Նորոգ հանգուցեալ տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի քաղցր յիշատակին

«Մարիոթ-Արմէնիա» պանդոկի բացօթեայ սրճարանը Երեւան այցելած սփիւռքահայերու հիմնական ժամադրավայրերէն մին է։ Մայրաքաղաքի Հանրապետութեան հրապարակի տեսադաշտով մարդիկ զիրար կը վերագտնեն այնտեղ՝ անկախ այդ նոյն պանդոկին մէջ իջեւանելու պարագայէն։ Տուեալ պահուն Երեւան այցելած սփիւռքահայերը գիտնալու համար բաւարար է յետմիջօրէի ժամերուն անցնիլ այդ սրճարանէն։ Երբեմն իրարու սպասողներ, երբեմն ալ՝ պատահականութիւններ ու բացագանչութիւններ... Թէեւ լրագրողներու տեսակէտէ այդ միջավայրը նաեւ ասպարէզի վերաբերեալ հետաքրքրութիւններ յագեցնելու առիթ կ՚ընձեռէ, սակայն ամենահաճելին նոր մշակուած ծանօթութիւնները, բարեկամութիւնները կ՚ըլլան։ Սփիւռքահայեր յաճախ այդ սրճարանէն կը բացուին դէպի Հայաստան։

Չեմ գիտեր քանի՛ տարի առաջ էր. օր մը դարձեալ այդ սրճարանը գացած էի, բանուկ ժամ մըն էր, եռուզեռ կար։ Բազմանդամ խումբ մը տարածքի կեդրոնական հատուածի սեղաններէն մէկուն շուրջ էր։ Ես առանձին էի եւ պատահաբար տեղաւորուեցայ անոնց ճիշդ կողքի փոքր սեղանը։ Միջոց մը վերջ կողքի սեղանի մարդիկ գրեթէ ամբողջութեամբ մեկնեցան, մնացին այր ու կին մը։ Սեղանի նոր վիճակին համեմատ դիրքաւորուեցան եւ այդ ընթացքին եկանք աչք-աչքի։ Մարդկային պատշաճութեամբ թեթեւ ժպիտներ փոխանակեցինք։ Անոնք զրուցել շարունակեցին երկուքով, ազնուական մարդիկ էին։ Քանի մը օր վերջ, շաբաթավերջին, զիրենք դարձեալ տեսայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, կիրակնօրեայ արարողութեան միասին մասնակցեցանք։ Դարձեալ ժպիտներ փոխանակեցինք։ Դէպի Երեւան զանազան այցելութիւններու ժամանակ կը հանդիպէի անոնց, երբեմն առանձին-առանձին։ Մտերիմները Վիքի կ՚անուանէին տիկինը։ Ժպիտներու փոխանակումին վրայ առինք նոր քայլ մը՝ միշտ բնորոշ սփիւռքահայերու։ «Ուրկէ՞ էք», հարցուց տիկինը։ «Պոլիսէն...», պատասխանեցի։ «Օօօ, ինչ լաւ, մենք ալ Շիքակոյէն...», աւելցուց։ Յարդարուած մազերով, խնամեալ տիկին մըն էր, իգական սեռի մշակուած ներկայացուցիչ մը, տիրական ներկայութեամբ։

Յետոյ արդէն տեղեկացայ, որ անոնք Յովհաննէսեաններն էին... Տքթ. Ռաֆֆի եւ Շողակ Յովհաննէսեան ամոլը, որ բեղուն գործունէութիւն կը ծաւալէր ամերիկահայ կեանքէն ներս։

*

2009 թուական... Նիւ Եորք մեկնած էի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դարադարձին առթիւ։ Մայիս ամիս... Այդ շրջանին Արեւելեան թեմի առաջնորդն էր Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Շատ երկար չէր կեցութիւնս։ Սրբազանը ընթացքին տեղեկացուց, որ Յովհաննէսեանները ընթրիքի հրաւիրած էին։ «Արա, Նիւ Ճըրզի կը բնակին, երեկոյեան Առաջնորդարան կու գաս, միասին կ՚երթանք։ Միայն մայր դուռը այդ ժամուն փակ կ՚ըլլայ։ Կարաժի մուտքին զիրար գտնենք», ըսաւ։ Պահ մը չէի ալ հասկցած, թէ ո՛վ էին Յովհաննէսեանները, սրբազանի բացատրութիւններով քարերը շուտով իրենց տեղը ինկան մտքիս մէջ։

Յովհաննէսեաններու ընտանեկան յարկէն ներս անմոռանալի երեկոյ մը անցուցինք։ Շատ լաւ հիւրասիրութիւն մը կազմակերպած էին։ Իրենց բնակարանի մթնոլորտը, ըստ էութեան, երկու գործօնով պայմանաւորուած էր։ Առաջինը իրենց չափազանց ջերմութիւնն ու ցուցաբերած անմիջականութիւնն էր, երկրորդը՝ արուեստի բարձրորակ նմոյշները։ Շատ պատուական մարդոց հետ սեղանակից եղած էինք այդ օր...

Տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեան ծայր աստիճան կենցաղագէտ անձ մըն էր եւ շատ հաճելի զրուցակից մը։ Շողակ Յովհաննէսեանն ալ իրմէ ետ չէր մնար՝ հաղորդական նկարագիրով։ Մինչեւ ուշ ատեն մնացած էինք այնտեղ։ Հարազատի վերաբերմունք ցուցաբերած էին։ Սեղանի շուրջ էին, բացի Խաժակ սրբազանէն, Հայաստանի այդ շրջանի դեսպանն ու տակաւին սիրելի դէմքեր. օրինակ՝ Շահան Արծրունի, Յակոբ Վարդիվառեան, Վարդան Ապտօ, եւ այլն։ Հայ իրականութեան խայտաբղէտ պատկերի մէկ մանրանկարը կար այնտեղ ու մարդիկ մինչեւ ուշ գիշեր տեւած զրոյցով զիրար վայելած էին՝ կարծիքի փոխանակումներով եւ հայապահպանութեան հարցերու դիմագրաւման վերաբերեալ տեսակէտներ բաժնելով։

Շողակ Յովհաննէսեան դուստրն էր լիբանանահայ մտաւորական հոգելոյս Սիսակ Վարժապետեանի եւ խորապէս տպաւորուած էի, որ այդ կերպարին հետ համեմատութեան մէջ կը գնահատէր նուաստս, բարձր արժեւորելով հայ մամլոյ առաքելութիւնը եւ լրագրողի կոչումը։

Հրաժեշտի պահուն այր ու կին ժպտադէմ ձեռք կը շարժէին բնակարանի առջեւ, բայց սա արդէն շատ աւելի լայն ժպիտ մըն էր՝ Երեւանի սրճարանինին բաղդատմամբ՝ մեր խորացած ծանօթութեան զուգահեռ։

*

Որոշ ատեն անց Յովհաննէսեանները երկու անգամ Պոլիս այցելեցին։ Անոնցմէ առաջինին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին կողմէ ընթրիք մը կազմակերպած էինք իրենց ի պատիւ, Նշանթաշըի ճաշարաններէն մէկուն մէջ։ Հրաւիրած էինք նաեւ մեր համայնքային շրջանակներէն քանի մը երախտաշատ բարերարներ։ Յովհաննէսեանները գրաւած էին բոլորին սիրտը։ Բոլորը խօսած էին բաժակաճառեր։ «Ներողութիւն, հայերէնս տկար է», ըսելէ վերջ, Պետրոս Շիրինօղլու խօսած էր սքանչելի բաժակաճառ մը, ի զարմանս բոլորիս։

Յովհաննէսեաններու միւս Պոլիս այցելութեան ալ մեր հանդիպման վայրը եղած էր Ֆլորիան։ Իրենց ազգական Նալպանտղազարօղլու ընտանիքին կողմէ կազմակերպուած ընթրիք մըն էր։ Ամէն ինչ խոր զգացականութեամբ կ՚ընթանար։ Տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեան անսահման յարգանք եւ մեծ գուրգուրանք ցոյց տուած էր հոգելոյս Էլիզա Նալպանտղազարօղլուի նկատմամբ, որ ընտանիքէն շունչ մը կը բերէր իրեն։

Անցան-գացին տարիները։ Այդ ջերմ զգացումները, յուշերու քաղցրութիւնը կրեցինք մեր յիշողութեան, մեր սրտին մէջ։ Տօնական շրջաններուն կը խօսէինք երբեմն՝ թարմացնելով մեր հաղորդակցութիւնը։ Երբեմն ալ ելեկտրոնիկ նամակներ կը հասնէին անոնցմէ։

*

Եւ այս բոլորէն վերջ տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեան հրաժեշտ կ՚առնէ մեզմէ։ Խաղաղ, հանդարտաբարոյ անձ մըն էր։ Իր հետ շփումը կը յիշեցնէր, թէ արդարացած, լաւ արժեւորուած կեանքի մը նախապայմանը համեստութիւնն է եւ անով ուղղորդուած փիլիսոփայութիւն մը։ Վստահաբար, շատ պիտի կարօտնանք տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանը։ Միշտ իր քաղցր յիշատակը պիտի կրենք մեր սրտին մէջ։ Այսօր կը մտածենք իր մարդկային առաքինութիւններուն մասին, որոնք այնքան մարսուած էին իր կողմէ։

*

Մեր խոհերուն մէջ է նաեւ սիրելի Շողակ Յովհաննէսեանը սուգի այս ծանր պահուն։ Ան հպարտ էր Սիսակ Վարժապետեանի դուստրը ըլլալով եւ ապահովաբար նոյնքան հպարտ՝ որպէս տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի կողակիցը։ Համբերութիւն կը մաղթենք իրեն։ Ապահովաբար պիտի մխիթարուի ու կեանքի ուղեւորութեան շարունակութեան պիտի չտարուի առանձնութեան հոգեվիճակէն, որովհետեւ իր նմանները կը սիրեն յաւերժ եւ այդ սէրը կը սնուցանեն անկախ պայմաններէ կամ ֆիզիքական զրկանքներէ։ Դիմադրութեան դժուար փուլին մեր անկեղծ վշտակցութիւնները եւ բարոյեական զօրակցութիւնը իրեն։

*

Հողը թեթեւ գայ տթք. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի վրայ, լոյսերու մէջ ննջէ յաւէտ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Շաբաթ, Մայիս 30, 2020