղաքական թատերաբեմին վրայ հասկնալիօրէն կ՚ապրուի տակնուվրայութիւն, որու մթնոլորտին մէջ բոլոր խնդիրները ժողովուրդի ուշադրութեան առարկայ կը դառնան իրարու ածանցուած ձեւով։ Բոլոր կուսակցութիւնները առկայ հարցերուն շուրջ իրենց վերաբերմունքը հանրութեան կը մատուցեն միահիւսուած ձեւով։ Կարճ խօսքով, յարդն ու կոթը կը շփոթուին՝ կամայ թէ ակամայ։
Այս եւ նման խնդիրները, համայնքին կեցուածքը աւելի քան երբեք կարեւորութիւն կը ներկայացնեն, որովհետեւ այսօր այլեւս հիմնական գրեթէ բոլոր կուսակցութիւնները առաջադրած են երեսփոխանական թեկնածուներ, որոնք ունին հայկական արմատներ։ Շատ հաւանական է, որ Յունիսի 7-ի ընտրութիւններէն վերջ թապու մը եւս փուլ գայ եւ տասնամեակներ անց խորհրդարանին մէջ դարձեալ գտնուին հայկական արմատներով պատգամաւորներ։ Այստեղ արդէն յոգնակին պատահական չէ, որովհետեւ լուրջ նախադրեալներ գոյութիւն ունին՝ անոնց թիւին մէկէ աւելի ըլլալուն համար։ Սա մեր համայնքին համար թէ՛ նոր հնարաւորութիւն մըն է եւ թէ նոր պատասխանա-տըւութիւն մը։ Հաւաքական կեանքի մէջ, մանաւանդ քաղաքական գետնի վրայ, իւրաքանչիւր հնարաւորութենէն կարելի է առաւելագոյն օգուտ քաղել՝ պատասխանատուութիւնները լաւ պատկերացնելու եւ անոնց նախապատրաստութիւններուն գծով շրջահայեացութեան պարագային։
Այս մթնոլորտին մէջ, քաղաքական հաշիւներ կը հետապնդուին նաեւ մեր համայնքին վրայով։ Որոշ քաղաքական շրջանակներ կը ձգտին հանդէս գալ թրքահայութեան պաշտպանի կամ հովանաւորի դիրքերէն կը փորձեն ստեղծել այն տպաւորութիւնը, թէ իբր թէ «հայերը իրենց հետ են»։ Այսպիսի ընդհանրացումները կրնան հակառակ ազդեցութիւն ալ գործել քաղաքական տարբեր՝ աւելի արմատական տրամադրութեամբ շրջանակներուն վրայ։ Նոյնիսկ ոմանք ի սկըզ-բանէ կրնան հաշուարկած ըլլալ՝ ազդեցութեան եւ հակազդեցութեան երեւոյթներու հետեւանքներով քաղել օգուտներ։
Մեր նպատակը քոմփլօներու տեսաբանութիւնը չէ այստեղ, անշուշտ։ Ամէն մարդ կրնայ քաղաքական շահեր հետապնդել, ինչպէս որ մեր համայնքի բո-լոր անդամներն ալ երաշխաւորեալ ազատութիւն մը ունին իրենց քաղաքական կողմնորոշումներուն եւ աշխարհահայեացքին մէջ։ Փոխադարձաբար, մեր համայնքն ալ քաղաքական գործընթացներու պարագային պէտք է դիրքաւորուի համապատասխան ձեւով՝ որպէսզի իր կամքէն անկախ չդառնայ կռուախնձոր ու մանաւանդ իր համեստ իրաւունքներն ու շահերը աչքի փուշի չվերածուին ուրիշներու տեսանկիւնէն։ Փոքր հաւաքականութիւն մը ըլլալ չի նշանակեր գործի՛ք ըլլալ, չի նշանակեր արկածախնդի՛ր ըլլալ, չի նշանակեր անհեռատե՛ս ըլլալ ու երբեք չի նշանակեր անսկզբո՛ւնք ըլլալ եւ անձնատո՛ւր ըլլալ։
Տակաւի՛ն, փոքր հաւաքականութիւն ըլլալը կ՚ենթադրէ պարտադիր ճկունութիւն մը՝ ուրիշ հաւաքականութիւններու հետ ինչպէ՛ս չհեռանալու, անոնցմէ չկտրուելու, այնպէ՛ս ալ անոնց հետ չնոյնանալու համար։
Այսօր մեր համայնքին մէջ կան մարդիկ, որոնք անհանգստութեամբ ու վերապահութեամբ կը հետեւին կարգ մը իրադարձութիւններուն։ Ոմանք, կարծես, թէ Իսթանպուլի սրտին վրայ մեր եկեղեցիները սկսած են համարել ընտրատեղամաս կամ մեր սրբավայրերուն անմիջական շրջափակը կը նկատեն իրենց արտօնեալ քարոզչութեան գօտին։ Հանրահաւաքներու ընթացքին, դարձեալ քարոզչական նպատակներով կը հնչեն մեր հոգեւոր երաժշտութեան գործերը։ Հայուն շարականը, Հայոց մարտիրոս մայր եկեղեցւոյ մեղեդիները, շուրջ երկուհազարամեայ քրիստոնէական վկայութեան ընթացքին, չեն հնչած երբեք խմբակային ժամանակաւոր շահերու աջակցութեան կամ քուէներու ակնկալութեան ճղճիմ հաշիւներով։ Հայ եկեղեցւոյ յաղթական երգը հնչած է ու կրնայ հնչել միայն ու միայն հայցելու համար երկնաւոր բարձրեալին ողորմութիւնը եւ սուրբերուն բարեխօսութիւնը։ Հայուն շարականը, անոր եկեղեցւոյ տաղը գովերգութիւնն է Աստուծոյ ապաւինութեան։
Կոկորդիլոսի արցունքներով, տխուր հաշիւներով, պէտք չէ յանդգնիլ՝ նուիրականութիւններ պղծել։ Աններելի է, արդարեւ…
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ