Նոր հարթութիւն (3)

Միջազգային յարաբերութիւններու ամբողջ տրամաբանութիւնը պետական շահ հետապնդելու ուղղուած է։ Դիւանագիտութիւնը այս ուղղութեամբ կ՚ընձեռէ հնարաւորութիւններ՝ նախ եւ առաջ սակարկութիւններու տեսակէտէ։ Պետութիւններ ազգային գերագոյն շահերուն հետամուտ կ՚ըլլան՝ իրենց ուժով եւ ներուժով պայմանաւորուած կշիռով։ Բայց եւ այնպէս, հասկնալիօրէն, բանակցութիւններու ժամանակ տեսակէտները կամ պահանջները յառաջ չեն քշուիր ուժի լեզուով։ Սկզբունքներու եւ արժէքներու խօսոյթով յառաջ կը տարուի ամէն ինչ։ Արդարեւ, տեսականօրէն, դժուար է դիմացինի ուժին բերումով սեփական շահէն զիջիլը, սակայն շատ աւելի ընդունելի է՝ յանուն արժէքներու, սկզբունքներու սիրոյն դիրքորոշում ճկունացնելը, դիմացինին ալ շահը յարգելը։

Այս ամբողջ տրամաբանութիւնը երկար տասնամեակներ գերակշիռ չափով ի զօրու էր Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն մէջ։ Կիպրոսի տագնապի յառաջացուցած ցնցումի յաղթահարումէն վերջ, Անգարա եւ Ուաշինկթըն միշտ յարգած էին իրարու կարմիր գիծերը, թէկուզ քանի մը բացառութիւնով։ 24 Ապրիլին Սպիտակ տունէն հրապարակուած պատգամը կը նշանակէ այդ կարմիր գիծերէն մէկուն խախտումը։ Այս երեւոյթը կրնայ քանի մը պատճառ ունենալ։ Ըստ երեւոյթին, անոնցմէ մին եթէ Ուաշինկթընի կողմէ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ արժէքներու եւ սկզբունքներու վերստին շեշտադրումն է, ապա միւսն ալ Անգարայի՝ որպէս միջազգային դերակատար հնարաւորութիւններու անբաղդատելիօրէն բարձրացած ըլլալն է։ Այս երկու հանգամանքներու խաչաձեւման կէտին վրայ խախտուած է կարմիր գիծ մը։ Այժմ թէ՛ Թուրքիա եւ թէ ԱՄՆ այս տեսանկիւնէն հիմնովին պիտի վերարժեւորեն իրենց յարաբերութիւնները՝ ապագայ համագործակցութեան կանոնները եւ փոխադարձ ակնկալութիւնները վերաբանաձեւելու համար։ Անշուշտ, այստեղ դեր պիտի խաղան նաեւ Թուրքիոյ վերաբերեալ «ներքին» գործօններ։ Մնաց որ, առկայ իրավիճակին մէջ կարելի չէ նաեւ անտեսել Հայաստանի շուրջ ստեղծուած կացութիւնը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Ապրիլ 30, 2021