Օրթագիւղի հաւաքոյթին ընթացքին Աքսել Թոփալեան. «Ճիշդ է Պետրոս Շիրինօղլուին ըսածը, պէտք է միանալ, 2800 աշակերտի համար շատ է 13 վարժարանը»

Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի հաշուետուական հաւաքոյթին ժամանակ ծաւալուած քննարկումները թէ՛ ընդհանուր առմամբ կարեւոր նշանակութիւն ունէին եւ թէ 2023-2024 շրջանի սիրոյ սեղաններու սկիզբին ընդառաջ նոյնքան կարեւոր արձանագրումներու առիթ դարձան։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան համոզուած է, թէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի ենթադրեալ ընտրութիւնը գետին պիտի պատրաստէ համայնքէն ներս բաժնելու ոգիի ամրապնդման, այդ ոգիի աւելի ընդհանրանալուն, որովհետեւ այդ հաստատութիւնը թրքահայ իրականութեան մղիչ ուժն է։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այս խօսքերը, անշուշտ, տողատակին քննադատական կամ դժգոհութեան ակնարկութիւններ ալ կը պարունակեն, սակայն, սա արդէն բոլորովին ուրիշ նիւթ մըն է եւ առաջին հերթին կը վերաբերի այժմու հոգաբարձութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը ի շարունակութիւն անդրադարձաւ նաեւ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) եւ անոր վերակազմակերպման, յանձնախումբերու ձեւաւորման աշխատանքները նկատեց թէեւ ողջունելի, սակայն յապաղած։ Ան այս համայնապատկերին վրայ վերստին մատնանշեց համայնքէն ներս համատարած անտարբերութեան հարցը։ Հետեւաբար, այժմու վարչայինները, որոնք այդ անտարբերութեան մթնոլորտին մէջ կը գործեն, մեր հաստատութիւնները քիչ մը աւելի հեռուն պիտի տանին ժամանակներու հոլովոյթին մէջ։ Իր խօսքով՝ այս առումով շատ կարեւոր է ծառայութեան ոգին որդեգրել, թափանցիկ ըլլալ, նաեւ բաց՝ քննադատութիւններու եւ հարցումներու։ «Պէտք է խօսինք եւ շինիչ ձեւով պէտք է խօսինք», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ աւելցուց, որ ներկայիս պէտք է այնպէս մը առաջնորդուիլ, որ մեծ ներուժով մեր հաստատութիւնները կարողանան որոշ չափով ժամանակ շահիլ։

Բացի Նորին Ամենապատուութեան ելոյթէն, ընթրիքի սեղանի շուրջ ծաւալուած կարծիքի փոխանակումներու ժամանակ ալ հնչեցին կարեւոր տեսակէտներ ու նորութիւններ։ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսել Թոփալեան, որ միեւնոյն ժամանակ ԹՎՄ-ի նորաստեղծ կրթական յանձնախումբին գլուխը կը գտնուի, յայտնեց, որ այս տարի մեր վարժարաններու ընդհանուր պիւտճէի բացը կը հասնի նուազագոյնը 85 միլիոն թրքական լիրայի։ Ուստի, յառաջիկայ տարիներու պարագային պէտք է ունենալ յստակ ծրագրաւորում մը։ Ան դիտել տուաւ, որ համայնքը ունի 2800 աշակերտ եւ 13 վարժարան։ Այս յարաբերակցութեան մէջ, իր խօսքով՝ պէտք է ընթանալ վարժարանները միացնելու ճանապարհով։ Ծանօթ է, որ այս տեսակէտը երկար ժամանակէ ի վեր կը բարձրաձայնուի հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ, սակայն լուրջ քննադատութեան առարկայ կը դառնայ։ Ուշագրաւ էր, որ Աքսել Թոփալեանն ալ անցեալ շուրջ մէկ տարուան պաշտօնավարութենէն վերջ նոյն համոզումին յանգած էր, սակայն, ան եւս քննադատական ակնարկութիւններ ըրաւ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան հասցէին՝ վարժարաններուն համար գումար չյատկացնելու բերումով։ Համայնքային շրջանակներուն ծանօթ է, որ Պետրոս Շիրինօղլու երկար ժամանակէ ի վեր յետաձգուած բարեփոխումներու հետեւանքով սկսած է ձեւով մը մսխում համարել այդ յատկացումները։ Իսկ Աքսել Թոփալեան դիտել տուաւ, որ այս տարին ձեւով մը պիտի փրկուի, իսկ աւելի վերջ համայնքը իրեն վիճակածը ընելէ վերջ եթէ չյաջողի, ապա նոյնիսկ պիտի մտածեն Անգարա երթալով պետութենէն օժանդակութիւն պահանջել։ «Ճիշդ է Պետրոս Շիրինօղլուին ըսածը, պէտք է դպրոցները միացուին», ըսաւ Աքսել Թոփալեան եւ աւելցուց, որ այս տարուան առաջին 9 ամիսներուն Շիշլիի շրջանէն ներս, այսինքն մեր ամենահայահոծ թաղի՝ Ֆէրիգիւղի շրջակայքին միայն 50 մկրտութիւն տեղի ունեցած է։ Այսօր Էսաեան վարժարանի մէջ իւրաքանչիւր աշակերտի համար շուրջ 120 հազար կը ծախսուի, իսկ Գալֆաեան տան պարագային այդ գումարը կը բարձրանայ 330 հազար լիրայի։ Այս գումարը համազօր է երկրի ամենայաւակնոտ մասնաւոր վարժարաններուն աշակերտներէն պահանջուածին։ Ուստի, Աքսել Թոփալեան համոզուած է, որ պէտք է լուծման ծրագիր մը մշակուի։ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդն ալ պատրաստ է զոհողութեան եւ նոյնը կ՚ակնկալէ բոլորէն։ Ան յայտնեց, որ յառաջիկային առաջարկ մը պիտի ներկայացնէ նաեւ Գարակէօզեան տան խնամակալութեան։ Այսպէս, Էսաեանը կրնայ միայն լիսէ մը ըլլալ, Գարակէօզեանը միայն միջնակարգ մը ըլլալ եւ անոնց նախակրթարաններուն աշակերտներն ալ կրնան Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանը յաճախել։ «3, 5, 7 հոգինոց դասարաններու մէջ մենք չենք կրնար ապահովել այս համայնքին ընկերայնացումը։ Պէտք է վերադառնանք սխալէն, 2800 աշակերտի համար 13 դպրոցը շատ է», ըսաւ Թոփալեան։

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ԿԱԼՈՒԱԾԻՆ ՇԻՆԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Օրթագիւղի հաւաքոյթին ընթացքին Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան հանդէս եկաւ իսկապէս ողջունելի բացատրութիւններով։ Ծանօթ է, որ Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը պատրաստակամութիւն յայտնած է Ղալաթիոյ խնամակալութեան հետ համագործակցելու՝ գանձատրելով Տոլափտէրէի համայնքապատկան տարածքի պարագային նախատեսուած շինարարութիւնը, որ Կեդրոնական վարժարանին համար մշտական հասութաբեր կալուածի մը կրնայ վերածուիլ։ Մկրտիչ Արծիւեան դիտել տուաւ, որ նախնական ծրագիրը ներկայացուած է քաղաքապետարան եւ կ՚ակնկալուի, որ մինչեւ տարեվերջ շինարարութեան թոյլտուութիւնը պաշտօնապէս տրամադրուի։ Յուշարձաններու խորհուրդին վերաբերեալ գործընթաց մըն ալ խնդրոյ առարկայ է, սակայն, տարածքին մօտակայ հնութիւնը որոշ հեռաւորութեան վրայ է, ուստի հարցերուն հարթուիլը ժամկէտի առումով լաւատեսութիւն կը ներշնչէ։ Խնամակալութիւնը շինարարութեան յանձնախումբ մըն ալ կազմած է՝ Հայկ Ասլանեանի գլխաւորութեամբ։

«Մեր նպատակն է, որ այլեւս տեւական օժանդակութեան կարիք չունենայ Կեդրոնական վարժարանը։ Եթէ այս ծրագրին համար մէկ անգամ զօրակցութիւն ցուցաբերուի համայնքին կողմէ, ապա Ղալաթիոյ խնամակալութիւնն ու Կեդրոնական վարժարանը պիտի դառնան ինքնաբաւ», ըսաւ Մկրտիչ Արծիւեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի համագործակցութեան համար։

Միւս կողմէ, թաղային խորհուրդի պաշտօնական հաշուետուութեան ընթացքին Կարպիս Էվեափանն ալ անդրադարձաւ այս նիւթին՝ վերահաստատելով համապատասխան վարչական կամքը։ Ան դիտել տուաւ, որ Կեդրոնականի կալուածի շինարարութիւնը տակաւին չէ սկսած, ուստի, Օրթագիւղէն որեւէ փոխանցում չէ կատարուած։ Յամենայնդէպս, երբ հասնի գործնական փուլը, թաղային խորհուրդը պիտի փութացնէ գումարը։ Կարպիս Էվեափան շեշտեց, որ Ղալաթիոյ խնամակալութեան տրուելիք գումարները թաղային խորհուրդը ի պահ դրած է՝ մասնաւոր ֆոնի մը վերածած ըլլալով։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2023